Հակադաշնակցական Հնամաշ Արշաւ` Նոր Ու Ձախող Մունետիկներով
03 Փետրվար 2022
Դէպքերու եւ իրադարձութիւններու հոլովոյթը ցոյց կու տայ, որ Լիբանան կ՛ապրի անկիւնադարձային փուլ մը:
Միջազգային եւ արաբական հետաքրքրութիւններն ու միջամտութիւնները օրէ օր կը ծաւալին, եւ ներքին քաղաքական կեանքը ամէն օր ենթակայ է անակնկալներով լեցուն նոր շրջադարձերու: Կը թուի, թէ անցնող երեք տարիներուն երկրին ապրած քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը, խարխափող քայլերով, սկսած է գտնել իր բիւրեղացման հունը, որ սակայն կը կարօտի բաւական երկար ժամանակի: Կանխատեսումները անշուշտ չեն հիմնուած յստակ տուեալներու վրայ, սակայն ակներեւ է նոր փուլի մը մեկնարկը, եւ լիբանանեան բոլոր քաղաքական կողմերը զգուշաւոր կերպով կը հետեւին գործընթացներուն` իրենց տեղն ու դերը վերասահմանելու համար: Անշուշտ այդ գործընթացին առաջին արտայայտութիւնը պիտի դառնայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը, որ այլեւս բոլորին համար ալ դարձած է երեւցող իրատեսական նախապայման:
Այս ծիրին մէջ նախատեսելի է, որ քաղաքական կեանքը սկսի դրսեւորել աշխուժութիւն, եւ արդէն նախընտրական աշխատանքները դարձած են բոլոր կողմերու հիմնական ու առաջնահերթ օրակարգը: Բնականաբար անցնող երեք տարիներու ընթացքին քաղաքացիին ապրած տառապանքները եւ դժուարութիւնները, որոնք այսօր տակաւին կը շարունակուին նոյն թափով, պիտի վերածուին կարեւոր առանցք մը այս ընտրութիւներու մթնոլորտի հունաւորման մէջ: Անցեալին գործուած սխալներուն հաշուետուութիւնը եւ փոփոխութեան ակնկալութիւնը պիտի դառնան մղիչ ուժը այս ընտրութիւներուն յաւելեալ մասնակցութեան ապահովման: Սակայն կայ նաեւ այլ հանգամանք մը, որ դարձեալ Լիբանանը յատկանշող համայնքային դրուածքը ինքզինք իբրեւ կարեւոր գործօն պիտի պարտադրէ այս ընտրութիւններու ընդհանուր հոլովոյթին մէջ, եւ այս իրականութիւնը իր կարգին պիտի ստանայ իւրայատուկ դեր ու նշանակութիւն:
Անակնկալներով եւ մարտահրաւէրներով լեցուն այս բարդ կացութեան մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն արդէն լծուած է աշխատանքի, եւ ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները կ՛ընթանան ճշդուած ժամկէտներով: Այս փուլի ճակատագրական ըլլալու հանգամանքը եւ նաեւ մեր համայնքի ու ժողովուրդի դիմագրաւած տագնապները կը կազմեն առանցքը Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան, որ անցնող երեք տարիներուն ընթացքին դարձաւ հիմնական օրակարգ, եւ կուսակցութեան ամբողջ կառոյցը` իր ուղեկից միութիւններով եւ բարեսիրական հաստատութիւններով, փորձեց անկարելին կարելիի վերածելով տէր կանգնիլ իր ժողովուրդին եւ դժուարութիւներու յաղթահարման համար ոչ մէկ ճիգ խնայեց: Այսօր այդ աշխատանքը օժտուած է նաեւ մասնագիտական գործելակերպով, եւ «Միասին» զօրակցական քարտի հաստատման ճամբով ժողովուրդի կարիքներուն անսալու աշխատանքը ստացած է աւելի կազմակերպուած բնոյթ:
Բնականաբար յառաջիկայ օրերուն Կեդրոնական կոմիտէն հանրութեան սեփականութիւնը կը դարձնէ այս ընտրութիւններուն հետ առնչուած իր առաջադրանքները եւ կը ներկայացնէ իր ընտրական փլաթֆորմը: Մեկնելով ընտրական օրէնքին թելադրած պայմաններէն` Կեդրոնական կոմիտէն համապարփակ կերպով կը քննարկէ նաեւ ընտրական դաշինքներու կարելութիւնը, որպէսզի լիբանանահայ համայնքը ապահովէ առաւելագոյն թիւով ներկայացուցչութիւն յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ: Այս ծիրին մէջ, քաղաքական բոլոր կողմերուն եւ յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր պիտի առաջադրուին հայ թեկնածուները, Կեդրոնական կոմիտէն ձեռնարկած է հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու: Ընտրական ներկայ օրէնքը կը պարտաւորեցնէ բոլորին, որ անկախ քաղաքական իրենց համոզումներէն եւ կեցուածքներէն, ընտրական համագործակցութիւնները այս փուլին հունաւորեն իրենց թեկնածուները յաջողցնելու առաջադրանքը նկատելով առաջնահերթ: Ներազգային ճակատի վրայ նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ յարաբերութիւնները ունին հետեւողական բնոյթ:
Ժողովուրդին ապրած ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները շահագործելով եւ ժամանակաւոր բարեգործութեան ճամբով ոմանք սակայն կը փորձեն հայկական քուէներ որսալու աշխատանքի ձեռնարկել: Այս երեւոյթը արդէն իսկ սկսած է տեսանելի դառնալ կարգ մը ոլորտներու մէջ: Պէտք է այժմէն զգուշ ըլլալ չներքաշուելէ նման թակարդներու մէջ, որոնք նախ եւ առաջ մեծ հարուած կը հասցնեն անհատի արժանապատուութեան` զայն վերածելով պարզապէս թիւ ու թուանշանի:
Պարագայական ու կեղծ բարեգործութիւն ծաւալող ու քուէներու որսորդութիւն կատարող կողմերուն եւ անհատներուն ժողովուրդը տուած է իր հատու պատասխանը` ցուցաբերելով ազգային բարձր գիտակցութիւն եւ համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութեան արժանավայել կեցուածք: Հայ անհատը խորապէս համոզուած է, որ համայնքային արդար ու ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ձեռքբերումը նախ եւ առաջ ամուր երաշխիք է անհատի ապահովութեան ու քաղաքացիական լիիրաւ իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ուժականութեան պահպանման ու յաւելեալ արմատացման:
Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս քարոզչական զանազան միջոցներով ու հայկական գործօնը տկարացնել ու անոր քաղաքական կշիռը նսեմացնել փորձող կողմեր եւ անհատներ պիտի փորձեն հակադաշնակցական արշաւներ կազմակերպելով, տեղ մը ղեկավարութիւնը թիրախաւորելով, այլ տեղ մը կուսակցութեան կեցուածքներն ու դիրքորոշումները խծբծելով, թափ տալով իրենց երեւակայութեան, համայնքի ներքին ուժականութիւնը հարուածել ու պառակտում սերմանել: Բոլոր ժամանակներուն ալ այս վարքագիծը նաեւ արժանացած է համայնքի արժանապատուութեամբ նախանձախնդիր իւրաքանչիւր հայորդիի յախուռն մերժումին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բոլոր ժամանակներուն եւ կացութիւններուն մէջ հակադաշնակցական պայքարի դրսեւորումները վերածած է սթափումի եւ յաւելեալ ուժականութեամբ իր աշխատանքները ընդլայնելու գործօնի: Նոյն այդ հակադաշնակցական արշաւը ժողովուրդը մղած է աւելի ամուր կերպով կառչելու իր կուսակցութեան նպատակներուն:
Այսօրուան դառն ընկերային-տնտեսական կացութեան ճնշումին տակ է մեր ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով, եւ հասկնալի ու ըմբռնելի են, այս իրավիճակի իբրեւ անմիջական հետեւանք, շատ յաճախ ժողովրդային խաւերէն եկող ու արտայայտուող մտահոգութիւնները, ընդվզումները եւ ակնկալութիւնները, սակայն միաժամանակ նոյն ժողովուրդը իր ապրած կենսափորձով երբեք մտահան չ՛ըներ իւրաքանչիւր հայորդիի տագնապը, ցաւը եւ դժուարութիւնը անկեղծօրէն կիսելու եւ մեղմացնելու Դաշնակցութեան եւ անոր հովանաւորած կառոյցներու անսակարկ ճիգն ու նուիրաբերումը:
Լիբանանահայ համայնքը միասնաբար ու հաւաքական ճիգերու ամբողջական լարումով շրջանցեց անցնող փուլի ճգնաժամը:
Նոյն վճռակամութեամբ ու դարձեալ միասին, հայավայել դրսեւորումով տէրը պիտի կանգնի իր իրաւունքներուն ու անգամ մը եւս ձախողութեան մատնէ ամէն փորձ, որ կը միտի հարուածել հայկական գործօնը: Կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել նաե՛ւ, որ հայ քաղաքական միտքը ոչ մէկ ատեն հակադաշնակցական փողոցային ու լկտի յերիւրանքներուն պատասխանելու պարտաւորութեան տակ գտնուած է, այլ ընդհակառակն` իր տեսլականներուն ու առաջադրանքներուն համոզուած ժողովուրդը արմատապէս մերժած է այդ բոլոր ցեխարձակումներն ու խեղաթիւրումները: Այսօր կենարար գործի ու ազնիւ պայքարի պահն է: ՄԻ՛ՇՏ ՄԻԱՍԻՆ ԵՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԻԱՍԻՆ:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
aztagdaily.com