ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ուրկէ՞ ո՛ւր հասանք, դէպի ո՞ւր

15 Փետրվար 2022

Քանի մը օրէն, պիտի նշենք Արցախեան արժումին շղթայազերծման 34-րդ տարեդարձը: 1988-ի այս օրերուն էր որ հայկական աշխարհը, սկսելով Արցախէն ու համակելով Երեւանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը, ինքզինք երկրաշարժի ենթարկեց եւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ բացաւ նոր էջ մը: Այդ երկրաշարժը նման չէր այն աղէտին, որ Գիւմրին, Սպիտակն ու շրջակայ գօտին հարուածեց 1988-ի վերջերուն, ո՛չ ալ այն մէկուն, որ վերջին օրերուն դարձեալ ահազանգի մատնեց հայրենի ժողովուրդը՝ վրացական սահմանէն մինչեւ Երեւան եւ այլուր:

Արցախեան Շարժումն ու հետեւած զարգացումները խորքին մէջ գումարն էին այն ենթաշարժումներուն, որոնք շատ աւելի կանուխէն (կրնանք վերադառնալ մինչեւ 60-ականներ) սկսած էին վերաձեւաւորել հայութեան դիմագիծն ու ոգին, զտել այն աղարտումններէն՝ որոնք ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով պարտադրուած էին խորհրդային տարիներուն: Անկէ ասդին ալ, վերանկախացում տանող ուղիներէն մինչեւ Արցախեան մեծ ու փոքր ճակատումներ (անհատնում ճակատումներ), մեր երթը, իր բոլոր ելեւէջներով ընդհանուր առմամբ շարունակուած էր հայրենի հողերուն եւ ազգային բազմերես ժառանգութեանց հաւատարմութեան ընթացքով: Յետոյ, եկաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը եւ… «յեղաշրջեց», վերիվայր շրջեց ամէն բան: Շրջումը տեղի ունեցաւ՝ հրապարակ նետելով բարեկարգում, ժողովրդավարութիւն, փտածութեան դէմ պայքար ու նման ազնիւ գաղափարներ, որոնք այսօր, կը տեսնենք, չեն արդարացած, այլ ՍՈՒՏը դարձած է «բարեյուսոյ հրուանդան»:
Շարժումին 34-րդ տարեդարձին, իրաւունք ունինք տալու, պարտաւո՛ր ենք հարց տալ, թէ ո՞ւր էինք, ո՞ւր հասած ենք եւ այս ընթացքով՝ ո՞ւր կ’ուղղուինք:
Այս հիմնական հարցումներէն կը ծնին բազմաթիւ այլ հարցումներ եւ ունին կամ կը սպասեն պատասխանի: Արձանագրենք մէկ քանին:

***
– Արցախեան Շարժումին իբրեւ արդիւնք, ազատագրեցինք Ստալինի կողմէ Ազրպէյճանի նուէր տրուած եւ բռնագրաւուած հողերէն ընդարձակ բաժիններ, տուինք հազարաւոր նահատակներ, ապրեցանք Եռաբլուրին ներշնչած հպարտութիւնը, թէեւ իւրաքանչիւր նահատակի կորուստը անմոռանալի կսկիծ ալ թողած է մեր հոգիներուն: Հիմա, հասանք հոն, ուր Երեւանի իշխանութիւնները բանիւ եւ գործով կ’ըսեն, թէ Արցախը երբեք ալ Հայաստանին (այսինքն հայութեան) չէ պատկանած, եղած է ու պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Սա կը նշանակէ, թէ մեր պայքարն ու մեր ԴԱՏԻՆ մէկ բաժինին իրականացումը ազգային մեծ սխալք էր, զուր ճիգ, անիմաստ զոհեր…

– Ազատագրեալ Արցախի վերականգնումը ներգրաւեց ողջ հայութիւնը, ինչպէս որ անոր պաշտպանութիւնը Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդներու ձեռքերուն միացուցած էր Սփիւռքի հայութեան ձեռքերը:

Ազերի իշխանութիւններուն կողմէ տասնամեակներ շարունակ թողլքուած, գործնապէս արհամարհուած եւ ընդհանուր առամամբ՝ անցեալ դարասկիզբի «գիւղական» վիճակին մէջ մնացած Արցախը ապրեցաւ վերականգնում, սկսելով առաջին պատերազմի հետքերուն ջնջումնէ ու անոր յաջորդած՝ որոշ ծաղկումէն: 44-օրեայ պատերազմէն ետք, հայութեան աչքին մէկ լոյսը նկատուող Շուշին հռչակուեցաւ «տժգոյն ու դժբախտ», Հատրութի, Քարվաճառի եւ այլ շրջաններու հետ գործնապէս նուէր տրուեցաւ Ազրպէյճանին, ձեւով մը՝ Երեւանի իշխանութիւնները կրկնեցին ստալինեան «բարեսրտութիւն»ը: Հասանք հոն, ուր հայկական տարածքներ դարձեալ բռնագրաւած Ազրպէյճանը սկսած է ծաղկեցնե՜լ այդ շրջանները, մաքրելով… հայութեան հետքերը:

– Ազրպէյճան պետական յստակ ծրագիրով, այսինքն՝ պետական ոճիրի յղացքով ձեռնարկած է իր բռնագրաւած շրջաններէն հայութեան հետքերուն ջնջումը: Այդպէս կ’ընէ, որպէսզի այլեւս չյիշե՞նք Նախիջեւանի խաչքարերուն ջարդն ու փոշիացումը…: Նաեւ, ազերիական ուժեր յաճախակիօրէն կը կրակեն արցախեան գիւղերու վրայ, կը վտանգեն սահմանամերձ դարձած բնակավայրեր, կեանքը անտանելի եւ անկարելի կը դարձնեն հոն: Ասդին, Երեւանի իշխանութիւնները, մանրադիտակ բռնած իրենց աչքերուն, Ազրպէյճանէն «կառուցողական տրամադրութիւններ» կը սպասեն անյուսօրէն: Իշխանական պատասխնատու մը չի վարանիր յայտարարելու, որ Ազրպէյճանէն դրական նշաններ չեն երեւիր, սակայն ընդհանուր «քաղաքականութիւնը» կը պահուի «Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութեան, գործակցութեան էջը պիտի բանանք»ի՝ սին երազներուն տիրապետութեան տակ, տանիքներէն կը պոռան, որ հակառակը պնդողը «նախկիններու» ջատագով են, հայրենիքի շահերը կ’ոտնակոխեն:

– Թուրքիա եւ Ազրպէյճան Շուշիի պայմանագիր կը ստորագրեն, անոնց խորհրդարանները կը վաւերացնեն անվիճելիօրէն հակահայ ծրագիրը, որ լեցուն է Հայաստանի ու հայութեան ուղղուած վնասարար եւ վտանգաւոր ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ, իսկ Երեւանի «ազգային ջոջեր»ը կը ճառեն՝ ապաշրջափակում, սահմանազատում եւ սահմանագծում, «հայելային ետք քաշուիլ», չեն անդրադառնար, չեն ուզեր գիտակցիլ, որ այդ նախադասութիւնները մահավճիռի իմաստ ունին թէ՛ Արցախի մնացեալ մասին եւ թէ Հայաստանի սահմանային ծանօթ գօտիներուն համար, աղաղակող սպառնալիք են Սիւնիքին՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խորագիրին տակ, կը սպառնան Հայաստանը յաւելեալ շրջափակումի ենթարկել՝ զայն խզելով Իրանէն, եւ Թուրքիան, համաթուրանական վաղեմի ծրագիրով, միացնել Ազրպէյճանի (վաղն ալ տարածուելու համար դէպի աւելի հիւսիսները): Հայաստանի շահերուն գիտակից եւ անոնց պահպանութեան նախանձախնդիրներ երբ ահազանգ կը հնչեցնեն, իշխանաւորները, իրենց ձայնը միացուցած մեր դարաւոր թշնամիին (գոնէ որդեգրած՝ անոր «տրամաբանութիւնը»), կը քարոզեն, որ պէտք չէ հաւատք ընծայել «հիներուն», անոնք «ազգայնամոլ են, հին-գլուխ», չեն հասկնար նոր ու խաղաղ աշխարհի պահանջները, թելադրանքները:

– Ի յայտ կու գայ, որ թուրքեր սկսած են կալուածներ գնել Հայաստանի մէջ, ոմանք այդ կ’ընեն՝ ներկայանալով իբրեւ արաբ (կ’անդրադառնա՞նք, որ նման քայլերու ետին կայ հայերն ու արաբները իրարու հակադրելու քողարկեալ միտում): Իշխանութեան աչքին, նման «գնումներ»ու մէջ սխալ բան չկայ. տնտեսութեան կատակասէր նախարարը ամենայն անկեղծութեամբ կ’ըսէ, թէ թուրքերը ներդրումներ, տնտեսական գործառնութիւն կ’ընեն, այսինքն՝ ուրախացէ՛ք, թրքական դրամագլուխը սկսած է կաթիլ-կաթիլ հոսիլ դէպի Հայաստան, ի՞նչ կ’ըլլայ որ… Վաղը, անոնք կրնան քայլ առ քայլ տիրապետութիւն տարածել Հայաստանի տնտեսական տարբեր ոլորտներու վրայ: Զանոնք՝ թող ո՛չ ոք համարձակի թալանչի կամ չարաշահող որակել, քանզի իշխանութեան ոլորտէն ներս թափանցած թալանչիներ արդէն գործընկերութիւն կ’ընեն ի շահ… իրենց գրպաններուն:

– Թուրքիա Հայաստանի հետ «առանց նախապայմանի» բանակցութեան սեղան սարքեց եւ հայ կառապաններ ապահովեց: Թզենիի վերջին տերեւն ալ ինկած է թրքական պահանջներուն վրայէն, այսինքն՝ ամբողջ Արցախէն վերջնական հրաժարում, Ցեղասպանութեան թղթածրարի փակում, Արեւմտեան Հայաստանի պահանջէն հրաժարում, հատուցումներու հարցի մոռացում: Երեւանի «գիւտարար արդիամոլները» գրկաբաց կը դիմաւորեն «առանց նախապայմանի բանակցելու» այսպիսի տրամադրութիւններ, վարչապետը առանց խպնելու կը յայտարարէ, թէ Հայ Դատը Հայաստանի գործը չէ, անիկա սփիւռքցիներուն ճիտին պարտքն է (կ’անդրադառնա՞յ, որ նման արտայայտութեամբ կ’աշխատի փոշիացնել տասնամեակներու պայքարի արդիւնքը եւ «նուէրներ» տալ Թուրքիոյ): Հաւանաբար չնաշխարհիկ գիւտը այն է, որ «այսքան ատեն մեր իրաւունքներ հետապնդեցինք, մեր սպասած տեղը չհասանք, տանք՝ ինչ որ կ’ուզեն, հաւատալով, որ անկէ ետք խաղաղ կ’ապրինք» (օր մը չյայտարարեց, որ մարդիկ սկսած են ձանձրանալ մեզ լսելէ. Վա՜յ… այս որքա՜ն անմարդկային ենք եղեր): Արցախի մեծագոյն բաժինին կորուստը փաստ է, սահմանային գօտիներու բռնագրաւումը՝ նմանապէս: Այս բոլորը խաղաղութիւն չբերին, «Դամոկլեան սուր»երը չվերցուցին: Սա «տանք եւ խաղաղութեան հասնինք»ին ծայրը տեսնող կա՞յ: Իսկ համաթուրանականութեան բոլոր ծալքերը տեսանելի են, Սարդարապատէն առաջ, նաեւ վերջին շուրջ 30 տարիներուն ալ յաջողած ենք արգելակել, հիմա հասած ենք… անոր իրականացման մէջ գործակից ըլլալու դերակատարութեան:

– Երեւանէն դէպի հարաւ՝ Նախիջեւանի եւ Մեղրիի վրայով երկաթուղիի վերաբացումը կը ներկայացուի իբրեւ հրապուրիչ եւ տնտեսական վերականգնումի նպաստղ ծրագիր: Քիչ մը աշխարհագրութիւն, քիչ մըն ալ պատմութիւն իմացողը, քարտէսը դիմացը դնելով, կը տեսնէ, որ Երեւանէն Թիֆլիս գիծը մօտաւորապէս 300 քլմ. է, իսկ մինչեւ Մեղրի բաժինը (Ազրպէյճանի բաժինը առանց հաշուելու), աւելի քան 370 քլմ. է, իսկ անկէ դէպի Ազրպէյճան եւ անկէ ալ Ռուսիոյ սահմանը հասցնող հատուածները կը հասնին հազարաւոր քլմ.ի: Այս մասին հարցում ընողին՝ կ’ըսուի թէ տրամաբանութիւն չունի, որովհետեւ իշխանաւորներուն (չ)տրամաբանութիւնը մի՛շտ ճիշդ է:

– Ցեղասպանութեան մեր նահատակները սրբադասուեցան, նոր նահատակներ միացան բիւրաւորներու փաղանգին: Հիմա հասած ենք հոն՝ ուր սկսած ենք մենք մեզի հարցում ուղղել, թէ արդեօք Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ինչո՞ւ թշնամի են մեզի, արդեօք մեր յանցանքի բաժինը որքա՞ն է (ամէնէն զազրելի «գիւտը»), կամ՝ չմտածե՞նք, որ Արցախի ազերիներն ալ հարցին լուծման մէջ խօսք պէտք է ունենան: Եթէ այս տրամաբանութիւնը նոր հող շահի (եւ ինչո՞ւ չէ, կը շահի իշխանաւորներուն քարոզչութեամբ), վաղը Հայաստանի մէջ կրնան քանդուիլ… Թեհլիրեաններու, Նժդեհներու, նոյնինքն Արամ Մանուկեանի եւ նմաններու յուշակոթողները, որպէսզի փաստենք խաղաղասիրութեան մեր «բարի կամեցողութիւնը» (Արամի բնակարանին վիճակուած կացութիւնը արդեօք նախերգա՞նք մըն էր): Յետոյ, կարգը կը հասնի Ծիծեռնակաբերդի ու Սարդարապատի յուշահամալիրներուն: Գանկերը դրամի կողմնացոյցով օժտած մեր արդի վարիչները, որոնք Երեւանի պետական համալսարանի շէնքերը վաճառքի հանելու եւ մեծ եկամուտներ ապահովելու տրամաբանութեամբ կ’առաջնորդուին, վաղը կրնան նոր «գիւտեր» ալ ընել, օրինակ՝ Ծիծեռնակաբերդի համալիրը վաճառել բարձր գումար վճարողին:

Հրազդան մարզադաշտի կռնակի բլուրը ինչպիսի՜ սքանչելի տեղ է… պանդոկներու համալիր մը կառուցելու: Մարզական համալիրն ալ, որ արդէն «դրամ չի բերեր», կարելի է վաճառել՝ եկամուտ ապահովելու տրամաբանութեամբ: Եւ ի՞նչ հոգ (դո՛ւն ալ, ընթերցո՛ղ, հոգ մի՛ ըներ), եթէ «ներդում» ընողները ըլլան թուրքեր ու ազերիներ (վստահ եմ չենք ուզեր մեր ամէնէն վատ երազներուն մէջ իսկ ասանկ բաներ տեսնել), Հայաստանի տնտեսութիւնն ալ բռնէ Վրաստանի ճամբան:

***
Ահա քանի մը գիծ, թէ աւելի քան 30 տարի առաջ ուրկէ՞ ճամբայ ելանք (այսինքն Սարդարապատով սկսած երթը ինչպէ՞ս վերսկսանք), այս իշխանութեան օրով ո՛ւր հասած ենք եւ ինչպիսի «փայլուն հորիզոններ» կը տարածուին՝ ազերիին եւ թուրքին հետ բարեկամութիւն հետապնդելով: Այս բոլորը կ’ըլլան «ժողովուրդին կամքին համաձայն», ինչպէս ցոյց տուաւ անցեալ Յունիսի ընտրութեանց արդիւնքը, գործի լծուած է «երկաթէ մանտաթը»:

Ե՞րբ է ժամանակը մենք մեզի հետ անկեղծ ըլլալու եւ հարց տալու, թէ մենք մե՞զ եւ ամբողջ աշխա՞րհը խաբած էինք Արցախեան Շարժումին տեսլականներով, տասնամեակներ շարունակ հող ու իրաւունք, արդարութի՛ւն պահանջելով, հայրենիք կերտելով ու պաշտպանելով:

Պատասխանը յստակ է. հայ ժողովուրդը արդարացի էր եւ այսօ՛ր ալ է իրաւատիրութեան մէջ: Խոտորողն ու մոլորեցնողը չեն կրնար վախճանական «յաղթանակ» արձանագրել, որովհետեւ Սարդարապատի ու Արցախեան պատերազմներու ոգին չի կրնար մեռնիլ ու թաղուիլ: Եւ միայն մեր նահատակները չեն, որ անհատոյց պարտամուրհակներ դրած են մեր գրպանը: Մեր նոր սերունդները գիտեն, թէ ի՛նչ կը սպասուի իրենցմէ, այսօր ու վաղը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company