ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ուքրանիա․ Պատժող․ Պատժուող

17 Մարտ 2022

Ուքրանիոյ հողին վրայ երեք շաբաթ առաջ պայթած պատերազմը բացայայտօրէն մանր աշխարհամարտ մըն է (մանր աշխարհամարտերուն նորագոյնը) մէկ կողմէ՝ Ռուսիոյ եւ դաշնակիցներուն, ու միւս կողմէ՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ՆԱԹՕ-ին եւ անոր կողքին կանգնողներու միջեւ:

Պատերազմի պայթումէն առաջ, նաեւ մինչեւ այսօր, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, պատճառաբանութիւն, նախատեսութիւն եւ «մարգարէութիւն» հրապարակ նետուեցան, արդարացնելու կամ մեղադրելու համար այս կամ այն կողմը, հաշուարկելու՝ անմիջական, հեռակայ եւ ապագայի հետեւանքները: Հակամարտութիւնը կը մղուի զինուորական, քաղաքական-դիւանագիտական ու մանաւանդ տնտեսական գետիններու վրայ: Հնչող մեկնաբանութիւններէն մէկն ալ այն է, թէ հակամարտ կողմերը ՊԱՏԺԵԼՈՒ տրամաբանութեամբ մտած են այս արիւնալի ու բազմաշերտ պատերազմին մէջ:

Եկէ՛ք, պահ մը կանգ առնենք պատժողներու եւ պատժուողներու ցանկին վրայ, առանց յաւակնելու, թէ անիկա ամբողջական եւ սպառիչ պիտի ըլլայ, սակայն անմիջապէս շեշտենք, որ գլխաւոր պատժուողները ուքրանացիներն են, ու այս տագնապին արձագանգները կրող ժողովուրդները, երկիրները:

ՌՈՒՍԻԱ ԿԸ ՊԱՏԺԷ

Ռուսիա իր բանակները Ուքրանիոյ սահմաններէն ներս արձակեց՝ պատժելու համար Քիեւի վարչախումբը, որ տարիներէ ի վեր կը վազէ դէպի Արեւմուտք, մինչդեռ Ռուսիա այս երկիրը նկատած է ու կը դասէ իր ռազմագիտական կարեւորութեամբ հովանաւորեալներէն մէկը, պատրաստ չէ հանդուրժելու ՆԱԹՕ-ին յաւելեալ տարածումը, զայն կը նկատէ «կարմիր գիծ»: Պերլինի պատին քանդումէն ասդին, ՆԱԹՕ-ն իր դրօշը տարածեց նախկին խորհրդային կայսրութեան բազմաթիւ արբանեակներուն վրայ, ի հեճուկս զայն ժառանգած Ռուսիոյ: Աւելի՛ն, Փութին յայտարարեց, որ Ուքրանիան Լենինի կողմէ ստեղծուած երկիր է, մաս կազմած է Ռուսիոյ (ինչպէս մենք կ’ըսենք, որ Ազրպէյճանը շինծու երկիր է, անիկա մեր Արցախն ու Նախիջեւանը նուէր ստացած է Լենինի գործակից Ստալինի քմայքով):

Ռուսիա Քիեւը կը պատժէ նաեւ այն պատճառով, որ մօտաւորապէս 8 տարիէ ի վեր, ան թշնամական քաղաքականութիւն կը տանի երկրին արեւելեան՝ Ռուսիոյ սահմանակից Տոնպաս շրջանին դէմ (որուն բնակչութեան ստուար մէկ մասը ռուսեր են), կը սպաննէ բնակիչներ, կը քանդէ անոնց քաղաքներն ու տնտեսութիւնը, հետեւաբար, ինք պարտաւոր կը զգայ այդ շրջանը պաշտպանելու, զօրավիգ է Ուքրանիայէն անկախանալու անոր վարքագիծին: Պատերազմը նաեւ ցոյց կու տայ, որ ռուսական պատժամիջոցները տարածուած են Տոնպասէն շատ աւելի արեւմուտք, Ուքրանիոյ սեւ-ծովեան ափը գրեթէ առնուած է ռուսական հակակշիռի տակ, Քիեւն ու այլ քաղաքներ պաշարուած են, զինուորական հարուածները կը հասնին մինչեւ Լեհաստանի սահմանամերձ զինուորական կայաններ ու բնակավայրեր:

Ուքրանիա, որ Ռուսիոյ կողմէ գլխաւոր պատժուողն է, ունի մարդկային, զինական եւ նիւթական ահաւոր կորուստներ: Գլխաւոր քաղաքները քար ու քանդ կ’ըլլան. արեւմտեան լրատու աղբիւները ողողուած են քանդումի տեսարաններով: Հոն շատ չեն երեւիր Տոնպասի քաղաքներուն կրած վնասները: ՄԱԿ-ի պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ երեք շաբթուան մէջ, արդէն երկրէն խոյս տուած է աւելի քան 3 միլիոն բնակիչ (աւելցնելով աշխարհի մէջ բռնի գաղթականներու թիւը, որ կ’անցնէր 75 միլիոնը): Մեծ մասամբ իրականացած են պատերազմի նախօրեակին հնչած «մարգարէութիւնները», թէ՝ պատերազմի պարագային, շուրջ 4-5 միլիոն ուքրանացիներ գաղթական պիտի դառնան…

ՆԱԹՕ-Ն ԱԼ ԿԸ ՊԱՏԺԷ

Հակադարձելով ռուսական յարձակումին, ՆԱԹՕ-ն, որ անցեալ տարիներուն ու պատերազմը կանխող ամիսներուն թեւեր տուած էր Ուքրանիոյ իշխանութեան ու անոր նախագահին՝ Զելենսքիի, դիմեց Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու: Ցանկը երկար է եւ օրէ օր կը ծաւալի: Կան տնտեսական, զինական, առեւտրական, քաղաքական պատժամիջոցներ, որոնք առերեւոյթ կը միտին կաշկանդումներ հաստատել Ռուսիոյ դէմ: Թիրախներն են անհատներ եւ ընկերութիւններ (արձանագրենք, որ այս կէտին մէջ Ուաշինկթըն եւ կարգ մը զինակիցներ ամէն բան նոյն աչքով չեն տեսներ, օրինակ, Եւրոպա «հնգամեայ պլան մը մշակած է, Ռուսիոյ վառելանիւթէն կախեալ վիճակին վերջ տալու եւ, բնականաբար, ամերիկեան, Ծոցի արաբական երկիրներու, մինչեւ իսկ… «չար» Իրանի եւ Վենեզուելլայի օղակներէ կախուելու հեռանկարով): Վարագոյրին ետին, «պատերազմի ճարտարարուեստ»ին եւ «շուկային» մէջ պատժուողներ չկան…

ՆԱԹՕ-ի անդամներ (կամ անոնց ծածկին տակ զէնք արտադրողներ) իրենց ստամոքսները կ’ընդլայնեն գոհունակութեամբ, եւ իրարու հետ մրցումի ելած են՝ Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելու նպատակով, եւ այդ երկրի բնական հարստութիւններէն եւ այլ բարիքներէն իւղոտ պատառներ որսալու հեռանկարով:

Ռուսիոյ կրած պատիժներէն մէկն ալ՝ ռուբլիին արժեզրկումն էր: Իսկ անդին, թէ ո՞վ կը շահի կամ կը վնասէ, այսինքն՝ ո՞վ կը պատժուի՝ երբ ամերիկեան դիմակ կրող ընկերութիւններ (ճաշարաններ, ըմպելի արտադրողներ եւ այլք) «առժամապէս» կը դադրեցնեն Ռուսիոյ մէջ իրենց վաճառքները՝ ունի ծիծաղելիութեան երես մը: Մասնակիի սիւնակին տակ կարելի է արձանագրել ռուսական մարզաշխահին եւ այլ կալուածներու դէմ որդեգրուած պաժամիջոցները:

ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ ՊԱՏԺՈՒՈՂՆԵՐ

Հրապարակաւ յայտարարուած պատիժներուն՝ պատժուող-պատժուողի դիմաց, կան այլ պատժուողներ, որոնց մասին բարձրաձայն չի խօսուիր, յատկապէս արեւմտեան աշխարհի հաշիւներուն չի յարմարիր այդ մասին խօսիլը:

Առաջին հերթին, անուղղակի պատժուողներն են (անոնք արդեօն կը զգա՞ն, թէ խլացած ու բթացած են պատերազմի ժխորին հետեւանքով) Ուքրանիոյ դրացի այն երկիրները, որոնք իրենց դուռները լայն բացած են գաղթական ուքրանացիներուն առջեւ (Լեհաստան քիչ մնաց Պելորուսիոյ հետ ճակատ բանար քանի մը ամիս առաջ, երբ այլ գաղթականներ խուժեցին դէպի անոր սահմանե):

Դժբախտացած բռնագաղթուածը ընդունիլը մարդկային արարք է, որուն դէմ ոեւէ մէկը առարկութիւն չի կրնար ընել, բացի հարց տալէ, թէ կացութիւնը ինչո՞ւ պէտք է հասնէր հոս եւ միլիոնաւոր մարդիկ (ուքրանացի թէ տոնպասցի) պիտի կորսնցնէին իրենց բնակարանները, կեանքն ու վաստակը: (Ուքրանիոյ գաղթականները կրնան մէկ «մխիթարանք» ունենալ. իրենց ողբերգութեան մէջ առանձին չեն…):

Անուղղակի պատիժներուն ազդեցութիւնը կը կրեն աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր երկիրները, ուր կենսանիւթերու շուկաները ելեւէջ կ’արձանագրեն: Օրինակի համար, վառելանիւթի սակերը կրկնապատկուած են քիչ մը ամէն տեղ: Եւրոպացի, ամերիկացի եւ այլ երկիրներու բնակիչներ կրնան ուրախանա՜լ, որ իրենց գրպանէն որքա՛ն սուղ կը վճարեն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն համար:

Անոնք ո՛չ միայն ժամանակ չունին (մամուլին սարքած քարոզչութեան պատճառով) հարց տալու, թէ իսկապէս շօշափելի, արդարացի ի՞նչ պատճառներ կան վառելանիւթերու սակերու բարձրացման համար (իսկ վառելանիւթի սղութիւն՝ կը նշանակէ սննդանիւթերու եւ այլ առօրեայ պէտքերու սակերու բարձրացում), այլ նաեւ դարձած են պատերազմին ի նպաստ քարոզիչներուն սիրայօժար պատանդները: Որեւէ տեղ ցոյց կամ բողոքի արտայայտութիւն չ’արձանագրուիր այս վիճակին դէմ, որ ունի մէկ խորագիր. ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆ:

Անդին, Ռուսիա որոշած է «առժամաբար» սահմանափակել կամ դադրեցնել հացահատիկի եւ այլ կենսանիւթերու արտածումը, ահազանգի արձագանգներ տարածելով իրեն հետ առեւտուր ընողներուն մէջ:
ՄԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆն ալ մաս կը կազմէ պատժուողներու փաղանգին: Երեւանէն հնչող մտահոգութիւնները ունին երկու երես. մէկ կողմէ՝ կը յիշեցնեն, որ Արցախէն ներածուող հացահատիկի եւ այլ կենսանիւթերու աղբիւրները սահմանափակուած են 44-օրեայ պատերազմէն ետք, եւ ահա, Ռուսիայէն ներածումներու վրայ եւս «Դամոկլեան սուր» կախուած է: Կայ նաեւ Ռուսիոյ մէջ աշխատողներէն Հայաստան հասնող գումարներուն արժեզրկումը: Այս պատկերին մէջ, որքա՞ն ուրախալի է եւ յուսադրիչ՝ այն ալիքը, որ բազմահազար ռուսեր Հայաստան կը բերէ, որովհետեւ մեր հայրենիքը կը նկատուի ապահով, աշխարհին հետ գործակցութեան նկատումով՝ աւելի նպատակայարմար (իսկ Երեւանի վարիչներուն աչքերը ուղղուած են Արեւմուտք եւ… Թուրքիա-Ազրպէյճան):

ԱՅԼ ՊԱՏԺԵԼԻՆԵՐ

Ուքրանիոյ պատերազմը ողողած է երկու կողմերուն մամուլի աշխարհները: Մեղադրանքներ եւ ամբաստանութիւններ կը փոխանակուին: Իւրաքանչիւր կողմ դիմացինը պատասխանատու կը նկատէ մարդկային աղէտին: Աշխարհի տարածքին աւելի՛ ուժեղ հնչող՝ արեւմտեան աղբիւրներ առաւելաբար լուսարձակի տակ կը բերեն ռուսական յարձակումներուն հետեւանքները (մոռնանք քարոզչական երեսը). անոնցմէ գրեթէ ոչինչ կը լսենք Տոնպասի վիճակուած տաժանքներուն մասին, ինչպէս որ 18 ամիս առաջ անոնք ընդհանրապէս լուռ ու կրաւորական էին Արցախի պատերազմին ու հետեւանքներուն նկատմամբ (երբեմն ալ արձագանգ եղան ազերիական տեղեկատուութեան, իսկ նոյնինքն Ուքրանիոյ մէջ գոհունակութեան ալիքներ տարածուեցան՝ Ազրպէյճանի տարած յաղթանակներուն ի լուր: Սա պատճառ չէ, որ մենք այսօր չափսոսանք զանգուածներուն վիճակուած տաժանքներուն համար):

Մեր նպատակը՝ կատարուող լրատուութեան «որակին» կամ տարողութեան քննարկումը կատարել չէ, այլ հարց տալ, թէ արդեօք այսօր ինչո՞ւ այսքան սուր կերպով կը հետապնդուին Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, զանոնք սաստկացնելու պահանջները (արդար թէ չափազանցեալ), մինչդեռ, նոյն ԱՇԽԱՐՀԸ նման խանդ, ցաւ ու կարեկցանք չապրեցաւ, պատժամիջոցներ չպահանջեց, երբ ֆիզիքապէս ու տնտեսապէս կը քանդուէին (տեղ-տեղ քանդումները կը շարունակուին) Արցախը, Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Աֆղանիստանը, Իրանը, Եմէնը, Լիպիան (չերթանք մինչեւ Քորէայի եւ Վիեթնամի պատերազմները, կամ՝ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քիւրտերու բազմափուլ սպանդները):

Պատերազմէն «իւղոտուողներուն» պարագան ալ յստակ է. առաջին հերթին՝ զէնք ու քարիւղ վաճառողները (եւ անոնց կամակատար պետական մարդիկը):

Չենք ուզեր հարցումները երկարել: Պատիժի արժանիներուն ցանկը գաղտնիք չի պարունակեր, սկսելով ցեղասպան Թուրքիայէն, որ նոյն վարքագիծը կը շարունակէ այսօր, իբրեւ գործակից ունենալով Ազրպէյճանը, որոնց հետ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու կը վազեն Երեւանի «բարձր քաղաքականութիւն» վարող իշխանաւորները:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկր

Միջին Արեւելքի պատերազմի աշխահագրութեան ընդլայնման հաւանականութիւնը առաջին հեր

06 Մարտ 2026
Գանատայի մէջ 17 նորագիրներ միացան ՀՅԴ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին՝ անցնող շաբթուան ընթացքին Գան

06 Մարտ 2026
Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­

Ան նաեւ ա­ւել­ցուց. «Իսկ ե­թէ խո­րա­նանք, պի­տի տես­նենք աշ­խար­հա­տա­րած, ժրա

06 Մարտ 2026
Դուք շարունակում եք մնալ հայկական իրակ

Նիկոլ Փաշինյան, Հայաստանի, հայ ժողովրդի, ազգային անվտանգության թիվ մեկ սպառնալ

06 Մարտ 2026
Ինչո՞ւ Սփիւռքի Նուիրուած Խորհրդաժողով

Մարտ ամսուան կիսուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Լոս Անճելըսի մէջ պիտ

06 Մարտ 2026
Հայաստանի համար մասնատված Իրանը կարող

Մարտի 5-ին Հրապարակ TV-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագ

06 Մարտ 2026
Իրանեան փորձաքարը՝ պո՞ւմ, թէ՞ պումըրան

Յունիս 2025-ին ալ կացութիւնը լարուած էր։ Ա․Մ․Ն․ եւ Իսրայէլ միասնաբար սկսած էին

06 Մարտ 2026
Հ.Յ.Դ . Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռո

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ Գանատա կը գտնուի մասնակցելու

05 Մարտ 2026
Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-

«Ազդակ» այսօր թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Յառաջիկայ տարի, մարտ 5-ին

05 Մարտ 2026
Կանխել է պետք Հայաստանի՝ կցորդ պետությ

ՀՅԴ 135-ամյակի տոնակատարությունների շրջանակում Կանադայում գտնվող ՀՅԴ Բյուրոյի

04 Մարտ 2026
Լիբանանում անհանգիստ ու անորոշ վիճակ է

«Այս պահի դրությամբ հայկական համայնքային կենտրոնները չեն տուժել, մարդկային կո

04 Մարտ 2026
Դաշնակցութեան մշտնջենաւոր այժմէականութ

Հարիւր երեսունհինգ տարիներու ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դիմագրաւա

04 Մարտ 2026
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Հայաս

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Արսեն Համբարձումյանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկ

04 Մարտ 2026
Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

Կ՛ըսուէր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները դրական ընթացք

04 Մարտ 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի իրավատերն

Վերջին շրջանում առավել մեծ ծավալ ու ագրեսիվ բնույթ է ստացել իշխանության և նր

04 Մարտ 2026
Միացումից անկախացում

Դրա առաջին դրսևորումը դարձավ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստա-նի հետ վերամիավորելու 1

04 Մարտ 2026
Կոմպրադորական բուրժուազիայի անցյալն ու

Ժամանակակից քաղաքական գործընթացների վերլուծությունը հաճախ սահմանափակվում է առա

04 Մարտ 2026
Ամբիցիաների վտանգները քաղաքական գործըն

Առհասարակ, պարզ մարդկային ցանկությունների և հավակնությունների միջև եղած սահման

04 Մարտ 2026
Անտեսանելի քիլլերը․ Հայաստանը ուռուցք

Օդի որակի խնդիրը հանքարդյունաբերության մեծ ծավալներ ունեցող Հայաստանում, հատկա

04 Մարտ 2026
Լեզվական ինքնություն և թվային իրականու

Փետրվարի 21-ը, ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի գլխավոր համաժողովի կողմից, սահմանվել է Մայրենի լեզվի

04 Մարտ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company