Հիւսիսային Մեթնի Մէջ Յայտարարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Միշել Մըրի Ընտրական Դաշինքը. ՀՅԴ-ի Թեկնածու Յակոբ Բագրատունի Մաս Կը Կազմէ «Միասին` Հզօր» Ցանկին
25 Մարտ 2022
15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Հիւսիսային Մեթնի մէջ առաջադրեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի թեկնածութիւնը:
Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զալքայի «Ամարեթ Շալհուպ» կեդրոնին մէջ յայտարարուեցաւ 2022-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հիւսիսային Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ գոյացած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Միշել Մըրի ընտրական դաշինքը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Ղովմի կուսակցութիւնը:
Այս առիթով նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր յայտարարեց դաշինքի թեկնածուներուն ցանկը, որ կը կոչուի «Միասին` հզօր» ցանկ:
«Միասին` հզօր» ցանկին թեկնածուներն են. Յակոբ Բագրատունի, Միշել Էլիաս Մըր, Անթուան Խալիլ, Ռանտա Ապպուտ, Մարուն Ապու Տիուան, Լէա Ապու Շաայա, Մարուն Ռըզքալլա եւ Ճոյս Ժամմալ:
Ան հաստատեց Մեթնի մէջ չափաւորականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ բոլորը պատասխանատու են լիբանանցիներուն ներկան եւ ապագան փրկելու, ինչպէս նաեւ երկիրը վերածելու արդարութեան եւ հաւասարութեան պետութեան:
Էլիաս Մըր ընդգծեց, որ ինք կը հաւատայ Լիբանանի վերականգնումին եւ յարութեան` կոչ ուղղելով բոլորին մասնակից դառնալու Լիբանանի փրկութեան պայքարին:
Ընտրական դաշինքի եւ ցանկի յայտարարութեան յատուկ այս հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Յ. Բագրատունի արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Քաղաքացիութեա՛ն եղբայրներ, հաւատարի՛մ մեթնցիներ,
52 օրեր մեզ կը բաժնեն երեսփոխանական ընտրութիւններէն, սահմանադրական հոլովոյթ մը, որ կը փաստէ, թէ ժողովուրդն է իշխանութիւններուն աղբիւրը:
Նախորդ չորս տարիները շատ դժուար էին մեր բոլորին համար: Բոլոր փորձանքներն ու աղէտները կուտակուեցան եւ ծանր հարուած մը հասցուցին մեր սիրելի հայրենիքին, ըլլան անոնք տնտեսական թէ ելեւմտական տագնապները, «Քորոնա»-ի համաճարակը, հասնելով մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը, որ վիրաւորեց մայրաքաղաքին սիրտը:
Ոմանք մտածեցին, թէ այդ հարուածը պիտի ըլլայ վճռական ու մահացու, պիտի ճշդէ բռնկող Արեւելքին մէջ գտնուող մեր սիրելի հայրենիքին աւարտը, սակայն ձեր շնորհիւ Լիբանան փաստեց իր արմատներուն զօրութիւնը:
Այո՛, բոլորս յոգնած ենք ու սպառած… Սակայն այսօր մեր հայրենիքը կը գտնուի անկիւնադարձային փուլի մը դիմաց, որուն ընթացքին անձնատուր ըլլալը` ամբողջական վերացումի երթալ է, իսկ ճիշդ ընտրանքը վերականգնիլն է…
Մենք անձնատուր եղող տեսակը չենք, մեր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մենք չենք յանձնուիր, այլ` կը պայքարինք վերականգնումի, բարգաւաճելու եւ յառաջդիմելու համար:
Մեթնի քաղաքացին իր բոլոր կողմերով, կուսակցութիւններով եւ քաղաքական ուժերով, ծովեզերքէն մինչեւ լեռներու գագաթները, փաստեց, որ դիմադրող օրինակն է` անիրաւութեան, անարդարութեան եւ միտքի ստրկութեան դէմ… Հետեւաբար այս շրջանը վերածուեցաւ բազմազանութեան, համերաշխութեան, ժողովրդավարութեան, արժանապատիւ մրցակցութեան, փոխադարձ յարգանքի, անձնիշխանութեան վերացման եւ ուրիշը ընդունելու օրինակելի շրջանը:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ այս արժէքներն ու սկզբունքները Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ տարածելու անհրաժեշտութեան, յատկապէս նկատի ունենալով այն դժուար պայմանները, որոնք հարուածեցին եւ տակաւին կը շարունակեն հարուածել ազգային արժէքներն ու յատկանիշները, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական, թէ ընկերային, նոյնիսկ բարոյական արժէքներն ու յատկանիշները, որոնք լիբանանցի քաղաքացիին փառքն ու հպարտութիւնն էին:
Հիմնուելով այդ սկզբունքներուն վրայ եւ նկատի ունենալով ընտրապայքարին պարտադրած պայմանները` նուազագոյնը ոչ իտէալական ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ, այս անգամ որոշեցինք դաշինք գոյացնել լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ անձնաւորութիւններուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել եւ վերահաստատել տասնեակ տարիներու մեր կարգախօսը` «Մեթնը կրնայ ընդգրկել բոլորը»:
Ընտրական այս դաշինքը ոչ ոքի դէմ ուղղուած է, այլ անիկա լուրջ ճիգ մըն է` բոլորին հետ կամուրջներ ստեղծելու, հիմնուելով մէկ նպատակի վրայ. «Ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել, ժողովուրդին ծառայել եւ աշխատիլ` Լիբանանը վերականգնելու ի խնդիր»:
Այս օրերուս ամբաստանութիւններն ու կարգախօսները շատ են:
Սակայն մենք հեռու ենք հակադարձութենէ եւ ամբոխահաճոյ կեցուածքներէ ու կ՛ըսենք.
«Մեր միակ մտահոգութիւնը եղած է եւ կը մնայ ժողովուրդը, եւ ոչ թէ յայտարարութիւններն ու շուկայադրումը:
Կը նախընտրենք օրէնսդրութիւնը, եւ ոչ` մեկնաբանութիւնն ու իմաստակութիւնը, կը նախընտրենք մեր ձայնը հասցնել եւ ոչ թէ աղմկել, ինչպէս նաեւ օժանդակել եւ ոչ թէ ժողովուրդին ցաւերուն հաշուոյն քարոզչութիւն կատարել:
Նախորդ չորս տարիներուն ընթացքին, հակառակ վարչակարգին այն իրականութեան, որ չ՛արտօներ հրաշքներ գործել, կրցանք իրականացնել մեծ թիւով իրագործումներ եւ փաստել, որ երեսփոխանական աթոռը միջոց է եւ ոչ թէ նպատակ:
Միջոց` ժողովուրդին ձայնը հասցնելու: Իսկ այդ միջոցը որքան մեծնայ, այնքան աւելի կը բարձրանան ձայները, եւ կարելի կ՛ըլլայ քանդել լռութեան պատը:
Միջոց` օժանդակելու, եւ որքան մեծնայ այդ միջոցը, այնքան ամուր կը դառնայ նեցուկը:
Այսօր կը յայտարարենք «Միասին` հզօր»
ցանկը` իբրեւ Միշել Մըրի, Ղովմի կուսակցութեան եւ անկախ անձնաւորութիւններուն միջեւ գոյացած ընտրական դաշինք, Մեթնի մէջ:
Քաղաքական բախումներու եւ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ, եկէ՛ք միասնաբար` իբրեւ թեկնածուներ, առողջ մրցակցութիւն ծաւալենք, եւ փաստենք, թէկուզ մեր պատմութեան մէջ անգամուան մը համար, որ մենք ժողովրդավարութեան ներկայացուցիչներն ենք:
Ընտրութիւններուն պատճառաբանութեամբ Լիբանանի համար կռիւ եւ բաժանում չեն պակսիր, այլ կը պակսի ընտրական դրական մթնոլորտ մը, որ կ՛աւետէ Լիբանանը առողջ հիմերու վրայ վերահաստատելու նոր փուլի մը սկիզբը:
Այս վայրէն եւ ՀՅ Դաշնակցութեան անունով կը ներկայանամ ձեզի` քաղաքացիութեա՛ն եղբայրներ, որ խիտ շարքերով մասնակցիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ չվարանիք ստանձնելու ձեր պատասխանատուութիւնները:
Լիբանան մեր բոլորին կարիքը ունի, կը շեշտեմ «մեր բոլորին» եզրը:
Իւրաքանչիւր մեթնցիի խիղճը կ՛երաշխաւորէ, որ մեր հայրենիքին կենսունակութիւնը վերազարթնի եւ ան կրկին ոտքի կանգնի:
Ընտրեցէ՛ք անոր, որ սիրեց Լիբանանը:
Ընտրեցէ՛ք անոր, որ ձեր կողքին կանգնեցաւ, եւ անոր, որ ձեզի եւ հայրենիքին շահերուն համար գործեց:
Ձեզի կ՛ըսենք. «Միասի՛ն, երէկ, այսօր եւ մի՛շտ»:
«Միասին` հզօր» ցանկը կը ներկայացնէ ձեզ:
Կեցցէ՛ք եւ կեցցէ՛ Լիբանանը»:
Ղովմի կուսակցութեան թեկնածու Անթուան Խալիլ իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Լիբանանը պէտք չէ մասնատել, այլ պէտք է աշխատիլ զայն քաղաքացիական պետութեան վերածելու:
Միշել Մըր իր խօսքին մէջ ընդգծեց մեթնցիներուն արժանապատուութիւնը վերականգնելու, ինչպէս նաեւ չափաւորականութեան ուղեգիծը վերահաստատելու կարեւորութիւնը:
Միշել Մըր ընդգծեց, որ ինք սնամէջ կարգախօսներ չի փափաքիր յայտարարել, սակայն կը խոստանայ մնայուն կերպով ժողովուրդին կողքին ըլլալ:
Հանդիպումին աւարտին Էլիաս Մըր անդրադարձաւ իր հօր` Միշել Մըրի կտակին, որ կը թելադրէր Լիբանանի յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դաշնակցիլ ՀՅ Դաշնակցութեան հետ: Ան ընդգծեց, որ ինք հպարտ կը զգայ այդ կտակը գործադրելուն համար` աւելցնելով, որ եօթը տասնամեակներու մտերմութիւն եւ բարեկամութիւն կայ իր ընտանիքին եւ ՀՅԴ-ի միջեւ:
Էլիաս Մըր կոչ ուղղեց բոլորին քուէարկելու «Միասին` հզօր» ցանկին` հաստատելով, որ այդ ցանկին վրայ գտնուող իւրաքանչիւր թեկնածուի քուէարկելով մեթնցիները իրենց քուէն Մըր ընտանիքին տուած կ՛ըլլան:
aztagdaily.com