Հայաստանի Ու Արցախի Պետութիւններուն Պահպանումին Համար
28 Մարտ 2022
Քառասունչորս օրեայ պատերազմը չէ աւարտած: Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութիւնը պատերազմի դադրեցման մասին խաբուսիկ է: Ազրպէյճան դիմած էր պատերազմի միանգամընդմիշտ լուծելու համար, ի նպաստ իրեն, ղարաբաղեան տագնապը, այսինքն` վերջ տալու Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան եւ հայաթափելու Արցախը: Մինսքի խմբակի համանախագահները բազմիցս յայտարարած էին, որ ղարաբաղեան տագնապը զինուորական լուծում չունի, սակայն երբ այդ լուծման փորձը իրողութիւն դարձաւ, չմիջամտեցին, ինչպէս այժմ չեն միջամտեր, երբ Ազրպէյճան կը շարունակէ կիրարկել զինուորական միջոցներ` ամբողջացնելու համար ռուսական միջամտութեան միջոցով կիսատ ձգուածը:
Հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ ռուս խաղաղապահ ուժերը ժամանակին չեն միջամտեր ազրպէյճանական կրկնուող ու շարունակական ներխուժումներուն դէմ, իրենց իսկ ապահովական պատասխանատուութեան տարածքներուն դէմ: Եթէ Մինսքի համախմբումի հաշտարարի ու բանակցութիւնները դիւրացնելու դերը կ՛ենթադրէ չէզոքութիւն, խաղաղապահի պատասխանատուութիւնը զերծ է նման սահմանափակումէ: Կը թուի, որ Ազրպէյճանի անպատկառ վերաբերումին դէմ, ռուսական կողմը պայմանաժամ ճշդած է վերադառնալու նախկին դիրքեր: Սպասենք արդիւնքին:
Ազրպէյճանի համար ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է: Թէ՛ կազի մատակարարման դադրեցման առիթով, թէ՛ հաշտութեան պայմանագիր կնքելու համար ներկայացուած հինգ կէտնոց առաջարկին տրուած հայկական պատասխանին առիթով, Ազրպէյճան կ՛արձագանգէ Հայաստանին թելադրելով, որ չմիջամտէ Ազրպէյճանի ներքին հարցերուն: Այսինքն, Արցախի կարգավիճակի հարցը Ազրպէյճանի ներքին հարցն է: Իրը համարուող տարածքին մէջ եթէ ուզէ, կազ կու տայ. չ՛ուզեր` չի տար: Այս կամ այն դիրքը, գիւղը թէ շրջանը կ՛ուզէ, կը գրաւէ, հիմա չ՛ուզեր` ժամանակաւորապէս կը յետաձգէ:
Ի՞նչ կը մտածեն Հայաստանի իշխանութիւնները այս հարցերուն մասին: Երկարատեւ լռութենէ ու կրկնուող բանաւոր խուսանաւումներէ ետք, վերջապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հաճեցաւ տեսակէտ յայտնել, նախարարաց խորհուրդի նիստին կարդալով յայտարարութիւն մը: Բնականաբար դատապարտելէ ետք ազրպէյճանական ներխուժումները, Փաշինեան խուսափեցաւ յստակօրէն բացայայտելէ Արցախի կարգավիճակին ու սահմաններուն վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը: Նոյն ձեւով վարուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, մերժելով բացայայտել «կարմիր գիծերը»: Արդեօք իրողապէս գոյութիւն ունի՞ն նման «կարմիր գիծեր»: Հայաստան մինչեւ ո՛ւր պատրաստ է զիջելու` վասն խաղաղութեան:
Նիկոլ Փաշինեան իր յայտարարութիւնը եզրափակեց յայտնելով, որ խաղաղութեան գործընթացին այլընտրանք չկայ: Ի գին Արցախի վերջնական կորուստի՞ն եւ Հայաստանի սահմաններէն ալ որոշ հողատարածքներու զիջմա՞ն: Պէտք է յուսալ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ի վերջոյ կ՛անդրադառնան, որ նման վերջնական լուծում ո՛չ միայն չ՛ապահովեր այնքա՜ն սպասուած խաղաղութիւնը, այլ նաեւ կը վտանգէ նոյնինքն Հայաստան պետութեան գոյութիւնը:
Այո՛, նոյնինքն Հայաստան պետութեան գոյութիւնը, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէճանի նպատակը միաւորումն է. «Սիւնիքի միջանցք»-ը վաղը կրնայ վերածուիլ «Հայաստանի միջանցք»-ի, Հայաստանին վերապահելով թրքական հովանաւորութեան տակ մշակութային ինքնավարութիւն վայելող պետականակերպ գոյութիւն մը:
Ինչո՞ւ, իրողութիւններու այսքան բացայայտ դրսեւորումներու պայմաններու առկայութեամբ, Նիկոլ Փաշինեան չի մտածեր քաղաքական ուղեգիծ փոխելու մասին: Իսկ եթէ չի կրնար, ինչո՞ւ ջահը ուրիշին չ՛ուզեր փոխանցել: Մեղայ, մեղա՜յ, չըլլա՞յ, Թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակը ա՛յս էր, թերեւս ոչ արդէն նշմարուող դաժանութեամբ, բայց անոր նմանատիպ պատկերով:
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վարուող քաղաքականութեան փոփոխութիւնը այլընտրանք չունի: Ազգային արժանապատուութիւն ունեցող բոլոր ուժերը պէտք է համախմբուին` իրականացնելու համար կենսական փոփոխութիւնը: Այո՛, վտանգի ժամուն համախմբուիլը անհրաժեշտութիւն է, բայց համախմբումը միայն ազգային գաղափարի շուրջ կրնայ արդիւնաւոր ըլլալ: Հայաստանի ու Արցախի պետութիւններուն փրկութեան ծառայել:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com