ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ճակատագրական ընտրանքներու ժամանակներ

12 Մայիս 2022

Յ. Պալեան

Հակառակ գարնանային յորդառատ անձրեւին, Հայաստանի մէջ, ոչ միայն Երեւանի, իշխանափոխութեան պահանջով ցոյցերը կը շարունակուին: Առաւօտուն, Աշտարակ տանող մայրուղիի մուտքին խցանում կար: Ցուցարարներու թափօր մը դրօշակներով կը տողանցէր: Կէսօրին, երբ Աշտարակէն կը վերադառնայի, կրկին խցանում կար Պռոշեանէն անցնող մայրուղիին վրայ: Մեծ ու պզտիկ ինքնաշարժներ, բեռնատարներ, կողմնակի ճամբաներ կը փնտռէին, փորձելով յառաջանալ:

Տուն հասայ, հեռատեսիլը միացուցի: Ցոյցերը կը շարունակուէին Երեւան: Չորս կամ հինգ ոստիկաններ, ցուցարարներու մէջ էին, իրարանցում կար, քաղաքացի մը անշարժացուցած էին, շուրջինները հրմշտկելով ոստիկանական ինքնաշարժ կը տանէին: Միւս կողմէ, ցուցարարները Եռագոյններ պարզած, բարձրախօսներու ընկերակցութեամբ, «Զարթնի՛ր Լաօ» կը խմբերգէին: Ինչպէս ըսուած էր, անհնազանդութեան արարքներով ճամբաները կը փակէին, դժուարացնելով երթեւեկը:

Երէկ, ընդդիմութեան պատգամաւորներ Ազգային Ժողով գացած էին, եւ յատենի ժողովոյ, աղմկալի մթնոլորտի մէջ, վարչապետին հրաժարականի թուղթը իրեն ներկայացուցած էին: Ազգային Անվտանգութեան ոստիկանները, սովորական երեւոյթ դարձած ոճով, զանոնք հեռացուցած էին, իսկ նոյն Ազգային Ժողովի նախագահը, փոխանակ համադրողի իր դերին մէջ մնալու, ըսած էր, որ թող երթան եւ միանան քառասուն հազար ցուցարարներուն: Աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար, եթէ լսէր նոյն այդ քառասուն հազարին ընդվզումի խօսքը եւ մնար իր պաշտօնի բարձրութեան վրայ:

44օրեայ պատերազմին պարտուելէ ետք, երկրի իշխանութիւնը չի յաջողիր կացութիւնը վերականգնել: Արդէն, յաղթականի ամբարտաւանութեամբ, Իլհամ Ալիեւ կը յայտարարէ, որ ԶանգեզուրիՄիջանցքի Հարցը անդառնալիօրէն լուծուած է: Ինչպէ՞ս: Ո՞ւր պաշտօնական արձանագրութիւն կայ: Կա՞յ թէ՞ չկայ: Ո՛չ միայն ցուցարարները եւ անոնց ղեկավարները, այլ նաեւ մտաւորականները եւ ժողովուրդը չեն գիտեր թէ ի՞նչ տրուած է, դեռ ի՞նչ պիտի տրուի: Ինչո՞ւ իշխանութիւնը անկեղծութեամբ չի խօսիր ժողովուրդին, չի խօսիր իր ընդդիմութեան հետ:

Ընդդիմութիւն մը երկրին թշնամին չէ, իշխանութեան տարբեր մտածող թեւն է, հակակշիռը: Ե՞րբ ժողովրդավարութեան փորձ ունեցող պետութիւններու իմաստութենէն պիտի սորվինք հանդուրժել եւ համագործակցիլ: Միթէ՞ Ազգային Ժողովի մեծամասնութիւնը, անկէ բխած իշխանութիւնը, չե՞ն լսած, թէ ինչպէ՞ս կը կոչուի Անգլիոյ ընդդիմութիւնը, եւ ի՞նչ իրաւունքներ ունի ան: Ընդունուած կարգ է զայն կոչել «Նորին Վեհափառութեան Հաւատարիմ Ընդդիմութիւնը», His Majesty’s loyal opposition, որուն առաջնորդը ռոճիկ կը ստանայ, ինչպէս վարչապետը:

Այս քաղաքական հանդուրժողութեան մշակոյթ է: Պետականութեան լիիրաւ ըմբռնում պէտք է ունենալ այս ընելու համար:

Ի տես ցոյցերու եւ Ազգային Ժողովին իրարու դէմ եղած կոշտ արտայայտութիւններու, որոնց արձագանգ կ’ըլլան լրատուամիջոցները, հետեւաբար զանգուածը կը լսէ: Քաղաքացիները կը վարժուին, վարժուած են, նոյն կոշտութեամբ վեարաբերիլ, եւ տարբեր կարծիք ունեցողը, կամ քննադատողը, կը համարուի թշնամի:

Հայաստանի իշխանութիւննեը կարծէք խուլ են քննադատութիւններու դիմաց, այդ պատճառ է լարուածութիւններու եւ թշնամութիւններու ծաւալման, եւ պիտի գայ պահը, երբ կացութիւնը այնքան խրձիկ պիտի դառնայ, որ ո՛չ իշխանութիւնը եւ ո՛չ ալ ընդդիմութիւնը ելք պիտի տեսնեն: Երբ ճշմարիտին սպասարկող ժողովրդավարական եւ փոխհասկացողութեան ելք չըլլայ, բոլոր երկիրներու մէջ անխուսափելի կ’ըլլան անբաղձալի վիճակներ, որոնց անունը չեմ ուզեր տալ, քանի որ անոնք պերճանք են արդէն հարուածուած մեր ժողվուրդին եւ վտանգուած հայրենիքին համար:

Ցոյցերը կը շարունակուին: Ո՞ւր կրնան հասնիլ: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ վարչապետին եւ իր գործակիցներուն իշխանութեան կառչելու հետեւանքը: Հարցումներ, որոնց պատասխանը պիտի գայ կացութեան հոլովոյթէն: Լարուածութիւնը եթէ տեւէ եւ պայթիւնավտանգ դառնայ, կրկնեմ, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար անբաղձալին կրնայ պատահիլ:

Եւ կրկին կը վերադառնամ հայ հարազատ մտաւորականութեան դերին, երկրին մէջ, ինչո՞ւ ոչ նաեւ երկրէն դուրս, որ իր հեղինակութեամբ հանդէս գայ: Թերեւս յետ խորհրդակցութեան ընթացիկը եւ առօրեականը գերանցող առաջարկ մը, պլատֆորմ մը առաջադրուի, ներքին եւ արտաքին հարցերու պատմական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու ատակ ուժերով, կողմերէ անդին: Ի վերջոյ, ներսը եւ դուրսը, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային հմտութիւն ունեցող հայրենասէր ուժեր կան: Համազգային համախոհութեամբ, անոնց վստահիլ ազգիեւ հայրենիքի ղեկավարումը, եւ ժողովուրդը պատրաստել իրա՛ւ ապագայակերտ համագործակցութեան:

Թերեւս ժամանակավրէպ է յիշեցնել, որ մեր պատմութեան ճակատագրկան պահերուն, հայ կաթողիկոսներու բարոյական հեղինակութեան դերը, որ եկեղեցիի քաղաքականացման չի միտիր: Միթէ՞ չեն կրնար, թոյլ կը տրուի՞, որ բարի կամքի համաժողով մը հրաւիրեն, ինչպէս կ’ըսեն՝ նկատի ունենալով տարբեր զգայնութիւնները,- կը խուսափիմ կազմակերպութիւն եւ կուսակցութիւն եզրերու գործածութենէն: Այս ազգային-պետական բարոյականի շուրջ խմբուելու ճակատագրական որոշման մը կրնայ յանգիլ, որպէսզի պատմութիւնը օր մը չարձանագրէ, որ անատակ ըլլալով միանալու, հայ ազգը կործանած է:

Թիւր ըմբռնում պէտք չէ ըլլայ. քաղաքական իշխանութիւնը եկեղեցականներու յանձնելու հարց չունիմ, այլ՝ բարոյական հեղինակութեան հովանիին տակ ներկայ վտանգները դիմագրաւելու հաւաքական ուժ ստեղծելու:

Որպէսզի չըլլանք ասոր կամ անոր հետ, կամ դէմ, այլ ըլլանք ազգին, հայենիքին եւ պետութեան հետ:

Այս ձեւով, համահայկական, միացում, միասնութիւն եւ եռամիասնութիւն եզրերուն կու տանք հայկական բովանդակութիւն:

Այս ընելու համար զիրար լսելու առաքինութիւն պէտք է, ինչպէս յաճախ կը յիշեցնեմ, բառին հռոմէական իաստով, որ հգիի ուժ է:

Այս մասին պէտք է մտածել դիտելով ցուցարարները՝ որոնք բանակ են, ոստիկանները՝ որոնք բանակ են սեփական ժողվուրդին դէմ, դիտելէ ետք Ազգային Ժողովի նիստերու բռնցքամարտէ շատ հեռու չեղող պատկերները:

Մի՛շտ պէտք է մտածել, որ մենք երկրորդ հայրենիք մը չունինք, որ մէկը կորսնցնելէ ետք միւսը պահենք, կամ միւսին մէջ ապաստանինք:

Պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ սփիւռքը եւ սփիւռքները, որքան ալ գրաւիչ եւ խոստմնալից ըլլան, հայրենիք չեն:

Եւ յիշել, Հայաստան եւ սփիւռք, հայրենի գրող Վիգէն Խեչումեանի բուռն եւ բիրտ աստուաշնչական պատգամի նմանող խօսքը. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:

Անմիջականի առնչուող այս խորհրդածութիւները կ’ուզեմ եզրակացնել Վահան Տէրեանի սրտագին խօսքերով, որոնք ըսուած եւ գրուած են դար մը առաջ, բայց այնքա՜ն այժմէական են.

«Մեր երկիրը աւերակների երկիր է, աւերուած մի Հայրենիք, որ մենք այսօր կամենում ենք կենդանացնել, որին կամենում ենք նոր կեանքի կոչել: Մեր Հոգեւոր Հայրենիքը նոյնպէս աւերուած մի երկիր է եւ այդ աւեր ու անաւարտ շէնքը կանգնեցնելու համար որպիտի՛ ջերմ սէր, որպիսի՛ անձնուիրութիւն, որպիսզի՛ բուռն ոգեւորութիւն է հարկաւոր»:

Ամէն կարգի պառակտումներէ առաջ կը լսե՞նք Վահան Տէրեանը:

Ուրիշ հայրենիք չունինք, նոր հայրենիք չունինք: Ունինք՝ ինչ որ կայ, որուն տէր պէտք է ըլլալ, թոյլ չտալ, որ երբեմն ալ մեր մեղքով, թշնամիներ զայն յօշոտեն:

hairenikweekly.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company