ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ինչո՞ւ Պէտք Է Քուէարկել Ի Նպաստ Դաշնակցութեան

29 Նոյեմբեր 2018

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Այսօր համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը կը հանդիսանան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ եւ մանաւանդ «հապճեպ» ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան 9 դեկտեմբերին: Հապճեպ, որովհետեւ սոյն ընտրութիւններու յանկարծակի յառաջաձգման բուն դրդապատճառները, առնուազն` որոշ հատուածի մը համար, մինչեւ օրս կը մնան անհասկնալի եւ առեղծուածային:

Հապճեպ, որովհետեւ բոլոր քաղաքական ուժերու համախոհութեամբ, ներառեալ` պրն. վարչապետի առաջնորդած կուսակցութեան, նախապէս որոշուած էր սոյն ընտրութիւնները կայացնել ապրիլ-մայիս ամիսներուն, սակայն յանկարծ իշխանութիւններուն կողմէ պարտադրուեցաւ ընտրութիւնները կայացնել 9 դեկտեմբերին, այլապէս` վերադարձ դէպի փողոց, ցոյցեր, քաղաքական անկայունութիւն, տնտեսական ամլութիւն եւ պետական համակարգի անդամալուծում:

Հապճեպ, որովհետեւ նախընտրաբար եթէ նախապէս որոշուած թուականին տեղի ունենար, վստահաբար քաղաքական բոլոր ուժերը նոր Հայաստանի առաջին Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն նախապատրաստուելու յաւելեալ ժամանակ եւ մրցակցային հաւասար պայմաններ կ՛ունենային, հաւանաբար ազգովին աւելի ուժեղ եւ միասնական դուրս կու գայինք, եւ վստահ` մինչ այդ պրն. վարչապետին ժողովրդականութիւնը եւ հեղինակութիւնը պիտի մնար անփոփոխ:

Պարզապէս անհրաժեշտ էր յաւելեալ ժամանակ, որպէսզի ազգովին հասկնայինք Հայաստանի մէջ կատարուած քաղաքական փոփոխութիւններուն խորքը, որպէսզի միասնաբար որոշէինք, թէ ի՛նչ տեսակի հայրենիք եւ արժեհամակարգ կ՛ուզենք կերտել եւ ո՛ւր կ՛ուզենք առաջնորդել զայն, եւ որպէսզի տուեալ երեսփոխանական ընտրութիւնները արդարացնեն համաժողովրդային ու երիտասարդական շարժումի ձգտումները, նաեւ` նոր Հայաստանի հետ կապուած հայութեան երազներն ու յոյսերը, հերթական անգամ յուսախաբութիւն մը եւս չապրինք:

Որպէսզի այս ընտրութիւնները տարբերէին նախորդողներէն` իրենց բովանդակային առումով, եւ կուսակցութիւններ ներկայանային հանրութեան ոչ թէ միայն ամբոխավարութեամբ, բարձրախօսներով, չհաշուարկուած եւ չհիմնաւորուած շուկայական խոստումներով, այլեւ` յստակ ծրագիրներով, պատկերացումներով, եւ ապագայի առումով որոշ տեսլականով եւ համապատասխան մարդուժով ու մասնագէտներով, եւ ոչ թէ` նախասիրութիւններով, բարեկամութիւններով ու ծանօթութիւններու բերումով թեկնածուներու ցանկով:

Որովհետեւ` վերջապէս խօսքը կը վերաբերի երկիր ղեկավարելու, պաշտպանելու, ազգը համախմբելու, որովհետեւ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք, եւ ամբողջ տարածաշրջանը անորոշութեան ու առնուազն ռազմաքաղաքական անկայուն իրավիճակի մէջ է:

Այսուհանդերձ, ընտրութիւնները, այո՛, տեղի պիտի ունենան ներկայ իշխանութիւններու կողմէ պարտադրուած թուականին` 9 դեկտեմբերին: Ազգային ժողովի արտահերթ եւ «հապճեպ» ընտրութիւններուն կը մասնակցին 9 կուսակցութիւններ եւ 2 դաշինք միաւորներ, որոնց շարքին` ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր քաղաքական, յեղափոխական եւ ազգային ընկերվարական հարուստ կենսափորձով, հայրենիքի հողի ուժին հաւատքին, քաղաքական ուղի անցած հասարակական գործիչներով, տնտեսագէտներով, դասախօսներով, երիտասարդ ուժերով եւ քատրերով եւ, ինչպէս միշտ, թեկնածուներու ինքնուրոյն ցանկով:

Ինչ որ բոլորին պարագան չէ` ըստ երեւոյթին, որովհետեւ կան քաղաքական ուժեր, որոնք մէկ կողմէ հրապարակաւ մերժելով միայն կը մերժեն անցեալը եւ իբր թէ կը բացառեն նախորդ իշխանութիւններու հետ որեւէ կապակցութիւն, միւս կողմէ, սակայն, անոնց համար արդէն իսկ ընդունելի դարձած են սակաւապետները, եւ նոյնիսկ իրենց ընտրական ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած են նախկին Հանրապետական կուսակցութեան անդամներ եւ Ազգային ժողովի մէկէ աւելի պատգամաւորներ:

Ուրեմն, Ազգային ժողովի արտահերթ եւ «հապճեպ» այս ընտրութիւններուն ինչո՞ւ պէտք է քուէարկել ի նպաստ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական ցանկերուն կամ թեկնածուներուն. որովհետեւ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ կը ներկայանայ յստակ դիմագիծով, զուտ հայկական արեւելումով, համապարփակ եւ հաշուարկուած ծրագիրներով` առողջապահական, կրթական, հաղորդակցութեանց, ընկերատնտեսական, ռազմաքաղաքական, իսկ արտաքին ճակատի առումով պէտք է ամէն գնով շարունակել կիրարկել «եւ, եւ»-ի քաղաքականութիւնը եւ, հակառակ արեւմտեան սին խոստումներուն, բնաւ փորձութեան չմատնել հայրենիքը` «կամ, կամ»-ի աւերիչ քաղաքականութեան դիմելով, իսկ ամէնէն էականը` միջազգային եւ տարածաշրջանային յարաբերութեան մէջ կարենալ երանգաւորուած մօտենալ եւ այս չափազանց զգայուն քաղաքական փուլին կարենալ զանազանել Հայաստանի ռազմաքաղաքական դաշնակիցը` բարեկամ երկիրէն, իսկ դարաւոր թշնամին` սովորական հարեւանէն:

Այդ ոլորտին մէջ ընդհանրապէս բնաւ օգտակար չէ հակասական յայտարարութիւններով եւ անորոշութեան նշաններ տուող ելոյթներով հանդէս գալը:

Դաշնակցութեան ի նպաստ պէտք է քուէարկել, որովհետեւ, ով ինչ կ՛ուզէ թող ըսէ կամ ընէ, միեւնոյնն է, պատմութիւնը ի՛նք կը վկայէ, որ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին այս կուսակցութիւնը ժողովուրդին կողքին կանգնած է. նոյն տրամաբանութեամբ ալ ան առաջին իսկ օրէն ողջունեց ապրիլ-մայիսի համաժողովրդային եւ երիտասարդական շարժումը, երկրորդ` որովհետեւ ան կտրականապէս կը մերժէ անցեալի վերադարձը, սակայն Դաշնակցութիւնը մեկնելով ժողովրդավարական տարրական սկզբունքներէն` նոյնքան կենսական կը գտնէ, որ հրապարակի վրայ գործօն եւ այս հապճեպ ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր քաղաքական ուժերը յստակացնեն իրենց ծրագիրները եւ ոչ թէ բաւարարուին միթինկային, ամբոխավարական եւ հաճոյակատար խոստումներով կամ գրքոյկի ձեւաչափով տպուած բացատրողականներով: Այլեւ պէտք է հիմնաւորուին եւ բացատրուին, որ այդ վարդագոյն խոստումները իրականացնող հաշուարկուած եղանակի եկամտահարկի տարբերակը ինչպիսի՞ն է, ո՞վ պիտի ապահովէ այդ բոլորը, ինչպէ՞ս պիտի ապահովուին, իսկ ապահովելու պարագային, ի՞նչ է դիմացը պահանջուածը:

Արդարեւ, կարճ տեւողութիւն ունեցող քարոզարշաւը պէտք չէ ընթանայ միայն սին եւ ընդդէմի, անցեալի կատարուած սխալներուն ճարտասանութեամբ սպառելու ներքաղաքական դաշտը:

Այլ խօսքով, ընտրական քարոզարշաւը պէտք է քաղաքականացնել ու գաղափարականացնել եւ հանել զայն անհատ թեկնածուն կուռքի վերածելու բարոյահոգեբանական, հռետորաբանութեան ոլորտէն եւ տեղադրել քարոզարշաւը զուտ քաղաքական հարթակ:

Հետեւաբար իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի ծրագրային ճամբու քարտէսին մէջ յստակ կերպով ընդգրկուած պէտք է ըլլայ առկայ թէ յառաջիկայի արտաքին ու ներքին հիմնախնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն լուծման վճռորոշ մարտավարութիւն:

Դաշնակցութեան ի նպաստ պէտք է քուէարկել, որովհետեւ ան ընդհանրապէս ողջունեց Հայաստանի քաղաքական իրավիճակի փոփոխութիւնը, եւ ինչպէս որ օրին յանուն հայրենիքի բարօրութեան եւ կայունութեան` անվերապահօրէն զօրակցեցաւ նոր Հայաստանի իշխանութիւններուն, եւ պրն. Փաշինեանի առաջնորդած կառավարութեան մաս կազմեցին դաշնակցական նախարարներ եւ մարզպետներ, այսօր ալ, նոյն տրամաբանութեամբ, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է համակուսակցական, համահայկական եւ համասփիւռքեան ամբողջ կարողականութիւնը ներդնել ու մասնակցիլ Հայաստանի զարգացման, պետական հիմքերու ամրապնդման եւ անվտանգութեան, զոյգ հանրապետութեանց հզօրացման ու ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման գործին:

Դաշնակցութիւնը իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն պետականամէտ եւ հայաստանակեդրոն կուսակցութիւն հանդիսացած է` անկախ այն հանգամանքէն, որ ինք այս կամ այն քաղաքական խմբակին հետ քաղաքական կամ գաղափարական տարակարծութիւններ ունենայ կամ ոչ, բայց ան տեւաբար կը գործէ եւ իր ամբողջ ներուժն ու կապերը կը ծառայեցնէ յանուն հայրենիքի, հողի, հայու ընդհանուր նպատակներու իրագործման համար:

Դաշնակցութեան ի նպաստ պէտք է քուէարկել, որովհետեւ ան ընկերվարական եւ ընկերային արդարութեան, պետական եկամուտներու արդար բաշխման եւ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման ուղղուածութիւն ունեցող կուսակցութիւն է: Եւ իբրեւ այդպիսին` կուսակցութիւնը հիմնական թիրախի վերածած է երկրին մէջ աղքատութեան վերացումը եւ արտագաղթի դէմ պայքարը. ան կտրականապէս կը մերժէ ծայրայեղ ազատական տնտեսութեան վարդապետութիւնը եւ ջատագովն է ընկերային, շուկայական կանոնաւորուած տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ կողմ է յառաջատուական եկամտահարկային քաղաքականութեան` պատասխանատու եւ յանձնառու պետութեան մը, որ անտարբեր չէ իր քաղաքացիներու տարրական կարիքներուն նկատմամբ, ինչպէս` ընկերային արդարութեան, անվճար, որակեալ ու բոլորին հասանելի կրթութեան, առողջապահութեան, բնակարանային անմխիթար խաւին հնարաւորութիւններ տուող քաղաքականութիւն:

Իսկ վերջապէս, ինչո՞ւ պէտք է քուէարկել ի նպաստ Դաշնակցութեան. որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ամէնէն պատասխանատու եւ վճռական փուլն է այսօր, եւ Դաշնակցութեան ներկայութիւնը Ազգային ժողովին մէջ` օրէնսդիր մարմինին մէջ, վճռական եւ էական նշանակութիւն ու դերակատարութիւն ունի հայրենիքի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գործընթացին նպաստելու սփիւռքեան իր կարողականութեամբ, Հայ դատի գրասենեակներով, միջազգային եւ շրջանային քաղաքական շրջանակներուն հետ կուսակցութեան տարիներու ծանօթութիւններու եւ կապերու հանգամանքներու բերումով, որովհետեւ մէկ կողմէ առկայ են տարածաշրջանային անկանխատեսելի եւ պայթիւնավտանգ իրավիճակը, Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը, որուն բեկորները կը հարուածեն Հայաստանը, տարածաշրջանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ունեցած քաղաքական եւ տնտեսական նկրտումները, միւս կողմէ` Ռուսիոյ, ՀԱՊԿ-ի երկիրներու շրջանակներու մէջ գոյութիւն ունեցող անորոշութիւնները, թրքական գործօնը, Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը:

Այդ իսկ պատճառով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական եւ տարածաշրջանային իրավիճակներուն մէջ Դաշնակցութիւնը իր ուրոյն եւ անփոխարինելի դերակատարութիւնը ունի Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան եւ ներքաղաքական կեանքի կայունացման գործին մէջ:

Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ Արցախի կարգավիճակի կարգաւորման բանակցութիւններու կապակցաբար ունի յստակ ծրագիր եւ պատկերացում, ուր բացառուած է զիջումնային որեւէ տարբերակ` երբ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք, երբ Ազրպէյճանը կը ժխտէ ինքնորոշման իրաւունքը, երբ տակաւին կը մերժէ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Դաշնակցութիւնը արցախեան հարցի կարգաւորման, անվտանգութեան եւ անկախութեան համար անհրաժեշտ կը գտնէ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կնքել ռազմաքաղաքական համագործակցութեան պայմանագիր, անհրաժեշտ կը գտնէ, որ բանակցային գործընթացին ուղղակի մասնակցին Արցախի իշխանութիւնները, տակաւին, անհրաժեշտ կը գտնէ բանակցութիւններու ընթացքին անվարան կերպով հետապնդել Արցախի գրաւեալ Շահումեանի, Մարտունաշէնի եւ Գետաշէնի տարածքներու ազատագրումը եւ տեղահանուած բնակիչներու մարդկային իրաւունքներու փոխհատուցումը:

Դաշնակցութեան պէտք է ընտրել ոչ թէ որովհետեւ ան ուժի աղբիւր է, համահայկական եւ համազգային կազմակերպութիւն է, որմէ բնականաբար պէտք է օգտուին թէ՛ իշխանութիւնը, թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ պետութիւնը, այլեւ` որովհետեւ Դաշնակցութիւնը 128 տարի եղած է «Հաւատարիմ հողին ու հային»:

aztagdaily.com
21 նոյեմբեր 2018

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Միջազգային իրավունք․ երբ արժեքները դառ

Իրենց ժողովրդավար հռչակած պետություններն այսօր խոսում են ժողովրդավարության, մա

13 Հուլիս 2026
Օշականում նշվել է Քրիստոսի Պայծառակեր

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

13 Հուլիս 2026
Ցավակցագիր

Խորը վշտով ու ցավով տեղեկացանք. - Մեր սիրելի հայրենակից, ազգային ու հասարակ

12 Հուլիս 2026
ՆԱԹՕ-ի Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Զարգացման Նոր Փու

Քաղաքականութեան կողքին ի յայտ եկած էր նաեւ նիւթական եւ տնտեսական թնճուկը, զոր

10 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի 7-ին Հայաստանում տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրությունները մեր նորօր

09 Հուլիս 2026
Սա քաղաքական պատվերով դատավարություն է

Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի պատգամը Բաքվի բանտից.

09 Հուլիս 2026
Հակառակ Քոնկրեսական Ընդդիմութեան, Թրամ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ՆԱԹՕի վեհաժողովին մասնակցելու հ

09 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Ազատ Նաւարկութեան Քաղաքական Ըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը, թէ Իրանի հետ կնքուած հրադադարի

09 Հուլիս 2026
Միջազգային իրավունքը կորցնում է հեղինա

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ե

08 Հուլիս 2026
Պատնէշել Գահավիժումը

Ներելի՞ էր պատրանք ունենալ, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը օրէնքներու ճշգ

08 Հուլիս 2026
Փաշինյանը, Էրդողանն ու Ալիևը դժգոհ են

Իսրայելի կառավարության կողմից 2026 թվականի հունիսի 28-ին Հայոց ցեղասպանության

07 Հուլիս 2026
Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկա

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայ

07 Հուլիս 2026
Այս իշխանության դեմ պետք է համակարգված

«Սա ուղիղ քաղաքական վրեժխնդրություն է, քաղաքական հետապնդում է, մարդկանց մանդատ

07 Հուլիս 2026
Ռէալփոլիթիքի Գործօնը Իր Իսկական Դիմագծ

Վարչապետ Նեթանիահուի կառավարութեան անակնկալ նախաձեռնութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութ

07 Հուլիս 2026
Բագրատունի Այցելեց Մխիթարեան Միաբանութ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

07 Հուլիս 2026
«Հայաստան» դաշինքի հայտարարությունը

«Հայաստան» դաշինքը դատապարտում է բացահայտ քաղաքական հաշվեհարդարի շրջանակներում

06 Հուլիս 2026
Ծառուկյանի նկատմամբ իրականացվողը քաղաք

Բոլորին էլ պարզ է, որ Գագիկ Ծառուկյանի նկատմամբ իրականացվողը քաղաքական վրեժխնդ

06 Հուլիս 2026
«Հայաստան» դաշինքի հայտարարությունը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, հարգելի՛ ընտրողներ, Սահմանադրական դատարանի վճռից հետ

06 Հուլիս 2026
Կոչ եմ ուղղում Վեհաժողովին՝ Հայաստանու

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանը ա

05 Հուլիս 2026
«Աստուած իմ, գոհարեղէ՜նս»

Յաճախ թերթերու կտրօններ մէկ կողմ կը դնեմ առիթով մը անդրադառնալու համար անոնց։

05 Հուլիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company