ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Մայիսեան անկախութեան նուիրուած տպաւորիչ ելոյթ Աթէնքի մէջ

02 Հունիս 2022

­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան 104-րդ ­տա­րե­դար­ձի ե­լոյթ­նե­րու շար­քին մէջ, յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ Ա­թէն­քի մէջ գոր­ծող «Գ. ­­Լա­զեան», «­­Վա­րան­դեան» եւ «Ա. ­­Մա­նու­կեան» կո­մի­տէն­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ո­գե­կո­չա­կան ե­րե­կոն, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի, 30 ­­Մա­յիս 2022-ի ե­րե­կո­յեան, ­­Ֆիք­սի «Լ. Եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի բա­կին մէջ։

­­Հայ­րե­նա­կից­նե­րու բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թեան կող­քին, ու­շագ­րաւ էր Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան ան­դամ­նե­րու խան­դա­վառ ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ ա­ւե­լիով ծա­ւա­լե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րի ըն­թաց­քին, ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու ներ­կա­յաց­ման պա­հուն։

Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան, ­­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի գե­րա­պայ­ծառ ­­Յով­սէփ ծ.վ. ­­Պէ­զա­զեան, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան հիւ­պա­տոս տիկ. ­­Յաս­միկ ­­Դաշ­տո­յեան, ­­Գո­քի­նիոյ եւ ­­Նէոս ­­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ ­­Պա­րէտ քհնյ. ­­Խա­չե­րեան եւ ­­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, ­­Հայ դա­տի Եւ­րո­պա­յի խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ընկ. ­­Գաս­պար ­­Կա­րա­պե­տեան, Հ.Կ.Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Լի­զա Ա­ւա­գեան, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­­Յու­լիա­նա ­­Մա­նու­կեան, Հ.Յ.Դ. ե­րիտ. միու­թեան ­­Կեդր. վար­չու­թեան, շրջան­նե­րու միու­թե­նա­կան գոր­ծօն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ տպա­ւո­րիչ թիւ մը հայ­րե­նա­կից­նե­րու։

­­Հայ­կա­կան ո­գեր­գի յոտն­կայս ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ա­լիս ­­Ֆա­րա­ճեան, որ իր հա­կիրճ խօս­քին մէջ շեշ­տեց. «­­Մա­յի­սեան հան­րա­պե­տու­թեան հա­րիւր­չոր­սա­մեա­կը կա­րե­ւոր ու յի­շա­տա­կե­լի պի­տի ըլ­լար նոյ­նիսկ ե­թէ հան­րա­պե­տու­թեան կեան­քը մէկ օր միայն տե­ւած ըլ­լար:

Ա­նոր ար­ժէ­քը կը կա­յա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի վճռա­կա­նու­թիւ­նը ընդգ­ծող ու շեշ­տող ե­ղե­լու­թեան մէջ: Ե­ղե­լու­թիւն մը, յաղ­թա­նակ մը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ապ­րե­լու իղ­ձե­րուն յա­ւի­տե­նա­կան հա­յե­լին է ու պի­տի մնայ իբր այդ՝ յա­ջոր­դող սե­րունդ­նե­րուն հա­մար եւս:

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով այդ ժա­մա­նակ­նե­րու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, հան­րա­պե­տու­թեան ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի եւս կու գան ամ­րապն­դե­լու այն հա­մո­զու­մը, թէ մեր ժո­ղո­վուր­դը ար­ժա­նի էր այդ հան­րա­պե­տու­թեան, մինչ մա­յի­սեան ան­կա­խու­թիւ­նը ար­ժա­նի էր հայ ժո­ղո­վուր­դին։

­­Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թեան հանգ­րո­ւա­նը ալ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր կը դառ­նայ այ­սօր, երբ Ար­ցա­խը եւ հա­յրե­նի­քը վտան­գո­ւած են մե­րօ­րեայ թրքա­կան շար­ժում­նե­րէն:

­­Նոյն թշնա­մին իր հա­սա­կը կը փոր­ձէ ցոյց տալ իր զէն­քե­րով ու բար­բա­րո­սու­թեամբ, գիտ­նա­լով հան­դերձ թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը տո­կուն է դա­րե­րու ըն­թաց­քին»:

­­Յա­ջոր­դա­բար, ան հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը դի­տե­լու Հ.Յ.Դ. ­­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­­Յա­կոբ ­­Տէր ­­Խա­չա­տու­րեա­նի առ­ցանց յա­տուկ ու­ղեր­ձը յու­նա­հա­յու­թեան, ո­րուն մէջ ան պան­ծա­ցուց մա­յի­սեան յաղ­թա­նա­կի ար­ժէ­քը եւ անդ­րա­դար­ձաւ ­­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն։ Ըն­կե­րոջ խօս­քը կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։

Իս­կա­կան վա­յելք մը ե­ղաւ հա­մազ­գայ­նա­կան ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ ­­Հա­մօ ­­Սա­հեա­նի «Ախր ես ինչ­պէս» ո­գե­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան աս­մուն­քը։ Ըն­կե­րու­հին իր ձայ­նի խո­րունկ ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րով տո­ւաւ ­­Սա­հեա­նի՝ հայ­րե­նի­քը փա­ռա­բա­նող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ամ­բողջ էու­թիւ­նը եւ խլեց ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ։

­­Բեմ բարձ­րա­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­­Միու­թեան ան­դամ ընկ. Ե­րո­ւանդ ­­Մա­նու­կեան, որ ե­րի­տա­սար­դա­կան ո­գիով եւ յստակ ա­ռո­գա­նու­թեամբ փո­խան­ցեց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան վճռո­րոշ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը տէր կանգ­նե­լու հայ­րե­նի­քի դէմ ցցո­ւած խո­չըն­դոտ­նե­րուն։ ­­Քո­վի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ ըն­կե­րոջ խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։

Օ­րո­ւան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր ընկ. ­­Սեր­գօ ­­Գու­յում­ճեան, որ կուռ խօս­քով մը անդ­րա­դար­ձաւ մա­յի­սեան հե­րո­սա­պա­տու­մի մշտա­կան ար­ժէ­քին, ա­պա ան շեշ­տը դրաւ ­­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի այ­սօ­րո­ւան ի­րա­վի­ճա­կին վրայ։ Ան յա­տուկ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ար­ցա­խի հո­ղե­րու կո­րուս­տին, ինչ­պէս նաեւ հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման հա­մար ստեղ­ծա­գործ լման սե­րուն­դի մը դառ­նա­ղէտ չքաց­ման, ո­րոնք ի­րենց ա­րեան գի­նով ին­կան Ար­ցա­խի մա­տոյց­նե­րուն մէջ։

Ան քննա­դա­տե­լով ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց, թէ ա­նըն­դու­նե­լի է հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար եր­թալ միա­կող­մա­նի զի­ջում­նե­րու եւ վտան­գել բո­վան­դակ հայ­րե­նի­քի լի­նե­լու­թեան խնդի­րը։ ­­Բա­նա­խօ­սը պա­խա­րա­կեց ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան փութ­կո­տու­թիւ­նը «խա­ղա­ղու­թեան» դա­շինք­ներ ստո­րագ­րե­լու ի վնաս հա­յու­թեան, ըն­դու­նած ըլ­լա­լով նաեւ ­­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը որ­պէս միջ­նորդ։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին, ըն­կե­րը յայտ­նեց, թէ ար­տա­քին վտանք­նե­րը եւ ներ­քին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը պի­տի դի­մագ­րա­ւենք միաս­նա­կա­նու­թեամբ եւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի հա­ւատ­քով:
Ըն­կե­րոջ խօս­քի ամ­բող­ջու­թիւ­նը կը հրա­տա­րա­կենք ներ­կայ թի­ւով։

Ե­լոյ­թի վեր­ջին մա­սը ե­ղաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րի ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ­­Վար­դան Ա­բո­վեան՝ տու­տու­քով, ­­Լեֆ­թե­րիս ­­Խա­ւու­ծաս՝ կի­թա­ռով եւ Ան­կե­լոս ­­Փո­լիխ­րո­նիս՝ տհո­լով։ ­­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան խում­բը ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր ու մե­ղե­դի­ներ, ի­րենց նո­ւա­գակ­ցու­թեան մէջ հրա­ւի­րե­լով ներ­կա­նե­րը մաս­նա­կից դառ­նա­լու եր­գե­րուն։ ­­Մա­նա­ւանդ, ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին կող­մէ ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը եր­գե­րուն ստեղ­ծեց ջերմ ու խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը, ա­ւե­լի բարձ­րաց­նե­լով օ­րո­ւան խոր­հուր­դի ար­ժէ­քը։
­­Հան­դի­սա­վա­րու­հիին փակ­ման խօս­քէն ետք յա­ջոր­դեց մտեր­միկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

* * *

Ա­մէն տա­րո­ւան նման, այս տա­րի եւս, շրջան­նե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, ­­Կի­րա­կի, 29 ­­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տուն տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ դրօ­շի օրհ­նու­թիւն, նո­ւի­րո­ւած ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 104-րդ ­տա­րե­դար­ձին։
­­Հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը ի­րենց քա­րոզ­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձան մա­յի­սեան հե­րո­սա­պա­տու­մի խոր­հուր­դին, ներ­կա­յաց­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կա­խու­թեան սխրա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ դա­րա­ւոր ե­րա­զի մը ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

Ըն­կեր ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նի խօս­քը

«­Հե­տա­գայ դա­րե­րի հայ մար­դը պի­տի զար­մա­նայ այն սե­րուն­դի վրայ, որ օր­հա­սի տա­րի­նե­րին հե­րո­սա­կան վճռա­կա­նու­թեամբ, տէր կանգ­նեց իր ան­տէր հայ­րե­նի­քին եւ իր ան­վարժ ու թոյլ ձեռ­քով, բայց եւ ան­վե­հեր հո­գով կա­րո­ղա­ցաւ ա­ւե­րակ­նե­րի եւ սո­վի մի­ջից նոր ­Հա­յաս­տան ստեղ­ծել:

­Սա մի գե­րա­գոյն վճիռ էր, մի հե­րո­սա­կան կե­ցո­ւածք, մի ա­նօ­րի­նակ վճռա­կա­նու­թիւն, եւ նրա փառ­քը պատ­կա­նում է ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի խո­նարհ խա­ւե­րին, որ տէր կանգ­նե­ցին հայ հայ­րե­նի­քին, կազ­մա­կեր­պե­ցին նրա պաշտ­պա­նու­թիւ­նը եւ դրին ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան հիմ­քե­րը:
Այս բախ­տո­րոշ եւ գե­րա­գոյն վճռա­կա­նու­թեան տօնն է ­Մա­յիս 28ը:»

­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի այս խօս­քե­րով կ­՚ող­ջու­նեմ մեր նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր թո­ւա­կա­նին եւ կա­րե­ւո­րա­գոյն յաղ­թա­նա­կին՝ 1918 ­Մա­յիս 28-ի ան­կա­խու­թեան 104-րդ ­տա­րե­դար­ձը, որ մեզ հա­մախմ­բած է հոս այ­սօր, որ­պէս­զի միաս­նա­բար հա­ղոր­դո­ւինք ա­նոր խոր­հուր­դէն, ազ­գո­վին հպար­տա­նանք եւ այդ հպար­տու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գենք, նախ մեր մէջ, ա­պա նաեւ զայն սրսկենք մեր շրջա­պա­տին, մա­նա­ւանդ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն:

Ե­թէ ­Սար­դա­րա­պա­տի մէջ չյաղ­թէինք եւ այդ յաղ­թա­նա­կը չպսա­կո­ւէր նաեւ քա­ղա­քա­կան յաղ­թա­նա­կով, այ­սինքն ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մով ու պե­տու­թեան կա­ռու­ցու­մով, յստակ է, որ ցե­ղաս­պա­նը սպան­դի պի­տի են­թար­կէր նաեւ հա­յու­թեան մնա­ցեա­լը եւ հայ գո­յու­թիւն պի­տի չ­՚ու­նե­նար իբ­րեւ ազգ, հայ­րե­նիք ու պե­տու­թիւն:

Այս կը նշա­նա­կէ, որ ­Մա­յիս 28-ը ա­ւե­լի՛ն է, քան օ­տա­րի տի­րա­պե­տու­թիւ­նը թօ­թա­փե­լու ան­կա­խու­թեան թո­ւա­կա­նի մը տա­րե­դար­ձը:

­Մա­յիս 28-ո՛վ է որ դար­ձանք ազգ, հայ­րե­նիք ու պե­տու­թիւն: Այն կը նշա­նա­կէ նաեւ, որ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ, մեր տօ­նե­րուն մե­ծա­գոյնն է ­Մա­յիս 28-ըն:

Ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րե­դար­ձին, 1919-ին, օ­րո­ւան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէր, թէ իր նպա­տակն է միաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րը, վե՛րջ տալ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի ու Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի բա­ժա­նու­մին, մոռ­նալ ռու­սա­հայ եւ թրքա­հայ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը եւ բո­լո­րո­ւիլ ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ եւ ՄԷԿ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ գա­ղա­փա­րին շուրջ:

Ա­հա, այն ա­տեն կը բա­նա­ձե­ւո­ւէր Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան նպա­տա­կը:

­Միայն եր­կու տա­րի տե­ւեց 1918-ի ­Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թիւ­նը:

­Բայց այդ եր­կու տա­րո­ւան մէջ, յա­ջո­ղե­ցանք ժո­ղովր­դա­վար սկզբունք­նե­րու վրայ հաս­տա­տել հան­րաա­պե­տու­թիւ­նը, զայն ար­մա­տաց­նե­լով մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հա­ւա­սա­րու­թեան ար­ժէ­քին վրայ:

Ա­պա նաեւ ու­շադ­րու­թի՛ւն.

­Սեւ­րի մէջ կրցանք առ­նել շուրջ 160.000 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րա­ծու­թեամբ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հաս­տա­տա­գի­րը:

Այս հաս­տա­տա­գի­րը մեր ժա­ռանգն է, ո­րուն տէ­րը պի­տի մնանք մենք, մին­չեւ ա­նոր ի­րա­գոր­ծու­մը:

­Սո­վե­տա­կան ա­նա­զատ վար­չա­կար­գին ու հա­լա­ծան­քի 70 տա­րի­նե­րուն, սփիւռ­քի սե­րունդ­նե­րը դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցան ­Մա­յիս 28-ի հպար­տան­քով, ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րով եւ միա­ցեա­լի նպա­տա­կով, ո­րուն հա­մար ար­դար է բարձ­րա­ձայն ը­սել, թէ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ՛նն էր, որ սփիւռ­քը կազ­մա­կեր­պեց հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նին շուրջ, ա­մէն գնով պա­հեց ու պահ­պա­նեց ան­կախ հան­րա­պե­տու­թեան ե­ռա­գոյն դրօ­շը, ո­գերգն ու զի­նան­շա­նը:

Ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տէն 70 տա­րի ետք, պատ­մա­կան ա­ռի­թը հա­զիւ ներ­կա­յա­ցած՝ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը, 1991ի ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ի հան­րա­քո­ւէով, վե­րա­հաս­տա­տեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ­Մա­յիս 28ին՝ որ­դեգ­րե­լով ա­նոր խորհր­դա­նիշ՝ միեւ­նոյն դրօ­շը, ո­գեր­գը եւ զի­նան­շա­նը:

­Հե­տե­ւա­բար, ան­ջա­տո­ւած շղթա­յին օ­ղա­կումն է ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ը, ժո­ղովր­դա­վար կար­գեր վե­րա­հաս­տա­տե­լու օր, վե­րան­կա­խաց­ման մեծ տօն:
­Մա­յիս 28-ի պատ­մա­կան ար­ժէ­քը եւ ան­կէ բխած ու­սա­նե­լի դա­սե­րը ան­ժա­ման­ցե­լի են:

­Շատ բան ու­նինք սոր­վե­լիք նաեւ ­Սար­տա­րա­պա­տի յաղ­թա­նա­կին ու պե­տա­կա­նու­թեան կա­ռուց­ման մէջ դե­րա­կա­տար ան­ձե­րէն:
­Սար­տա­րա­պա­տը փաստն է ղե­կա­վար­նե­րու կա­րո­ղու­թեան ու նո­ւի­րու­մին:

­Թէ՝ կա­րե­լի է ե­ղեր, իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, սե­փա­կան ու­ժին ա­պա­ւի­նե­լու կամ­քով զօ­րաց­նել թշո­ւա­ռու­թեան մէջ գտնո­ւող եւ թշնա­միէն սար­սա­փած, յու­սա­հատ ու ա­նօգ­նա­կան ժո­ղո­վուրդ մը, բա­րո­յա­կան կո­րով ու յաղ­թա­նա­կի յոյս ներշն­չել ա­նոր, ան­հա­ւա­սար կռի­ւի մղել ու յաղ­թել:

­Յաղ­թել ու յաղ­թա­նա­կը քա­ղա­քա­կան աք­թով հաս­տա­տել ու պար­տադ­րել ցե­ղաս­պա­նին, որ ըն­դու­նի պար­տու­թիւ­նը:

­Գի­տակ­ցինք սա­կայն, թէ ան­ցեա­լին հա­մար հպար­տու­թիւ­նը կ­՚ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի, երբ ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ եւ յե­նա­րան՝ լաւ գնա­հա­տե­լու այ­սօ՛­րը, ներ­կան, ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:
­Մար­տահ­րա­ւէր­ներ, ո­րոնք կը պա­հան­ջեն ու­ժե­րու հա­մախմ­բում եւ պայ­քա­րի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն:

­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,

Այս տա­րո­ւայ ­Մա­յի­սեան տա­րե­դար­ձը, ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը,-­Հա­յաս­տա­նը, Ար­ցա­խը եւ սփիւռ­քը- կը գտնէ 2020-ի Ար­ցա­խեան 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­ղէ­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րուն շու­քին տակ:
Ան­կա­խու­թեան մեծ տօ­նը մեզ կը գտնէ 2020-ի ­Նո­յեմ­բե­րի յանձ­նո­ւո­ղա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան, հո­ղե­րու յանձ­ման, հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ կեան­քե­րու կո­րուս­տի եւ գաղ­թա­կան դար­ձած հա­զա­րա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու ծանր ի­րո­ղու­թեան առ­ջեւ ու պար­տո­ւած ըլ­լա­լու հո­գե­բա­նու­թիւ­նը մեր վրա­յէն թօ­թա­փե­լու ճի­գին մէջ:

­Մա­յիս 28-ն ­մեզ կը գտնէ հայ­րե­նի­քի տագ­նա­պող ու խռոված ներ­քա­ղա­քա­կան կեան­քով, պար­տո­ւո­ղա­կան մտայ­նու­թեան գե­րի, ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան սե­ղա­նին շուրջ, ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ան­կա­րող ու «գլուխ ծռել»ու վար­քա­գի­ծով, մտա­հոգ ու շո­ւա­րած Ս­փիւռ­քով:

Այ­սօր՝

Ար­ցա­խի հո­ղա­յին տա­րած­քի գրե­թէ 80% ան­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ, երկ­րին մէջ ստեղ­ծո­ւած է ա­նա­պա­հով ըն­կե­րա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն, ա­մէ­նօ­րեայ սպառ­նա­լիք­նե­րու մթնո­լորտ, ա­նո­րոշ ա­պա­գայ, մինչ սահ­ման­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը կա­խեալ է օ­տար ու­ժե­րէ:

Ե­ռաբ­լու­րի մէջ, 90-ա­կան­նե­րու հե­րոս­նե­րուն կող­քին, կը հանգ­չին հա­զա­րա­ւոր նոր ան­մա­հա­ցած ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք այ­սօր ի­րենց կեան­քո՛վ է, որ պի­տի ծաղ­կեց­նէին հայ­րե­նի­քը եւ պաշտ­պան պի­տի կանգ­նէին ա­նոր ա­զա­տու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան:

­Շու­շիի, ­Հադ­րու­թի եւ այլ գրա­ւո­ւած շրջան­նե­րուն մէջ, ի­րենց տու­նե­րը ստի­պո­ւած լքած տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր ըն­տա­նիք­ներ, ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­պաս­տան գտած ըլ­լա­լով Ս­տե­փա­նա­կեր­տի եւ ­Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ, այժմ դար­ձած են գաղ­թա­կան:

­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը փաս­տօ­րէն ար­տա­քին լուրջ ճնշում­նե­րու են­թա­կայ են, ո­րոնց դի­մաց ընկր­կե­լու, նոյ­նիսկ հայ­րե­նի­քի անխ­զե­լի մաս՝ Ար­ցախն ու սահ­մա­նա­յին այլ տա­րածք­ներ զի­ջե­լու, նա­խան­շան­ներ ցոյց կու տան՝ յա­նուն են­թադ­րեալ «խա­ղա­ղու­թեան» մը ու «դրա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու»:

­Թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մին կող­մէ, կը պար­տադ­րո­ւի սահ­մա­նագծ­ման եւ սահ­մա­նա­զատ­ման ըն­թացք, որ յայտ­նի վտանք է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան դէմ, թի­րա­խա­ւո­րե­լով ­Տա­ւու­շի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րէն սկսեալ՝ մին­չեւ ­Գե­ղար­քու­նի­քը, ­Տիգ­րա­նա­շէնն ու ­Սիւ­նի­քը: ­Մինչ ար­դէն ա­միս­նե­րէ ի վեր Ա­զե­րի բա­նա­կը սահ­ման­նե­րու ա­մէ­նօ­րեայ ներ­խու­ժում­նե­րով, գրա­ւած է սահ­մա­նա­մերձ տա­րածք­ներ ու հաս­տա­տո­ւած հոն:

­Հա­յաս­տա­նի ըն­դի­մու­թեան կող­մէ ղե­կա­վա­րո­ւող, «­Դի­մադ­րու­թիւն» ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մը, մէկ ա­միս է ար­դէն որ հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ ճամ­բայ ի­ջե­ցու­ցած է եւ կը պա­հան­ջէ վար­չա­պե­տին ան­մի­ջա­կան հրա­ժա­րա­կա­նը ու նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը կազ­մա­ւո­րու­մը:

Այդ ժո­ղովր­դա­յին ցոյ­ցե­րու ըն­թաց­քին ոս­տի­կա­նա­կան բիրտ ուժ կը կի­րա­ռո­ւի խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րու հան­դէպ, եւ տաս­նեակ ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ տե­ղի կ­՚ու­նե­նան, վար­չա­կար­գի մը կող­մէ, որ ինք երբ իշ­խա­նու­թեան գլուխ պի­տի գար ­Թաւ­շեայ յե­ղա­փո­խու­թեամբ՝ ինք­զինք կը յայ­տա­րա­րէր դէմ՝ ա­մէն տե­սա­կի եւ ի մաս­նա­ւո­րի ոս­տի­կա­նա­կան բիրտ ու­ժին…

­Դի­մադ­րու­թեան այդ շարժ­ման ա­ւար­տը ճիշդ է, որ կա­խեալ է հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի կամ­քէն ու դի­մադ­րա­կա­նու­թեան վճռա­կա­նու­թե­նէն: ­Սա­կայն մենք, իբ­րեւ սփիւռ­քի գաղ­թօ­ճախ, մենք եւս մեր խօս­քը ու­նինք ը­սե­լիք, ազ­գա­յին ի­մաս­տով տագ­նա­պա­լի ու բախ­տո­րոշ այս պատ­մա­կան պա­հին:

Ա­հա այս բե­մէն կը յայտ­նենք ան­վե­րա­պա­հօ­րէն թէ՝

Ա­նըն­դու­նե­լի է մե­զի հա­մար, ո­րե­ւէ զի­ջո­ղա­կան տրա­մադ­րու­թիւն՝ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մին, կամ այլ հաս­ցէ­նե­րու կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ճնշում­նե­րուն դի­մաց, ուր­կէ որ ալ ըլ­լան ա­նոնք, մա­նա­ւանդ ո­րե­ւէ զի­ջում Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին մէջ: ­Զօ­րա­վիգ ենք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րին եւ Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն:

Կ­՚ակն­կա­լենք, որ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք որ ալ ըլ­լան ա­նոնք, կանգ­նին տէր ու պաշտ­պան քա­ջա­րի Ար­ցա­խին ու դէմ կե­նան ո­րե­ւէ փոր­ձի, որ վի­րա­ւոր պի­տի դարձ­նէ Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, վի­րա­ւոր պի­տի դարձ­նէ հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը, ա­նոր ան­կա­խու­թիւնն ու գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը եւ ազ­գի ար­ժա­նա­պատ­ւու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը:

­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ ու պաշտ­պան կե­նալ իր ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն ու ­Դա­տին, մեր­ժե­լով այն բո­լոր փոր­ձե­րը որ կ­՚ու­զեն բռնագ­րա­ւո­ւած ­Շու­շին, ­Հադ­րու­թը եւ մնա­ցեալ հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րը տես­նել ա­զե­րի-թուրք դրօ­շի տակ, որ կ­՚ու­զեն մո­ռա­ցու­թեան մատ­նել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը եւ պատ­մու­թեան է­ջե­րուն մէջ թա­ղել Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նը:

­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,

Այդ­քան ալ ժա­մա­նակ չէ ան­ցած այն օ­րէն, երբ ­Հա­յաս­տա­նի այժ­մու վար­չա­պե­տը կը յայ­տա­րա­րէր ամ­բողջ հա­յու­թեան առ­ջեւ թէ, «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տան է ու վերջ»:
Կ­՚ե­րե­ւի թէ չէր հասկ­ցած այդ խօս­քին ծան­րու­թիւ­նը կամ շատ ա­րագ դրժեց իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը: ­Հարց կու տանք ի­րեն այ­սօր.

­Պա­րոն ­Փա­շի­նեա՛ն, ան­կեղծ ե­ղէ՛ք եւ բա­ցա­յայ­տե­ցէ՛ք, թէ ինչ­պէ՞ս կ­՚ըլ­լայ, որ ըն­դու­նե­լի ե­ղած է ձեր կող­մէ ­Մա­յիս 22-ին՝ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հի հրա­ւէ­րով, Պ­րիւք­սէ­լի մէջ կա­յա­ցած, Ա­լիե­ւի հետ հան­դիպ­ման յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ գոր­ծա­ծո­ւած քա­ղա­քա­կան բա­ռամ­թեր­քը:

­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը գոր­ծա­ծո­ւի «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի էթ­նիկ բնակ­չու­թիւն» եզ­րոյ­թը, որ բա­նակ­ցու­թեանց բա­ռա­պա­շա­րին մէջ մին­չեւ հի­մա եր­բէք չէր ընդգր­կո­ւած:

Այդ եզ­րոյ­թը, Ար­ցա­խի բնակ­չու­թիւ­նը կը վե­րա­ծէ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ապ­րող ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեան մը, այն­պէս ինչ­պէս կ­՚ու­զէ Ատր­պէյ­ճա­նը եւ կ­՚ան­տե­սէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը, ինչ որ, ոչ միայն ըն­դու­նե­լի չէ՛ ­Հա­յաս­տա­նին ու հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար, այլ նոյ­նինքն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած՝ Մ.Ա.Կ.-ի եւ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի սկզբունք­նե­րէն փխող՝ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քով:

­Հարց կու տանք ու­րեմն պա­րոն վար­չա­պետ, «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տան է ու վե՞րջ» կա՞մ «Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար է՝ վերջ»:
­Մեր մտա­հո­գու­թիւ­նը մեծ է:
­Կը պար­զո­ւի, թէ «խա­ղա­ղու­թեան» օ­րա­կարգ մը ա­ռաջ քշե­լով, ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կա­նօ­րէն վնա­սա­կար, մեր­ժե­լի լու­ծում մը կը փոր­ձո­ւի պար­տադ­րել մե­զի:

Այդ­քա­նը լաւ կը հասկ­նանք, թէ՝ ­Թուր­քիան լաւ ա­ռիթ գտած է՝ «խա­ղա­ղու­թեան» խա­ղա­քար­տով իր վա­ղե­մի ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու, այ­սինքն միջ­նորդ դառ­նալ՝ ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մար­տու­թեան, իբ­րեւ թէ լու­ծում տա­լու հա­մար:

­Լաւ կը գի­տակ­ցինք նաեւ, որ խա­ղա­ղու­թիւ­նը թանկ ու բարձ­րա­գոյն ար­ժէք է բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ հայ ազ­գին ու ­Հա­յաս­տա­նին, ան­տա­րա­կու­սե­լիօ­րէն նաե՛ւ Ար­ցա­խին հա­մար:

­Սա­կայն, հայ­րե­նի պե­տու­թեան ղե­կա­վար խա­ւը պի­տի գիտ­նար զա­նա­զա­նել, իս­կա­կա՛ն խա­ղա­ղու­թիւ­նը՝ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու ար­դա­րու­թեան հի­մուն­քով, խա­փու­սի՛կ խոս­տում­նե­րէն, որ կը տրո­ւին պա­հան­ջե­լով սա­կար­կել հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նը, ազ­գի ի­րա­ւուն­քը, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը եւ հպար­տու­թիւ­նը:

Այս բո­լո­րին մա­սին խօսք ու­նինք ը­սե­լիք նաեւ մե՛նք, սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ, Ս­փիւռ­քը, որ մէկ դար պա­հեց ու պահ­պա­նեց Ա­զատ ու Ան­կախ հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նը եւ կազ­մա­կերպ ուժ դար­ձաւ ի խնդիր ա­նոր:

Եւ ինչ­պէս որ 2009-ին ստո­րագ­րո­ւած հայ-թրքա­կան փրո­թո­քոլ­նե­րուն մէջ մենք տե­սանք ­Թուր­քիոյ իս­կա­կան նպա­տա­կը եւ դէմ կանգ­նե­ցանք այն օ­րե­րու իշ­խա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, այ­սօր շատ ա­ւե­լի վճռա­կամ մեր ձայ­նը կը բարձ­րաց­նենք, միաց­նե­լով հայ­րե­նի­քի ժո­ղո­վուր­դի ձայ­նին, յստակ դարձ­նե­լու հա­մար բո­լո­րին ու մա­նա­ւանդ այ­սօ­րո­ւա՛ն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, թէ ի­րենց պար­տո­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծով, ի­րա­ւունք չու­նի՛ն սա­կար­կե­լու Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը:

Այդ ի­րա­ւուն­քը ար­դա­րա­ցո­ւած է Ար­ցա­խի՛ ժո­ղո­վուր­դի կամ­քով եւ սե­րունդ­նե­րու կեան­քին գնով:

­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

­Կի­լի­կիոյ թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն վերջ, 1375 թո­ւա­կա­նին, մեր ժո­ղո­վուր­դը ան­կախ պե­տու­թիւն ու­նե­ցաւ գրե­թէ 550 տա­րի վերջ:

Այդ իսկ ան­կա­խու­թիւ­նը եր­բէք դիւ­րին չե­ղաւ պահ­պա­նել, կո­րաւ, բայց սրտե­րուն մէջ պա­հո­ւե­ցաւ ու վերս­տին կեր­տո­ւե­ցաւ:
Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րի­նե­րը հա­զիւ 33 են՝ եր­կու տա­րի 1918-էն-20 եւ 31 տա­րի՝ 1991-էն աս­դին:

­Պատ­մա­կան այս թո­ւա­կան­նե­րու եւ թի­ւե­րու ի­րո­ղու­թիւ­նը, հասկ­նա­լի կը դարձ­նէ, թէ ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րը, իբ­րեւ մե­ծա­գոյն ար­ժէք հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ սե­րունդ­նե­րուն ու վառ պա­հո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղովր­դի եւ ազ­գի հոգ­ւոյն մէջ, դա­րեր շա­րու­նակ:

Իբ­րեւ այն­պի­սին, որ­քա՜ն զայն թան­կա­գին կը զգանք, մա­նա­ւանդ ներ­կա­յի պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մէջ:

Ան­կա­խու­թիւ­նը պի­տի պա­հենք մեր աչ­քին լոյ­սին պէս, բո­լո՛րս, ­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ Ս­փիւռք:

­Մէ­կը միւ­սին լրաց­նե­լով, ոչ միայն պի­տի պահ­պա­նենք ու պաշտ­պա­նենք ան­կախ հայ­րե­նի­քը, այլ յա­ռաջ­դի­մա­կան ու ար­դար ծրա­գիր­նե­րով, իր թե­րու­թիւն­ներն ու տկա­րու­թիւն­նե­րը փո­խե­լով, պի­տի զար­գաց­նենք մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը բո­լոր մար­զե­րէն ներս:

­Վերջ ի վեր­ջոյ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կ­՚ու­զեն ու­նե­նալ ի­րենց սե­փա­կա՛ն ա­զատ հայ­րե­նի­քը, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տան որ հոն կրնան յա­ռաջ­դի­մել, զար­գա­նալ ու բար­գա­ւա­ճիլ, ի­րենց ազ­գի ու մշա­կոյ­թի ար­ժէք­նե­րուն հի­մամբ եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեամբ:

Ար­ժա­նի ըլ­լանք ­Մա­յիս 28-ին:

Ար­տա­քին վտանք­նե­րը եւ ներ­քին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւենք միաս­նա­կա­նու­թեա՛մբ եւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կի հա­ւատ­քով:

Ա­զատ, ան­կախ եւ միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի մեր տես­լա­կա­նի ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն վրայ, մեր յա­ջորդ թի­րա­խը թող ըլ­լայ, տօ­նել ան­կա­խու­թեան այս մեծ տօ­նը, Ար­ցա­խը տես­նե­լով հոն, ուր որ կը պատ­կա­նի՝ ­Հա­յաս­տա­նի գիր­կին մէջ, եւ բե­մե­րուն վրայ բարձ­րաձ­նե­լով մէ՛կ դրօշ, եր­գե­լով մէ՛կ ազ­գա­յին օրհ­ներգ:

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեա­նի ու­ղեր­ձը

­Յու­նաս­տա­նի իմ սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

­Մեր ազ­գա­յին փա­ռա­հեղ յա­րու­թեան տօնն է ­Մա­յիս 28-ը:

­Վեհ սլաց­քի, հա­մա­հայ­կա­կան բռնցքու­մի ու յու­սա­հա­տա­կան կա­ցու­թե­նէն ան­նա­խըն­թաց յաղ­թա­նա­կի կեր­տու­մի խորհր­դա­նիշն է ան:

1918-ի ­Սար­դա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի, ­Ղա­րա­քի­լի­սէի ճա­կա­տա­մար­տե­րէն մին­չեւ 1992-ի ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մը` հա­յու­թիւ­նը կը տօ­նէ իր բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան նո­րա­գոյն հա­րիւ­րա­մեա­կի փա­ռա­ւոր յաղ­թա­նակ­նե­րը: ­Մա­յի­սին կը նշո­ւին նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին եւ Ար­ցա­խի բա­նա­կի ստեղծ­ման տօ­նը:

­Մեր պարտքն է նախ խո­նար­հիլ հայ­րե­նա­կերտ հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին ա­ռաջ ու մա­տու­ցել մեր յար­գան­քի տուրքն ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը հան­դէպ այն սե­րուն­դին, որ ո­չին­չէն կեր­տեց հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թիւն, ստեղ­ծեց պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն ու ա­պա­հո­վեց հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քի գո­յա­տե­ւու­մը: ­Մայ­սի 28-ով ստեղ­ծո­ւած հայ­րե­նի­քի հի­մե­րուն վրայ ար­մա­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ ու կը շա­րու­նա­կէ զար­գա­նալ ներ­կա­յի մեր վե­րան­կա­խա­ցած հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, որ հա­յօ­րէն ապ­րե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու մեր գլխա­ւոր գրա­ւա­կանն է:

Երբ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ե­կաւ դրոշ­մե­լու իր ճնշող լու­ծը հայ մտքին, խղճին, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան վրայ, սահ­մա­նե­լով էու­թիւնն իսկ յետ Ե­ղեռ­նեան տա­րագ­րեալ հա­յուն, ­Մա­յիս 28-ը ե­ղաւ այն ա­ռինք­նող փա­րո­սը որ փա­րա­տեց հա­յուն մտքի ու հո­գիի ա­հա­ւոր խա­ւա­րը ու վե­րա­կանգ­նեց ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը: ­Մա­յի­սեան սխրան­քը փշրեց վեր­ջին դա­րե­րու ստրկու­թեան, պար­տու­թիւն­նե­րու եւ ար­հա­ւիր­քի շղթան՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին ներշն­չե­լով յոյս: ­Յոյս՝ իր ա­պա­գա­յին ա­ռըն­չու­թեամբ եւ հաս­տատ հա­մո­զում՝ իր ոյ­ժե­րուն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ: ­Մա­յի­սեան ար­շա­լոյ­սով հայ ժո­ղո­վուր­դը ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հուն իր մէջ գտաւ այն­պի­սի նե­րուժ, որ ամ­րապն­դեց գո­յա­տե­ւե­լու իր պող­պա­տեայ կամ­քը եւ յու­սա­հատ կա­ցու­թիւ­նը գլխի­վայր շրջեց:

­Մա­յիս 28-ը ճամ­բան հար­թեց նաեւ 1991 ­Սեպ­տեմ­բեր 21-ին. ա­նոր­մով ո՛չ միայն հի­մը դրո­ւե­ցաւ հայ ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան, այլ՝ ա­նոր պատ­գա­մով խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան տա­րի­նե­րուն գօ­տեպն­դո­ւե­ցաւ ա­զա­տա­տենչ հա­յու­թիւ­նը եւ ան­խա­թար պահ­պա­նո­ւե­ցաւ ան­կա­խու­թեան հու­րը: Եւ ա­նոր խոր­հուր­դով հայ­րե­նի­քին վե­րա­դար­ձո­ւե­ցան ազ­գա­յին խորհր­դա­նիշ­նե­րը, ար­ժէք­ներն ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը:

­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, որ­պէս հա­մա­հայ­կա­կան ա­ռա­ջա­տար քա­ղա­քա­կան եւ ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քար մղող կազ­մա­կեր­պու­թիւն, միշտ խոս­տա­ցած է մնալ հայ ժո­ղո­վուր­դի այն ար­թուն պա­հա­կը, որ կ­՛ա­պա­հո­վէ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու յա­ւեր­ժա­ցու­մը եւ կը յու­նա­ւո­րէ ա­նոնց­մէ փխած ազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու կի­րար­կե­լիու­թիիւ­նը: Ան նաեւ ե­ղած է, ու կը շա­րու­նա­կէ մնալ, ­Հա­յաս­տանն ու Ս­փիւռ­քը զի­րար կամր­ջող գլխա­վոր օ­ղա­կը քած հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով որ հզօր հայ­րե­նի­քի ե­րաշ­խի­քը կազ­մա­կերպ, հայ­րե­նա­կեդ­րոն ու յանձ­նա­ռու սփիւռքն է նաեւ:

Այ­սօր մթագ­նած է հայ­րե­նի հո­րի­զո­նը, վի­րա­ւոր է Ար­ցա­խը եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­պազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը նա­հան­ջի մէջ են եւ շա­րու­նա­կա­կան զի­ջում­նե­րու՝ պատ­րաստ: Ա­նոնք հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը եւ Ս­փիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը պա­ռակ­տե­լու եւ հա­մազ­գա­յին տես­լա­կա­նը ջլա­տե­լու սեւ աշ­խա­տան­քին են լծո­ւած:

­Բայց այս մութ օ­րերն ալ կ­՚անց­նին եւ վստա­հա­բար հայ ժո­ղո­վուր­դը իր մէջ կը վե­րագտ­նէ վճռա­կա­նու­թիւնն ու ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը՝ հզօր հայ­րե­նիք կեր­տե­լու, Ար­ցա­խի ար­ծու­բոյ­նը հայ­րե­նի­քին վե­րա­դարձ­նե­լու եւ յանձ­նա­ռու Ս­փիւռ­քով ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նա­կերտ­ման գոր­ծին փա­րե­լու հա­մար:

­Մեր գոր­ծի տա­րո­ղու­թիւ­նը ըն­դար­ձակ է, բազ­մա­շերտ ու եր­կա­րա­շունչ: ­Մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէ եր­բէք չենք խու­սա­փած եւ յա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քով ենք վե­րա­նո­րո­գած մեր կամ­քը, կո­րովն ու դի­մադ­րա­կա­նու­թիւ­նը:

­Մեր նպա­տակն է լա­րել բո­վան­դակ հա­յու­թեան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը ի սպաս ազ­գա­յին գե­րա­գոյն շա­հե­րուն, որ­պէս­զի միաս­նա­կան ու հա­մադ­րո­ւած ճի­գե­րով դուրս գանք պար­տու­թեան պար­տադ­րած ընկ­ճո­ւա­ծու­թե­նէն, կեդ­րո­նա­նանք մեր յաղ­թա­նակ­նե­րու ամ­րապնդ­ման վրայ եւ ազ­գո­վին միա­ւո­րո­ւինք նոր հանգ­րո­ւան­նե­րու հա­մազ­գա­յին տես­լա­կա­նի շուրջ :

­Մենք ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րու ներշն­չող պատ­գա­մին ա­մուր ջա­հա­կիր­ներն ենք ու պատ­րաստ՝ ա­մէն զո­հո­ղու­թեան որ­պէս­զի հզօ­րա­նայ եւ յա­ւեր­ժա­նայ մեր հայ­րե­նի­քը:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան
ան­դամ ընկ. Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նի ու­ղեր­ձը

­Մա­յիս 1918: Թր­քա­կան բա­նա­կը հա­սած է Ե­րե­ւա­նի դռնե­րը: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը պար­տա­ւոր է ընտ­րել: Կ­ռո­ւիլ կամ կրկին դար­նալ ստրուկ: ­Լի­նել կամ չլի­նել: 1918 ­Մա­յիս 28-էն ամ­բողջ 60-ա­մեակ մը ա­ռաջ՝ ո­գե­կան, հո­գե­կան ու մտա­ւոր զար­թօն­քի ար­դիւնքն էր, որ այդ օր­հա­սա­կան ժա­մուն, հայ ժո­ղո­վուր­դը ո­րո­շեց ըլ­լալ, ան­հա­ւա­սար կրիւ տա­լով ­Բաշ Ա­բա­րա­նի, ­Ղա­րա­քի­լի­սէի եւ ­Սար­տա­րա­պա­տի ճա­կատ­նե­րուն վրայ, հի­մը դնե­լով Ա­զատ եւ Ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նու­թեան:

1918-ի մա­յի­սեան պատ­մա­կան ան­կիւ­նա­դար­ձը ոչ միայն վե­րա­կա­րու­ցեց հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը, ստեղ­ծե­լով ա­զատ հայ­րե­նիք, այլ նա մա­նա­ւանդ վե­րա­կանգ­նեց հա­յուն հա­մար դա­րե­րէ ի վէր կոր­սո­ւած ան­կախ լի­նե­լիու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը: Այդ հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն էր, որ հա­կա­ռակ ան­կա­խու­թեան կարճ ժա­մա­նա­կի տե­ւո­ղու­թեան, դար­ձաւ փա­րոս, ա­ռաջ­նոր­դե­լու ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը, թէ հայ­րե­նի­քի եւ թէ սփիւռ­քի մէջ, զի­նո­ւած մա­յի­սեան ի­տեալ­նե­րով, պայ­քա­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն ի խնդիր, նո­ւա­ճե­լու Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րու­մը ու ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով կեր­տե­լու ներ­կա­յի եր­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը:­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,

Այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­գամ մը եւս կը գտնո­ւի ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին պա­հու մը: ­Հա­յաս­տա­նի թրքաց­ման վտան­գը կրկին ներ­կայ է: 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մով Ար­ցա­խի տա­րածք­նե­րէն 3/4-ը ան­ցան ա­զե­րի­նե­րու ձեռ­քը ու մնա­ցեալ 1/4-ը շրջա­փա­կո­ւած թշնա­միէն կը փոր­ձէ գո­յա­տե­ւել, հա­կա­ռակ բո­լոր ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րուն: ­Հա­յաս­տան կորսն­ցուց իր անվ­տան­գու­թեան հիմ­նա­կան դար­պաս­նե­րէն մէ­կը։ ­Կորսն­ցուց նաեւ իր զար­գաց­ման միակ ու­ժա­նիւ­թը։ Ամ­բողջ սե­րունդ մը։ ­Միա­ժա­մա­նակ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւ­նը կը ձգտի սեր­տաց­նել երկ­րի դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Թուր­քիոյ հետ, հա­կա­րակ այն ի­րո­ղու­թեան որ ­Թուր­քիան էր ա­զե­րի­նե­րու կող­քին, 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մը ծրագ­րո­ղը եւ մա­տա­կա­րա­րո­ղը:

Այ­սօր, ա­ւե­լի քան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար վեր­յի­շել այն մա­յի­սեան ի­տեալ­նե­րը, ո­րոնք 104 տա­րի ա­ռաջ, տո­ւին ի­րեն ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­լու ան­հա­ւա­տա­լին: Այն ի­տեալ­նե­րը, ո­րոնք ա­ռաջ­նոր­դե­ցին 1918-ի ժո­ղո­վուր­դը: Այն ի­տեալ­նե­րը, ո­րոնց հա­ւա­տա­ցին 70 տա­րի յե­տոյ Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը, երբ ­Շու­շին ա­զա­տագ­րե­ցին: Այն ի­տեալ­նե­րը, ո­րոնց հա­մար սե­րունդ մը ամ­բողջ, եր­կու տա­րի ա­ռաջ, զո­հո­ւե­ցաւ, քա­ջա­բար կռո­ւե­լով, հա­կա­ռակ իշ­խա­նու­թեան կող­մէ նա­խա­հա­մա­ձայ­նո­ւած դա­ւա­ճա­նու­թեան։

­Մենք Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը հպարտ ենք, որ կը պատ­կա­նինք այն կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ միշտ պայ­քա­րե­ցաւ ու կը պայ­քա­րի իր բո­լոր ու­ժե­րով վառ պա­հե­լու մա­յի­սեան փա­րո­սը: ­Խո­րա­պէս կը գի­տակ­ցինք դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, բայց միա­ժա­մա­նակ վստահ ենք, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի մէջ պի­տի վե­րա­զարդ­նի ­Հայ­կի ա­զա­տա­տենջ ո­գին ու պի­տի կեր­տէ նոր ­Մա­յիս 28-եր:
­Յար­գանք մա­յի­սեան ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տող­նե­րու յի­շա­տա­կին:

­Յա­րա­տեւ կռիւ՝ մին­չեւ միա­ցեալ եւ ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ստեղ­ծու­մը:

azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company