ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Երկու բեմագրութիւն

16 Հուլիս 2022

Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը Յուլիս 11-ին հաղորդեց, որ Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին ան շնորհաւորած է Թուրքիոյ ղեկավարը Ատհայի տօնին առթիւ, իսկ Թրտողան իր կարգին զինք շնորհաւորած է Յուլիս 24-ին նախատեսուած Քրիստոսնի Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ։

Էրտողանի քայլը զաւեշտակա՞ն է, թէ՞ Վարդավառի տօնը հեքնելու կանխամտածուած քայլ։ Արդեօ՞ք այդ օր շատ զբաղած պիտի ըլլայ, թէ՞ տեղեակ է, որ Փաշինեան այդ օր շատ զբաղած պիտի ըլլայ, ուստի կը շտապէ 13 օր առաջ իսկ շնորհաւորելու Հայաստանի վարչապետին։

Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան լրատուական ծառայութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ անոնք իրենց հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ընդգծած են իրենց երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկկողմանի հոլովոյթի կարեւորութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Այս ծիրին մէջ անոնք յոյս յայտնած են, որ 1 Յուլիսին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները շուտով կեանքի կը կոչուին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր ետք, ի պատասխան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցի եւ երկու երկիրներուն միջեւ ընթացող երկխօսութեան մասին «Ամերիկայի ձայն»-ի հարցումին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ’աջակցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ դրականօրէն պիտի անդրադառնայ ամբողջ տարածաշրջանի վրայ։
Հայ-թրքական երկխօսութիւնը ներուժ ունի մեծցնելու շրջանային կայունութիւնը, զսպելու վնասակար ազդեցութիւնը եւ հանգեցնելու աւելի մեծ տնտեսական զարգացման, որ շահաւետ է բոլորի համար։ Անիկա յատկապէս կարեւոր է այսօր՝ հաշուի առնելով Ուքրայինայի մէջ Ռուսիոյ պատերազմը։ Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են այս կարեւոր երկխօսութեան աջակցելու, այնպէս ինչպէս կողմերը պատշաճ կը համարեն»։

Առաջին հերթին, յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յղուած հարցումը ինքնափուխ չէ, այլ՝ դասաւորուած, այն պարզ պատճառով, որ զայն յղողը «Ամերիկայի ձայն»-ն է՝ Միացեալ Նահանգներու պետական ձայնասփիւռի կայանը։ Ըստ երեւոյթի, նախարարութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով նախընտրած է փոխան պաշտօնական հաղորդագրութեան հրապարակման, այս ձեւով մեկնաբանել Փաշինեան-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդագրութիւնը։

Այն հաստատումը, թէ «Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ’աջակցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման» նոր տեղեկութիւն մը չի փոխանցեր։ Ուաշինկթըն միշտ ալ աջակցած է այդ հոլովոյթին։ Այսօր ո՞վ չյիշեր 10 Հոկտեմբեր 2009-ի հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման ցիւրիխեան արձանագրութիւններու շուրջ համաձայնութեան գոյացման եւ ստորագրման մէջ ամերիկեան հովանաւորութիւնն ու օրին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի թափած ջանքերը։ Այստեղ հետաքրքրականն ու նորութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւն-պատասխանին մէջ «անիկա ( հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը) յատկապէս կարեւոր է այսօր՝ հաշուի առնելով Ուքրայինայի մէջ Ռուսիոյ պատերազմը» տողն է։

Ուաշինկթըն միշտ ալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը Հայաստանի հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնելու միջոց նկատած է։ Այդ հոլովոյթը «այսօր», Ուքրայինայի զարգացումներուն լոյսին տակ, այդ նպատակի իրագործման համար աւելի «կարեւոր» միջոցի վերածուած է։

Ամերիկեան կողմի այս քաղաքականութեան ետին կը գտնուի այն տրամաբանութիւնը, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումով՝ Գիւմրիի մէջ ռուսական 102-րդ ռազմակայանը պիտի կորսնցնէ իր գոյութեան իմաստը, ինչ որ պիտի հանգեցնէ Հայաստանի հանրապետութենէն ռուսական ուժերու, հայկական իշխանութիւններու պահանջով, հեռացման եւ անոր զուգահեռ ռուսական ազդեցութեան առնուազն նկատառելի նուազեցման։ Այս նպատակը միայն Միացեալ Նահանգներունը չէ, այլ՝ ընդհանրապէս Արեւմուտքինը։

Ռուսական կողմը, բնականաբար, այս բոլորին քաջ կը գիտակցի։ Այո, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը չի բխիր անոր շահերէն, սակայն Մոսկուան խուճապահար չէ։

Յուլիսի սկիզբը արդէն հայկական մամուլին մէջ սկսաւ շրջանառութեան մէջ դրուիլ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին մէջ ռուսական նոր ռազմակայանի մը կառուցման մասին լուրեր։ Ըստ հաղորդուող տեղեկութիւններուն, անիկա պիտի տեղակայուի Տաւուշի մարզի մէջ Նոյեմբերեան եւ Բերդ խոշորացուած համայնքի վարչական սահմաններուն, մասնաւորաբար Այգեպար բնակավայրէն ոչ հեռու գտնուող հին, խորհրդային ժամանակներէն մնացած ու առայժմ չգործող օդակայանի եւ Ոսկեպար բնակավայրերու տարածքին մէջ։ Ռազմակայանը իր գոյութեամբ իսկ պիտի ապահովէ Հայաստանի Ատրպէյճանի հետ սահմանի անվտանգութիւնը։ Անիկա նաեւ իր մէջ կը պարունակէ շրջանի բնակչութեան համար հնարաւոր նոր աշխատատեղիներու ստեղծման խոստումը։

Ռուսական նոր ռազմակայանի բացումը նաեւ իր մէջ կը պարունակէ բոլորին ուղղուած յստակ պատգամ մը. ռուսական արջը այստեղ է եւ հեռանալու որեւէ նպատակ չունի։ Իրողութիւն մը, որմէ կը բխին երկու բեմագրութիւններ. Առաջինը՝ այն է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը հաւանաբար դատապարտուած է ձախողութեան եւ քանի մը ցուցադրական քայլերէ անդին պիտի չերթայ։ Մոսկուան պիտի ձախողցնէ զայն։ Երկրորդը՝ Ճափոն-Չինաստան բնորդի մէկ տարբերակն է։

Ճափոնի համար Չինաստանն ու Հիւսիսային Քորէան անվտանգութեան սպառնալիք եղող երկիրներ են, ուստի Ճափոնի մէջ ամերիկեան ռազմակայան գոյութիւն ունի։ Նոյն ատեն Թոքիոն Փեքինի հետ 29 Սեպտեմբեր 1972-էն ի վեր հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի։ Անոնք այս տարի նշեցին իրենց միջեւ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններու 50-ամեակը։ Ճափոնի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի գոյութիւնը արգելք չըլլար անոնց միջեւ դիւանագիտական, սերտ տնտեսական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ ժողովրդային ու մշակութային փոխանակումներու գոյութեան։

Կը մնայ տեսնել, թէ Քրեմլին այս երկու բեմագրութիւններէն որ մէկը պիտի ընտրէ։ Այստեղ շատ կարեւոր ազդակ պիտի ըլլայ, թէ Ռուսիան որքան ինքնավստահ է։ Ուքրայինայի զարգացումներուն լոյսին տակ, Քրեմլինի մէջ տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ ի տարբերութիւն Ճափոնի, Հայաստանի տնտեսապէս շատ տկար ու խոցելի ըլլալուն իրողութիւնը, չի կրնար Ճափոն-Չինաստան բնորդի որդեգրման համար նպաստաւոր ըլլալ։ Յամէնայն դէպս, երկու բեմագրութիւններու պարագային ալ ռուսական կողմը պիտի երաշխաւորէ Արեւմուտքի կողմէ «փայլուն արդիւնք»-ի արձանագրումը։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

hairenikweekly.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company