ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հարցազրույցներ

Իսամ Նաժի. «Ֆիլմիս Գլխաւոր Պատգամը Հայութիւնը Միացած Տեսնելն Է»

17 Հուլիս 2022

«Յուսաբեր»ի հարցումներուն կը պատասխանէ եգիպտացի տաղանդաւոր բեմադրիչ՝ Իսամ Նաժի, որուն «Մոռցուած հայրենիք» ֆիլմը, օրերս ներկայացուցած Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի շրջանակներուն մէջ եւ որ արժանացաւ հարիւրաւոր հանդիսատեսներու ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքին։

Իսամ Նաժիի հետ այս բացառիկ հարցազրոյցը կատարած է «Յուսաբեր»ի Երեւանի աշխատակից ՝ Սագօ Արեան։

–Ի՞նչ էին զգացումներդ, երբ օդանաւը վայրէջք կատարեց «Զուարթնոց» օդակայան։Մանաւանդ, որ այս անգամ ճամպրուկիդ մէջ ունէիր քու հեղինակութեանդ պատկանող «Մոռցուած իմ հայրենիք» ֆիլմը, որուն թեման անշուշտ Արցախեան 44-օրեայ աղէտալի պատերազմն էր։

Օդակայան վայրէջք կատարած ատեն, մտքիս մէջ կար գրած բանաստեղծութիւնս՝ «Հեռաւոր իմ սէր»։ Այս այն բանաստեղծութիւնն է, որմով կ՚աւարտի «Մոռցուած Հայրենիք» ֆիլմս։ Բանաստեղծութեան մէջ կը խօսիմ սիրուհիիս մասին, որ ինձմէ հեռու է…։ Ես զինք ամէն տեղ կը տեսնեմ՝ շուրջս գտնուող մարդոց դէմքերուն վրայ, երեխաներուն բերկրանքին մէջ, զեփիւռին մէջ։ Կը տեսնեմ, թէ ինչպէս կը նուագէ քնքուշ ձեռքերով իր սրբավայրին մէջ։ Ինքն է՝ Հայաստանը, իմ սիրուհիս, որուն արցունքները կը գլորին այտերն ի վար, եւ որ կ՚աղերսէ, որ իր կողքին մէկը գտնէ, քանի որ ան հայրենիքն է, որ մոռցուած է շատերուն կողմէ։ Այս հարցումները, ուղղած եմ ֆիլմիս մէջ, որպէսզի գտնեմ պատասխանը, թէ որո՞նք են զինք մոռացողները։ Կը զգայի, թէ օժիտ բերած եմ սիրուհիիս եւ անոր պիտի նուիրէի ամէն ինչ որ կ՚ուզէր ինձմէ։ Ան իմ հարսս է, ան իմ սիրելիս է եւ այն երկիրն է, որ երբեք արժանի չէ այն ամէն ինչին, որուն կ՚ենթարկուի. եւ պէտք է ըլլայ մէկը, որ կարենայ փոխել այս ամբողջ ընթացքը։ Այս բոլոր զգացումները ներսիդիս էին, երթ «Զուարթնոց» օդակայան ժամանեցի։

– Մեր հանդիպումներուն ընթացքին , ամէն անգամ կը խօսիս Հայաստանի հողի ուժին մասին։ Հողին ուժը, որ միացումն է քաղաքակրթութեան արգանդին եւ արեան։ Նկատած եմ, որ քեզի համար ամենակարեւորը հողն է։ Ինչո՞ւ։ Ի՞նչն է պատճառը։

Եթէ պիտի խօսինք հողին մասին՝ Հայաստանի պարագային, հողը ամէն ինչ է։ Այս չի նշանակէր, սակայն, որ այդ երկրին վրայ ապրող անհատին դերը աւելի նուազ է կամ պակաս դեր է։ Ընդհակառակը՝ մարդն է, որ կ՚իմաստաւորէ եւ արժէք կու տայ հողին։ Իսկ հողը՝ մարդուն կու տայ պատկանելիութիւն։ Հայաստանը լոկ հող մը չէ։ Ան իմս է՝ ան աշխարհի պորտն է։ Հայաստանի հողին վրայ, ըստ պատմաբաններուն, հին մատենագիրներուն, կեանքը սկսաւ Արարատ լերան ստորոտէն (այս կը տեսնենք ֆիլմին մէջ)։ Այս մէկը Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք նաեւ։ Բայց պատմական ընդհանուր առումով, այս հողը ունի մեծ նշանակութիւն, ոչ միայն հայերուն համար, այլեւ՝ ամբողջ մարդկութեան։ Այստեղէն սկիզբ առաւ նոր աշխարհը, կամ այստեղէն վերածնաւ աշխարհը։ Այն ինչ որ այժմ կը նկատենք, աշխարհը չի նկատեր Հայաստանի աժէքը՝ այս տեսանկիւնէն։ Նոյնիսկ այս հողին զաւակները այս գաղափարը ընդունած են իբրեւ պարզ՝ բնական եղելոյթ մը։ Այս պատճառով է, որ կը տեսնեմ, որ անհրաժեշտ է նշել եւ շեշտել այն, ինչպէս նաեւ հողին մասին ընկալուած հասկացողութիւնները ճշդել, սկսելով ներսէն՝ երկրի ժողովուրդէն։ Երբ այս հողին զաւակները զգան անոր արժէքը, այն ատեն ուրիշները եւս կ՚անդրադառնան անոր արժէքին, իբրեւ մարդութեան օրրան։ Երբեք չեմ չափազանցէր արժեւորումիս մէջ։ Հայաստանը անտեսուեցաւ, ոչ միայն 1800-ականներէն սկսած ջարդերէն կամ անկէ ետք համայնավարութեան ժամանակ, այլեւ շա՜տ առաջ, երբ Մեծն Հայաստան՝ մեծ հայրենիքը սկսաւ մասնատուիլ, քաղաքական զանազան փոփոխութիւններով, որոնք առ ի հետեւանք տարբեր ժողովուրդներու ներխուժումներուն, ինչպէս՝ պարսիկներու, օսմանցիներուն, եւայլն։ Հայաստանը սուղ գին վճարեց այս բոլորին դիմաց , ու տակաւին կը շարունակէ վճարել։ Հողին զաւակները կը շարունակեն պաշտպանել հողը։ Վերջին պատերազմին, հայրենի հողին զաւակները կը պաշտպանէին զայն քալաշնիքով զէնքերով ու կռուէին վարձկան բանակներով կռուող թշնամիին դէմ։ Իսկ թշնամիին զինուորները հեռուէն թռչող սարքեր կը ղեկավարէին։ Այս է տարբերութիւնը ամբողջ հոգիով հողը պաշտպանող երկրի զաւակին եւ նուաճողին միջեւ։

– Իւրաքանչիւր բեմադրիչ ունի յատուկ պատգամ մը։ Ի՞նչ է պատգամդ ուղուած հայութեան՝ հայաստանի եւ աշխարհի չորս անկիւնը սփռուած։

Մասնաւորաբար 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք, երբ Արեւմտահայաստանը գրեթէ պարպուեցաւ, փրկուածները գաղթեցին զանազան երկիրներ՝ սկիզբը մօտակայ արաբական երկիրներ գացին։ Անկէ ետք շատեր գաղթեցին այլ երկիրներ, ինչպէս Ռուսիա, Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Հայաստանը չես կրնար երկուքի բաժնել՝ երկրէն ներս բնակողներ եւ երկրէն դուրս բնակող՝ սփիւռքահայեր։ Ան մէկ տարր է, հակառակ բոլոր տարակարծութիւններուն։ Վերջերս երկրին մէջ, Սփիւռքին դերը նուազած էր զանազան պատճառներով։ Բայց պէտք է անոնք ուժգնօրէն վերադառնան։ Եթէ Հայաստանը նմանցնենք ընդհանուր մարմնի, Սփիւռքը այդ մարմնին մեծ մասն է։ Հայաստանի հայերուն առաջին պատգամս է. «Հաճիք, հաճիք, հաճիք, միացէ՛ք»։ Երկրորդ պատգամս՝ «Պարզութեամբ մի՛ առնէք ձեր ունեցածը։ Դուք կ՚ապրիք երկրի վրայ դրախտի մէջ, որուն արժէքը դուրսէն եկողը գիտէ։ Հայաստանի վրայ աչք ունեցողները՝ անոր տիրանալ ուզողները շատ են»։ Երրորդը՝ «Եթէ չմիանաք եւ չնայիք ձեր շուրջը գտնուող գեղեցկութեան, կրնայ ըլլալ, որ օր մը զղջաք ձեր կորսնցուցածինհամար, քանի որ ինչպէս ըսի, Հայաստանի շուրջ գտնուող զանազան երկիրներ ագահութեամբ կ՚ուզեն տէր դառնալ անոր։ Ուշադիր եղէ՛ք, քանի որ ինչպէս որ մեծ բաժիններ «կորսուեցան» Արցախէն, կրնայ նաեւ այլ վայրեր ալ կորսուին, եւ այս մէկը երբեք հայերուն ի նպաստ չէ»։ Իսկ գալով սփիւռքահայութեան, պիտի ըսեմ, որ անոնք կ՚աշխատին օգտակար դառնալ եւ նիւթականապէս օժանդակել Հայաստանին։

Սակայն Հայաստանը անոնց բոլորին պէտք ունի եւ ոչ միայն նիւթապէս։ Հայաստանը պէտք է զգայ, որ լքուած չէ, մոռցուած չէ եւ զաւակները իր կողքին են։ Դուրսը գտնուող հայերը պէտք է, որ ներսը գտնուին։ Մօր մը համար՝ զաւակին ուղարկած նուէրները չեն կրնար փոխարինել անոր ներկայութիւնը։ Եթէ Երեւանի կեդրոնը մենք ունինք «Մայր Հայաստանը», ուրեմն ի՞նչ իմաստ ունի մայրը առանց իր զաւակներուն։ Եթէ Սփիւռքէն հայութեան մեծ հոսք սկսի դէպի Հայաստան, այն ատեն հողին վրայ ապրող հայը կը զգայ, որ զինք արժեւորող կայ, որ ինք լքուած չէ, առանձին մնացած չէ, եւ իր մասին մտածող, հոգացող ու գուրգուրացող կայ։

-Ի՞նչ կը սպասուի Հայաստանի մէջ բնակող հայ ժողովուրդէն։ Ի՞նչ կ՚ակնկալես։ Արդեօք այս ֆիլմը որեւէ բան պիտի փոխէ՞ հայութեան մէջ։ Իբրեւ բեմադրիչ, ֆիլմիդ միջոցով որեւէ բան կը փափաքիս փոխել հայութեան մէջ։

Չեմ գիտեր, թէ ինչ պէտք է ակնկալեմ հայ ժողովուրդէն, երբ դիտէ «Մոռցուած Հայրենիք»ը։ Բայց պիտի ըսեմ, որ այտնեղ (ֆիլմին մէջ) զգացումներն են մարդու մը, որ մեծ սէր ու համակրանք ունի երկրին ու անոր ժողովուրդին հանդէպ. կիրք չէ, այլ պարտաւորութիւն։ Անոր համար, ինչպէս սկիզբը ըսի, մարդկութիւնը այստեղէն ծնունդ առաւ եւ իմ պարտականութիւնս է, որ կը կատարեմ, եւ իբրեւ անհատ՝ կը սիրեմ թափանցել դէպքերու եւ իրերու խորքը՝ ծագումը։ Այդ պատճառով, հայ ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, թէ որքան արժէքաւոր է, վսեմ է իր երկիրը եւ ամէն բանի արժանի է ան։ Պէտք է պաշտպանել եւ պահպանել անոր հողային ամբողջականութիւնը, նոյնիսկ աշխարհաքաղաքական դժուար պայմաններուն մէջ։

Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը իր օրհնութիւնն է, բայց դժբախտաբար, նաեւ՝ իր անէծքը։ «Մոռցուած Հայրենիք» ֆիլմի ճամբով կ՚ուզեմ կարմիր նշան ցոյց տալ հայ ժողովուրդին. «Տէր կանգնեցէ՛ք ձեր հողին, որպէսզի չկորսուի»։ Վաւերագրական ֆիլմին՝ «Մոռցուած Հայրենիք»ին հերոսներէն մէկը կ՚ըսէ . «Կը խնդրեմ ձեզմէ որ միանաք». այս խօսքը կ՚ըսէ Արտակ Պետրոսեանը, որ իր հօրը հետ, ունի ոչխարներու հօտ մը Սիւնիքի մէջ։ Ֆիլմիս միջոցաւ, եթէ հայերուն կրցայ հասցնել անոնց միանալու պատգամը, ուրեմն ես ինծի յաջողած կը նկատեմ։

– Կ՚ակնկալե՞ս արդեօք, որ քեզի հարցնեն, թէ դուն իբրեւ Իսամ Նաժի՝ ծնած Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթրներով հեռու՝ Եգիպտոսի՝ Գահիրէի մէջ, որ ոչ մէկ կապ ունի հայութեան հետ, ինչո՞ւ այդքան խորունկ կերպով հետաքրքրուած է հայութեամբ՝ պատրաստելով նիւթեր, երգ, պատկերներ, ֆիլմ, որոնց միջուկը հայութիւնն է։

Իրաւունք ունիք եւ հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի։ Ես Հայաստան ծնած չեմ եւ ծագումով հայ չեմ, բայց ես ինծի կ՚անուանեմ ABC (Armenian by choice)։ Հինգերորդ անգամն է, որ կ՚այցելեմ Հայաստան, բայց Հայաստանի մասին շատոնց տեղեակ եմ։ Հայաստանը սիրած եմ 16 տարեկանէս, իսկ հիմա 43 տարեկան եմ։ Առաջին անգամ Հայաստանի հողին վրայ ոտքս դրի 2017-ին, եւ զգացի, որ այս երկրին հետ պատմութիւն մը պիտի ստեղծեմ։ Ես ինծի այս օրուան շատոնց պատրաստած էի։ Հայերէն երաժշտութիւն կ՚ունկնդրեմ, հայոց պատմութիւն կը կարդամ։ Գիտցայ, թէ ինչ կը ներկայացնէ հայութիւնը, եւ պէտք էր որոշում կայացնէի։ Իբրեւ վաւերգրական ֆիլմեր պատրաստող բեմադրիչ՝ չեմ կրնար անարձագանգ մնալ այս հսկայ դատին։ Տեսնելով մարդկային եւ ընկերային անարդարութիւնը, որուն կ՚ենթարկուի հայ ժողովուրդը, չէի կրնար լուռ մնալ։ Ես հոս ծնած չեմ, բայց շատ բան ունիմ հոս։ Հայաստանն ու հայութիւնը ինծի շատ բան տուին։ Հոս տեսայ բաներ, որ ուրիշ տեղ չես գտներ։ Ես տարբեր երկիրներ այցելած եմ գործի բերումով։ Ոչ մէկ տեղ կրնաս տեսնել այն նոյնութիւնը, որ կայ Հայաստանի մէջ. նոյնութիւնը՝ երաժշտութեան, այբուբենի, ժայռերուն, մարդոց դէմքին եւ լեռներուն միջեւ։ Հրաշալի նոյնութիւն մը՝ ներդաշնակութիւն մը կայ ամէն ինչի մէջ։ Ֆիլմիս մէջ ասոր մասին խօսած եմ։ Հայաստանի ժողովուրդը թերեւս չ՚ըզգար այս նոյնութիւնը, քանի որ հոս ծնած ու մեծցած են , եւ բնական բան մը կը նկատէ զայն եւ կը կարծէ, որ ուսումնասիրութեան կարիքը չկայ։ Սակայն այդպէս չէ։ Այս մէկը այլ երկիրներու մէջ գոյութիւն չունի։ Ներդաշնակութիւնը, որ գոյութիւն ունի բնութեան, մարդոց եւ մշակոյթի տարրերուն միջեւ, ուրիշ երկիրներու մէջ չես տեսներ։ Հոս տարբեր է։ Կրնայ ըլլալ որ իմ նախահայրերէս մէկը հայ եղած է՝ չեմ գիտեր, կրնայ ըլլալ։ Ես Եգիպտոս ծնած եմ, Քրիստոնեայ՝ Ղըպտի ընտանիքէ։ Եղբայրական մօտեցում կայ Հայոց եւ Ղըպտի եկեղեցիներուն միջեւ։ Բայց մարդայնօրէն, հոս շատերուն մօտիկ զգացած եմ։ Այո, ես հոս ծնած չեմ եւ հայ չեմ, բայց կը զգամ, որ կարծես Հայաստանը ուսիս վրայ շալկած եմ ամէն օր։ Գործերով միշտ բազմազբաղ եմ, բայց կարծես Հայաստանը ինծի համար ուղեցոյց դարձած է։ Այո, շալակը յոգնեցուցիչ է։ Բայց միշտ կը յիշեմ, որ հինէն՝ այս ժողովուրդը ստեղծագործ եղած է, եւ միշտ կրցած է կանգուն մնալ, եւ ես վստահ եմ, որ այս սերունդն ալ պիտի կարենայ իր կարելին ընել։ Թերեւս ան տեղեակ չէ, եւ մենք պէտք է օգնենք, որ տեղեկանայ եւ գիտնայ, թէ ինչ է իր դերը, որպէսզի Հայաստանը վերադառնայ իր փառքի օրերուն եւ այս ֆիլմս պէտք է տեղադրել նաեւ այդ պարունակին մէջ։

-Վերջին խօսք մը, ի՞նչ ունիս ըսելիք։

Կ’ուզեմ նշել, որ ֆիլմը արտադրուած է FirstTreeArt ընկերութիւնը։ Մենք եթէ կը խօսինք հայերու իւրայատկութեան մասին, այս ֆիլմը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս շատ մը հայեր նեցուկ կանգնեցան անոր, առաջին իսկ վայկեանէն։ Աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող հայեր իրենց աջակցութիւնը բերին այս ֆիլմի արտադրութեան՝ Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն եւ քաջալերեցին թէ՛ նիւթապէս, թէ՛ բարոյապէս։ Յատուկ շնորհակալութիւն պիտի յայտնեմ Տօքթ. Արմէն Մազլումեանին։ Ան համակարգեց այս արտադրութեան իրականացման եւ օգտակար դարձաւ կապեր հաստատելով զանազան անհատներու հետ։ Շննորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնց անունները ֆիլմի աւարտին նշուած է։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր արուեստագէտներուն եւ մասնագէտներուն՝ Միշէլ Եուսըֆին՝ մոնթաժ, Արա Տապանճեանին՝ երաժշտութիւն, Մուսթաֆա Շապանին՝ ձայնի սարքաւորում, Մարքոս Էրիանին՝ Թրէյլըր, Մինա Իմատին՝ Կրաֆիքս, Փիթըր Սամիրին՝ Քոլորիսթ, Դոկտ. Իզաթին, որ խմբագրի օգնական է, եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին «Մոռցուած Հայրենիք» ֆիլմին։ Շնորհակալութիւն ձեզի պրն. Արեան, որ միշտ ալ օգտակարա դեր ունեցած էք, որպէս խօսքս տարածուի նաեւ հայ մամուլին մէջ։

Հարցազրոյցը՝ Սագօ Արեանի

«Յուսաբեր»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ի՞նչն է «վատ» կամ «լավ» հայության համա

Վերջին տարիներին Հայաստանի և Սփյուռքի հայությունը հիմնականում բաժանվել է երեք

05 Սեպտեմբեր 2026
Ինչ է լինում, երբ «ասֆալտը՝ ասֆալտ» է

«Ինչու են ասֆալտի վրա շատ կենտրոնանում, որովհետև ասֆալտից էդ ա, բանը... Ինչու

05 Սեպտեմբեր 2026
TRIPP-ը և Իրանը. անվտանգային մտահոգութ

TRIPP-ը Հայաստանի Հանրապետության հարավային տարածքով անցնող մոտավորապես 43 կիլո

05 Սեպտեմբեր 2026
Գաղափարական պայքարի Դրօշը դեռ երկար պե

Հարցազրոյց «Դրօշակի» խմբագիր ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆԻ հետ Վրէժ-Արմէն – Սովորական

05 Սեպտեմբեր 2026
«Խաղաղություն» առանց երաշխիքի. օգոստոս

2025 թվականի օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում Սպիտակ տան տիրոջ՝ Դոնալդ Թրամփի մասնակ

05 Սեպտեմբեր 2026
Արդյո՞ք լավ ենք ճանաչում մեր հասարակու

Չափազանց բարդ ու զգայուն հարցի հետ գործ ունենք: Չեք գտնի թեկուզ մի քիչ խելամիտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Հայաստանը և ՀԱՊԿ-ը մոտենում են անդարձե

2026 թվականի մայիսին ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյանը և ԱՄՆ պետքարտ

05 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանական իշխանությունը որպես Հայա

Ինչպես գրել էինք «Դրօշակի» սույն թվականի հունիս ամսվա համարում. «Հայաստանի Հան

05 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2ը Արցախի Հայութ

1991 Սեպտեմբեր 2ին, 35 տարի առաջ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի եւ Շահումեա

04 Սեպտեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Պայքարին այլընտր

2026 թվականի խորհրդարանական ընտրություններում վերարտադրվելու համար Նիկոլ Փաշին

03 Սեպտեմբեր 2026
Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի

25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած

03 Սեպտեմբեր 2026
Հալածանքը Կը Շարունակուի

Նախորդող շաբթուան գլխաւոր իրադարձութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ե

03 Սեպտեմբեր 2026
Արցախից յետոյ, թէկուզ ջրհեղե՞ղ…

Թող ոչ ոքի համար տարօրինակ չթւայ, որ հայկական Արցախի կորստից յետոյ, սպասելի էր

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սփիւռքի վերակազմակերպման ե

Ապրիլին Փարիզի մէջ կայացած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովի նոր կայքէջի

02 Սեպտեմբեր 2026
Նրանք, ովքեր չեն մասնակցել Արցախի շարժ

Այսօր տոն է, 35 տարի առաջ Արցախյան շարժումը, որ սկսել էր 80-ականների վերջերին,

02 Սեպտեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվում «Դրօշակի» ընթացիկ տարվա 8-րդ համարը: Հերթական համարի

02 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Անկախության օրը՝ Եռաբլուրում

Այսօր՝ սեպտեմբերի 2-ին, լրանում է Արցախի Հանրապետության անկախության հռչակման 3

02 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերի 2-ը Արցախի ժողովրդի սեփական

1991 թվականի սեպտեմբերի 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի և Շահումյանի շրջ

02 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2 Եւ Անյետաձգելի

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման մասին փաստաթուղթը այսօր կը ստանայ քա

02 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբեր 2. Արցախի Հանրապետության հռչ

1991 թ․ սեպտեմբերի 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի (ԼՂԻՄ) մարզային և Շահ

02 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company