ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Արցախէն «Ձեռք լուալու» փաստ մը եւս

20 Հուլիս 2022

Ցնծա՜ եւ ուրախացի՜ր, Հայաստանի «հպա՛րտ քաղաքացի», Երեւանի իշխանութեան սփիւռքցի թմբկահար: ՔՊ-ական իշխանութիւնը այսօր, 19 Յուլիսին, պատմական նոր որոշում մը հռչակեց: 44-օրեայ «փառապանծ» պատերազմէն 2 տարի ետք, Հայաստան իր վերջին զինուորը պիտի հեռացնէ Արցախէն եւ անկէ մեզի մնացած հողաշերտին պիտի ընծայէ ամբողջական ինքորոշում, այսինքն՝ անոր պիտի ըսէ՝ «ասկէ ետք միայն քու զինեալ ուժերուդ վստահէ պաշտպանուելու համար», քիչ մը ալ ապաւինէ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, որոնց մեր շրջանին մէջ մայրամուտը հիւսելու ճիգերը շուտով պիտի ծաղկին, իսկ վաղը կրնաս լի՛ովին վստահիլ Ազրպէյճանի բարերար հովանիին եւ օրինակել Նախիջեւանը:

«Հպա՛րտ քաղաքացի». եթէ այս որոշումը անակնկալ չէր, այսուհանդերձ՝ պաշտօնական կնիք կը դնէ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ սկսած տեղատուութեան, հողատուութեան նորագոյն մէկ ծրագիրին վրայ, որ հրապարակաւ կամ վարագոյրներու ետին հիւսուած է Երեւանի այժմու իշխանութեան մասնակցութեամբ, ակամայ կամ կամաւոր (կարեւոր չէ) համաձայնութեամբ, «ժողովուրդի կռնակէն որոշումներ պիտի չտանք»ի եւ «թափանցիկ պիտի աշխատինք»ի յոխորտանքներով: Անիկա յաջորդեց Երեւանի եւ ընդհանուր շրջանին մէջ շատ ուշագրաւ իրադարձութիւններու: Մէկ կողմէ՝ Ուաշինկթընի ղեկավարը Միջին Արեւելք եկած էր՝ ընդդէմ Իրանի եւ Ռուսիոյ ճակատները – եւ ուժանիւթի աղբիւրները – ապահովելու նպատակով, նոյն օրերուն, եւ տխրահռչակ Ճոն Պոլթընի այցելութենէն չորս տարի ետք, Սի. Այ. Էյ.ի պետը Երեւան փութաց «մեր հետեւորդը դարձէք» ի հին-նոր պատգամները յիշեցնելու, յաջորդեց անոր ռուս պաշտօնակիցին Երեւան այցելութիւնը, յիշեցնելու, թէ «մենք դեռ հոս ենք», իսկ զուգահեռաբար, Հայաստանի դիւանագիտութեան հանճարե՜ղ պետը Թիֆլիսի մէջ առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը կ’ունենար իր ազերի պաշտօնակիցին հետ եւ, «ականջի ետին նետած» իր պոսին այն հաւաստիքները, թէ Ազրպէյճան կ’աշխատի նոր յարձակումի մը ենթահողը «լեճիթիմացնելու», կամ նոյնինքն ի՛ր այն արտայայտութիւնները, թէ Ազրպէյճան կը խափանէ խաղաղութեան երթը եւ գերիներու հարցը վերածած է չարաշահութեան գործիքի՝ կը յանկերգէր «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի սնանկացած գիւտը:

***
Հիմա յայտնի եղաւ, թէ ամերիկացի եւ ռուս բարձրաստիճան պատուիրակները Փաշինեանի «ոտքին չէին եկած», այնպէս՝ ինչպէս Պայտըն գացեր էր Սէուտական Արաբիա: (Չէ՞ որ սէուտցի գահաժառանգը անկարկութիւն ըրած է, թէ հազիւ տարի մը առաջ զինք ոճրագործ համարող Պայտընը իր ոտքին եկած է, քարիւղ հայցելու եւ Ռուսիոյ ու Իրանի դէմ ճակատը ամրացնելու դիտաւորութեամբ): Անոնք խորքին մէջ մրցումի ելած էին՝ իրենց օրակարգերը պարտադրելու խանդով:

Պէ՞տք է ուրախ ըլլանք, որ Արցախի ու Հայաստանի դէմ նիւթուած դաւադրութիւնները որքա՜ն շօշափելի դարձած են, շնորհիւ Ուքրանիոյ տագնապէն բարձրացած փոշիի ամպին (որ թէեւ բաւական թափանցիկ էր, ու չկրցաւ քողարկել Եւրոպական Միութեան եւ Ազրպէյճանի նորագոյն սիրաբանութիւնը, շնորհիւ քարիւղի բոյրին):

Ուրախ ըլլալու գլխաւոր պատճառները շատ են. օրինակ, Հայաստան վերջնականապէս եւ պաշտօնապէս կը հրաժարի Արցախի նկատմամբ պաշտպանական-ապահովութեան երաշխաւոր ըլլալէ. ծնողներ պէտք է ցնծան, որ իրեց զաւակները Արցախի մէջ պիտի չծառայեն. իսկ Հայաստանի սահմանները… որո՞ւ հոգը. Հոն ալ ազերիները կը կրակեն կամ զինուորներ անձնասպան կ’ըլլան: Կը նուիրականանայ Արցախը Հայաստանէն՝ մեր ամբողջական հայրենիքէն դուրս տեսնելու այս իշխանութեան ծրագիրը, ինչպէս որ ճիգ կ’ըլլայ խորացնելու Հայաստան-Սփիւռք վիհը (եւ դեռ այս բոլորին մէջ միայն նախկիններուն մատները ցոյց տուողներ, եւ տեսնող… կոյրեր կան): Ասոնք, յամենայնդէպս, փաշինեանական ինքնաբուխ գիւտեր չեն, այլ թուրք-ազերիական դարաւոր ծրագիրին իրականացման ճամբուն առնուած նոր քայլ մը: Պարզ է, չէ՞. Ալիեւ քանի մը օր առաջ Հայաստանը կ’ամբաստանէր, թէ իր ուժերը չէ հեռացուցած Արցախէն, հետեւաբար՝ «խոչընդոտ կը կանգնի խաղաղութեան դէմ», իսկ անկէ առաջ յաճախ սպառնացած է, որ Արցախի հարցը փակուած պէտք է նկատել, «Զանգեզուրի միջանցքը կրնանք ուժով վերցնել եւ այլ, իսկ Թուրքիա կը պահանջէ մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, պահանջատիրութիւնը, եւ այս բոլորին դիմաց, Երեւանէն յամառօրէն (որակումներ չտանք) կը հնչէ «խաղաղութեան էջ եւ ճամբաներ պիտի բանանք»ի սնամէջ ինքնասիրահարութիւնը:

***
Արցախէն Հայաստանի ուժերը քաշելու որոշումը յաւելեալ լուսարձակ կը բանայ Փաշինեանի այն յայտարարութեան վրայ, թէ «դուրսերէն կը պահանջեն Արցախի նշաձողին իջեցումը», կամ՝ «Ազրպէյճանին կը վերադարձնենք անոր պատկանած հողերը» (Լաչինի մայր ճամբուն յանձնումի պատրաստակամութեան առիթով): Եթէ 1+1 գումարելը չենք մոռցած (այսօրուան Հայաստանի մէջ, մինչեւ իսկ պատմագէտ ու դիւանագէտ պիտակը կրողներու մէջ տգիտութիւնը սահման չունի), կրնանք դիւրաւ հետեւցնել, թէ ո՛վ էր այդ պահանջը դնողը: Ազրպէյճան – եւ Թուրքիա – հոգեհանգիստ կարդացին նաեւ Մինսքի խումբին առաքելութեան վրայ (անկախ անկէ, որ անիկա ամլութեան եւ անելի մատնուած էր Ուքրանիոյ տագնապին՝ Ռուսիա-Արեւմուտք ճակատումին հետեւանքով), եւ ահա, Երեւանի իշխանութիւնը, մէյ մը Պրիւքսէլ վազելով, ուրիշ օր մը Թիֆլիս փութալով (միջանկեալ հանգրուանները չթուենք), իր կարգին, եւ գործնապէս, վերջնականապէս կը թեքի դէպի թուրք-ազերիական պահանջներու կենսագործում եւ հայութեան ի նպաստ վերջին լաստերու խորտակում:

Պէտք կա՞յ կանգ առնելու այն «մանրուք»ին առջեւ, թէ՝ Արեւմուտքէն փրկութիւն երեւակայողները (եւ որքա՜ն շատցած են իշխանութեան «արեւ»ին շուրջ դարձող չալղըճը-նուագածուները) կ’անտեսեն այն աղաղակող ճշմարտութիւնը, որ Արեւմուտքը… Թուրքիոյ պիտի վստահի Հայաստանի օգնութեան ձեռք երկարելու առաքելութիւնը, ա՛յն Թուրքիոյ, որ իր սուլթանական եւ հանրապետական դարաշրջաններուն, գոնէ Հայաստանի ու հայութեան ուղղութեամբ ունի մէկ տեսլական՝ քարտէսէն վերցնել մեզ: (Իսկ թէ ի՛նչ կ’ընէ Կիպրոսին, Սուրիոյ, Իրաքին, քիւրտերուն, մինչեւ իսկ Լիբանանին եւ ուրիշներուն՝ թող մնայ մեր տեսողութեան հորիզոնէն դուրս): Անպատասխան կը մնայ այն հարցումը, թէ արդեօք «խաղաղութեան էջ»ին բացումը սպասողները, սահմանազատում երազողները ի՞նչ նախաճաշակ առին՝ տեսնելով, որ Ազրպէյճան ինչպէ՜ս կիրակեց Գորիս-Կապան մայրուղիին իւրացումն ու հայերուս առջեւ անոր փակումը Սոթքի ճամբուն փակումը… (փոխընտրանք ճամբաները ուրիշ պատմութիւն):

***
Ընդդիմադիր ճակատն ու գիտակ մեկնաբաններ՝ քաղաքագէտ, դիւանագէտ, զինուորական, պատմագէտ եւ այլք, ահազանգ-ահազանգի ետեւէ կը հնչեցնեն աղաղակելով. «Ժողովո՛ւրդ, արթնցի՛ր, Արցախը վերջնականապէս կը կորսնցնենք» (փաստօրէն, նորագոյն այս որոշումէն ետք, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ Արցախի մնացեալ մասը որոշ ատեն ետք պիտի չմատնուի Շուշիի, Հատրութի, Քարվաճառի, Գետաշէնի ու Շահումեանի ճակատագիրին): «Ժողովո՛ւրդ, կը բաւէ խաբուիս սնանկ եւ կեղծ՝ խաղաղասիրական հաւաստիքներով»: «Ժողովո՛ւրդ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, բա՛ց աչքերդ եւ տե՛ս, թէ Արցախէն ետք, Հայաստանն ալ կրնայ պատառ-պատառ դրուիլ թուրք-ազերիական սեղանին, տե՛ս, թէ մեր թշնամիին ախորժակը ինչպէ՜ս կը բացուի իւրաքանչիւր պատառը կուլ տալէ ետք»: «Տե՛ս, թէ իշխանութիւնդ, որուն երկաթէ մանտաթ տուիր – իր խօսքով -, ինչպէ՛ս կը գործածէ այդ մանտաթը, Հայաստանը եւ քեզ կ’առաջնորդէ թրքական իրողական կամ իրաւական նահանգի մը վիճակին»:

***
Պէ՛տք է անդրադառնանք, պէ՛տք է մեր աչքերը բանանք եւ իրազեկ դառնանք, որ Արցախի ու Հայաստանի արձանագրած կորուստները միայն այս խմբակին ուսին չեն ծանրանար, որքա՛ն ալ որ ան ըլլայ պաշտօնական իշխանութիւնը: Կը կորսնցնենք ա՛զգովին, կը կորսնցնէ մեր ամբո՛ղջ ժողովուրդը, մասնավճարներով կը կորսուի հայրենի՛քը:
Կարելի՞ է տեղ մը կասեցնել այս կորստաբեր վազքը (եւ երեւակայե՜լ, որ հիմա հասած ենք հոն՝ ուր Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան իրագործումն իսկ սկսած ենք նկատել… չարեաց փոքրագոյնը):

Անշու՛շտ որ կարելի է: Կը բաւէ, որ բանանք մեր միտքի՛ աչքերը, լա՛ւ տեսնենք մեր անմիջական եւ հեռաւոր շրջապատի զարգացումները, գործի լծենք մեր բազկի, դիւանագիտական-քաղաքական ներուժը: Ո՞վ ունի այն պատրանքը, թէ մեր ուժականութիւնը լիարժէքօրէն կ’օգտագործուի այս իշխանաւորներուն կողմէ, մինչդեռ անոնք կրկին ու կրկին փաստած են իրենց անկարողութիւնը, կամ լոկ թշնամիին եւ անոր զօրակցողներուն կամակատարը ըլլալը: (Թեհրանի մէջ, եռակողմանի գերաստիճան մը տեղի ունեցաւ եւ յայտնապէս, Իրան մեզմէ աւելի՛ նախանձախնդրութիւն ցոյց տուաւ Հայաստան-Իրան ցամաքային կապերու անխափան պահպանման մասին (եւ սա միայն մէկ օրինակ է): Ճիշդ է. Հայաստան հոն չէր, սակայն, Աստուծոյ սիրոյն, Հայաստան ո՞ւր է:

Փաշինեանական «քալողներու խմբակը» փաստած է որ տրամադիր չէ, կարող չէ Արցախն ու Հայաստանը փրկելու (ու այս իրականութիւնը չտեսնել յամառողներ կան): Էրտողան-Ալիեւ «պահանջատիրութեան» առջեւ քայլ առ քայլ նահանջելը միայն զիրենք պատասխանատու պիտի չընէ Արցախի ու Հայաստանի կորուստին, մինչդեռ Արցախի ու Հայաստանի փրկութիւնը, կորուստները դարմանելու «ճամբու քարտէս»ի մը մշակումը համա՛յն հայութեան պատասխանատուութիւնն է: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է օր առաջ վերջ տալ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչը ըլլալու այս իշխանութեան դերակատարութեան: Հայաստան եւ հայութիւնը, հայրենիքով ու սփիւռքեան բազուկներով, ունի՛ն ելք գտնելու ուղեղն ու կրնան վերականգնել կարողականութիւնը, ճակատագիրին տնօրինումը ձեռք առնելու ունակութիւնը: Անոր համար, հայրենիքի հաւատարիմներուն, հայ ժողովուրդի գոյատեւման հաւատացողներուն համախմբումը, միացեալ բռունցք կազելը դարձած է անյետաձգելի, ընդդիմադիրներուն առաջնահերթ «ճիտի պարտքը»: Այլ խօսքով՝ ընդդիմադիրներուն շուրջ բոլորուելէ այլ ընտրանք չկայ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

hairenikweekly.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company