ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հայրենիք Մը Քայքայելու… «Արուեստը»

26 Հուլիս 2022

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սիրելի ընթերցողը հարց պիտի տայ` հայրենիք մը քայքայելու արուեստը ո՞րն է. քայքայելու արուե՞ստ ալ կայ:

Ինծի կը թուի, թէ կայ:

Անցնող տասնամեակին միջինարեւելեան մեր տարածաշրջանին մէջ մենք ականատես եղանք բազմաթիւ երկիրներու իշխանութիւններու փոփոխութեան, տապալումին, թէկուզ քանի մը հատը տակաւին կը յամառի տոկալ:

Թուենք քանի մը հատը. Թունուզ, Եգիպտոս, Լիպիա, Սուտան, Եմէն, Սուրիա, աւելի կանուխ` Վրաստան, Ուքրանիա, Իրաք եւ, ինչո՞ւ չէ, Հայաստան:

Իշխանութիւններու վերոյիշեալ փոփոխութիւնները միշտ ունեցան իրենց մակդիրները, գոյները, տեսակները, գաղափարախօսութիւններն ու լոզունգները:

Այսպէս, օրինակ, վարդագոյն, դեղին, գունաւոր, թաւշային, գարնանային… միշտ գեղեցիկ ու արուեստի կեղեւով, շպարով, իսկ միջուկն ու խո՞րքը… ո՞վ գիտէ…

Վերոյիշեալ երկիրներու իշխող վարչախումբերը` «նախկինները», անպայման թաւշային միջոցներով չէ որ հասած էին իշխանութեան գլուխ եւ յաճախ չէին կրցած մարմնաւորել իրենց ժողովուրդներուն իղձերն ու ձգտումները. բախտաւոր պարագային, իտէալական չէին եւ թոյլ տուած էին տեսակ-տեսակ բացթողումներ. աշխարհիկ այս կեանքին մէջ ի՞նչն է կատարեալը:

Յաջորդ տողերուն մէջ փորձ մը պիտի կատարեմ խոշորացոյցի տակ առնել մեր օրերուն տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնները (ոչ մէկը յեղափոխութիւն էր, ինչպէս մատուցուեցաւ մեզի բոլորիս), անոնց իրագործման «արուեստի» նորարարութիւնները:

Ըսուեցաւ մեզի` յեղափոխութիւն. վարդագոյն յեղափոխութիւն, նարնջագոյն կամ դեղին յեղափոխութիւն, թաւշային յեղափոխութիւն, գարնանային կամ աշնանային յեղափոխութիւն, միշտ` իբր թէ «ժողովրդավար» միջոցներով… Ժողովրդավար միջոցներով, սակայն միշտ` ի սպաս միջազգային, մեծապետական ու կայսերական շահերուն, կամ անոնց ծառայելու:

Յաճախ ականջալուր կ՛ըլլանք միջազգային բեմերէն արտասանուած, յայտարարուած համամարդկային արժէքներու, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` կոչերու ու լոզունգներու, սակայն բնազդով, ներքուստ ձայն մը կը յուշէ ինծի, որ այդ գաղափարներուն, լոզունգներուն ետեւը… պէտք է փնտռել հակառակը. անոնք իրենց ետին կը պահեն թաքուն ձգտումներ` ըսուածին, յայտարարուածին հակառակը գործադրելու: Այլ խօսքով, այդպիսի «վեհ» արտայայտութիւններ խորքին մէջ ներքուստ կը պահեն զանոնք չարաշահելու, խեղաթիւրելու ու զանոնք լիցքաթափելու ախորժակներ…

Այսպէս` օրինակ.

Երբ կ՛ըսուի խաղաղութիւն, պէտք է հասկնալ, թէ յառաջիկային անպայման ականատես պիտի ըլլանք պատերազմի մը կամ քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական անկայունութեան երեւոյթի մը:

Երբ կ՛ըսուի «երկրի մը գերիշխանութիւն» կամ հաւասարութիւն, ակամայ կը մտածեմ, որ երկրի մը գերիշխանութիւնը պիտի տրորուի ուշ կամ կանուխ. երբ կ՛ըսուի հաւասարութիւն, կը հասկնամ անհաւասարութիւն. փոքրամասնութեան մը, խմբաւորումի գերիշխանութիւնը մեծամասնութեան վրայ. պետութեանց իրաւունքներու հաւասարութիւն, իմա` երկիր մը պիտի տիրապետէ այլ երկրի մը, փոքր երկրի մը տնտեսական, ընկերային, զինուորական, կամ այլ միջոցներով` միշտ գեղեցիկ գաղափարներով, արտայայտութիւններով թէ ելոյթներով շպարուած: (Արդէն այստեղէն կը սկսի «արուեստը»):

Մարդկային իրաւունքներ, ազգերու ինքնորոշման իրաւունք, կիներու եւ արանց հաւասարութիւն, կիներու եւ մանուկներու իրաւունքներ, կրթական-մշակութային իրաւունքներ… եւ այսպէս… պէս-պէս գեղեցիկ, վեհ գաղափարներ, կոչեր, լոզունգներ… միշտ ի սպաս` զանոնք դրսեւորող մեծապետական ուժերուն ու անոնց կողմէ շահագործելու, չարաշահելու, լիցքաթափելու թաքուն նպատակով:

Մարդ արարածին կողմէ մշակուած այդ գաղափարները խեղաթիւրողը իր եղբայր մարդն է, մի՛շտ:

Այդ մեծապետական ուժերը իշխանութեան կը բերեն նոր իշխանաւորներ, որոնք գործադրողը կը դառնան այդ խեղաթիւրումներուն:

Փորձ կատարեմ թուելու, իմ տեսադաշտէն նկատուած, հայրենիք մը քայքայելու արուեստի միջոցները` իրագործուած «նոր» կոչուած «յեղափոխական» իշխանութիւններուն կողմէ:

Իշխանութեան գագաթին հասնելու համար քաղաքական խումբ մը («նոր» կամ «յեղափոխական»)` զինուած ընկերային գիտութիւններու թէ մարդկային-հոգեբանական տուեալներով, իշխող վարչախումբի մը, վարչաձեւի մը սխալներն ու բացթողումները, մանաւանդ տնտեսական ու ընկերային բնագաւառներուն անարդարութիւնները խոշորացոյցի տակ առնելով` տիւ ու գիշեր աշխատանք կը տանի միակողմանի կերպով դիրքաւորելու հասարակութիւնը` գրգռելով, զայն եւ առաջնորդելով անհնազանդութեան ու պոռթկումի… ապա կը յաջողի տապալել վարչախումբը` «նախկինները», հանրութեան խոստանալով վերացական` գեղեցիկը, վարդագոյնը, դեղինը… թաւշայինը, գարնանայինը… հաճելի կեանքի մը հեռանկարով:

Իշխանութեան ձգտող խմբակը իր երթի նախորդող փուլերուն ու իշխանութեան տիրելէ ետք հմտօրէն կը շահագործէ, կը չարաշահէ զանգուածային լրատուական միջոցները` օգտագործելով ամէն ապատեղեկատուական հնարք ու միջոց, սուտ, կեղծ, շպարուած լրատուութեամբ, կը լուայ մարդոց` հասարակութեան մտքերը` «շքեղ վաղուան մը» հեռանկարը գծելով… օդին մէջ սեւ ու մուր քսելով թիրախաւորուած իշխանութեանց երեսին («նախկիններուն»):

Իշխանութեան ընթացքին եւ մանաւանդ իշխանութեան տիրանալէ ետք հետամուտ կ՛ըլլայ շահագրգռելու մարդոց նիւթական բարօրութեան ախորժակները, մինչեւ իսկ գրգռելով անոնց բնազդները` մարդկային թէ անասնական:

Փոխանակ հասարակութիւնը լիցքաւորելու եւ հարստացնելու հոգեմտաւոր հարստութեամբ, մարդասիրական ու ազգասիրական արժէքներով, կը միտի զայն պառակտել, բեւեռացնել` նիւթական թէ նիւթեղէն ընչաքաղցութեամբ, անշուշտ որ խախտելով ընկերութեան բնական զարգացման երթը:

Իշխանութեան գլուխը կանգնելէ ետք, յենած լրատուամիջոցներու թէ ընկերային յարաբերութեան միջոցներուն ընծայած դիւրութիւններուն, աշխատանք կը տանի ապաքաղաքականացնելու, ապա ապակողմնորոշելու հանրութիւնը, զայն մոլորեցնելով` կ՛աշխատի հասարակութիւնը հեռացնել ազգին, հայրենիքին առջեւ ցցուած հիմնահարցերէն:

Իշխանութեան հասնելէ ետք անոր` այդ նոր խմբակին («նորերուն»), առաջին «առաքելութիւններէն» կ՛ըլլայ քանդել հայրենիքին թէ ազգին հիմնական կռուանները, կամ ապագան ապահովող կռուանները` իրը պարտադրելով:

Կը սկսի բանակէն: Նախ նշանակելով ապիկարներու ու անշնորհքներու խունթա մը` կը քայքայէ անոր մարտունակութիւնը, անոր բարոյական խարիսխը, բարոյալքութեան տանելով հայրենիքին համար կեանքը զոհելու երիտասարդութեան նուիրումը` զայն առաջնորդելով հեշտ ու մեղկ կեանք մը ապրելու ցնորքին ուղղութեամբ:

Արդարադատութեան համակարգը խախտելու անոր միջոցառումները կ՛ըլլան անարդար օրէնսդրութիւններու որդեգրումով, պատուէր կատարող դատաւորներու նշանակումով, անարդարութիւնը համատարած դարձնելով. հասարակութիւնը կը խարսխէ անարդարութեան դաշտին վրայ:

Երկրին ապագան քայքայելու ձգտումով նախաձեռնող կը դառնայ քայքայելու, լիցքաթափելու, խեղաթիւրելու կրթամշակութային համակարգերը: Փոխան ազգային-հայրենասիրական հիմունքներու` յառաջ կը մղէ իբր թէ մարդկային, իմա` եւրոպական մեղկ հիմունքները: Նոր կրթական «մօտեցումներով» մէկդի կը դնէ ազգային, հայրենասիրական լիցք ու խորք ունեցող մօտեցումները` յառաջ մղելով իբր թէ մարդկային (արեւմտեան ըմբռնումներով) մօտեցումներ: Հոն տիրող առանցքը մարդն է (ասուն թէ անասուն), մարդու շահն է, նիւթն է, իսկ ազգայինը` անպէտք…

Իշխանութեան կառոյցներուն մէջ, սկսած` խորհրդարանէն, կառավարութենէն, գերատեսչութիւններէն մինչեւ աւելի վար, կը հրաւիրուին, կամ տեղ կը տրուի ապիկար, անշնորհք կամ աննկարագիր ու պատեհապաշտ անհատներուն` հեռացնելով ձեռնհաս, փորձառու, ազգասէր ու հայրենասէր մարդուժը:

Տնտեսական ու ընկերային ծառայութեան ոլորտներուն մէջ եւս տեղը կը լայննայ ապիկարներուն, անշնորհքներուն, շահամոլներուն, որոնց ծրագրաւորումներն ու գործունէութիւնները կ՛երթան ամրապնդելու ազատական խմբակներու սեփական շահերը` փոխան ժողովուրդի հաւաքական շահերուն:

Ընկերային թէ տնտեսական անարդար կարգեր ամրապնդելով` երկիրը կը տանին անարդարութեան, սնանկացումին, փոխարէնը` կ՛աճի տնտեսական միջոցներուն տիրապետող նոր խմբակ մը:

Զարկ կը տրուի ընկերութիւնը լիցքաթափելու ազգային գաղարախօսութենէն. փոխարէնը` տեղ ու զարկ կը տրուի օտարամուտին ու ապազգայինին: Այսպէս, լայն տեղ կը տրուի ճիւաղային հեռանկարներ հետապնդող կառոյցներուն, որոնք «ներածուած» կ՛ըլլան Արեւմուտքէն (ֆաշականներ, ԼԳԲՏ, Եհովայի վկաներ, մորմոններ, կռապաշտներ…), որոնք կամաց-կամաց կը դառնան նոր իշխանութիւններուն ապաւէն կռուանները: Այսպիսով, ցեցեր ներմուծելով հասարակութեան մէջ, զանոնք կ՛առաջնորդեն փտումի ու փճացման:

Նոր իշխանութիւնները կը ձգտին ապահովական-ոստիկանական կառոյցները շեղել հանրութեան ապահովութիւնը երաշխաւորող հաստատութիւն ըլլալէ` զայն դարձնելով զիրենք` վարչախումբը պաշտպանող ու իրենց ձեռքը խաղալիք ըլլալու ծառայող կառոյցներ: Անոնք պաշտպանները կը դառնան նոր իշխանութիւններուն` բազմապիսի անօրէնութիւններուն:

Նոր իշխանութիւններուն ու իշխանաւորներուն թիրախ կը դառնան ազգային-կրօնական կառոյցները, որոնք կ՛ենթարկուին բազմապիսի ցեխարձակումներու ու քարկոծումներու` ստապատիր զրպարտութիւններով:

***

Վերոյիշեալ տողերուն մէջ ընդգծուած թւումները անշուշտ որ հայրենիք մը քայքայելու արուեստի մէկ փոքր, սակայն հիմնական կէտերէն են: Միայն մէկ փոքր մասն են այդ գորշ «արուեստին»:

Հաւանաբար քաղաքագէտ մը, ընկերաբան մը շատ աւելին կրնայ թուել ու ընդգծել, որուն անհրաժեշտութիւնը աւելի քան այժմէական է, անպայման:

Ապրած ըլլալով հայրենիք` Սուրիա, տեսած ու ապրած եմ հայրենաքանդ այդ ուժերուն ու անոնց ետին կանգնած միջազգային ուժերուն նկրտումները, որոնք անկարող ըլլալով փոխել վարչաձեւը` յետամուտ են ցայսօր քանդել ու քայքայել երկիրը` մինչեւ սովի դռները հասցնելով զայն:

Սուրիական պրիսմակէն դիտած, այսօր, ամենայն պարզութեամբ, կը տեսնենք, թէ ի՛նչ քայքայումի կ՛ենթարկուի Լիբանանը, ուր պայքարը կ՛ընթանայ ազգային ու ապազգային ուժերուն միջեւ:

Անցնող տասը տարիներուն ու աւելի առաջ տեսանք «Արաբական գարունի» մը պարտադրած տերեւաթափը, «աշունն ու ձմեռը» այդ երկիրներուն, ուր տակաւ կը շարունակուի այդ ընթացքը:

Սուրիա, իր ժողովուրդի մեծամասնութեամբ, ցարդ, հակառակ կարգ մը ընկրկումներուն, կը շարունակէ յամառիլ ու տոկալ միջազգային նկրտումներուն դիմաց: Մինչ մեր սիրելի ու երազային հայրենիք Հայաստանի մէջ ներկայ իշխանութիւնները ոչ թէ յանձնուած են, այլ նաեւ գործադիրները կը հանդիսանան հայրենիքը քանդելու «արուեստին»` իրենց «փանջունիական ուղեղներու փայլատակումներով». (հարկը կա՞յ մէջբերելու «սոխի ու սխտորի» դասախօսութիւնը, թէ՞…):

Սուրիական ոստանի պրիսմակէն շատ յստակ տեսանելի է, որ հայրենիք Հայաստանը օր ըստ օրէ կը հիւծի, կը մաշի, կը քանդուի, կը մասնատուի` ի շահ ոսոխներուն, ի շահ մեծապետական հաշիւներուն, մեր ապիկար իշխանութիւններուն ձեռամբ:

Անշուշտ ակնբախ է նաեւ, որ հայրենի ժողովուրդին մեծ մասը արդէն զարթնած է ու կը դիմադրէ անձնատուութեան քայլերուն եւ անպայման պիտի յաջողի պահել ու պահպանել հայ ազգի հայրենիքները` Հայաստանն ու Արցախը:

«Օ՛ն, սլացիր երիվար,
Նպատակս տկարութիւն
Չի ճանչնար»:

Քեսապ, 26 յունիս 2022

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company