ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հաւատա՛նք մեր բազկին ու մտքի ուժին

27 Օգոստոս 2022

Երեք հիմնական զգացումներ մշտական տիրապետութիւն հաստատած են հայութեան մէջ. զայրոյթ, անտարբերութիւն եւ… զգայազրկուածութիւն:

Այո՛, սիրելի՛ ընթերցող. զգայազրկութի՛ւնն ալ զգացումներու շարքին անցած է, ինչպէս որ բազմաթիւ տարօրինակութիւններ եւ անտրամաբանական բաներ հիմա բնական դարձած են:

Աղաւնոյ-Բերձոր գօտին ալ առօք-փառօք յանձնուեցաւ Ազրպէյճանին: Հոն արդէն կը ծածանի ազերիական դրօշակը: Քանի մը բնակարան հրկիզուեցան, քանի մը յուշակոթող փրկուեցան, որպէսզի այրած սրտերը… մխիթարանք ունենան: Ալիեւները կը տօնեն այս նորագոյն նուէրին ստացումը: Զարմանա՞լ, որ Հայաստանի իշխանաւորները չեն հրաւիրուած տօնախմբութիւններուն, մինչդեռ կար ժամանակ, երբ փափկասո՜ւն տիկին մը հպարտ-հպարտ հրաւէր ուղղած էր Ալիեւի տիկնոջ, որպէսզի Շուշի գայ եւ միասնաբար մուղամ լսեն: Շուշիի մէջ, հիմա նաեւ Բերձորի՝ ազերիները մուղամ կը հնչեցնեն եւ մոռցած են զիրենք հրաւիրո՛ղն ալ, նուիրատո՛ւն ալ: Մխիթարական խօսքեր կը տրուին, թէ ցնոր տնօրինութիւն, անցքէն հայեորւ երթեւեկը պիտի չխափանուի: Հաւատա՞նք, երբ ապրած ենք Գորիս-Կապան նուէր տրուած ճամբուն իրականութիւնը…

«Խաղաղութեան դարաշրջան» խոստացող իշխանական խումբը հետեւողական է իր զիջումի, նահանջի ու անձնատուութեան վարքագիծին մէջ: Պատերազմէն ետք, Շուշին հռչակուեցաւ դժբախտ ու տժգոյն, երբ արդէն ազերիական դրօշը կը ծածանէր անոր վերեւ: Յօժարակամ եւ բարձրաճակատ յանձնումին հետեւանքները՝ Արցախի եւ Սիւնիքի վրայ, տեսանելի են բոլոր անոնց, որոնք աչք եւ ուղեղ ունին եւ չեն յամառիր մնալ իշխանաւորներուն պատանդը, կառչած են «եթէ թռի իսկ՝ այծ է» տրամաբանութեան: Վաղը կրնան ըսել, որ որո՞ւն էր պէտք Բերձորն ու Աղաւնոն: Նոյն մտածողութեան պտուղը չէ՞ր Քարվաճառի եւ այլ շրջաններու նուիրաբերումը: Ո՞վ պիտի արգիլէ կամ առարկէ՝ եթէ վաղը կարգը հասնի Տիգրանաշէնի կամ Տաւուշի «կղզեակներուն», նոյնինքն Սիւնիքի՛ն: Ազրպէյճանն ու զայն հովանաւորող Թուրքիան պիտի բաւականանա՞ն մեր «վարպետորդի վարչապետ»ին նորագոյն հնարքով, այսինքն՝ Հայաստանէն դէպի Նախիջեւան քանի մը անցման ուղի ստանալով (կանգ չառնենք այս «գիւտ»ին անհեթեթութեան վրայ): Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ Ալիեւի ախորժակները պիտի յագենան ցարդ իր կերածով:

Չէ՞ որ իշխանաւորները կրնան հայկական նոր համադամներով հարստացնել հիւրասիրութեան սեղանը: Իսկ Ազրպէյճան չէ ծածկած իր ախորժակները, թէ կ’ուզէ ուտել նաեւ Սեւանն ու Երեւանը, այսինքն՝ կուլ տալ ամբողջ Հայաստանը, իսկ Թուրքիա չի տատամսիր նորանոր սպառնալիքներ ուղղելու Հայաստանին, ըսելով. «Կատարէ՛ գրաւոր ու բերանացի խոստումներդ: Այսպէս թէ այնպէս՝ քեզ պիտի ուտեմ, անկախ անկէ, թէ ջուրը ուրկէ՞ կը խմես: Դուն իմ ջուրս կը պղտորես», այսինքն՝ համաթուրանական դարաւոր ծրագիրս կը խափանես:

***
Իշխանութեան պարտուողականութիւնն ու կրնկակոխ նահանջը, «տանք-տանք»երը զայրոյթի մատնած են ազգը, գոնէ այն զանգուածը, որ հաւատարիմ է հայրենիքի պահպանման, անոր պատմութեան ու պատմական աշխարհագրութեան (պատմութիւն եւ պատմական աշխարհագրութիւն տարբեր հասկացողութիւններ են): Սա չի կրնար թափանցել մտային կուրութեան մատնուածներու գիտակիցը, եւ հոս, ուսումն ու վկայականները գործ չունին: Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական իրա՛ւ ընդդիմութիւնը (չմոռնանք, որ կան իշխանութեան կողքին կանգնած շինծու ընդդիմադիր վարձկաններ ալ) պատերազմէն ի վեր հազար ու մէկ փորձ կ’ընէ, շրջելու համար անվերջ ու անյատակ անկումը, միասնութիւն ստեղծելու հայրենիքի փրկութեան առաջադրանքներուն շուրջ, իրականութիւններ տեսնելու անձերու, անհատ ղեկավարներ փնտռելու շրջագիծէն անդին: Անհատ ընդդիմադիրներ՝ քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ ու մտաւորականներ ալ լծուած են նոյն ճիգին (իշխանութեան եւ կոյր-բթացած համակիրներուն համար անոնք ապուշներ են): Իշխանաւորներուն քարոզչական մեքենան կը շարունակէ ուղեղալուացքի առաքելութիւնը եւ առանց բառերը գործածելու՝ կը յայտարարէ: Ժողովո՛ւրդ, դուն ինծի «երկաթէ մանտաթ» տուիր, ես ալ կ’ընեմ այն՝ ինչ որ կը ցանկամ:

Չեմ ուզեր որ տեսնես կամ հոգ ընես, թէ ինչպիսի՜ խոստումներով ստացայ այդ մանտաթը եւ հիմա կ’ընեմ ճիշդ հակառակը: Հայրենիքի հողերը մաս առ մաս կու տամ թշմանի հռչակուածներուն, մեղքը կը նետեմ «նախկիններուն» վզին, ոտնակոխ կ’ընեմ Սահմանադրութիւն եւ ազգային ամէն արժէք: Ամէն օր նոր ձեւեր կը գտնեմ երկիրն ու պետութիւնը կործանելու: Սահմաններուն պաշտպանութիւնը ա՛յնքան հոգս է, որքան՝ Ազրպէյճանի մէջ գերի մնացող մեր տղաքը, հայրենակիցները: Մեր երկրի պաշտպանութեան համար, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր բարձունքները նուէր տուած եմ Ազրպէյճանին: Երբ խաղաղութեան էջը բանանաք՝ բանակին ու այդ «դժբախտ ու տժգոյն» դիրքերուն պէտք պիտի ունենա՞նք: Թուրքիոյ մէկ նահանգը կը դառնանք եւ ամէն հոգ անոր ուսերուն կը նետենք: Չէ՞ որ Ալիեւն ալ նման խոստում կու տայ Արցախի համար: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, տնտեսական կարճահաս բարելաւումը կը ներկայացնեմ իբրեւ մե՜ծ իրագործում:

Քու կոկորդդ այնքան լայն է, որ այս ու նման սուտերս կը կլլես, վրայէն ալ գավաթ մը ջերմուկի ջուր կը խմես (հա՛, վայելէ՛ այդ ջուրը, քանի ազերիները դեռ չեն հասած Ջերմուկ…): Մի՛ հաւատար ընդդիմադիրներուն, խելամիտ մարդոց՝ պատմագէտներու, ռազմական փորձագէտներու, տնտեսագէտներու, հայրենիքը բազկի ու մտքի ուժով պաշտպանենք ըսողներուն, այլ հաւատա միայն ու միայն ինծի՛, որովհետեւ ունիմ քու մանտաթդ, համակրանքդ, վաղը եթէ Երեւանն ու Գիւմրին ալ անցընեմ «դժբախտ ու տժգոյն Շուշի»ի ցանկին, դառնամ Հայաստանը վերջնականապէս նուաճողին լիազօր գործակատարը, թուրք-ազերիին դրածոյ մարզպանը (Աստուած հոգին լուսաւորէ Վասակ Սիւնիներուն), դուն պիտի շարունակես կուլ տալ բոլոր սուտերս: Չէ՞ որ մեր նախահայրերէն մէկն ալ կը կոչուէր Շարա, որ նշանաւոր էր իր որկորով… (Պատմութեան մէջ չէ գրուած, որ Շարան արտագաղթած է):
***
Իսկ եթէ այս երթը, հայրենիքի եւ պետութեան կորուստի ժապաւէնը դիտելէ ձանձրանաս, պատրաստ եմ քեզի ամէն օր նոր զբաղում մը հայթայթելու: Յիշեցնեմ քանի մը հաճելի զբաղումներ:

«Սուրմալու»ի մէջ ահաւոր պայթում մը պատահեցաւ: Տե՞ս, ամէն մարդ հիմա տարուած է հազար ու մէկ մեկնաբանութեամբ (դրսեցիներն ալ մասնակից են):

Երեւանի, օդակայանին մէջ եւ այլուր, օրընդմէջ լարուած ռումբի ահազանգեր կը հնչեն: Հոս ալ մեկնաբանութիւնները մրցումի մէջ են:
Բանակային ծառայութենէ ձերբազատիլ ուզողին՝ բանակային չըլլալը ծախու ապրանքի կը վերածեմ: Գլխաւոր դերակատար՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, որ կրօնական ազատութիւններու չնաշխարհիկ գիւտ մը հրապարակ կը նետէ: Այս «բարիքը» կրնայ տարածուիլ ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան վրայ: Խաղաղութեան դարաշրջանին՝ ի՜նչ բանակ, ի՜նչ ոստիկանութիւն, ի՜նչ անվտանգութեան սպասարկութիւն: Յետոյ, ի՞նչդ պակսեցաւ, երբ թուրք մը «Գորշ գայլեր»ու նշանը ցոյց տալով՝ ոռնաց Ծիծեռնակաբերդի շրջափակին մէջ: Վաղը, եթէ մեր թուրք եղբայրները (այսինքն՝ պոսերը) ցանկան՝ կը քանդենք Ծիծեռնակաբե՛րդն ալ, Սարդարապա՛տն ալ, Արամի, Նժդեհի, Դրոյի ու հայրենիք կերտող-պահպանողներու բոլո՛ր յուշարձաններն ալ, այդ գործը թուրքին ու ազերիին չենք ձգեր: Անոնք արդէն աւարտած են նախիջեւանեան իրենց առաքելութիւնը, հիմա ոգի ի բռին կ’աշխատին Արցախէն իրենց խլած շրջաններուն մէջ: Ի՞նչ վնաս, եթէ մեր եկեղեցիները մզկիթի վերածուին: Այա Սոֆիան մզկիթի վերածուեցաւ եւ մէկը մատը-մատին չզարկաւ:
Չկարծես, որ աչքիդ փոշի ցանելու համար քանի մը հազարով բարձրացուցի ամսաթոշակները: Անոնք ո՛չ միայն պիտի նուաճեն սաղճը, այլ շուտով պիտի հարստանա՜ս…

Եթէ այս բոլորը բաւ չես նկատեր, մեր հնարամտութիւնը անսպառ է: Վաղը նորութիւններ կը հրամցնենք քեզի, որպէսզի մոռնաս, թէ 9 Նոյեմբերի չըլլալի՛ք համաձայնութեան ամէնէն տարրական պայմաններն անգամ չեն կիրարկուիր Ազրպէյճանի կողմէ, սկսելով առաջին կէտէն, ուր պայման դրուած էր, որ ուժերը պիտի կանգնին իրենց գտնուած գիծերուն վրայ: Յետոյ՛ ի՜նչ վնաս. գերիները կրնան համբերել երկու ամի՜ս, երկու տարի՜ կամ…: Կա՞յ աւելի լաւ զգացում, քան… զգայազրկումը, որ կը տանի դէպի երանելի կրաւորականութիւն, անտարբերութիւն: Կրնանք նորութիւններ ալ հնարել՝ ընդդիմադիր ճակատը պառակտելու, մեր յանցանքները անոր ուսերուն նետելու, բաժանարարութիւնը նոր հնարքներով դէպի Սփիւռք տարածելու համար: Ո՛ղջ մնայ յատուկ յանձնակատարը: Նոր յատուկ դեսպաններ եւ յանձնակատարներ, պաշտօնի սպասումի, պոչ բռնած են:

***
Զայրոյթն ու բողոքները, իշխանափոխութեան պահանջը առաւելաբար խօսքերով ու հրապարակային հաւաքներով հետապնդելը այլեւս անբարար են (եթէ երբեւիցէ բաւարար եղած են): Անբաւարար է նաեւ Սփիւռքէն հնչած ձայները. 2009-ին, տխրահռչակ փրոթոքոլներու օրերուն, Սփիւռքը շա՛տ աւելի ներգործօն շարժման մէջ էր, հիմա, զգայազրկումը որոշ չափով կլանած է նաեւ զայն: Չենք արհամարհեր ցուցական քայլերը, սակայն…

Հայրենիք ու պետութի՛ւն կը կորսնցնենք եւ դեռ կը տուայտինք «հինի-նորի» թակարդին մէջ: Շատո՜նց անցած է պահը տեսնելու՝ թէ կարմիր գիծեր (ո՛չ միայն մէկ գիծ) հատուած են: Երէկ էր պահը միացնելու ձեռքերն ու կամքը, որպէսզի երկրի ղեկին բերուին բոլոր այն ուժերը, որոնք պատրաստ են ճիգ ընելու հայրենիքի փրկութեան:

Առաջին անգամը չէ, որ ազգովին կը կանգնինք լինել-չլիներու «Դամոկլեան սուր»ին տակ: Առաջին անգամը չէ, որ պիտի կարողանանք շրջել սեղանները, միացնել մեր բազկի ու մտքի (քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական-յարաբերական եւ այլ) ուժերը, որպէսզի ֆետայիներէն մինչեւ Հանրապետութեան կերտիչներուն, հայկական նեմեսիսը կերտողներուն ու ժառանգորդներուն, Արցախը ազատագրողներուն ու Հայաստանի վերանկախացումը իրականացնողներուն կտակները հրոյ ճարակ չդառնան:

Երէկ, անկախութեան հռչակագիրի ընդունման տարեդարձն էր. վաղը պիտի գայ անկախութեան հռչակմա՛ն տարեդարձը, որուն նախօրեակին, իբրեւ թէ սահմանազատման ու «խաղաղութեան էջի» հետապնդման նպատակով բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան հոս-հոն, մասնաւորաբար Պրիւքսէլի մէջ: Պէտք է հաւատանք, ու ունի՛նք կարողութիւնը կասեցնելու հողանուիրումի երթը, փրկելու ՀԱՅՐԵՆԻՔը, խլուածն ու խլուելիքը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company