«…Ու ես կ’երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին …»
12 Սեպտեմբեր 2022
Միհրան Քիւրտօղլեան
Բանաստեղծի գրիչ պէտք է ունենաս կարենալ ըստ արժանւոյն նկարագրելու համար Յունաստանի պարզած այսօրուան պատկերը, երբ բոլոր աշակերտները դպրոցական պայուսակները շալակած՝ առտուան ժամերէն երկրին մթնոլորտը կը լեցնեն իրենց ուրախ ու խանդավառ պոռչտուքներով եւ խռնուած խումբերով կ’երթան «դէպի աղբիւրը լոյսին», ընդառաջ՝ վերամուտի «առաջին զանգին« եւ ջրօրհնէքի արարողութեան…: Օրհնաբեր լոյսը պիտի տարածուի կրթական տարեշրջանի բոլոր օրերուն վրայ եւ պիտի լուսաւորէ ուսումնատենչ ուսանողներուն միտքն ու հոգին:
Հայկակներն ալ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ ամէնքին պէս կը փութան իրենց հարազատ յարկը, ուր իբրեւ անդամը հայկական համայնքի մէկ ու մեծ ընտանիքի, ամառնային արձակուրդէ վերջ զիրար պիտի գտնեն, կրթական օճախին ջերմութեամբ եւ հայկական աղօթքովը պարուրուած՝ աշակերտ, ուսուցիչ ու ծնողք իրարու մաղթանքներ պիտի փոխանակեն՝ ուսումնական նոր տարեշրջանի մը համար, որ ըլլայ անվտանգ, արդիւնաւոր ու բեղուն:
Իսկապէս, որ կ’արժէ տեսնել պարզուած պատկերը ու ապրիլ պահը:

Ա) Սփիւռքի կազմութեան առաջին տարիներէն, պատառ մը հացի կարօտ գաղթական հայեր առաջնահերթ սեպեցին հայ դպրոցն ու հայակրթութիւնը՝ օրուան ապրուստին չափ կարեւոր: Այդ օրերուն, նիւթական-տնտեսական կարելիութիւններ չկային դպրոցաշինութեան համար, բայց կային հաւատքն ու կամքը: Օրուան պատասխանատուները առաջնորդուեցան հաւատքով եւ կամքը տեսիլք տուաւ ու յանդգնութիւն ներշնչեց անոնց: Գաղթական հայը նեցուկ դարձաւ հայակրթական գործին եւ իր օրուան հացէն զեղչելով էր, որ ամէն գաղթակայան ունեցաւ իր թիթեղաշէն դպրոցն ու եկեղեցին՝ կողք-կողքի, յաճախ միեւնոյն առաստաղին տակ: Ապա նաեւ այդ օրերու եւ հետագայի ան-ուանի թէ անանուն կրթական մշակներու նուիրուածութիւնը հանդիսացաւ այն խարիսխը, որուն վրայ հաստատուեցաւ, ամրացաւ ու շարունակուեցաւ հայակրթական գործը սփիւռքի տարածքին: Անոնցմէ ոմանք ուսուցչական գործին զուգահեռ լծուեցան դասագրքեր պատրաստելու աշխատանքին, որպէսզի հայ աշակերտը մայրենին սորվի, իր ազգի պատմութեան ծանօթանայ, հայակրթութիւնը բովանդակութիւն ստանայ եւ դպրոցը ազգային իր առաքելութիւնը կատարէ:
Եւ հիմա, իբրեւ մարդ կարելի է զարմանալ ու հիանալ, եւ իբրեւ հայ միայն հպարտանալ ի տես հայկական սփիւռքի կազմակերպուածութեան, անոր ստեղծած դպրոցական ցանցին, դասագրքերու պէսպիսութեան ու որակին, որոնք մէջտեղ եկան ոչինչէն: Պետութիւններ հսկայ գումարներ, մարդուժ ու արհեստագիտութիւն կը տրամադրեն, անչափ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն ու չեն յաջողիր իրենց սփիւռքներուն ներարկելու այն ներուժը, որ ունինք մենք թէ՛ կրթական եւ թէ՛ այլ ճակատներու վրայ:
Հայակրթութեան եւ ընդհանրապէս ուսման օճախ ունենալու նախաձեռնողները, մեր մեծհայրերն ու մեծմայրերը զոհողութեամբ ու զրկանքով դպրոցներ հիմնեցին՝ ոչ թէ իրենց համար, այլ սերունդներուն համար, այսինքն իրենց զաւակներուն, թոռներուն ու ծորերուն եւ հետագայ հայածին բոլոր երախաներուն համար, մեզի համար, որպէսզի մենք ազգային ինքնութեամբ ամրապնդուինք:
Խնդիրն այն է, թէ մեր մեծհայրերուն ու մեծմայրերուն մեզի համար իսկ յանձն առած զոհողութեանց, զրկանքին ու յիշատակին դիմաց՝ մենք որքա՞ն հաւատարիմ ենք, կը գուրգուրա՞նք մեր դպրոցներուն վրայ ու կը քաջալերե՞նք անոնց առաքելութիւնն ու գործը, թէ անգիտակցաբար ապերախտ կեցուածք կ’որդեգրենք…:
Բ) Տարին, որ կ’աւարտի 60-ամեակն է Աթէնքի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան նախակրթարանի շէնքային կառոյցին ու անուանակոչութեան, ինչպէս նաեւ 30-ամեակը՝ Ճենազեան միջնակարգի հիմնադրութեան: Այս տարիներու ընթացքին հայ թէ յոյն նուիրեալ ուսուցիչներու եւ հազարաւոր աշակերտներու շունչը կայ վարժարանի մթնոլորտին մէջ, ուր կու գան աւելնալու նորերունը…: Տակաւին երեքուկէս ամիս ունինք տարուան աւարտին: Կը յուսանք, թէ իբրեւ համայնք ու գաղութ կարգ մը միջոցառումներով արժանին կը մատուցենք հիմնադիր սերունդի յիշատակին՝ մեծարելով հայկական դպրոցին առաքելութիւնը եւ շեշտելով հայակրթութեան կարեւորութիւնը:
Գ) Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք արձանագրելով, որ համախումբ կեան-քի միջավայրն է անհրաժեշտը, որպէսզի գոյատեւէ հայերէնի գործածութիւնը եւ պահպանուի հայախօսութիւնը: Գիտենք նաեւ, որ հայօճախներու երբեմնի խմբուածութիւնը շատոնց տեղի տուած է ցրուածութեան եւ հայ մարդուն կեն-սամակարդակն ու կենսաձեւը նոյնացած են շրջապատին հետ: Ահա թէ ինչու համայնքը իր կարելին կ’ընէ, նաեւ աշակերտութեան փոխադրութեան համար դպրոցական ինքնաշարժ կը կը տրամադրէ, որպէսզի հեռու բնակող երախաներ չզրկուին հայկական դպրոցի շուքէն, հայախումբ կեանքի բարիքէն: Մեզի կը մնայ ընդառաջել հայահունչ զանգին…:
Դ) Հայագաղութներու գլխաւոր ապաւէնն է հայկական դպրոցը, ուր իբրեւ հայախօսութեան ջերմանոց, կրթական կազմակերպուած միջավայրի ու հայա-շունչ մթնոլորտի մէջ հայ տղաք համախումբ կ’ապրին եւ որոշ տարիներու վրայ երկարող ուսման ժամանակաշրջանին կը կազմաւորեն իրենց նկարա-գիրն ու անհատականութիւնը: Հայկական դպրոցը նաեւ այն հանգոյցն է, որ ամէնօրեայ կապ կը ստեղծէ մէկ կողմէն աշակերտին ու ծնողքին եւ միւս կողմէն` ազգային պատկանելիութեան միջեւ: Ամէն առտու դպրոցական պայուսակը իր զաւկին յանձնած պահուն իսկ, արդէն ծնողքին ու աշակերտին ենթագիտակցութեան մէջ անզգալաբար կ’ամրապնդուի ազգային պատկանելիութիւնը:
Ե) Մեր նախակրթարաններն ու միջնակարգ դպրոցները գլխաւոր այն միջավայրն են, ուր հնարաւոր է հայախօսութիւնը քաջալերելով փոքր տարիքէն երեխան կապել հայերէն լեզուին: Հոս արդէն հրամայական կը դառնայ հայակրթիւթիւնը վստահելու ուսուցչի այն տիպարին, որ իր մէջ պայմանականօրէն կը կեդրոնացնէ երեք յատկանիշեր. խելք, խիղճ եւ աշխատունակութիւն, որոնցմէ զուրկ չեն մեր ուսուցիչները, բայց եւ այնպէս յաւելեալ ճիգ կ’ակնկալուի անոնցմէ:
Վերամուտի առիթով մենք ալ մեր կարգին մաղթենք անվտա’նգ, յաջո’ղ ու արդիւնաւէ’տ տարեշրջան մը բոլոր ուսուցիչներուն, մեծ ու փոքր ուսանողներուն, ծնողներուն եւ կրթական գործի պատասխանատուներուն, յուսալով, որ անոնք լայն պիտի բանան իրենց թեւերը եւ պիտի ճախրեն «դէպի աղբիւրը լոյսին»…:
Աթէնք, 11 Սեպտ.2022
