ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Անկախութիւն, «Հպարտ քաղաքացի», նահատակներ եւ նոր հորիզոններ

23 Սեպտեմբեր 2022

Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 31-րդ տարեդարձը տժգոյն եւ դժբախտ հանգրուան մը եղաւ մեր նորագոյն տարեգրութեանց մէջ:

«Թաւշեայ» Հայաստանի «հպարտ քաղաքացիները», որոնք մինչեւ քանի մը տարի առաջ, բանակային տողանցքներով եւ բարձրաճակատ կը նշէին այս տարեդարձը, հիմա դարձած են գլխիկոր, երկրի անվտանգութիւնն ու ապագան, հորիզոնները ինկած են մութ ամպերու տակ: Հայաստանի լրատու աղբիւներուն հետեւողը ականատես եւ ականջալուր եղաւ հազար ու մէկ դառն իրականութեան, որոնցմէ եթէ քանի մը քաղուածք արձանագրենք, ընթերցողը՝ աչք, ականջ եւ մտածելու կարողութիւն ունեցող ընթերցողը կրնայ խելամիտ հետեւութիւններ հանել:

***
Անկախութեան տօնը այս տարի նման էր մանր սգատօնի մը. կիզակէտը Եռաբլուրն էր: Վարչապետ ու նախագահ, շրջապատուած ՔՊ-ական «ուսապարկերով», Եռաբլուր բարձրացան ու ծաղկեպսակ զետեղեցին նահատակներուն յիշատակին: Այցելութիւնը շատ հանդիսաւոր էր, այնքա՜ն հանդիսաւոր, որ շքախումբը առնուած էր… բազմահարիւր ոստիկաններու հսկողութեան տակ: Ժողովուրդը մեծագոյն բացական էր, ինչպէս կը նշէ նոր սովորութիւնը: Այս ու նման առիթներ վերածուած են լուսանկարուելու ցուցական արարքի (այնքան մը, որ մեր նախագահը լուսանկարուելու խանդով կ’երթայ յարգանք մատուցելու Անգլիոյ վախճանած թագուհիին եւ զինք լուսանկարելու համար գործի կը կոչէ այլ ուսապարկ մը՝ Հայաստանի դեսպանը):
Նահատակներու ծնողներու ցասկոտ արտայայտութիւնները պետճախօս էին: Խտացո՞ւմը: Ինչո՞ւ եկած են կեղծիք ցուցադրելու, երբ ընդունած են, որ 44-օրեայ պատերազմին ու վերջին ճակատումներուն պատասխանատուն իրենք են, գիտակցաբար մեր զաւակները մահուան գիրկը նետած են: Իսկ վա՞ղը…

***
Փղոսկրեայ աշտարակներէ Եռաբլուր գացողներուն «հերոսութիւնը» այսքանով չաւարտեցաւ: Անոնց հասնելէն առաջ, ոստիկանները նահատակներու ընտանիքներէն «ախտազերծեցին» Եռաբլուրի շրջապատը: Հայրեր, մայրեր, քոյրեր, տիկիններ եւ հարազատներ նախորդ գիշերէն ի վեր հսկում կ’ընէին հոն: Հեռանալ մերժողներ՝ տարեց ու սպիտակահեր մայրեր, ոստիկաններու կողմէ բիրտ քաշքշուքներով հեռացուեցան: Արձանագրուեցան վիրաւորներ, կոտրուածք ստացողներ: Անոնց յանցա՞նքը: Ժպրհա՜ծ էին ըլլալ հոն՝ ուր վարչապետն ու «ուսապարկերը» պիտի ըլլային քանի մը վայրկեան տեւող արարողութեան համար: Հետեւանքը այն եղաւ, որ շքախումբին հեռանալէն ետք, զայրացած ծնողներ (ասոնք ո՛չ «նախկին» են, ո՛չ ընդդիմադիր, այլ ԵՐԿՐԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱՀԱՏԱԿ ՏՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԱՆԴԱՄՆԵՐ) կոտրտեցին կառավարական դէմքերու թողած ծաղկեպսակները, գործնապէս ցոյց տալով, թէ չեն ընդունիր կոկորդիլոսի արցունքներ…:
Վարչապետին ու նախագահին ուղերձներն ալ զերծ չէին կեղծիքէ: Մեկնաբան մը անոնց խօսքերը որակեց ծաղրանք: Ուշագրաւ էր, որ վարչապետը դարձեալ շուկայ հանեց 29 800 քառ. Քլմ․ Հայաստան մը փրկելու իր նախանձախնդրութիւնը (նման գաղափարներու կրկնութիւնը պարզապէս կը ծառայէ զանգուածը համոզելու, որ պէտք է ընդունի «երկաթէ մանտաթ» ստացողներուն յառաջիկայ բոլոր զիջումները, նաեւ պատրաստ ըլլայ անկէ աւելին ալ զիջելու, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ Ազրպէյճանի նախագահին ստամոքսը սահման չունի):

…Այս բոլորը արձանագրուեցան «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի մէջ, ուր մարդու իրաւունքներն ու սահմանադրութիւն հաւասարապէս ասֆալթին կը փռուին «թաւիշ» ու խաղաղութիւն քարոզողներու կողմէ:

***
Երկրի ներքին տարանջատուած վիճակը, հետեւանք՝ սեւ-սպիտակի եւ այլ դասակարգումներու շարունակման (պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ ո՛վ է պատասխանատուն), նմանապէս արտայայտութիւն գտաւ Եռաբլուրի բարձունքին: Կաթողիկոս եւ հոգեւորականներ, ընդդիմադիրներ եւ իշխանութեան կողմէ հեռու պահուողներ առանձին-առանձին բարձրացան Եռաբլուր:

Ո՛չ մէկ հաղորդում եղաւ, որ անոնց զետեղած ծաղկեպսակները նահատակներու ընտանիքներուն կողմէ մերժուած են, ջարդ ու փշուր եղած…

***
Ընդդիմադիր դէմքեր եւ լրատու աղբիւրներ անվերապահ դատապարտանքով դիմաւորեցին իշխանաւորներուն վարմունքը: Ի դէպ, իշխանութեան աղբիւրները լուռ անցան ոստիկաններու «քաջագործութիւններուն» վրայէն:

Ընդվզողները մատնացոյց ըրին, որ նահատակներու ծնողները քաշքշող ոստիկանները մաս կը կազմեն վարչապետն ու գործակիցները – եւ ո՛չ թէ հայրենի հողը – պաշտպանող փաղանգներուն, որոնք վերջին շրջանին աւելի քան 21 միլիոն տոլարի համարժէք պարգեւավճար ստացած են: Բարձրացած ընդվզումի ալիքին դիմաց, ոստիկանութեան մէկ հաղորդագրութիւնը հաւաստեց, որ Եռաբլուրը… ոստիկաններուն համար ալ սրբազան վայր է, դէպքերը պէտք չէ քաղաքականացնել (խնդա՞լ, թէ՞ լալ): Իսկ եթէ սրբազան վայր չնկատուէր, ծնողները ջարդի՞ պիտի ենթարկուէին…: ՔՊ-ական ջոջ մը չամչցաւ յայտարարելու, որ ոստիկանները «իրենց գործը լա՛ւ կ’ընեն»:

Սահմանապահ զինուորները ինչպիսի՞ խրախուսանք կը ստանան, տեսնելով՝ որ եթէ իրենցմէ մէկն ու մէկը վաղը նահատակուի, իրենց ծնողները ինչպիսի՛ վերաբերմունքի կրնան արժանանալ: Դժբախտ իրականութիւն է, որ հիմա՛ իսկ անոնց տարրական կարիքները չեն հոգացուիր, ազերիական նորագոյն ոտնձգութիւնները պատճառած են հարիւրաւոր զոհ ու վիրաւոր, Հայաստան վերադարձուած քանի մը գերիներու եւ նահատակներու աճիւններուն դիմաց՝ անորոշ թիւով նոր գերիներ կան:

***

Ալիեւ ի՛ր ոճով «տօնեց» Հայաստանի անկախութեան օրը: Հաղորդուեցաւ, որ ան այս օրը ընտրած է Բերձոր այցելելու եւ իր երկրին դրօշը պաշտօնապէս հոն բարձրացնելու: Ան սպառնալիքներու նոր տարափ մը արձակած է Հայաստանի հասցէին, բացայայտօրէն յիշեցնելով «Զանգեզուրի միջանցք»ը ունենալու իր նպատակը: Այսօր ո՞վ կը խօսի Արցախի իրաւունքներուն մասին, իսկ Արցախի նախագահին ուշացած մտավախութիւննե՞րը…

***
Պաշտօնական աղբիւրներ նախ հերքեցին, յետոյ խոստովանեցան, որ ազերիական ուժերը կրակած են Ներքին Հանդ գիւղին ուղղութեամբ, կայ վիրաւոր:

Ջերմուկի շրջանի գիւղեր եւս ապրուստի տագնապներ կը դիմագրաւեն: Աւելի՛ ուժեղ կը հնչեն Նախիջեւանէն յարձակումի մը ահազանգերը, Սիւնիքը Հայաստանի միւս շրջաններէն խզելու դիտաւորութեամբ…

Սիւնիքի Խնձորեսկ գիւղէն լուրեր հասան, որ քանի մը օր առաջ, ազերիներ բազմահազար (շուրջ ութ հազար) ոչխարներ եւ կաթնտու անասուններ գողցած են հայերէ: Մարդիկ գոնէ բաւարարուած են, որ զոհ կամ վիրաւոր չունին, սակայն եթէ իրենց անասունները չվերադարձուին կամ պետական օգնութիւն չստանան, ստիպուած պիտի ըլլան հեռանալու իրենց գիւղերէն: Պարզ խօսքով՝ հայկական սահմանամերձ շրջաններու հայաթափումի ծրագիրը կու տայ առաջին նախանշանները (եթէ մոռցած էք ազերիներու Սիւնիք թափանցումի օրերը եւ կարգ մը բնակավայրերու հայաթափումը. Ո՜վ կը յիշէ Արցախը):

***

Իշխանութիւններէն օգնութիւն սպասելը յայտնապէս այլ պատրանք է: Փաստերու երկար ցուցակ կայ: Նորագո՞յնը. Երեւանի մէջ, «Սուրմալու» վաճառատան աղէտալի պայթումէն աւելի քան երկու ամիս ետք, անկախութեան տարեդարձի օրը, կիսափուլ պատ մը տապալած է… սաստիկ հովի հետեւանքով: Մարդիկ վիրաւորուած են, ինքնաշարժներ փճացած: Պատկան նախարարութեան մէկ պատասխանատուն կ’ըսէ, թէ կիսափուլ շէնքին վար բերուիլը սեփականատիրոջ ճիտին պարտքն է, պետական իշխանութիւնները հոն գործ չունին: Հարց չի տրուիր, թէ քաղաքապետութիւն կամ այլ սպասարկութիւններ արդեօք պարտաւոր չե՞ն վտանգաւոր փլատակին շուրջ ապահովութեան գօտի մը ստեղծելու՝ քաղաքացիներուն այդ գօտիէն ներս մուտքը արգիլելու համար:

… Ուղտին հարցուցեր են. վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է: Իսկ ո՞ր տեղս շիտակ է, պատասխաներ է:

***

Հայաստանի սահմաններէն շատ հեռու, Նիւ Եորքի մէջ, հայութեան ներկայացուցիչները բաւական ուշագրաւ հանդիպումներ կ’ունենան: Ազրպէյճանի դէմ գանգատներ կը հնչեն: Զուգահեռ հանդիպումներուն շարքին, մեզի համար ուշագրաւ են դրացի երկիրներու ներկայացուցիչներու հանդիպումներ: Վարչապետ Փաշինեան եւս Նիւ Եորք մեկնած է, միանալու հաղորդակցութիւններուն: «Մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք»ին դիմաց, ազերիներուն գործնական թշնամանքը արդեօք ամպերէն վար պիտի բերէ՞ Հայաստանի իշխանաւորները: Լեռը մուկ մը պիտի ծնի՞:

***

ՄԱԿի նստաշրջանը «Առիւծի բաժին»ը կու տայ Ուքրանիոյ տագնապին: Մինչ Ռուսիոյ նախագահը սպառնալիքներ կը տեղայ Ուքրանիոյ եւ անոր նեցուկ կանգնող Արեւմուտքի հասցէին (քողարկեալ ակնարկութիւն կ’ընէ, թէ կրնայ կորիզային զէնք գործածել), անոր դէմ քննադատութիւնները տաք մրցավազքի ասպարէզի վերածած են ՄԱԿի սրահը: Ուշագրաւ էր մանաւանդ նախագահ Պայտընի ճառը: Ան խօսեցաւ Ռուսիոյ կողմէ ՄԱԿի օրէնքներուն, ընկալեալ սկզբունքներու խախտումին եւ մանաւանդ «դրացի երկրի սահմաններէն ներս» դաժան յարձակում կատարելուն մասին:
Ճառը լսող հայ մը պահ մը իրաւունք ունէր ենթադրելու, որ Պայտըն կը խարանէր Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ու Հայաստանի վրայ յարձակումներն ու միջազգային օրէնքներու խախտումի աղաղակող փաստերը…

***

…Մաղթենք եւ յուսանք, որ անկախութեան 32-րդ տարեդարձին՝ շատո՜նց մեր ետին թողած ըլլանք պարտութիւն ու պարտուողականութիւն, նաեւ՝ անոնց կերտիչները, ճամբայ կտրած ըլլանք անկումէն դէպի վերելք ու վերականգնում երթին մէջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company