ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ի՞նչ է Սփիւռքը. Ինքնութիւնը որպէս ծրագրային օրակարգ

13 Հոկտեմբեր 2022

Ծ.Խ.- «Հորիզոն»ի եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ ու նախաձեռնութեամբ օրերս լոյս տեսաւ «Սփիւռքի տարի» յատուկ յաւելուածը, որուն մէջ լոյս տեսած են հայկական Սփիւռքի ժամանակակից հրատապ հարցերն ու մարտահրաւէրները քննարկման բովէ անցնող յօդուածներ։

Ստորեւ, վերոնշեալ յաւելուածին մէջ հրատարակուած միջազգային հարցերու փորձագէտ՝ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի յօդուածը։

1912-ին Կ. Պոլիս լոյս տեսած իր «Ի՞նչ է ազգութիւնը» գիտական հետազօտութիւն գիրքի ներածականին մէջ, Գարեգին Խաժակ կը գրէ. «Ներկայ աշխատութիւնով գալիս ենք ցոյց տալու, թէ ի՞նչպէս ենք հասկանում մենք ազգային հարցը, ազգութեան ծագումը, նրա զարգացումը եւ նրա լուծման ուղին»։ Քսաներորդ դարու սկիզբին Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններու մէջ ազգային շարժումներու ականատես ընկերվարական մտածողին համար յստակ է, թէ աշխատաւորական միջազգային շարժման Մարքսեան տեսակէտը, որուն համաձայն «բանուորը հայրենիք չունի» կամ «սոցիալիզմը եւ ազգութիւնը իրար ջնջող են», պարզապէս տապալուած է: Ընկերվարական միտքը, շնորհիւ Աւստրիական ընկերվար-ժողովրդավարութեան հետեւողական ճիգին եւ մտաւորական ներդրումին, որդեգրած է ազգային-միջազգային առողջ զոյգ տեսակէտը: Շեշտելով իր ընկերվարական, հետեւաբար՝ յառաջդիմական, մօտեցումը, Գարեգին Խաժակ կ’ուզէ իր աշխատասիրութեան տալ «գիտական» բնոյթ, եւ այդ մօտեցումով բացատրուած ազգութեան գաղափարով ջրել յետադիմական-պահպանողական հատուածներու ամբաստանութիւնը որուն համաձայն ընկերվարականները «ապազգային» են:

Գրքին նախաբանին այս բացատրութիւնը կը կարեւորենք Խաժակի գործի խորագրին համահունչ խորագրով Սփիւռքի մասին ներկայ յօդուածի սկզբնաւորութեան ոչ թէ ուշադրութեան առարկայ դարձնելու համար այն ժամանակուայ գաղափարախօսական բանավէճն ու հեղինակին դիրքորոշումը: Կարելի՞ է բանաձեւել Սփիւռքի մասին հարցումը այնպէս ինչպէս Խաժակ բանաձեւած է ազգութեան մասին հարցումը: Սփիւռքը է՞/կրնա՞յ ըլլալ այնպէս ինչպէս ազգութիւնն է ըստ Խաժակի ուսումնասիրութեան, որ հեղինակը յատկանշած է որպէս «գիտական»: Ահա այս հարցադրումներն են որ մեկնակէտ կը հանդիսանան Սփիւռքին ինչ ըլլալը հասկնալու նպատակաուղղուած այս գրութեան:

Ի՞նչ է ազգութիւնը աշխատասիրութեան երկրորդ գլուխը հակիրճ կը ներկայացնէ յղացքի մասին իր ժամանակակիցներու տեսակէտները, որոնք ազգութեան արդիական հասկացողութեան դասական գրականութեան առաջին գործերն են, եւ կ’անցնի «ազգային արտայայտութիւններ»ու քննական ներկայացման՝ լեզու, գրականութիւն, հայրենիք, ընդհանուր սովորութիւններ/աւանդութիւններ («կեանքն ըմբռնելու ինքնատիպ եղանակը»), եւ ընդհանուր բնաւորութիւն: Այս «արտայայտութիւններ»ուն իւրաքանչիւրը առաձին, հակիրճ եւ համապատասխան յղումներով վերլուծելէ յետոյ, Գարեգին Խաժակը կ’եզրականցնէ, որ «Ազգ կոչւում է մարդկանց այն խումբը, որ դարեր շարունակ, սերնդից-սերունդ, ապրելով միեւնոյն բնական ու պատմական միջավայրում, իր կուլտուրային վերաբերող բոլոր հարցերը լուծել է իր համար, ինքնուրոյնաբար, դրանով ստեղծուել է, ժամանակի ընթացքում, երկար համայնակեցութեան շնորհիւ, ազգային ընդհանուր ոգի կամ ներքին, սուբեկտիւ աշխարհ, ազգային ստեղծագործութեան յատուկ ձեւեր եւ նոյն իսկ ազգային մի յատուկ ֆիզիքական եւ հոգեբանական տիպ։ Այս ձեւով, Խաժակ ազգը կը բանաձեւէ որպէս «բնապատմական երեւոյթ», այսինքն՝ սաղմային ինչոր սկիզբէ մը ծնունդ առած հասարակական զարգացման գործընթաց, որ տասնիններորդ դարուն կը հասնի ժողովրդային լայն խաւերուն, ինչպէս ցոյց կու տայ աշխատասիրութեան հինգերորդ գլխուն մէջ. «Այո՛, XIX դարի կէսերում ազգային դէմօկրատիական շարժումը, որ անհրաժեշտ նախապայման է ամէն տեսակ դասակարգային — սօցիալիստական շարժման, — աստիճանաբար զօրացաւ ու հասաւ գործնական իրականացման դեռ այն ժամանակ, երբ գիտնականները չէին կարողացել մինչեւ իսկ, ինչպէս հարկն է, բնորոշել նրան։ … Եւ այսպէս՝ — դէմօկրատիզմի ու դասակարգային գիտակցութեան հետ միասին զարթնում ու վերստեղծւում է ազգային գիտակցութիւնը։»

Խաժակի հետեւումով ազգութեան երեւոյթի բնապատմական հոլովոյթի զարգացման մէջ «սփիւռք»ը տեղ չունի: Չէր կրնար ունենալ այն հաւաքական ինքնութեան ընկալումով, որով Ցեղասպանութիւն վերապրած եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ հայրենիքէն դուրս հաստատուած հայութիւնը ինքզինք ճանչցաւ որպէս «Սփիւռք»՝ յղացք մը, որ տարածուեցաւ եւ գործածութեան դրուեցաւ հաւանաբար 1930-ականներուն: Այնպէս ինչպէս Սփիւռքը երկար ժամանակ ինքզինք ընկալեց որպէս Շահնուրեան «Նահանջ[ը] առանց երգ»ի, հաւաքական ինքնութեան հասկացողութիւնը բնապատմական զարգացում չէր կրնար նկատուիլ, որովհետեւ, փաստօրէն, այն կ’ընկալուէր որպէս ազգի բնապատմական զարգացման կտրուկ ընդհատում: Թերեւս այդ է պատճառը, որ հաւաքան վերապրումի բնազդը աշխարհասփիւռ հայութեան մղեց իր գոյութիւնը սահմանել տեսական թէ գործնական իմաստով շարունակելով Զարթօնքին եւ ազգային-ազատագրական շարժման ծնունդ տուած մտածողութեան հիմնական բանաձեւումներուն վրայ, այսինքն ինքզինք բնութագրել որպէս «աքսորեալ ազգ»: Այդպէս ալ ծնունդ առաւ այն ինչ կարելի է սահմանել որպէս Սփիւռքեան առաջին յարացոյցը եւ անոր գործնական ծրագիրը՝ հայապահպանում:

Այդ մէկը մէկ օրէն միւսը առնուած որոշում մը չէր, այլ՝ համայնքային կառոյցներու առաջացման գործընթացին հետ ծնող եւ կայացող խօսոյթի մը հիմնադրոյթներու սահմանումը գրականութեան, հրապարակագրութեան, կրթական ծրագիրներու թէ հանրային ելոյթներու ընդմէջէն: Անկախ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու գաղափարախօսական տարբեր ուղղուածութիւններուն, որոնք հիմնականօրէն բաժանման գիծը դրին Հայաստանի խորհրդային իրականութեան հետ առաւել կամ նուազ չափով հաշտուած եւ այդ իրականութեան ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքի մը իտէալին յանձնառութիւնը հակադրած հատուածներուն միջեւ, Սփիւռքեան ծրագիրը, հայապահպանումը, իր քաղաքական հասկացողութեամբ ունէր հասարակաց յայտարար մը՝ Խաժակի «ազգային յատկութիւններ»ու շարքին հայրենիքը, «միեւնոյն բնական ու պատմական միջավայր»ը: Ընդ որում, ի՞նչ է Սփիւռքը հարցումը չէր կրնար դրուիլ առանց սկզբնական պայմանաւորումի մը՝ անկարելի էր ազգային հաւաքականութիւնը ընկալել առանց հայրենիքի, իրական կամ իտէալական, ուր այս կամ այն ձեւով «վերադարձը» ինքնին կը պայմանաւորէր ամէն խօսոյթ:

Յետ-խորհրդային ժամանակաշրջանին եւ յատկապէս Պաղ Պատերազմի առաջին հանգրուանին, երբ համաշխարհային կարգը ինքզինք հաստատագրեց որպէս երկբեւեռ, գաղափարախօսական սուր հակադրութիւնը «անկախ պետութիւն» եւ «հայրենիք» հասկացողութիւնները եթէ նոյնիսկ չէր շփոթեր, կամ ճիգ կ’ընէր չշփոթելու, յաճախ կը տեղադրէր շփոթի առիթ տուող մոխրագոյնի մը մէջ: Խորհրդային Հայաստանի պայմաններն ալ հեռու էին քաշողական ըլլալէ. ստալինեան բռնակալութեան յստակ չկամութիւնը՝ երկրի դռները բանալու հայրենադարձութեան առաջ, ներգաղթի տռամը եթէ ոչ թշուառութիւնը կամ ողբերգութիւնը, բայց նաեւ խորհրդային լաւագոյն տարիներուն (1970-ականներ) թէկուզ եւ հոն ուսանած սփիւռքեան հատուածին համար մասնագիտական ասպարէզի փնտռտուքը եղաւ զարգացած կամ այդ թուականներուն գործի մեծ կարելիութիւններու դուռ բացած Երրորդ Աշխարհի երկիներուն մէջ, ոչ թէ աշխարհի երկրորդ գերպետութեան տարածքին: Արդիւնքով, մինչեւ 1960-ականներու աւարտ, Սփիւռքեան յարացոյցէն անդին անցնող մտածողութիւն մը չառաջացաւ: Չկամութիւնը չէր պատճառը: Կարիքը չէր զգացուեր:

Սփիւռքի մտածողութիւն սկսաւ ձեւաւորուիլ 1960-1970 թուականներուն: Ցեղասպանութեան Յիսուներորդ Տարելիցը եղաւ բեկումնային այն շրջադարձը, որ ներգաղթը չէր եղած: Կամ եղած էր ժխտական իմաստով՝ հաստատելով ազգային թէ անհատական զարգացման անկարելիութիւնը խորհրդային վարչակարգի պայմաններուն մէջ: «Սփիւռք ըլլալ»ու նախանձախնդրութիւն մը սկսաւ բանաձեւուիլ յատկապէս գրականութեան խօսոյթին մէջ, մինչ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ի դէմս Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ամէն բնոյթի նախաձեռնութիւններուն Սփիւռքի քաղաքականացման տուաւ շատ աւելի ակտիւ քան պահպանողական յատկանիշ: Պատահական չէր 1965-1985/87 տարիներու հաւաքական հոգեփոխութիւնը որ, անշուշտ, պիտի տեղադրել նաեւ միջազգային իրադարձութիւններու, հասարակագիտական տեղաշարժերու եւ իմաստասիրական նոր ուղղուածութիւններու ոլորտին մէջ:

Առանց անոնց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, այս յօդուածի առաջադրած բանավէճի ծիրին մէջ կարեւորութեամբ պիտի նշել սփիւռքագիտութեան ձեւաւորումը Արեւմտեան, ի մասնաւորի Հիւսիս Ամերիկեան, ակադեմիայէն ներս, եւ նոր տեսութիւններու շարքին սփիւռքեան գոյավիճակը որպէս անդրազգային երեւոյթ հասկնալու առաջադրանքը: Սփիւռքագիտութեան առաջընթացը թոյլ կու տայ բանաձեւելու ի՞նչ է Սփիւռքը հարցումը, որ Գարեգին Խաժակ քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան հաւանաբար ոչ իսկ կրնար մտքէն անցնել, հակառակ որ, ինչպէս այլ ժողովուրդներու պարագային, հայրենիքէն դուրս համախումբ կեցութիւնը պատմական իրողութիւն է դեռեւս հինգերորդ դարէն սկսեալ:

Այդ հարցումին պատասխանի փնտռտուքը սկսաւ Սփիւռքեան գործընթացի բեկումնային այդ տարիներուն: Մտաւորական արտադրութիւնը, սակայն, իր տեղը չգտաւ համայնքային հաստատութիւններուն մօտ: Այդ մէկը թերեւս ակնկալելի էր. շատ դժուար է իրենց բնազդով պահպանողական կառոյցներէն ներս յարացուցային փոփոխութիւն առաջացնել: Բայց նաեւ ճիշդ է, որ Սփիւռքի քաղաքական ղեկավարութիւնը որեւէ լուրջ նախաձեռնութիւն չառաւ այդ ուղղութեամբ: Այդ մէկը եւս հասկնալի է եթէ ի մտի ունենանք Հայ Դատի պահանջատիրութեան քաղաքական ակտիւիզմի ստեղծած բառացիօրէն կլանող խանդավառութիւնը. «կենդանի գործ»ը մի՛շտ աւելի տպաւորիչ ու քաշողական եղած է քան մտածողութիւնը:

Դժբախտաբար, սակայն, 1988-էն յետոյ, ի՞նչ է Սփիւռքը հարցումը մոռացութեան մատնուեցաւ, օրակարգի չվերածուեցաւ, ծնունդ չտուաւ կենդանի մտածողութեան մը, հակառակ որ անոր հիմերը արդէն նետուած էին: Առանց բազմիցս բանաձեւուած քննադատութեան մանրամասնութեանց երթալու, եւ յիշեցումի կարգով միայն պիտի նշել, որ շատ հասկնալիօրէն Ղարաբաղեան Շարժում, երկրաշարժ, անկախութիւն եւ Արցախեան առաջին պատերազմ եւ յաղթանակ, այսինքն՝ «դէպի երկիր» գործընթաց մը շատ լայն իմաստով, մինչեւ 1994, նոյնքան եթէ ոչ աւելի խանդավառութեամբ կլանեցին սփիւռքեան ակտիւիզմը: Սակայն, ցաւօք սրտի, հակառակ դեռեւս 1999-ի ՀայաստանՍփիւռք առաջին խորհրդաժողովին կարգ մը սփիւռքահայ մտաւորականներու բարձրաձայն հնչեցուցած զգուշացումներուն, ներհայաստանեան գործընթացները մնացին տիրապետող սփիւռքեան բանաւոր թէ գրաւոր խօսոյթին մէջ: Սփիւռքը իր օրակարգը չկարողացաւ փոխադրել քսանմէկերորդ դար:

Սփիւռքի շատ հատուածներու եւ անհատ մտաւորականներու մօտ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ընթացքի վերիվայրումներու պատճառած յուսախաբութիւնը հաւանաբար շատոնց սկսած է: Սփիւռքի մտաւորական պատմութեան ապագայ ծրագիր մը թերեւս առանց բարդոյթի հանգամանօրէն անդրադառնայ անոր: Բայց կասկած չկայ, որ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմը, պարտութիւնն ու անոր յաջորդած հանգրուանի համընդհանուր հիասթափութիւնը անկիւնադարձ մը եղաւ: Պարտութեան եւ շարունակուող պարտուողականութեան հիասթափութեան մէջ համենալու վտանգաւոր փորձութենէն դուրս գալու համար, եւ Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ 2022-ը Սփիւռքի Տարի հռչակելու մեկնարկային նախաձեռնութեան ծիրին մէջ է որ ի՞նչ է Սփիւռքը հարցումը դուրս պիտի բերել մոռացութենէ եւ տեսնել անոր պատասխան մը գտնելու ճիգի կամ ճիգերու առկայութիւնը:

Այդ պատասխանի փնտռտուքը կրնայ լոկ մտամարզանք մը ըլլալ հետեւեալ մարտահրաւէրով. կարելի՞ էր Գարեգին Խաժակի «ազգային յատկանիշներ»ու շարքին բանաձեւել սփիւռքեան գործօնը ի մտի ունենալով ազգութեան հասկացողութիւնը որպէս բնա-պատմական երեւոյթ եւ անոր զարգացումը քսաներորդ դարէն քսանմէկերորդ դար: Նման կարելիութիւն շատ հաւանաբար ազգութեան մասին հարցումի պատասխանին գիտական ուսումնասիրութիւնը պարտի արդիականացնել ի մտի ունենալով ոչ միայն ազգի դրոյթի մասին նորագոյն մասնագիտական գրականութիւնը, այլ նաեւ սփիւռքագիտութեան բանաձեւած տեսութիւնները: Ամէն պարագայի, նոյնիսկ եթէ նման ճիգ մը ինքզինք կ’արդարացնէ, արդիւնքը կրկին պիտի ըլլայ սփիւռքեան հասկացողութիւնը ենթադրել ընդոծին՝ ազգութեան հասկացողութեան: Այլ խօսքով՝ կարելի չէ որեւէ սփիւռքեան երեւոյթի մասին խօսիլ առանց ենթադրելու որ այն հետեւանք է ազգային հաւաքականութեան մը բնա-պատմական զարգացման: Այս մօտեցումով դրուած ի՞նչ է Սփիւռքը հարցումը չ’ենթադրեր Սփիւռքեան երբեմնի յարացոյցի փոփոխութիւն, լաւագոյն պարագային կրնայ գրաստեղծագործական նորարութիւն մը ըլլալ առկայ խօսոյթին, ոչ իսկ բանաստեղծութիւն այլ՝ ոտանաւոր որուն ձաձնրացուցիչ կրկնութիւնը կը տեսնենք ամէն օր: Աւելի՛ն, ի՞նչ է Սփիւռքը հարցումը ներառելով ի՞նչ է ազգութիւնը հարցումին մէջ, «Սփիւռք ըլլալ»ու հաւաքական ինքնութեան գոյութենականութեան համարձակ ծրագիրը, որուն առաջարկը բերած էր արդէն 1970-ականներու սերունդը, կ’իմաստազրկուի, կրկին կը մատնուի մոռացութեան:

Կը մնայ որ «ի՞նչ է Սփիւռքը» հարցումին պատասխանի փորձը ընթացքի մէջ է ի դէմս հաւաքական ինքնութեան տարբեր «յատկանիշներ»ուն -որդեգրենք Խաժակեան յղացքը- գործնական ոլորտին մէջ յղացուած ծրագիրներով: Արեւմտահայերէնին կը վերաբերին անոնք, արխիւներու թուայնացման, հանրային կարծիքի պեղումին, համայնքային կազմակերպութիւններու կամ ներկայացուցչութիւններու արդիականացման եւ մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի հանգրուանը կոնկրետ նախաձեռնութիւններով իրականութիւն դարձնելու յանդուգն քայլերուն: Շարքը կարելի է երկարել, թէեւ, պարզ է, ոչ ամէն նախաձեռնութիւն ունի միեւնոյն լրջութիւնն ու որակը: Ի՞նչ է Սփիւռքը, փաստօրէն, «Սփիւռք ըլլալ»ու ծրագիրներն են որոնց սփիւռքեան օրակարգի վերածելու համադրողական ճիգը, դժբախտաբար, տակաւին կը բացակայի: Մարդկային հաւաքականութեան համաշխարհայնացման ներկայ հանգրուանին եւ թուայնացման գործընթացով հետզհետէ վիրտուալացող գործընթացին մէջ, սփիւռքեան ծրագիրներու «համադրողական ճիգը» պիտի չհասկնալ ինչ որ «կեդրոն»ի կամ «ներկայացուցչական մարմնի» ստեղծումով: Նման հնամաշ ծրագիրներու մասին մտածելը կը նշանակէ մնալ երբեմնի Սփիւռքի յարացոյցի անցեալին մէջ: Սփիւռքի անդրազգային իրականութեան համաշխարհային ցանցաւորումը առանձին սփիւռքեան ծրագիր մըն է, որուն իրականացումը թերեւս ոչ միայն պատասխան մը բերէ ի՞նչ է Սփիւռքի հարցումին, այլ՝ ուղի հարթէ ազգութեան որպէս բնապատմական երեւոյթ զարգացման գործընթացը ընկալելու քսանմէկերորդ դարուն:

ԽԱՉԻԿ Տէր Ղուկասեան
Միջազգային Հարցերու Մասնագէտ, Դոկտոր

Արժանթին
horizonweekly.ca

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company