ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Յարուցեալ Արշակ թագավոր

21 Հոկտեմբեր 2022

Ուքրանիոյ քաղաքներուն վրայ տեղացող հրթիռներէն աւելի հնչեղ «ռումբ» մը պայթեցաւ Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբերին, դարձեալ Լոնտոնի մէջ. 45 օր առաջ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած Լիզ Թրաս հրաժարական տուաւ, յայտարարելով, որ անկարող է իրականացնելու այն խոստումները, որոնց հիմամբ յաջորդած է Պորիս Ճոնսընի:

Լոնտոնէն հնչած քաղաքական ռումբը բնականաբար իր վրայ կեդրոնացուց թէ՛ Բրիտանիոյ եւ թէ աշխարհի մեծերուն ու փոքրերուն ուշադրութիւնը: Բրիտանիոյ քաղաքական ելեւէջներուն հետեողներ ըսին, որ պատահած է անխուսափելին, եւ բացին յաջորդի մը «ընտրութեան» սակարանը: Յաւակնորդներուն շարքին է նոյնինքն… Ճոնսըն (ինչպէս որ Թրամփը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ…):

Մեկնաբանութիւններու հեղեղն ալ վարարած գետի նման է: «Պրեքզիթ», տնտեսական-հարկային ձախորդ քաղաքականութիւն, Պահպանողական կուսակցութեան մէջ ներքին հակամարտութիւններ, այսինքն՝ աթոռակռիւ, Ուքրանիոյ տագնապէն տարածուող «թափօններու» կուտակում եւ… շարքը երկար է:

Պէտք չունինք մտնելու եղածին մանրամասնութիւններուն մէջ, ո՛չ ալ իտէալականացնելու պատահածը: Մէկ բան յստակ է ըստ ամենայնի: Թրասի հրաժարումը պահպանողականներուն որոշումով տեղի ունեցաւ (միայն յիշատակենք, որ վերջին շաբաթներուն, այժմ հրաժարեալ վարչապետը ի միջի այլոց կացինահարեց երէկի իր գործակիցներէն քանի մը պարագլուխներ, ասֆալթին փռեց շահատուրքերու փոփոխութեան իր ծրագիրը արգելակել-բարելաւել ուզողները եւ այլն): Բացայայտ է, որ մարդիկ տեղ մը տեսան, որ իրենց ընտրեալը սխալներու շարանով մը կը կիրարկէ վնասարար ընթացք, հետեւաբար, ընդդիմադիրներէն առաջ, իրե՛նք քայլ առին եւ մերժեցին անոր պաշտօնավարութեան շարունակումը:

Ստեղծուած տագնապներուն միակ պատասխանատուն Թրասը չէր, բնականաբար: Նախկիններն ալ՝ Ժոնսըն, Մէյ եւ ուրիշներ մեծ բաժին ունէին, սակայն եզրակացութիւնը այն է, որ անկախ բոլոր մեկնաբանութիւններէն եւ հակամարտութիւններու փոթորիկէն, վարչապետը նկատուեցաւ գլխաւոր պատասխանատուն եւ ան գոնէ քաջութիւնը ունեցաւ յայտարարելու իր անկարողութիւնը, 10 Տաունինկ Սթրիթի (վարչապետարան) դուռը բացաւ եւ դուրս եկաւ: Ան ո՛չ իր երկիրը անդառնալի կործանումի տարած էր, ո՛չ հողատարածքներ կորսնցուցած էր, ո՛չ ալ յամառօրէն կառչած մնաց իր վնասարար երթին, սպասելով, որ ծափահարող «ուսապարկեր» գտնուին: «Խոստացայ, անկարող եմ խոստումս յարգելու, մնաք բարով, թող գործէ հասկցողը գայ եւ շարունակէ երթը»:

Երկրորդական է, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ յաջորդը: Այսինքն, պահպանողականները պիտի յաջողի՞ն նոր ղեկավարի մը շուրջ համաձայնիլ, թէ երկիրը պիտի իյնայ նոր խորհրդարանի մը ընտրութեան ոլորապտոյտին մէջ, շատ աւելի լայն բանալով «Փանտորայի տուփ»ին կափարիչը: Վաղը սեւ ու սպիտակ ծուխեր կրնան իրարու յաջորդել եւ նոր հաւասարակշռութիւն բերել, ԵՐԿՐԻՆ ՈՒ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ խորագիրին տակ: Այլ երկիրներ բացայայտ դարձուցած են որ (եւ ատիկա բնական ընթացք է) Բրիտանիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները կախեալ չեն վարչապետի անձէն, ո՛չ իսկ երկրին ղեկը ստանցնող կուսակցութեան գոյնէն: Յարաբերութիւնները ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ կը շարունակուին անփոփոխ ընթացքով, միշտ եւ մի՛շտ հասարակաց շահերու հաշուարկով ու անոնց միջեւ ներդաշնակութիւն ստեղծելու նախանձախնդրութեամբ (իսկ երբ տեղ մը շահերը խաչաձեւուին, կ’ունենանք, օրինակի համար, Ուքրանիա…):

***
Լոնտոնն ու Ուքրանիան ձգենք արեւմտեան կողմն աշխարհի եւ պահ մը դիտենք մեր «փոքր ածու»ի նորագոյն իրադարձութիւնները:

Նորագոյն – եւ համեմատաբար դրական – զարգացումը՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի Հայաստան այցելութիւնն էր, որ յանգեցաւ Կապանի մէջ (կանխորոշուած) իրանեան հիւպատոսարանի բացման: Նկատի ունենալով Հայաստանի հարաւային գօտիին եւ անոր սահմանամերձ շրջանին մէջ վերջին շաբաթներու ուշագրաւ զարգացումները, ապա նաեւ՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ Իրանի կեցուացքին մէջ արձանագրուած նորութիւնները (որոնք յամենայնդէպս նորութիւն չեն, սակայն հակադրութիւնները աւելի յստակ բառերով եւ գործքով արտայայտուեցան), Ապտոլլահեանի այցելութիւնը հարցում ստեղծեց, թէ արդեօք Հայաստանի վարիչները ի վերջոյ սկսա՞ծ են մօտենալ իրականութիւնները պարզ աչքով տեսնելու վիճակին: Պոլթընի այցելութենէն ետք, ու ամերիկեան իրերայաջորդ պատուիրակութեանց այցելութիւններու առիթով, ապա նաեւ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի հետ արեւմտեան հովանոցի տակ երեւանցիներուն աշխուժացուցած բանակցութիւններուն լոյսին տակ (այլ մանրամասնութիւններ զեղչենք պահ մը), Իրան բացայայտ մտահոգութեամբ հետեւած էր երեւանցիներուն շարժումներուն: Նորագոյն մտահոգութիւնը արձանագրուեցաւ քանի մը օր առաջ, երբ եւրոպացի դէտեր Հայաստան հասան: Երեւանի մէջ Ապտոլլահեանի յայտարարութիւնները ցոլացումն էին այդ մտահոգութիւններուն, մանաւանդ զինք Հայաստանէն խզելու արեւմտեան (ներառեալ Իսրայէլի) ճիգերուն ստեղծած մտավախութեանց:

Բնական է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ ինքզինք հարկադրուած զգայ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՒ Իրանի (կամ ոերեւէ այլ երկրի) քմահաճոյքներուն, սակայն կայ այլ իրականութիւն մը. պէտք է որդեգրել յարաբերութիւններու հաւասարակշռեալ ուղի մը, որմէ առաւելագոյնս (եւ ըստ կարելւոյն) օգտուի Հայաստանը, սկսելու համար՝ ետդարձ կատարել կորստաբեր հեռացումներէ:

Մինչդեռ, վերջին ամիսներուն (եթէ ո՛չ՝ աւելի երկար ժամանակէ ի վեր), Հայաստան բացայատօրէն իր նաւուն առագաստները աւելի լայն բացած է Արեւմուտքէն փչող հովերու դիմաց: Պրիւքսէլեան բանակցութիւններ, եւրոպացի դէտերու հիւրընկալում, առանց ապահով ըլլալու, որ այդ խմբակը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ապահովութիւն պիտի բերէ մեր հայրենիքին: (Պորէլ մը յստակ պատգամ տուաւ. կը բաւականանանք Ազրպէյճանի չարագործութիւնները դատապարտելով, սակայն գործակցութիւնը պիտի չխզենք ձեր սեւ աչքերուն սիրոյն): Անդին, փորձեր ընել՝ ՀԱՊԿին հետ թուլացած կապերը որոշ չափով վերաշխուժացնելու եւ յայտարարել՝ որ արեւելեան զինակցութենէն ալ կարելի է դէտեր հիւրընկալել սահմանին վրայ (անոնց խաթրին ալ չդպնանք)…: Այս բոլորը եթէ պահ մը կարելի է իբրեւ «վարպետի հարուած» դիտել, միւս կողմէ, կարելի չէ լիովին փարատած տեսնել Հայաստանի շուրջ-բոլորը «ծաղկող» միջազգային փոթորիկը, որ ահա պատճառ է գլխապտոյտին (եթէ ոչ հետեւանք՝ գլխապտոյտի մատնուածներու վարմունքին): Այօ, Իրան չի յայտարարեր թէ յաւակնութիւններ ունի Հայաստանի հողերուն նկատմամբ, բայց վստահաբար տեղ մը արթուն կը մնայ այն յուշը, թէ 1828՛էն առաջ Երեւանն ու այլ շրջաններ խանութիւններ էին, այսինքն՝ իրանեան ազդեցութեան գօտի պէտք է մնան… բարեկամաբար, չվերածուին Իրանի դէմ իսրայէլեան, թրքական եւ արեւմտեան կապանքներու յենարանի:

***
Գլխապտոյտի վիճակին մէկ այլ դրսեւորումն ալ՝ Հայաստանի վարիչներուն հակասական կեցուածքներն ու յայտարարութիւններն են: Մէկ կողմէ, Ազրպէյճանը արդա՛րօրէն եւ իրաւացի՛օրէն կը դատապարտեն իբրեւ նախայարձակ, խաղաղութեան ճիգերը խափանող, իբրեւ անընդունելի՝ առաւելագոյնը պահանջող կողմ, իսկ միւս կողմէ, յամառօրէն կը պնդեն, որ վաղը-միւս օր բանակցութիւնները պիտի շարունակեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ:

Պարզ խօսքով, ստեղծուած է պատկեր մը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ կը յիշեցնէ… Արշակ թագաւորը: (Վստահ ենք թէ ո՛չ ոք մոռցած է Շապուհի արքունիքին մէջ, հայկական եւ պարսկական հողի վրայ կոխելու պահուն, Արշակ թագաւորի կեցուածքի փոփոխութեան մանրավէպը): Հիմա, մէկի փոխարէն, բազմաթիւ Արշակ թագաւորներ ունինք Երեւանի իշխանական խմբակին մէջ…: Եւ նոյն Արշակ թագաւորները վերջերս կը կարծեն նոր գիւտ մը ըրած ըլլալ. հակադրութիւններ տեսնել – եւ քաջալերել – Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ, մոռնալով, որ Ազրպէյճանը ո՛չ միայն լիարժէքօրէն կլանուած է Թուրքիոյ կողմէ, այլ անոր հետ գործակցութեան նորանոր քայլեր կ’առնէ ամէն օր. Ապտոլլահեանի Երեւան այցելութեան զուգահեռ, Էրտողան եւ Ալիեւ Արցախէն խլուած հողի վրայ նոր օդակայան մը կը բանային…

***
Ճիշդ է. շատեր մտահոգ են, որ Հայաստանը հետզհետէ աւելի՛ խորը կը մխրճուի միջազգային մրցակցութիւններու տիղմին մէջ, ամէն օր կը շեշտուի, թէ Հայաստան պէտք է իր եղունգները սրէ եւ նախ իր գլուխը քերէ իր ձեռքով (յիշենք Խրիմեան հայրիկը), յետոյ նաեւ այդ գործիքը ի սպաս դնէ իր շուրջ սաստկացող փոթորիկին հովերը քիչ թէ շատ մեր շահերուն պաշտպանութեան լծելու – եւ սա քաղաքական ու դիւանագիտական հասունութիւն կ’ենթադրէ -, սորվի կարդալ տեսանելի եւ անտեսանելի պատգամները:

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ամէն օր կը կրկնեն, թէ Հայաստանէն առնելիքներ ունին, տալիք չունին, Հայաստանը կ’ամբաստանեն իբրեւ յարձակապաշտ, համաձայնութիւններէն ետդարձ ընող, մինչդեռ կրակողն ու ռմբակոծողը միշտ ալ Ազրպէյճանն է (տեսնենք վաղը դէտերը որքա՞ն արդար պիտի ըլլան), իսկ Երեւան ընդհանրապէս կրաւորականութեամբ կ’արձագանգէ, չի մտածեր իսկ իսկական վարպետի խաղ մը խաղալ եւ յայտարարել, որ կրնայ բանակցութիւնները դադրեցնել, եթէ թշնամանքն ու (այլապէս անարդար) համաձայնութեան կէտերուն անտեսումը շարունակուի:

Փոխարէնը՝ կը թմբկահարուի ընթացք, որ իրողապէս կը նուիրականացնէ Ազրպէյճանի բոլոր անիրաւութիւնները, սահմանազատման սեղանի պատրաստութիւնը կը շարունակուի այն տրամաբանութեամբ, որ Արցախն ու Հայաստանէն պատառիկներ վերջնականապէս ու պաշտօնապէս պիտի ընդունուին իբրեւ Ազրպէյճանի (ըսել է նաեւ Թուրքիոյ) հող, եւ փորձ կը կատարուի այս բոլոր ծախելու իբրեւ Հայաստանը փրկելու քայլ, Հայաստան մը, որ (կ’ըսեն: «երանի թէ ունենայ») 29 800 քառ. քլմ. տարածք, պարզ խօսքով, նուիրականացնել ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմին աղէտալի հետեւանքները, այլ նաեւ Հայաստանին պարտադրուող (այս հանգրուանին) սահմանները: Եւ տակաւին, կը խոստովանին, թէ Ազրպէյճանի ախորժակները կրնան հոն կանգ չառնել, որովհետեւ կայ… համաթուրանական ծրագիրը: Կրկնելով կը կրկնեն, թէ Հայաստան այլեւս ընելիք չունի Արցախի իրաւունքներուն պաշտպանութեան համար, ատիկա ռուսերուն գործն է (ինչպէս որ Հայ Դատի հետապնդումը Սփիւռքի պարտականութիւնն է, հոն ալ ձեռքերը լուալու խաղ եղաւ…)

***
Հայաստան-Արցախն ու Սփիւռքը կը տուայտին Արշակ թագաւորներու վարմունքին ստեղծած թմբիրին մէջ: Կան «իմաստուններ», որոնք (ընդդիմադիրները ձաղկելու կոյր մոլուցքով) քմծիծաղով հարց կու տան, թէ «Լաոն ե՞րբ պիտի արթննայ», մոռնալով, որ Լաոն նստած է իւրաքանչիւր հայու էութեան մէջ, եւ թէ՝ ԲՈԼՈՐ ԼԱՈՆԵՐՆ են որ պիտի գտնեն հանելուկին պատասխանը, առաջին հերթին փակելով նորօրեայ Արշակ թագաւորներուն «դարաշրջանը»:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company