ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ակնարկ. Ի՞նչ Հաղորդեց Ուաշինկթընը

10 Նոյեմբեր 2022

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Նետ Փրայս տասը օր առաջ մեկնաբանելով Սոչիի եռակողմ հանդիպումը կը վերաշեշտէր, թէ իր պետութիւնը պիտի շարունակէ ներգրաւուիլ յաջորդ ամիսներուն` դիւրացնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի հոլովոյթներու հետ, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի կազմակերպութիւններու միջոցով քննարկումները:

Այստեղ որեւէ սլաք չկայ ռուսական միջնորդութեան. կայ սակայն յստակ փոխանցում, որ Ուաշինկթընը պիտի շարունակէ աշխուժօրէն ներգրաւուած մնալ այս գործընթացին: «Յաջորդող ամիսներ» բառակապակցութիւնը մտածել կու տայ, որ մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու ժամկէտը կը հեռանայ այս ձեւով: Ըստ Նետ Փրայսի, յաջորդող ամիսներուն քննարկումները պիտի շարունակուին: Երկրորդ յատկանշական նշումը` «բազմակողմանի կազմակերպութիւններն են», որոնք եւս պիտի ներգրաւուին այս բանակցութիւններուն եւ քննարկումներուն: Կը թուի, որ խօսքը առաւելաբար եւրոպական կառոյցներուն կը վերաբերի, գուցէ նաեւ յատկապէս` ԵԱՀԿ-ին:

7 նոյեմբերին Ուաշինկթընի մէջ փակագիծերը աւելի կը բացուէին, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Երեւան-Պաքուի միջնախարարական ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կը յայտարարէր, որ Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան. եւ թէ` 1991 թուականի անկախութեան վերականգնումը կենսականօրէն կարեւոր պահ էր երկու երկիրներու իրաւունքներու երաշխաւորման համար. իրաւունքներ, որոնց Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կ՛աջակցին:

Պլինքըն կը յայտնէր, որ արդարացի է նաեւ ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի աւելի քան երեսուն տարուան տագնապը պատճառած է հսկայական մարդկային, նիւթական կորուստներ` կորսուած կեանքեր, խոր սպիներ: «Սակայն այն, ինչ որ մենք հիմա կը տեսնենք, երկու երկիրներուն կողմէ անցեալը ետին ձգելու եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ աշխատելու իրական եւ խիզախ քայլեր են»:

Այստեղ, հայկական կողմին համար կրնայ որոշ դրական տրամադրութիւն յառաջացնել Լեռնային Ղարաբաղի յուշումը. ուշադիր ընթերցում մը պիտի բաւէ յստակօրէն իմանալու, որ հարցը անցեալին ձգելու յորդոր կայ. եւ պարզապէս մարդասիրական պարունակի մէջ պատերազմի սպիները վերացնելու ցանկութիւն: Քաղաքականօրէն անբովանդակ է ամերիկացի դիւանագէտին Արցախի մասին նշումը: Կը մօտենայ հաւանաբար «Արցախի հարցը անցեալ է» Պաքուի յայտարարութիւններուն:

Յետքայլը սակայն այլ ուղղութեան վրայ է. պաշտօնական Ուաշինկթընը քանի մը անգամ պահանջեց Պաքուէն հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժած իր զօրքերը վերադարձնելու ելման կէտեր: Այստեղ նահանջ կայ այդ պահանջէն: Աւելի ճիշդ, այդ պահանջը կը բացակայի յայտարարութենէն:

Պլինքըն պարզ դարձուցած է նաեւ այն, որ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրի տարրերուն վերաբերեալ եւ արձանագրած, որ գոյութիւն ունին շարք մը խնդիրներ, որոնք տակաւին հասցէագրման կարիք ունին: Երկու կողմերը վերահաստատած են 6 հոկտեմբերին Փրակայի եւ 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն ստանձնած յանձնառութիւնները, կ՛արձանագրէ ամերիկացի գլխաւոր դիւանագէտը:

Սոչիի յիշատակումը Փրակայի կողքին Ուաշինկթընի մէջ կ՛ընդգծէ ամերիկեան մօտեցումը ռուսական եւ արեւմտեան միջնորդները փոխլրացուցիչ նկատելու: Կարեւոր կէտը այստեղ այն է, որ Պլինքըն եւս իր մամլոյ քարտուղարին նման կը խօսի գործընթացին երկարատեւութեան մասին, երբ կը շեշտէ, թէ գոյութիւն ունեցող խնդիրները տակաւին հասցէագրման կարիք ունին: Գործընթացին երկարատեւ ըլլալը կը հարուածէ Ազրպէյճանի շտապողականութիւնը` համաձայնութիւնը մինչեւ տարեվերջ կնքելու, միւս կողմէ արդէն իսկ յայտարարուած հասցէագրումը վերստին ճշդելի կը դարձնէ: Ուաշինկթընը հասցէագրած էր իր մեղադրանքը Ազրպէյճանին` պահանջելով ելման դիրքեր վերադարձ: Հիմա ընդհանրացուցած է խնդիրը նման ձեւակերպումով:

Գործընթացը երկարատեւ նկատելու ամերիկեան այս կեցուածքը բնականաբար չվրիպեցաւ Պաքուի արտաքին գործոց նախարարի ուշադրութենէն, որ անմիջապէս հակազդեց` յայտարարելով, որ Պաքուն պատրաստ է կարելի եղածին չափ արագ ստորագրելու հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Հերթը դարձեալ ամերիկացի պաշտօնեային էր հակազդելու: Այսպէս. Նետ Փրայս կը շեշտէր, որ «Միացեալ Նահանգներ չեն փորձեր, չեն ուզեր եւ նոյնիսկ չեն ալ կրնար համաձայնագիր պարտադրել երկու կողմերուն: Մենք պարզապէս կը տրամադրենք վայր եւ կը ստեղծենք կարելիութիւն, որպէսզի երկու կողմերը հանդիպին, հասկնան իրենց տարակարծութիւնները, որոնք բաւական շատ են, եւ փորձեն հարթել զանոնք»:

Ուրեմն. «բաւական շատ» որակուած տարակարծութիւնները չեն կրնար հարթուիլ «կարելի եղածին չափ արագ» կշռոյթով, ինչպէս կը փափաքի Պաքուն:

Այստեղ կար նաեւ պատասխան` ուղղուած Մոսկուային, որ խօսած էր համաձայնութեան ամերիկեան նախագիծի առկայութեան մասին, ուր Արցախը կը նկատուէր Ազրպէյճանի մաս: Ամերիկացի դիւանագէտը կ՛ուզէր յայտնել, որ համաձայնութեան նախագիծ նոյնիսկ չեն փորձեր պարտադրել:

Վերջապէս ամերիկեան միջնորդութեամբ համաձայնութեան հասնելու համար Փրայս կու տար Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի օրինակը: Այս գործընթացին մօտէն հետեւողները կրնան պատկերացնել, որ նման օրինակ տալով ժամանակի առումով ի՛նչ ոդիսականի մասին ակնարկութիւն կ՛ընէ Ոաշինկթընի ներկայացուցիչը: Մագոգային հանդիպումներ, անաւարտ այցելութիւններ, դիւանագիտական եռուզեռ, սրբագրութիւններ, վերախմբագրումներ, տեղաշարժի եւ յետքայլի երկարատեւ ելեւէջներ…

Անշուշտ այս բոլորին մէջ պէտք է ընկալել այն, որ Ուաշինկթընը Հարաւային Կովկաս թափանցելու համար պէտք ունի երկարատեւ գործընթացներու` փուլ առ փուլ իր ներկայութիւնը այնտեղ հաստատելու համար: Արագ կարգաւորումը, այս անգամ Արցախի ուղղութեամբ, պարզուեցաւ, որ ձեռնտու չէ նաեւ Մոսկուայի համար, որ բնականաբար պիտի ուզէ իր զօրքերու տեղակայման համաձայնութիւնը երկարաձգել:

Ազդեցութեան գօտիներու հակամարտութեան մէջ եղող ամերիկեան եւ ռուսական կողմերը այս պահու դրութեամբ կը խօսին երկարատեւութեան եւ երկարաձգման մասին: Հայկական դիւանագիտութիւնը ժամանակ շահելու առումով առիթաւորուելու կարելիութիւն ունի:

«Ա.»
aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company