ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

«Հոս դաշնակցական Ցոլակն է…»

28 Նոյեմբեր 2022

…Պիտի լսէր հեռաձայնողը, եթէ պատահէր, որ Ընկեր Ցոլակը քիչ մը հեռու ըլլար հեռաձայնի գործիքէն եւ չկարենար անմիջապէս պատասխանել. հեռաձայնին վրայ արձանագրուած՝ ինքնավստահութիւն բուրող իր խօսքը պիտի թելադրէր, որ պէտք էր պատգամ մը ձգել եւ ինք անպայման կը պատասխանէր շուտով: Իսկապէս ալ, հեռաձայնողը ընդհանրապէս երկար չէր սպասեր, եւ Ընկեր Ցոլակին կատակախառն ձայնը կը հնչէր գիծին միւս ծայրէն:

Յիշատակներու անհատնում գանձեր ունէր Ընկեր Ցոլակը, եւ այդ գանձարանին մէջ անմրցելի տեղ բռնած էին ծանօթներ, ընկերներ, բարեկամներ: Բոլորին հետ ունէր հարազատի վերաբերմունք, անկախ անկէ, թէ ե՞րբ ծանօթացած էր տուեալ անձին հետ: Ու եթէ յիշենք, որ կտրած էր աւելի քան մէկ դարու կեանքի ճանապարհ, գործ-ծանօթութիւն ունեցած էր բիւրաւոր մարդոց հետ, կարելի է հետեւցնել, թէ այդ ծանօթութիւնները ինչպիսի՜ շտեմարանով մը հարստացուցած էին իր կեանքը: Օժտուած էր սուր յիշողութեամբ, այլ գանձ մը՝ որ մշտարթուն էր 100-րդ տարեդարձէ շա՜տ ետք ալ: Ու եթէ պատահէր, որ պէտք էր խօսիլ այս կամ այն ծանօթին կամ ընկերոջ մասին, խօսքը անպայման պիտի համեմուէր անձին կապուած դրուագով մը, որ իսկ պատումը անխուսափելիօրէն պիտի հիւսուէր սրամտութեամբ ու կատակով մը:

Բազում արժանիքներով օժտուած մարդ էր Ընկեր Ցոլակը, եւ առաջին հերթին՝ զուարթախոհութեամբ: Եթէ մէկուն հետ նոր ծանօթացած էր, հնարքը կը գտնէր գիտնալու, թէ ան «ինչացու է», այսինքն՝ ուրկէ՞ եկած է, ո՞ր տեղացի է (ինք հպարտ վանեցի էր), ու քիչ ետք, նորեկին հետ խօսակցութիւնը կը զարգանար այնպիսի՜ մտերմութեամբ մը, որ կարծէք թէ տասնեակ տարիներու բարեկամութիւն ու մտերմութիւն կար իրենց միջեւ:

Արհեստավարժ լուսանկարիչ ըլլալով, լուսանկարչական գործիքը իրեն համար եղած էր անհաշուելի թիւով մարդոց հետ ծանօթանալու եւ անոնց դիմանկարները որսալու անցագիր մը: Պաղտատէն մինչեւ Պէյրութ ու Միացեալ Նահանգներ, անոր ոսպնեակը որսացած էր պետական, զինուորական, կրօնական, քաղաքական, կուսակցական, ազգային եւ, մէկ խօսքով, հանրութեան կեանքին մէջ երեւելի ու քիչ երեւելի մարդոց դէմքերը, մտերմիկ պահերը: Ունէր լուսանկարներու շտեմարան մը, որ իր հարստութեամբ ու բազմազանութեամբ հազուադէպ է հայկական կեանքին մէջ:

Եթէ օրինակ առնեմ անձնական փորձառութիւնս (եւ նման փորձառութիւն ունեցողներուն միակը չեմ անտարակոյս), կը յիշեմ, թէ մեր առաջին հանդիպումը եղաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ, աւելի քան 25 տարի առաջ: Իր ժամանումէն առաջ, զրոյցի բռնուած էի Մասիս Արարատեանի հետ, որուն ծանօթ էի տարիներ առաջ, երբ «Ազդակ»ի երգիծանկարիչն էր, իսկ մենք, սկսնակ ուսանողներս, երկչոտ քայլերով կը հաւաքուէինք խմբագրատունը, Մասիսին նայելով այնպէ՛ս, ինչպէս պէտք էր նայիլ… «երգիծանքի Արարատ»ին: Ընկեր Ցոլակը «Ասպարէզ»ի խմբագրատունը մտաւ քիչ մը կորաքամակ (80-ի սեմին էր), «ծխական այցելութիւններ» տուաւ խմբագիրներուն եւ անձնակազմի միւս անդամներուն, բոլորին առատօրէն ժպիտ բաշխելով, ապա մօտեցաւ իր խոհակից Մասիսին, որ ծանօթացուց մեզ: Մեր յաջորդ հանդիպումին, քանի մը օր ետք, նոյն վայրին մէջ, մեղմ ժպիտով մը մօտեցաւ եւ՝ «Ըսէ՛ տեսնեմ, հերո՛ս, ուրկէ՞ ես, ծնողներդ ուրկէ՞ են…», եւ նմանօրինակ հարցումներու տարափով մը գրկեց զիս: Ու երբ իմացաւ, թէ ծնողներս այնթապցի էին, ժպիտը աւելի՛ լայնցաւ, որ այնուհետեւ, բազում սրամտութիւններով պիտի ակնարկէր այդ «արժանիք»իս, պիտի ընէր հազար ու մէկ կատակ, բոլորն ալ ողոքումով պարուրուած: Չեմ յիշեր, թէ իր կատակներուն մէջ վիրաւորական բառ մը եղած է, ընդհակառակն, մինչեւ իսկ ի չգոյէ գովասանքներ պիտի որոնէր ու գտնէ՛ր անպայնան:

Յետոյ, օր մը թեւանցուկ՝ զիս բարձրացուց խմբագրատան երկրորդ յարկը (այդ օրերուն, խմբագրատունը Կլենտէյլ էր), նստեցուց դիմացը եւ սեղանին վրայէն վերցուց լուսանկարչական գործիքը, ըսելով որ զիս պիտի նկարէր: Առարկեցի,, ըսելով, որ լուսանկարուիլ չեմ սիրեր, ինք պէտք է ականաւոր մարդիկ նկարէ: Բարեկամ մը փսփսաց, որ պէտք չէ նեղացնեմ Ընկեր Ցոլակը , իսկ ինք կատակելով համոզեց, որ իր ոսպնեակը միայն ականաւոր մարդոց համար չի գործածեր:
***
Տարիները սահեցան: Հանդիպումներու վայրը փոխադրուեցաւ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական ակումբի շէնքը, ուր բազմաթիւ ընկերներու հետ ինքնեկ ժամադրութիւն մը ունէր ամէն Շաբաթ առաւօտ: Հոն ունէր «մնայուն յաճախորդներ», նաեւ պատահական այցելուներ: Մագնիսականութիւն մը ունէր, որ այդ ժամերուն ակումբի այդ սենեակը կը բերէր իր կատակներուն եւ սրամտութիւններուն կարօտ ընկերները: Այլապէս, «Ասպարէզ»ի խմբագրատունը կը մնար իր յաճախավայրը: Հոն պէտք էր անցընէր շաբաթամիջի օրերու առաւօտեան քանի մը ժամերը, թերթը կարդար, անսպառ գանձարանէն ժպիտներ բաշխէր օրհնութեան պէս, ապա, կէսօրին պէտք է վերադառնար տուն, Փասատինա, վարելով իր ինքնաշարժը:
Իր պատածները կը վերակենդանացնէին իր այն ծանօթները, որոնք քալած էին իր կեանքի արահետներէն: Մինչեւ իսկ եթէ որոշ անձի մը մասին իր մէկ պատմութիւնը կրկնէր, պատումը կը հիւսուէր նոր զուարթախոհութեամբ մը, անվնաս կսմիթով մը, սակայն նաեւ անուղղակիօրէն ապացուցելով, որ պատմածին մէջ չափազանցութիւն կամ «յաւելուածներ» չկան:
***
Ու պատահեցաւ, որ աւելի քան տասը տարի առաջ, զրոյցի մը պահուն, յայտնեց, թէ կը փափաքի իր լուսանկարներու շտեմարանէն ընտրանի մը լոյս ընծայել ալպոմի ձեւով: Խորհրդակցած էր այլ ընկերներու եւ բարեկամներու հետ, գտած էր գործակցելու տրամադիր քանի մը հոգի (ո՜վ պիտի չուզէր գործակցիլ իրեն հետ), կ’ուզէր գործը գլուխ հանել առանց ուշացումի: Ու պատահեցաւ, որ այդ աշխատանքին ներգրաւէ նաեւ զիս: Եւ ահա, ստեղծուեցաւ Ընկեր Ցոլակին հետ աւելի խոր ծանօթութիւն ստեղծելու առիթ մը: Աշխատանքը երկարեցաւ քանի մը ամիսներու վրայ, ո՛չ թէ որովհետեւ դժուար գործ էր եղածը, այլ որովհետեւ հանդիպումները մեծ մասամբ կը վերածուէին իր անսպառ պատմութիւններուն բաժնեկից դառնալու պահերու: Բազմահազար լուսանկարներու մէջէն պէտք էր ընտրել հաւաքածոյին մէջ տեղադրուելիքները՝ իր ճշդած նախապատւութեան կարգով: Իւրաքանչիւր դիմանկար ունէր իր պատմութիւնը (թէ ե՞րբ եւ ինչպիսի՞ պայմաններու մէջ որսացած էր զայն), բազում դրուագնէր ունէր պատմելիք՝ իր քաղած դէմքերուն մասին, մեծ մասը՝ կատակախառն, սակայն ուրիշներու պարագային, ձայնն իսկ կը մատնէր, թէ ինչպիսի՜ յարգանք ու համակրանք ունեցած է Արշաւիր Շիրակեանի կամ նմաններու հանդէպ…: Ափսոս, որ այդ հանդիպումներուն չենք օգտագործած ձայնագիր սարք մը. այլապէս, պիտի ունենայինք ծանօթ կամ անշքութեան մատնուած բազմաթիւ անձերու մասին իւրայատուկ «Ով է նա» հատոր մը, մանր հանրագիտարան մը:

Կը ցանկար առաջին ալպոմը որբ չձգել, սակայն ատիկա մնաց երազ…

Իր անձն ալ երբեմն «զոհն» էր իր բարի կատակներուն: Իւրայատուկ հպարտութեամբ մը կը պատմէր, թէ ինք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութենէն աւելի տարեց է, որովհետեւ ծնած է այդ տարուան 18 Փետրուարին, յետոյ, կատակով մը կը շարունակէր, թէ Փետրուարեան ապստամբութիւնն ալ տեղի ունեցած էր իր տարեդարձին օրը, որովհետեւ գիտցած են որ ինք ալ նշանաւոր մարդ պիտի ըլլար…

***
Տարիները կը թաւալէին, բարեբխատաբար գանգատելու կամ դժգոհելու անձնական լուրջ պատճառներ չունէր (գոնէ երբեք նման գանգատ չեմ լսած), միակ գանգատը (եւ ահա իր անձը կատակի զոհ դարձնելու դրուագ մը) այն էր, որ հասակակիցները մէկ առ մէկ հեռացած էին այս աշխարհէն, եւ ինք կարօտաբաղձութեան իւրօրինակ ապրումներ կ’ունենար: Յաճախ կը կատակէր ըսելով. «Աստուած զիս մոռցած է. քանի՜-քանի ընկերներ իր քովը տարաւ, ես կը մնամ»: Կատակին կը պատասխանէի նոյն ալիքի կատակով մը, թէ՝ Աստուած մէկը չի մոռնար, սակայն նաեւ չ’ուզեր, որ մէկը իր գործին խառնուի, այլ կ’ուզէ, որ իր կատակներով շարունակէ պայծառացնել մեր տխուր օրերը: Ի սրտէ կը խնդար եւ… կ’անցնէինք «առօրեային մասին» մեր զրոյցին:

Հայաստանն ու Արցախը նստած էին իր էութեան մէջ: Աներեւակայելի հպարտութեամբ եւ խանդաղատանքով կ’ըսէր, թէ Անկախութեան վերահաստատումէն ետք, աւելի քան 20 անգամ այցելած էր հայրենիք, հոն ալ ունէր ծանօթներու եւ բարեկամներու ստուար բազմութիւն մը, որոնց շարքին էին գրողներ, քաղաքական-կուսակցական դէմքեր, սակայն նաեւ հերոս տղաք, ֆետայիներ եւ հայրենիք պաշտպանողներ: Մանրավէպերը հիմա նոր աշխարհակալութիւն մը տարածած էին իր կեանքին մէջ, եւ այդ բոլորը կը կենսաւորէին զինք, հաւանաբար պատճառ մըն էին, որ (իր բառերով) Աստուած մոռնայ զինք…:

Վերջին երկու-երեք տարիները զինք ալ մատնեցին պարտադիր բանտարկութեան: Համաճարակը գլխաւոր պատճառն էր, սակայն ոչ՝ միակը: Գլխաւոր մխիթարանքն էր հեռաձայնային զրոյցները՝ ծանօթներու եւ ընկերներու հետ: Պայծառ միտքն ու զուարթախոհութիւնը երբեք չլքեցին զինք, ինք ալ հաւատարմօրէն մնաց զուարթախոհութեան կրողը: Աւելի քան երկու տարի առաջ, Արցախի մեծ մասին կորուստը, հազարաւորներու նահատակութիւնը եւ հայրենիքը անկումներու տանող իրադարձութիւնները հարուածներ հասցուցին նա՛եւ իրեն: Հայութեան կեանքին մէջ ստեղծուած այս ու նմանօրինակ անախորժութիւններ, կորուստներ բացայայտօրէն կը կծկէին նաեւ իր սիրտը, սակայն չէր մոռնար… Ջիւանին:

Դիմագրաւեց առողջական հարցեր, սակայն շնորհիւ իր կորովին եւ կամքին, ըստ բաւականին վերականգնեցաւ: Յետոյ, կորսնցուց կողակիցը (իր բառերով՝ զաւակներուն մայրը), հեռաձայնէն լսուող իր ձայնը սկսած էր աւելի մեղմ ու տկար հնչել, սակայն կատակախառն զրոյցները նահանջ չէին արձանագրեր:

…Հեռաձյանով հաղորդակցելու վերջին մէկ քանի փորձերս մնացին անպատասխան: «Դարձեալ կը փորձեմ»ս ալ մնաց անպատասխան: Եւ երեկոյ մըն ալ, մեր ծանօթացումին «կնքահայրը» եղող Մասիս Արարատեանը հեռաձայնեց ըսելով. «Ցաւակցութիւն. Ցոլակը…»: Յետոյ կարդացի գոյժը:

Բայց ո՞վ կ’ըսէ, թէ «Դաշնակցական Ցոլակը»՝ Յովսէփեան Ցոլակը մեկնած է: Չէ՞ որ բոլորիս յիշողութեան մէջ կան հազար ու մէկ ժպտաբաշխ դրուագ, չէ՞ որ սրամտութիւն եւ ջերմութիւն հաղորդող իր ժպիտը կը մնայն մեր մտապատկերին մէջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Այս իշխանությունների գլխավոր, հիմնական

Այս իշխանություններն այլևս չեն կարողանում խաբել և մոլորեցնել ժողովրդին, բոլոր

23 Մայիս 2025
Ընտրութիւններէն Ետք` Յաղթանակը Ամրագրե

Անգամ մը եւս Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն Հայ Յեղափո

23 Մայիս 2025
Մոնթրէալի մէջ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի կազմակերպած ժո

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան, Չորեքշաբթի, 21 Մայիս 202

22 Մայիս 2025
Երկու խեղկատակ պատկեր աշխարհէն

Միջազգային լրատու աղբիւրները ամէն օր եւ օրը քանի մը անգամ հանրութիւնը կը զբաղ

22 Մայիս 2025
Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամա

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած մի

22 Մայիս 2025
ՄԱ՞Կ․․․ Միջազգային Ներո՞ւմ

«Անարդարութիւն որեւէ տեղ՝ սպառնալիք է արդարութեան՝ ամէն տեղ»։ Մարթին Լութըր Ք

22 Մայիս 2025
Ատրպատականի հայութեան ինքնապաշտպանական

Դիլմանի եւ Ուրմիայի վճռորոշ հերոսամարտերը «Հայկական լուրեր»-ը իր 1916 թ. N

22 Մայիս 2025
Իշխանութիւնը պահելու այս վարչախումբի մ

ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան համագանատական սեմինարին որպէս պատգամախօս հ

22 Մայիս 2025
Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը հազիւ պաշտօն ստանձնած շփոթի մատնեց ամբո

21 Մայիս 2025
YouTube-ում հրապարակված երկու սենսացիո

YouTube-ում ես հանդիպեցի երկու հնարովի տեսանյութերի, որոնք աղավաղում են Հայաստ

20 Մայիս 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնակա

Պէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 18

20 Մայիս 2025
Շվեյցարացի խորհրդարանականները մեկնարկո

2025 թվականի մայիսի 26-ին Շվեյցարիայի մայրաքաղաք Բեռնում իր աշխատանքներն է մեկ

20 Մայիս 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

20 Մայիս 2025
Վիեննայի Մէջ Կատարուեցաւ Համազգայինի Ե

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը տեղ

20 Մայիս 2025
Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեց

Շաբաթ 17 Մայիս 2025 թուականին Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Մ.Ը.

20 Մայիս 2025
Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական

Կիրակի, 18 մայիս 2025-ին տեղի ունեցան Պէյրութի եւ Պեքայի քաղաքապետական եւ թաղա

20 Մայիս 2025
ՔՊ-ական մեծամասնություն ունեցող ԱԺ-ում

Oragir.News-ի «Օրակարգ» հաղորդաշարի հյուրն է ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Ազգային ժող

19 Մայիս 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ ՀՅԴ Լիբանա

19 Մայիս 2025
Ցեղասպանութեան Ընկերներ. Գերմանիան Ողջ

Կազայի մէջ 19 ամիս է Իսրայէլի կողմէ շարունակուող ցեղասպանութիւնը Պերլինի յայտ

19 Մայիս 2025
Ամբողջ շրջանը կ՛երթայ դէպի Իսրայէլի հե

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Մայիս 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company