Ինչու Իսրայէլ Պէտք Է Աջակցի Միջին Միջանցքի Ստեղծման
13 Դեկտեմբեր 2022
Իսրայէլացի քաղաքական գործիչները եւ վերլուծաբանները կը կարծեն, որ այս վարչակարգի իշխանութիւնները պէտք է աջակցին Միջին միջանցքի ստեղծման, քանի որ այդ միջանցքի զարգացումը կ’օգնէ նաեւ Իսրայէլին եւ արաբական երկիրներուն, առաւել՝ Եւրոպային եւ թրքախօս երկիրներուն։ Բացի տնտեսական օգուտներէն, այս միջանցքի ստեղծումը շատ արդիւնաւէտ կ’ըլլայ իրենց ընդհանուր թշնամիին՝ Իրանին ճակատելու համար։
Քաղաքական գործիչ, Իսրայէլի հաղորդակցութեան նախկին նախարար եւ Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Այուպ Կարա կը պատասխանէ. «Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ ու Ղազախստանի կառավարութիւնները տարեսկիզբին շրջանային փոխադրական ներուժը բարելաւելու հռչակագիր ստորագրած են։ Ատկէ ետք Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին եւ փոխադրութեան նախարարութիւնները որոշեցին, որ շրջանին մէջ պէտք է արագացուած փոխադրական երթուղիներ ստեղծուին, որոնք կը ներառեն Միջին միջանցքի երկաթուղային բեռնափոխադրութիւններու եւ լաստանաւային համակարգի զարգացումը, որ Չինաստանը կը կապէ Եւրոպային։
Անիկա կը սկսի Հարաւարեւելեան Ասիայէն եւ Չինաստանէն ու կ’անց-նի Ղազախստանէն, Կասպից ծովէն, Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ Թուրքիայէն, հասնելով հարաւային եւ կեդրոնական Եւրոպա։ Ասիկա կարելի կը դարձնէ գնացքներուն Չինաստանէն Եւրոպա հասնիլ 20-25 օրուան ընթացքին՝ այդպէսով օգնելով վերականգնել նախկին Մետաքսի ճամբան։ Որպէս Իսրայէլի նախկին նախարար՝ կը կարծեմ, որ Իսրայէլ պէտք է աջակցի Միջին միջանցքի ստեղծման, քանի որ անիկա կ’օգնէ ամրապնդել Աբրահամի համաձայնութիւնները, եթէ ընդլայնուի՝ ներառելով Իսրայէլը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ շրջանի այլ երկիրներ։
Մ. Արեւելքի ամբողջ տարածքը օսմանեան թուրքերի տիրապետութեան տակ նախապէս միացած էր գնացքով։ Իսրայէլի մէջ կան այս հիանալի գնացքներու համակարգի շարք մը մնացորդներ, որոնց շարքին՝ օսմանեան երկաթուղային կայարանները Պերշեպայի, Եաֆայի եւ Երուսաղէմի մէջ։ Այս օսմանեան երկաթուղային կայարանները պատմական տեսարժան վայրեր են անցեալ դարաշրջանէն, երբ կարելի էր գնացքով ճամբորդել Մ. Արեւելքով։ Օսմանեան ժամանակաշրջանի գնացքները Եաֆայէն Երուսաղէմ, Հայֆա եւ նախկին Օս- մանեան՝ թրքական կայսրութեան այլ տարածքներ կ’երթային, ինչպէս են Մետինա եւ Դամասկոս։
Այնուամենայնիւ, Իսրայէլի անկախութեան հռչակումէն ի վեր Իսրայէլի եւ արաբական աշխարհին միջեւ գնացք չէ եղած։ Ասիկա իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան բազմաթիւ հետե- ւանքներէն մէկն էր։ Այնուամենայնիւ, Աբրահամի համաձայնութիւններէն ետք այս բոլորը փոխուելու ներուժ ունի, քանի որ արաբական երկիրներն այլեւս Իսրայէլը չեն համարեր այն վանիչը, ինչպէս նախապէս կը համարէին։ Պարսից ծոցի երկիրներն այժմ Իսրայէլին կը համարեն գործընկեր Իրանի դէմ պայքարին մէջ, նոյնպէս թրքական հանրապետութիւնները, ինչպէս Ատրպէյճանը, որ կ’արհամարհէ, թէ ինչ- պէս մոլլաները կը վերաբերին Իսլամական Հանրապետութեան ատրպեճանական բնակչութեան։
Այսպէս, եթէ կառուցուի այս Միջին միջանցքը, իսրայէլացիներս նոյնպէս կրնանք փորձել միանալ անոր, քանի որ կ’օգնէ հակադրուիլ Թեհրանի մոլլաներուն՝ ստեղծելով աւելի ամուր կապ թրքական հանրապետութիւններու, Իսրայէլի եւ արաբական աշխարհի միջեւ։ Մենք կրնանք Թուրքիոյ միջոցով լաստանաւով միանալ անոր, ապա՝ Իսրայէլէն մեկնող երկաթուղիներու ցանցով միանալ Յորդանանի, Սէուտական Արաբիայի, անկէ ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու։ Ներկայիս ասիկա կարելի է։
Այսպէսով, ասիկա կ’օգնէ մեծապէս ընդլայնել առեւտուրը Չինաստանի, թրքական հանրապետութիւններու, Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներու միջեւ։ Իսրայէլը, Սէուտական Արաբիան եւ Յորդանանն կը գիտակցին, որ Իսրայէլէն Պարսից ծոցի երկիրներ գացող երկաթուղի պէտք է ունենալ։ Անոնք կը խօսին ու կը մտածեն այդ մասին։ Անոնք բեռնատարներով սկսած են բեռնարկղեր փոխադրել, զոր ես կազմակերպած եմ, Ապու Տապիէն Իսրայէլ՝ Սէուտական Արաբիայէն Յորդանան, ապա Հայֆա։ Անոնք կրնան այնտեղէն Թուրքիա ուղեւորուիլ նաւերով, իսկ այնտեղէն՝ Եւրոպա կամ այլուր։
Այս կը նշանակէ, որ մենք կրնանք Եւրոպայէն Թուրքիա գնացք ունենալ, իսկ այնտեղէն նաւերը կրնան գալ Հայֆա, իսկ Հայֆայէն Յորդանան, Սէուտական Արաբիա եւ ապա Պարսից ծոցի երկիրներ, եւ հակառակ ուղղութեամբ։ Ես հիմա Պուլկարիա եմ՝ ստուգելու, թէ ինչպէս կրնամ զայն աւելի արդիական դարձնել։ Ատկէ ետք Իսրայէլի հետ Սէուտական Արաբիոյ հետ պայմանագիր մը կրնայ նոր գնացքով սկսիլ, ինչպէս Օսմանեան ժամանակ՝ Հիճազի երկաթուղիով։ Հիճազի բնակիչները կը փափաքին զայն կրկին իրականութիւն դարձնել։ Ասիկա Աբրահամեան համաձայնագիրներու ծրագրին մէջ է եւ կ’իրագործուի ապագային»։

Աղբիւր՝ Այուպ Կարայի յօդուածը Միջին միջանցքին մասին
Յետգրութիւն. տարիներէ ի վեր Իսրայէլ կը ջանայ տարբեր ձեւերով եւ բնորդներով խորացուած յարաբերութիւններ հաստատել Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն հետ։ Օրինակ, Իսրայէլի յարաբերութիւնները Ղազախստանի հետ ռազմական, ապահովական եւ ուժանիւթի ոլորտներուն շատ ամուր եղած են, ու նախապէս բարձրաստիճան փոխայցելութիւններ եղած են սիոնական վարչակարգին եւ Ղազախստանի միջեւ։
Ուզպեքիստանի նման երկրի մէջ գոյութիւն ունի «մեծ Բուխարայէն տաճիկ հրեաներու համայնքը» շատ կարեւոր է Իսրայէլի համար, եւ վարչակարգը միշտ ձգտած է ազդել համայնքին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ հասարակութեան վրայ։
Աւելորդ է ըսել, որ Իսրայէլ աւելի գաղտնի յարաբերութիւններ ունեցած է Տաճիկստանի մէջ։ Այս յարաբերու- թիւններու պատճառներէն մին ալ Իրանի համակիր իսլամիստ խմբաւորումներու ճնշման եւ ոչնչացման Տաճիկստանի կառավարութեան օգնելն եղած էր, որպէսզի կարենայ մրցիլ Տաճիկստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գրաւած դիրքին հետ և յաղթահարել անոր ազդեցութիւնը։
Ներկայիս, Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն շուրջ ստեղծուած զգայնութեան շնորհիւ մենք ականատես ենք տարբեր երկիրներու ներկայութեան եւ հզօր դերակատարութեան այս աշխարհագրական շրջանի զարգացումներուն մէջ։ Ամերիկայի, եւրոպական երկիրներու եւ Պարսից ծոցի երկիրներու, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ գործունէութիւնն ու ազդեցութիւնը վերջին տարիներուն շատ տպաւորիչ եղած է, արդ՝ Թուրքիա նոյնպէս տարբեր միջոցներով կը ցուցադրէ իր ազդեցութիւնն ու հզօրութիւնը այս շրջանին մէջ։
Շրջանին մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններէն է «Միջին միջանցքի» ստեղծումն ու բանեցումը, որ գրաւած է այլ երկիրներու ուշադրութիւնը, իսկ ԱՄՆ եւ եւրոպացիք լրջօրէն ողջունած են։
«Միջին միջանցք» ծրագրի հետ կապուելու Իսրայէլի փորձը լիովին նկատելի է։ Այս փաստի երկու պատճառ կայ.
1. Իսրայէլի կարիքը Կեդրոնական Ասիոյ անհրաժեշտ հումքներուն եւ նոր խաղադաշտի սահմանում Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիմակայելու համար։
2. Իսրայէլի ազդեցութիւնը շրջանին, յատկապէս Ատրպէյճանի մէջ, որ կը հանդիսանայ «Միջին միջանցքի» ծրագրի հիմնական հետապնդողներէն մին։
Իսրայէլի կապի նախկին նախարար Այուպ Կարայի կարծիքով, վստահաբար կարելի է ըսել, որ այս ծրագիրի հիմնական նպատակը Ռուսիոյ եւ Իրանի մեկուսացումն է։
Միւս կողմէ, միանգամայն կարելի է պատկերացնել, որ Չինաստան կը համապատասխանէ Միջին միջանցքի ծրագրին, քանի որ Չինաստանի համար կարեւոր է պահպանել իր տնտեսական հզօրութիւնը, արտածումը եւ իր արտադրանքի շուկան։
Թէեւ այս միջանցքի հնարաւորութիւնները վիճելի են, եւ այդ ծրագրի իրականացումը որոշ չափով անհնար է, միայն այս փորձերը կրնան լուրջ ահազանգ համարուիլ շրջանին մէջ Իրանի եւ Ռուսիոյ դիրքերուն համար, ինչ որ Իրանի իշխանութիւններէն աւելի մեծ ուշադրութիւն կը պահանջէ, երկրի շրջանային քաղաքականութեան վերանայում։
Islamic world news
10 Դեկտեմբեր 2022
* Աբրահամի համաձայնագիրները շարք մը դաշինքներ են, ԱՄՆ վարչակազմի աջակցութեամբ կնքուած 2020-ի Օգոստոսէն Դեկտեմբեր ինկած հինգ ամիսներուն, որով բնականոն դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան Իսրայէլի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ), Պահրէյնի, Սուտանի և Մարոքի միջև, որոնք միացան Իսրայէլի հետ Եգիպտոսի և Յորդանանի հաշտութեան։
Պայմանագիրները կը կոչուին «Աբրահամի համաձայնութիւններ»՝ ի պատիւ յուդայականութեան, քրիստոնէութեան և իսլամի նահապետ Աբրահամի։
ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ՝ https://english.iswnews.com/25633/why-israel-should-support-the-establishment-of-the-middle-corridor/
«Յուսաբեր»
