ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ամերիկեան եւ նետերլանտական նախաձեռնութիւննե՞ր, թէ՞ նախաձեռնութիւն

06 Փետրվար 2023

Դեկտեմբեր 27 2022-ին հաղորդուեցաւ, որ Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոփքը Հուքսթրան Հայաստանի մէջ Նետերլանտներու դեսպանի զեկուցումին վրայ հիմնուելով Ատրպէյճանի յարձակումէն վնասուած Հայաստանի տարածքներուն վերաբերեալ նամակ յղած էր Նետերլանտներու խորհրդարանականներուն ի պատասխան։ Ան իր նամակին մէջ նշած էր, որ Ատրպէյճանը 12 Մայիս 2021-էն մինչեւ 13 Սեպտեմբեր 2022-ի մարտերը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքէն բռնագրաւած է 40 քառ. քիլոմեթր, իսկ 13 Սեպտեմբերի իրադարձութիւններուն պատճառով յաւելեալ 60 քառ. քիլոմեթր տարածք։

Ան նաեւ կը նշէր, որ Նետերլանտները կը սատարեն Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Խոսեփ Պորելի պահանջին, ուր վերջինս Ատրպէյճանին կոչ ուղղած էր իր զօրքերը ետ քաշել մինչեւ 12 Սեպտեմբեր գոյութիւն ունեցած սահմաններ:

Նախարարը իր նամակին մէջ կ’անդրադառնար Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հաւանական ընդլայնման կամ անկախ առաքելութիւն ստեղծելու հարցին` ընդգծելով, որ Նետերլանտները դրական դիրքորոշում ունին Հայաստանի մէջ առաքելութեան հետագայ տեղակայման` բացատրելով, որ այժմ Եւրոպական Միութեան ծիրին մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան առաքելութեան ապագային շուրջ։

Նետերլանտներու խորհրդարանը 13 Դեկտեմբերին արդէն որդեգրած էր «Քաղաքական բարեփոխուած կուսակցութիւն», «Քրիստոնէական միութիւն», «Գիւղացի-քաղաքացի շարժում» եւ Ընկերվարական կուսակցութիւններու խմբակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած միջնորդութիւնը, որ կը վերաբերէր Բերձորի միջանցքի փակման:

Միջնորդութեան մէջ կը նշուէր, որ հակառակ 9 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնութիւններուն, Ատրպէյճանը փակած է Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող Բերձորի միջանցքը եւ դադրեցուցած Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարումը: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուէր. «Ռուս խաղաղապահները չեն միջամտեր այդ տարածքին մէջ, եւ որ այս կացութիւնը կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար ստեղծել մարդասիրական առումով արտակարգ կացութիւն»: Բացի ատկէ, կառավարութեան կոչ կ’ուղղուէր` Եւրոպական խորհուրդը յորդորել միացեալ կոչով դիմելու Ատրպէյճանին` դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ թշնամական գործողութիւնները եւ բանալու միջանցքը:

Կառավարութիւնը ընդառաջեց երեսփոխաններուն ներկայացուցած կոչին. 2 Փետրուար 2023-ին հաղորդուեցաւ, որ Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը խորհրդարանին ուղղուած իր հաշուետուութեան մէջ յայտնած է, թէ Նետերլանտներու կառավարութիւնը կը շարունակէ քայլերու ձեռնարկել, որպէսզի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Ատրպէյճանին յղեն միացեալ կոչ մը՝ պահանջելով, որ Պաքու 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն բանայ Բերձորի միջանցքը։ Ան նաեւ հաղորդած է, որ կառավարութիւնը կ’ուսումնասիրէ, թէ եւրոպական շրջանակներուն մէջ ազդեցութեան ինչ այլ հնարաւորութիւններ կան «Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յորդորելու» Բերձորի միջանցքը բանալու։

Հարկ է նշել, որ Հուքսթրա յայտնած է, որ իր երկիրը կ’աջակցի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան գործունէութեան եւ կ’ուսումնասիրէ վերջինիս իր ներդրումն ունենալու հնարաւորութիւնները։ 25 Յունուարին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր, որ Ֆրանսան ուրախ պիտի ըլլայ մասնակցելու այդ առաքելութեան։ Այլ խօսքով, այժմ ունինք երկու երկիրներ՝ Նետերլանտներն ու Ֆրանսան, որոնք հրապարակաւ յայտնած են իրենց հետաքրքրութիւնը մասնակցելու Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան, որուն ղեկավարը արդէն յայտնի է՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան քաղաքային ծրագրաւորման բաժանմունքի ղեկավար Սթեֆանօ Թոմաթը։

Այսպիսով ուրուագծուեցաւ եւրոպական մակարդակի վրայ նետերլանտական նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակը յստակ է՝ Արցախի դէմ պաշարումին վերացումը, եւ հռետորաբանութեան կողքին կը պարունակէ գործնական քայլ մը կամ առնուազն անոր ծրագիրը, որուն նպատակը Պաքուն Բերձորի միջանցքը բանալու «յորդորելու» իմա՝ անոր վրայ ճնշում բանեցնելու համար Եւրոպական Միութեան ազդեցութեան յարմարագոյն լծակները օգտագործելն է։

Կը մնայ սպասել ու տեսնել, թէ նետերլանտական նախաձեռնութիւնը պիտի վերածո՞ւի Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեան, թէ՞ Լա Հէյ պիտի ստիպուի առանձին գործել կամ պիտի ստիպուի իր նախաձեռնութենէն ամբողջովին հրաժարիլ։

Միւս կողմէ՝ Նետերլատի արտաքին գործոց նախարարի երկիրի խորհրդարանին յղուած հաշուետուութեան հրապարակումէն ետք, այժմ ունինք Բերձորի միջանցքի վերաբացման՝ Արցախի շրջափակման վերացման համար երկու նախաձեռնութիւններ՝ նետերլանտականն ու ամերիկեանը։ Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս 19 Յունուար 2023-ին յայտնած էր, որ իր երկիրը կը պատրաստուի Արցախի հարցին առնչութեամբ ընելու այն, ինչ ամէնէն արդիւնաւէտն է։

Ի տարբերութիւն, նետերլանտականին ամերիկեան նախաձեռնութիւնը աւելի խորհրդապահական է. կայ Փրայսի կողմէ ճշդուած «խորագիր»-ը, սակայն չկան մանրամասնութիւններ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը 1 Փետրուարին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Լուի Լ. Պոնոն նշանակած է Կովկասի մէջ բանակցային հարցերով աւագ խորհրդարական։ Այդ պաշտօնը Յունուարի սկիզբէն ի վեր թափուր մնացած էր, երբ Ֆիլիփ Ռիքըր հրաժարած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի եւ Կովկասի մէջ բանակցային հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի աւագ խորհրդականի պաշտօնէն։

Ուշագրաւ է, որ Պոնոյի նշանակման յայտարարութենէն կը բացակայի Մինսքի խմբակի համանախագահի պաշտօնի նշումը, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Ուաշինկթըն հրաժարած է այդ ձեւաչափէն՝ գիտակցելով այդ ձեւաչափի վերականգնման դէմ ցցուած աշխարհաքաղաքական լուրջ արգելքներուն կամ առնուազն անպատեհութիւններուն։ Բայցեւայնպէս, Պոնոյի նշանակումը մտածել կու տայ, թէ ամերիկեան «ամէնէն արդիւնաւէտն» ըլլալու ձգտող նախաձեռնութեան պատրաստութիւնը արդէն բաւական «ճամբայ կտրած» է կամ առնուազն ընդհանուր գիծերը բաւարար չափով յստակացուած։ Անկասկած որ յառաջիկային անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ունենանք, երբ (եւ եթէ) նախաձեռնութիւնն ու պահը «հասուննան»։

Ճիշդ է, որ Նետերլանտները Եւրոպական Միութեան հիմնադիր անդամներէն է, աւելի ճիշդ հիմնադիր անդամներէն է 1952-ին ստեղծուած Եւրոպական Ածուխի եւ Պողպատի Համայնքին, որ հինգ տարի ետք 1957-ին Հռոմի դաշինքի հիմամբ վերածուեցաւ Եւրոպական Միութեան, սակայն Լա Հէյը արդէն 1949-ին հրաժարած էր իր ոչ յանձնառութեան քաղաքականութենէն եւ մաս կազմած ՆԱԹՕ-ին, ուստի եւ Եւրոպական Միութեան ու ՆԱԹՕ-ի, իմա՝ Եւրոպական Միութեան ու այդ դաշինքի գլխաւոր ուժին՝ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ կամուրջ մըն է, եւ կարելի չէ բացառել, որ Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս նախաձեռնութեան կը ձեռնարկէ ընդառաջելով իր երկիրի օրէնսդիրներու կոչին, սակայն նաեւ Միացեալ Նահանգներու ներշնչումով։

Այլ խօսքով՝ կարելի չէ բացառել, որ նետերլանտական նախաձեռնութիւնը ինքնին ամերիկեան նախաձեռնութիւնն է, առայժմ խորհրդապահական եղող կամ թուացող այդ նախաձեռնութեան բացայայտումը, եւ եթէ նոյնիսկ անոնք իսկապէս իրարմէ անջատ ու անկախ են, կարելի չէ բացառել, որ ատոնք ի վերջոյ կրնան միաւորուիլ։ Այստեղ կը յառաջանայ այն հարցումը, թէ ողջունումի կամ զօրակցութեան արտայայտութեան ճամբով երկու նախաձեռնութիւններուն միաւորման յայտարարութիւնը, իսկութեան մէջ անոնց միաւորմա՞ն յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ, թէ՞ նոյնութեան բացայայտման։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Հայրենիք»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company