ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Պատմութիւնը կը թավալի… Վալընթայն տօնելով

15 Փետրվար 2023

Հետեւեալները լրատու աղբիւրներէ վերջին օրերուն վերցուած քանի մը սափոր տեղեկութիւն են՝ իբրեւ նմուշ, առանց երկար մեկնաբանութեան: Այդ գործը ընթերցողը կրնայ ի՛նք կատարել (եթէ կամովին չէ բթացուցած իր իմացական կարողութիւնը):

-Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, պատմական Կիլիկիան եւ դրացի շրջաններ, ներառեալ Սուրիոյ հիւսիսը, զոհ գացին ուժգին երկրաշարժի մը. օր աւուր հասնող տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ սա նորագոյն պատմութեան ամէնէն աղէտալի բնական աղէտներէն մէկն է (չմոռնանք յետցնցումները): Աշխարհն ալ սուգի ու տագնապի մատնուած է աղէտեալներուն հետ: Օգնութեան փութացողներուն շարքին էր նաեւ Հայաստանը: Օգնութիւնը հասաւ… Մարգարայի կամուրջին ճամբով, յանկարծ լուսարձակ բերելով Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վերաբացման թղթածրարին վրայ:

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 15 Փետրուարին Թուրքիա կը վազէ, նախ՝ հայ փրկարարներուն հանդիպելու, յետոյ, թուրք պաշտօնակիցին հետ տեսակցելու եւ անձամբ ցաւակցելու համար: Հաւանաբար արդարացման փորձ ըլլայ, ըսելով, որ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարն էլ Թուրքիա գնաց: Իսկ մենք ե՞րբ պիտի անդադառնանք, որ ուրիշին սխալը կրկնօրինակելը վարպետութիւն չէ (դուք գիտէք թէ ի՛նչ է): Մոռցա՞ծ էք, որ աղէտէն անմիջապէս ետք, Երեւանի վարիչները մրցումի մէջ էին՝ ցաւակցութիւն յայտնելու համար Թուրքիոյ (ցաւակցիլը մարդկային պարտականութիւն է, ի՞նչ խօսք): Այդ մրցումէն քանի մը օր ետք, Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ օգնութեան ձեռք երկարողներուն, որոնց շարքին՝ Ազրպէյճանին (ո՛չ մէկ ակնարկութիւն իրմէ խաղաղութիւն մուրացող Հայաստանի տրամադրած օգնութեան), ընդգծելով, որ այդ օգնութիւնը ձեւով մը փոխադարձութիւն է 44-օրեայ պատերազմին օրերուն Ազրպէյճանին տրամադրուած թրքական օժանդակութիւններուն (վստահաբար ընթերցողը չէ մոռցած, թէ քանի՜ գոյն ունէր այդ օժանդակութիւնը, սեւի ու կարմիրի նրբերանգներով): Այլ խօսքով, Թուրքիա յստակ պատգամ կու տայ, թէ օժանդակութիւն ըսուածը ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հաշիւներով կ’ըլլայ, իսկ ոմանք կը մտածեն, թէ ի՞նչ եղեր է որ, չէ՞ որ մենք մարդասէր ենք, մարդկայնական գիծը կը պահպանենք, չարիքին կը պատասխանենք… բարիքով: Նշենք. Սուրիոյ հասցուած օժանդակութեան մէջ անբնական բան չկար, իսկ Թուրքիոյ պարագային… Ընդդիմադիրներ ինչո՞ւ դժգոհութիւն կը յայտնեն, ի՞նչ է եղածը, չէ՞ որ մեր (փլիւս-մինիւս) գերիներն ալ սպասման մէջ են, կ’արժէ՞ ամէն քայլափոխի աղմուկ բարձրացնել (հոգ չէ թէ ձախաւերութիւններու շարանը վերջ չունի):

-Թուրքիան հարուածած երկրաշարժէն հազիւ 10 օր առաջ, Իրանի մէջ ալ երկրաշարժ պատահեցաւ, ինկան զոհեր, եղաւ աւեր: Երեւանի վարիչները յոգնութիւն յանձն չառին ցաւակցական խօսք ուղղելու Իրանին, որ կրկին ու կրկին յայտարարութիւններ կ’արձակէ, թէ Հայաստանի հետ իր սահմանագիծը խախտող կամ քարտէսը փոփոխութեան ենթարկող քայլեր պիտի չհանդուրժէ: Իրանի կրած պատուհասին հանդէպ Երեւանի իմաստո՜ւն վարիչներուն անտարբերութիւնը արդեօք պատժական հակադարձութի՞ւն էր, քանզի Իրանը դէմ է… «օտար դէտեու» Հայաստան հրաւիրուելուն:

-Աւելի քան 34 տարի առաջ, երբ Հայաստանի հիւսիսային շրջանը կրեց աւերիչ երկրաշարժին ծանր հետեւանքները, աշխարհը անտարբեր չմնաց, օժանդակութիւններ փութացուց Հայաստան: Օժանդակութիւններէն մաս մը երկաթուղիով Հայաստան ղրկուեցաւ Ազրպէյճանի ճամբով: Այդ շոգեկառքերը ազերիներու յարձակումներուն ենթարկուեցան, կողոպտուեցան եւ միայն վնասուած ապրանք հասաւ աղէտեալներուն: Այդ բոլորը այսօր մոռցուած են երեւանցի մարդասէրներուն կողմէ: Սպիտակի ու Գիւմրիի բնակիչը կարծիք ունի՞:

-Արցախը աւելի քան 2 ամիսէ ի վեր խեղդամահ կ’ըլլայ ազերիական պաշտօնական պաշարումին հետեւանքով: Գործակատարներն են շինծու բնապահպաններ, որոնց մասին փաստացի տեղեկութիւններ կան, թէ՝ անոնք ձեռքերն են Պաքուի իշխանութեան: Իսկ Ազրպէյճանը իրողապէս կցուած է Թուրքիոյ (կան միամիտներ, որոնք կը փորձեն… իրենք զիրենք համոզել, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դէմ տրամադրութիւններ կան, մարդիկ դժգոհ են «թրքական միջամտութիւններէն»): Հայաստան դիւանագիտական բազուկը շարժման մէջ դրած է, սակայն յաճախ ինքզինք հակասելով, շփոթ կը պատճառէ բարեկամին ու զինակիցին. օրինակ, նախ կ’ընդունի, որ Արցախը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս չէ եղած ու պէտք է այդպէս ալ մնայ, յետոյ կը հաստատէ, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը նոր ցեղասպանութիւն կը կատարեն (կը պատրաստուին), կը յաջորդեն «Թուրքիան երբէք սպառնալիք չէ եղած Հայաստանին» ու «ռուսերն են իրական սպառնալիքը» յայտարարութիւններ, հիմա ալ կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանի հետ առաջարկներու փոխանակման ճամբով Արցախի հարցը կը յիշատակուի, սակայն շօշափելի ոչինչ կայ, մոռնալով, որ «Հայաստան Արցախի մասին բան չի կրնար ընել, թող արցախցիք իրենց գլխուն ճարին նային»ը: Դատափետուած ռուս խաղաղապանները միակն են, որ պտիկ-պտիկ օժանդակութիւն կը հասցնեն պաշարեալներուն, ծանր հիւանդներ կը հասցնեն Հայաստան, իսկ ֆրանսացի երեսփոխան մը քաջութիւնը կ’ունենայ Հայաստանէն Արցախ հասնելու փորձ ընելու, կը հանդիպի ազերիներու անցարգելին, Ստեփանակերտ չի կրնար հասնիլ, կ’աղաղակէ, որ սա ըլլալիք բան չէ, անմարդկային բան է եղածը, պաշարումը պէտք է վերցուի (ուրիշներ ալ նման արդարամիտ մեղադրանքներ կ’ուղղեն Ազրպէյճանին): Ասդին, Երեւանի մէջ, իշխանականները կրկին ու կրկին կը զգուշանան Ազրպէյճանին նեղութիւն կամ զայրոյթ պատճառող բանաձեւեր քուէարկելէ, կը փորձեն համոզել, որ սա դիւանագիտական վարպետութիւն է, իսկ դուք գիտէք թէ սա ի՛նչ է:

-Կենսանիւթերու սակաւութենէն տառապող Արցախի մէջ, իշխանութեան ղեկին նստողը, նման տագնապներու դարման հետապնդելէ աւելի, այլ մտահոգութիւններ ունի եւ յանկարծ վերստին սեղան կը նետէ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարց մը, իբրեւ թէ նախագահական աթոռը թափուր պահելէ փրկելու հոգածութեամբ: Իրողական դէպքերը ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճան՝ ուղղակի կերպով, իսկ Հայաստտանի վարիչները՝ անուղղակի ձեւերով կ’աշխատին վերջնականապէս մէջտեղէն վերցնել Արցախը (մնացեալ պատառիկը), իսկ անդին, մարդը գործ-բան ձգած՝ նախագահական աթոռով մտահոգ է եւ պատճառ կ’ըլլայ, որ պաշարման առաջին օրերէն ի յայտ եկած միասնութիւնն ու միակամութիւն երկրաշարժի ենթարկուին, անտեղի եւ անիմաստ հակադրութիւններ վերարծարծուին:

– Հայաստանի վարչապետը ափ ի բերան կը ձգէ համակիր եւ ընդդիմադիր, առանց բառերը ծամծմելու խոստովանելով, որ Հայաստանի մէջ փտածութիւնը (կոռուպցիա) չէ դադրած: Ընդդիմադիրները շատո՜նց կը յանկերգէին, թէ փտածութիւնը, իր բոլոր ձեւերով, օր աւուր ծաղկումի մէջ է, «հիներ»էն շատեր կլանած են վարչապետին խմբակը (զինք ալ), մենաշնորհեալներու ամբողջ դասակարգ մը գոյացած է եւ արագօրէն կը հարստանայ ի հեճուկս զանգուածին: Մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ պարզուած «թաւշեայ դրօշ»ին վրայ կարճ ատեն ետք մեծ տառերով գրուած էր, որ Հայաստան ձերբազատած է նման ախտերէ, յետոյ ալ՝ «Հայաստանը ժողովրդավարութեան պասթիոն» հռչակուած էր: Փտածութեան ծաղկումին զուգահեռ, ոստիկանութեան բռնարարքները՝ մէկ կողմէ, իսկ ընդդիմադիրներուն դէմ նոր հալածանքները՝ երկրորդ գիծի մը վրայ, դարձեալ կը խռովեն ներքին բեմը եւ հանրութեան ուշադրութիւնը կը շեղեն Արցախին ու բանակին հասած պատուհասներէն: Իրողապէս, հանրութեան ուշադրութիւնը էական հարցերէ շեղելու միտում կայ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Արցախի մէջ:

-Չմնանք միայն Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու բացայայտ փորձեր կը կատարուին նաեւ աշխարհի տարածքին: Վերջին քանի մը օրերուն, «փուչիկային դիւանագիտութիւն» մը հրապարակ եկած է, ի տես եւ ի լուր՝ Չինաստանէն կամ այլ՝ անծանօթ կողմերէ ամերիկեան ցամաքամասի այս կամ այն շրջանին վերեւ նշմարուող օդագունդերու պատճառով: Այդ փուչիկներուն շուրջ բարձրացած աղմուկը շատ աւելի ուժեղ է (փուչիկի չափ սնամէջ), քան այն տեղեկութիւնները, թէ՝ ասոնք նորութիւն չեն, թէ՝ այլ երկիրներ ալ նման «լրտեսական օդապարիկներ» կը պտտցնեն հակառակորդներու երկինքներուն մէջ (ո՞վ կ’ըսէ թէ զինակիցներ զերծ են), թէ՝ բոլորն ալ ունին լրտեսական այնպիսի արբանեակներ, որոնք շատ աւելի կատարելագործուած են, փոխադարձաբար լուռ հանդուրժողութեամբ կը դիտուին հակառակորդներու եւ զինակիցներո կողմէ: Այս աղմուկին մէջ կը խեղդուին քանի մը գիծ. Արեւմուտքը յանկարծ կ’ըսէ, թէ Ուքրանիա իր ղրկած զէնքերը շատ աւելի արագ կը սպառին (հասկցէք նաեւ՝ կը փճանան), քան զինական արտադրութիւնները, եւ Զելենսքի ճնշումի տակ կը դրուի, որ «պէտք է յաղթանակդ ցոյց տաս, այլապէս…»: Անշուշտ նոր օժանդակութեան խոստումներու աճուրդը կը շարունակուի, իսկ Ուքրանիան… կը շարունակէ քանդուիլ, զանգուածները կը կոտորուին, քաղաքներ եւ շէներ կ’աւերակուին: Եւրոպական ոստաններու մէջ ապրուստի տագնապներուն դէմ բողոքի ձայները աւելի հնչեղ կը դառնան, նոյնքան ալ՝ ճնշումի միջոցները: Զանգուածները իրեց մորթին վրայ կը զգան թէ Քիեւին նուէր տրուած զէնքերը կը վճարուին իրենց օրապահիկէն, հանգստեան կոչումի տարիքին հաշւոյն, ռուսական վառելանիւթի փոխարէն՝ ամերիկեան շատ աւելի սուղ վառելանիւթ ունենալու գնով (չշարունակենք): Իսկ այս ենթապատկերին դիմաց, Մոսկուայէն կու գայ վտանգաւոր արտայայտութիւն մը, թէ՝ Արեւմուտքը կը փորձէ Ուքրանիոյ ճակատագիրին մատնել նա՛եւ Հայաստանը, որովհետեւ «կը խառնշտկէ» Եւրոպան, Կովկասը, ասիական շրջաններ…:

– Եւ պատմութիւնը կը թաւալի: Ասդին, կայ աշխարհ մը, որ… Վալընթայն կը տօնէ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
14 Փետրուար 20232

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company