ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Բյուրո
  • Ելույթներ

Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է

23 Փետրվար 2023

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի խօսքը Սիտնէի ՀՅԴ 132-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան

Սիրելի ներկաներ,

ՀՅԴ Աւստրալիոյ մեր կառոյցին հետ հաւաքուած էնք նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրը, ՀՅԴ 132-ամեակը:

ՀՅԴ օրը շատ յաճախ ածանցուած է տօնակատարութեամբ, ազգային յեղափոխական առինքնող մթնոլորտի մը մէջ նշելու անցած յեղափոխական ուղին եւ ուխտի վերանորոգումով՝ նայելու դէպի մեր ազգային նպատականերու իրականացման տանող ճանապարհին:

Այսօր, մեր ազգային կեանքի իրադարձութիւնները տօնական չեն, եւ ակամայ կը յիշենք նոյնքան ճգնաժամային մթնոլորտի մը մէջ արտասանուած մեծն Քրիստափոր Միքայէլեանի խօսքը, ուր կ’ըսէր «Հայի համար վաղուց է Նոր տարի չկայ»: Եւ արդէն քանի տարիէ ի վեր հայ աշխարհը զրկուած է տօնական վայելքէն, երբ ծանր պարտութեամբ կորսնցուց ամբողջ սերունդ մը եւ արիւնով ու զոհաբերութեամբ ազատագրուած հայրենի տարածքներ:

Սակայն, պարտութիւնը իսկական ու վերջնական կը դառնայ, այն ժամանակ, երբ ազգովին հաշտուինք անոր հետ, հլու հնազանդ ընդունինք անոր բոլոր հետեւանքները: Իսկ, այս մօտեցումին չի կրնար համակերպիլ յեղափոխական գործի դրօշակակիր գաղափարական 132-ամեայ մեր շարժումը, որ իր ծննդոցէն մինչեւ այսօր կը հաւատայ, թէ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»: Այս սկզբունքը այսօր թող ամպագորգոռ չհնչէ, եթէ կ’արտասանեմ զայն եւ իմ ձեռքիս մէջ չկայ մաուզեր եւ իմ ուսին կախած չեմ մոսին: Այս համոզումը գոյացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատմական փորձով եւ մեզ շրջապատող հայատեաց թշնամիներու յարձակողապաշտ ու ջարդարար վարքագծին իբրեւ հետեւանք: Այս սկզբունքը ճիշտ էր երեկ եւ ճիշտ է այսօր: Այս սկզբունքը պէտք չէ ընկալել նաեւ իր բացարձակութեան մէջ, որովհետեւ զէնքը միայն մարդ սպանող գործիքը չէ, այլ աւելի շատ սեփական ուժի խորհրդանիշ, այդ ուժը գոյացնող բոլոր բաղադրիչներով: Այս սկզբունքը աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակին մէջ յայտնուած մեր հայրենիքի ու ազգի հաւատոյ հանգանակն է, ուր տարածաշրջանային ու միջազգային տէրութիւններու շահերու խաչմերուկին կանգնած՝ ազգովին պարտաւոր ենք վստահիլ մեր սեփական ուժին, իսկ եթէ չունինք այն զէնքն ու ուժը, ապա Նիկոլ Դումանի խորհուրդով՝«պէտք է ստեղծել զայն»:

Սոյն համոզումին հակադրուող հայն ալ կայ, որ ռոմանթիզմ եւ արկածախնդրութիւն կը նկատէ սեփական զէնքին ապաւինիլը եւ խոհեմի, խելոքի ու գիտակիցի պատմուճան հագած՝ պարտուողականութեան, զիջողականութեան եւ ապազգայնականութեան դասեր կը փորձէ ուսուցանել, հակադրուելով ազգային գաղափարախօսութեան ու պայքարին: Այս հակադրութիւնը ծնած է Դաշնակցութեան ծնունդին հետ ու կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Հայ պահպանողականութենէն մինչեւ կոմունիզմ, ազատականութենէն մինչեւ ՀՀՇ ու Քաղաքացիական Պայմանագիր, կը փորձեն հայութեան համոզել, որ իբր «մեր պաշտպանուածութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է»: Այս սին ու սնանկ տրամաբանութեամբ հակադրուեցան ազգային յեղափոխական մեր շարժումին, փորձեցին վարկաբեկել ազգի հերոսներուն, նսեմացնել ու կազմաքանդել հայոց բանակը, ազգն ու հայրենիքը առաջնորդել պարտութենէ պարտութիւն, իսկ կրած պարտութեան պատճառները փնտռել այլոց մէջ:

Այսօր, հայ իրականութեան մէջ կեղծ ու արուեստական արեւելումներու հարցեր կը հրահրուին, ռուսամէտներու, արեւմտամէտներու ճամբարներ կը փորձեն ձեւաւորել, ուքրանացիներու պաշտպանութեան դրօշներ կը պարզուին, Թուրքիոյ հետ յարաբերելու առաւելութիւններ կը քարոզուին, Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան ծրագիրներ կը մշակուին, Իրանի հետ միակ յուսալի սահմանը կը վտանգեն ու չեն յիշեր Էրտողանին կողմէ հայութեան ուղղուած սպառնալիքները, Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումն ու Հայաստանի հանդէպ լկտի թշնամական հռետորաբանութիւնը: Մէկ խօսքով Հայաստանի իշխանութիւններու բացայայտ մեղսակցութեամբ, ծրագրուած ու հետեւողականօրէն Հայաստանն ու հայութիւնը իր ազգային էութնէն պարպելու, պատմական իրւունքներէն հրաժարելու ու դէպի նոր անդառնալի կորուստներ առաջնորդելու քաղաքականութեան մը յորձանուտին մէջ յայտնուած ենք ազգովին:

Միջազգային քաղաքական բեմին վրայ աննախընթաց ու արագընթաց վերադասաւորումներ ու վերադիրքաւորումներ տեղի կ’ունենան մեր շուրջ: Բայց, աշխարհաքաղաքական այս բարդ կացութեան մէջ, ցաւալիօրէն հայ քաղաքական ղեկը ստանձնած են խումբ մը ջահելներ, որոնք խզուած մեր պատմութենէն ու անգիտակից մեր ազգային շահերուն, իրենց յատուկ ամբոխավարութեամբ՝ քաղաքականութիւնը կը շփոթեն տղայական ճարպիկութեան հետ եւ ամէն ինչ զիջելու պատրաստակամութեամբ, իբրեւ թէ «խաղաղութեան դարաշրջան» կը բանան: Մեր դաշնակից ու բարեկամ ուժերու հետ յարաբերութիւնները փճացուցած են, բայց նոր դաշնակիցներ ալ ձեռք չեն բերած, եւ այսպէս, հայ քաղաքական ընթացքը կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը, ազատ դաշտ բանալով մեր ազգի վաղեմի թշնամիներուն, որպէսզի հետապնդեն պատմական թուրանական իրենց ծրագիրները:

Պարզ ու յստակ, ազգայինի ու ապազգայինի, գերեզմանային խաղաղութեան ու արժանապատիւ խաղաղութեան, պաշտպանուածութեան ու անպաշտպանուածութեան երկընտրանքի առջեւ է իւրաքանչիւր հայ: Առ այդ.

-Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ ազգային համախոհութիւն ստեղծել, բացառապէս ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան գաղափարին շուրջ: Շատ ծեծուած միասնակամութեան գաղափարը վերացական կը հնչէ, եթէ այն չունենայ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան առանցք: Ի վերջոյ, պարտուողականութեան ու յանձնատուութեան շուրջ չեն համախմբուիր: Այդ ազգային համախոհութեան այսօրուայ առանցքը Արցախի պաշտպանութիւնն է, որուն համար կ’առաջարկենք ստեղծել համահայկական խորհուրդ՝ պաշտպանելու Արցախի իրաւունքները եւ ապահովելու Արցախի բոլոր կարիքները:

-Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ սեփական ուժին վստահելու գաղափարը դուրս բերել իր լոզունգային պարունակէն եւ զայն վերածել համազգային համոզումի ու գործի: Սեփական ուժին վստահելու համար, պէտք է նախ գոյացնել այդ ուժը, որուն հիմնասիւնը արդիական ու մարտունակ բանակն է, արժանապատիւ խաղաղութիւն երաշխաւորող զէնքն է: Մենք կրնանք Ռուսաստանի դաշնակից ըլլալ, բայց ոչ ռուսամէտ, մենք կրնանք Իրանի հետ յատուկ յարաբերութիւններ ունենալ, բայց ոչ իրանամէտ, մենք կրնանք Հայաստան-ԱՄՆ սերտ կապեր ստեղծել, բայց ոչ ամերիկամէտ, մենք կրնանք եւրոպական շարք մը երկիրներու հետ բարեկամ ըլլալ, բայց ոչ արեւմտամէտ: Այս բոլորին կիզակէտն ու չափորոշիչը Դաշնակցութեան համար հայամէտութիւնն է, ազգային շահն է:

-Դաշնակցութեան համար մերժելի են խաղաղութեան պատրանքին տակ ծածկուած թուրք-ատրպէյճանական սահմանազատման ու սահմանագծման այն պնդումները, որոնց հիմնական նպատակը Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ներառելն է: Արցախի հարցը պէտք է մնայ համաշխարհային ուշադրութեան առարկայ եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը դառնայ անբեկանելի:

-Անհրաժեշտ է Դաշնակցութեան ու դաշնակցականի արթնամտութեամբ դիմակայել ապազգայնութեան կողմէ ազգայինին դէմ մղուած պայքարի ծիրին մէջ յատուկ կերպով Դաշնակցութիւնը թիրախաւորելու վարքագիծը: Պառակտելու փորձեր, կալանաւորումներ, հալածանքներ, անբաղձալի տարրերու ցուցակներ, հակադաշնակցական քարոզչական արշաւներ, ներքին որոշ խնդիրներու չարաշահումներ զգալի աշխուժութիւն կ’ապրին, որոնք Դաշնակցութիւնը իբրեւ կազմակերպութիւն հարուածելէ անդին՝ Դաշնակցութեան դաւանած ազգային գաղափարախօսութիւնը նսեմացնելու ակնյայտ միտում ունին:

Ինչքան մթագնած ըլլայ հայոց երկնակամարը, այնքան աւելի ընելիք ունի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:

-Մեր ունեցած ողջ հնարաւորութիւններն ու կապերը ի գործ դնելով Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան մեր ձայնը լսելի դարձուցած ենք ինչպէս արեւելքին, այնպէս ալ արեւմուտքին, դաշնակից ու բարեկամ երկիրներու բարձր օղակներուն եւ ամէն հնարաւորութիւն ստեղծած ենք Արցախի ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը ապահովելու միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ:

-Ազգային բարձր գիտակցութեամբ ամէն ջանք թափած ենք եւ պիտի շարունակենք թափել Արցախի ներքին միասնականութեան պահպանման եւ արցախահայութեան հաւաքական կամքը արտայայտելու ի խնդիր:

-Հայ Դատի գրասենեակներու ու յանձնախումբերու անխոնջ աշխատանքով աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ քողազերծած ենք ու պիտի շարունակենք քողազերծել Ատրպէյճանի նենգ ու հայատեաց քաղաքականութիւնը, որուն վերջին դրսեւորումն է Լաչինի միջանցքի փակումը:

-Հայ Օգնութեան Միութեան ջանքերով օժանդակած ենք ու պիտի շարունակենք օժանդակել արցախահայութեան այսօրէական եւ հեռահար կարիքներու ապահովման:

-Դաշնակցական երիտասարդութիւնը Արցախի կողքին կանգնելով՝յոյս ու հաւատ ներշնչեց ու պիտի շարունակէ ներշնչել:

-ՀՕՄի միջոցով Ջաւախքի հայութեան ու մանաւանդ անոր նոր սերունդին հողին կառչած մնալու նոր կեդրոններ ստեղծուեցան ու պիտի շարունակեն ստեղծուիլ:

-Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն դիմագրաւած իրերայաջորդ տագնապները մեղմացնելու օգնութեան ձեռք մեկնած ենք ու պիտի շարունակենք մեկնել:

Այս կատարուած աշխատանքներուն վստահ եմ բոլորդ ծանօթ էք, որովհետեւ ձեր գաղութը միշտ ներկայ ու մասնակից եղած է համադաշնակցական ընդհանուր գործին:

Պիտի գիտակցինք սակայն, որ չէ եղած ինչ որ ժամանակ, երբ Դաշնակցութիւնը գոհ եղած ըլլայ ինքն իր տարած աշխատանքէն: Մեր հակառակորդները չքննադատած, մենք զմեզ կը քննադատենք ու գոհ չենք ըլլար մեր տարած աշխատանքէն: Պէտք ալ չէ գոհ ըլլալ, որովհետեւ բոլորս կը գիտակցինք, որ մեր մղած պայքարը երկար է ու աւելին պէտք է ընել: Մեր առջեւ դրուած խնդիրները դժուար են, ուժերու գերլարում կը պահանջեն: Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է:

Իսկ ուր կամք կայ, հոն ճամբայ կայ:

Փետրուար 22, 2023

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company