ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ

«Հայ Երիտասարդութիւնը Եւ Իր Տագնապը. Խարխափումներ». Սարգիս Զէյթլեան

28 Մարտ 2023

38 տարի առաջ, 28 Մարտ 1985-ին, արեւմտեան Պէյրութի մէջ, հակադաշնակցական վարձկաններու կողմէ կ‘առեւանգուէր եւ չբացայայտուած պայմաններու մէջ կը սպաննուէր ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագիր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ` ընկեր Սարգիս Զէյթլեան:

Սարգիս Զէյթլեանին տրուած է «Գաղափարի մարտիկ» մակդիրը՝ շատ արդարացիօրէն: Ան հանդիսացաւ ՀՅԴ կազմակերպական ուժեղացումին համահայկական տարողութիւն տուող աննահանջ մարտիկը, որուն համար տեսլականն ու նպատակը յստակ էին: Իր խմբագրականներով ու առաջնորդող յօդուածներով, Սարգիս Զէյթլեան եղաւ համահայկական տեսլականին յառաջապահն ու առաջնորդը:

Ստորեւ՝ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի «Հայ Երիտասարդութիւնը Եւ Իր Տագնապը. Խարխափումներ» յօդուածաշարը իր 8 բաժիններով, քաղուած «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի 1971 թուականի տարբեր թիւերէն:

1- Հայ Դատի Շուրջ
https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_15.html
2- «Հայկական Ինքնութիւն» Սփիւռքականութիւն
https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_13.html
3- Համադրութիւն եւ Հակադրութիւն
https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_17.html
4- «Փակ Միջավայրը»
https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_20.html
5- «Երկուութեան» Փարատումը
https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_22.html
6- Գլխաւոր Ախտանիշները
https://arftroshag.blogspot.com/2021/12/blog-post_27.html
7- Հայաստանի Դերը
https://arftroshag.blogspot.com/2021/11/blog-post_29.html
8- Սփիւռքահայ Ղեկավարութիւնը. Ամաթէօրիզմ եւ Փրոֆեսիոնալիզմ
https://arftroshag.blogspot.com/2022/01/blog-post.html
«Հայկական Ինքնութիւն» Սփիւռքականութիւն
Մեր նախորդ յօդուածով մենք մասնաւոր դիտումով ծանրացանք Հայ Դատի հիմնական երեսին վրայ,– հայ ազգային դիմագիծի, հայութեան ինքնութեան, հայկականութեան ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ:

Այս կէտին մէջ կը կայանայ, արդարեւ, Հայ Դատի էութիւնը, հայ ժողովուրդի գոյութեան իմաստն ու արժէքը, իբրեւ ազգային առանձին եւ ուրոյն հաւաքականութիւն, իբրեւ մշակութային իւրատիպ ու ինքնադրոշմ անձնականութիւն, մարդկային բազմերանգ արշիպեդագոսին մէջ:

Ծանրացանք առաւելաբար ա՛յս կէտին վրայ եւ միաժամանակ գիտակցաբար զանց առինք այն իրողութիւնը, որ հայ երիտասարդութիւնը, անոր ամէնէն արդիական ու արդիապաշտ, չըսելու համար նէո-յեղափոխական թեւը հարցականի տակ կը դնէ նաեւ ա՛յդ հիմնական նախադրեալը,– հայ ազգային ինքնութեան, հայկականութեան հարցը:

Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ նոյն այդ արդիապաշտ ու նորատենչ երիտասարդութեան մէկ ներկայացուցիչը՝ եւրոպական լուսասփիւռ ոստաններէն ձայն բռնելով իր սերնդակիցներուն հետ:

«Հայկական դատը հողերու պահանջ մըն է կամ գոնէ կը յանգի այդ պահանջին եւ կ’արդարացուի այն կարծիքով, որ այդ հողերը «սեփական» հողեր են, որ անոնց վրայ հայկական «ինքնութիւնը» պիտի կարենայ անկաշկանդ արտայայտուիլ, իր բնական հակումին հետեւելով: Այս բոլորը կը հիմնուին ՎԱՐԿԱԾԻ ՄԸ վրայ, որ է հայկական ինքնութեան մը գոյութիւնը. Կը խօսուի, օրինակ, հայ երիտասարդներու մօտ «ինքնաճանաչումի հոսանքի» մը մասին: Ինչո՞ւ ինքնաճանաչումը աւելի արժէք ունենայ, քան այլաճանաչումը: Այս ինքնութեան արժեւորումին մէջ միշտ նոյն սխեման է, որ կը գործէ. Ինքնութիւն մը պարզապէս կը հակադրուի, առանց անդրադարձումի, օտարութեան մը, «այլութեան» մը. օտարութիւն, որ խաթարումի վայր մըն է (կը խօսուի հրապոյրներու մասին, որոնք իբր թէ տղաքը իրենց ինքնութենէն, հայկականութենէն կը հեռացնեն, կը խօսուի այլասերման մասին):

«Այս օտարութիւնը իբրեւ «ձուլում»ի պատճառ կը նկատուի նաեւ: Այսպէս, ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ մը եւ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՕՏԱՐՈՒԹԻՒՆ մը դարբնելէ ետք, մարդիկ միամօտրէն կը կարծեն, որ երիտասարդութիւնը հակամէտ է դէպի «օտարութիւն» ուղղուելու, կը կարծեն, որ ան արդէն օտարութեան մէջ կ’ապրի եւ որ պէտք է զայն իր ինքնութեան վերադարձնել:

«Կը տեսնենք, ուրեմն, թէ ինչպէս «ձուլում»ի քղանցքը ինքնութիւն-օտարութիւն արուեստական ահաւար հակադրումէն կ’առնէր իր ծնունդը: Անշուշտ հայապահպանում ըսուածն ալ նոյն հակադրումին վրայ կը հիմնուի: Հայը պահպանել կը նշանակէ «էապէս հայկականը», ներքինը զերծ պահել արտաքինի, օտարութեան «խաթարում»ներէն, զայն պահել իր «հարազատութեան» մէջ:

«Կարելի է հոս տեսնել բարդոյթի մը նախանշանները» եւայլն, եւայլն (բոլոր ընդգծումները՝ մեզմէ. Ս. Կ.):

«Եթէ «ազատագրում»ի հարց մը կայ, պէտք է ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄԻ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՏԻ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ ԸԼԼԱՅ»:

Չէ՞ որ, վերջապէս, «Հայ Դատով զբաղիլ չուզելը առողջութեան նշան է»: Բոլոր պայմաններուն մէջ, «ազատագրութիւնը» նախապայման է եւ, ըստ երեւոյթին, հերոսական ճիգ կը պահանջէ…

Մի՛ մոռնաք օրուան նշանախօսքը—նախ՝ քանդել: Իսկ հոս քանդելը հասած է իր գերադրական աստիճանին: Եւ դեռ՝ այս բոլորը… սկսելու համար են միայն:

..այդ տղաքը կը ժխտեն ամէն ինչ եւ գլխիվայր կը շրջեն ամէն բան, հարիւրամեակներ ետ տանելով հայ ազգային ու քաղաքական մտածողութիւնը: Ահաւոր ոչնչապաշտութիւն (nihilism) մը կը ցուցաբերեն եւ մեր ազգային գիտակցականութիւնը կ’իջեցնեն նախնադարեան մակարդակի:

Մեր գիտցածը այն էր ցարդ, որ մարդկային արշալոյսին՝ կիսավայրենի ցեղերն անգամ ունէին իրենց ցեղային ինքնութիւնը եւ այդ ինքնութեան գիտակցութիւնը: Եւ այդ ինքնութեան ու անոր գիտակցութեան հակադրութեամբ ու համադրութեամբ (այլ ցեղերու հետ) կերտուեցան մարդկային քաղաքակրթութիւնը, ազգերը եւ ազգային մշակոյթները: Ապա, նաեւ, այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, ստեղծուեցան ազգային ինքնութիւնները, մշակոյթներն ու գիտակցութիւնները:

Արդ, 20րդ դարու Բ. կէսին, մեր տղաքը կու գան մեզի պատգամելու ահաւասիկ, թէ սխալ ընթացքի մէջ է պատմութիւնը, սխալ հունի մէջ է մանաւանդ հայո՛ց պատմութիւնը, բայց մասնաւորաբար սփիւռքահայութիւնը, որովհետեւ «հայկական ինքնութեան մը գոյութիւնը ՎԱՐԿԱԾ մըն է» լոկ, չհիմնաւորուած եւ դեռ հիմանւորման կարօտ տեսութիւն մը միայն, մտացածին ու վերացական իրականութիւն մը, որ տակաւին ապացուցման կարիք ունի եւ որուն ապացուցումը շատ ջուր կը վերցնէ, ըստ երեւոյթին:

Ահա աս «վարկած»ին վրայ հիմնուած է (եղեր) Հայ Դատը, որ, ի դէպ, «հողերու պահանջ մըն է, կամ գոնէ կը յանգի այդ պահանջին»: Եւ այս «պահանջ»ն ալ հիներուն կողմէ «կ’արդարացուի այն կարծիքով (կարծիքո՜վ. Ս. Կ.), որ այդ հողերը «սեփական» հողեր են, ինչ որ չեն, անշուշտ: …

Ի՜նչ միամիտ հաւատք է այս, արդարեւ, ի՜նչ անհեթեթ վարկած մանաւանդ,– աւազին վրայ աւազով տուն կառուցելու պէս բան մը ահա, ո՛չ աւելի, ոչ պակաս:

…

Արդարեւ, եթէ ազգային ինքնութիւնը ընկերային ու մարդկային ճշմարտութիւն մը չէ, այլ պարզապէս վարկածի մը համազօր տեսութիւն է, անհող ու անհիմն, ինչո՞ւ, ուրեմն, ի գին գերագոյն զոհաբերութեանց, կը պահուին ու կը պահպանուին.

ա.– Ազգային լեզուները.

բ.– Ազգային մշակոյթները.

գ.– Ազգային պետութիւնները.

դ.– Ազգային հողամասերն ու հայրենիքները:

Ինչո՞ւ կը պահուին մանաւանդ ազգային բանակները, ի՞նչ բանի կը ծառայեն ազգային սահմաններն ու ու սահմանագծումները, ի՞նչ բանի կը ձգտին միջ-ազգային պայքարներն ու պատերազմները:

Այս բոլորը «վարկած»ներ են կամ «վարկած»ներ հիմնաւորելու եւ կարծիքներ արդարացնելու համա՞ր են միայն:

…

Ինչո՞ւ, վերջապէս, բոլոր ազգերը անխտիր, մեծերը թէ փոքրերը հաւասարապէս, մի՛շտ եւ տեւաբար կը հակադրուին իրարու՝ իրարու հակադրելով իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ չեն համադրուիր վերջնապէս:

Շատ պարզ է. որովհետեւ բոլո՛ր ազգերը, ամէնէն մեծերէն սկսեալ մինչեւ ամենէն փոքրերը, գիտե՛ն եւ կը գիտակցին, յստակօրէն եւ աներկբայօրէն, թէ իրենց գոյութեան ու գոյատեւման հիմնական ազդակը կը կայանայ ոչ թէ իրենց ինքնութիւնը չակերտելուն ու չքացնելուն, այլ զայն տեւաբար շեշտելուն, զօրացնելուն ու ընդգծելուն մէջ:

Գիտեն եւ կը գիտակցին, որ իրենց գոյութեան, գոյատեւման ու մեծութեան նախապայմանը ոչ թէ ազգային ինքնութեանց համադրութեան, այլ հակադրութեան մէջ է: Ընդհակառակն, համադրութիւնը մահ է իրենց համար, կեանքն ու կենսունակութիւնը – ո՛չ միայն իրենց, այլեւ բովանդա՛կ մարդկութեան- հակադրութեան մէջ է: Այո՛, ազգային ինքնութիւնը, ազգային առանձնայատկութիւնները, ազգային դիմագիծը ՇԵՇՏԵԼՈՒն, ազգային գոյներն ու գունաւորումները ԽՏԱՑՆԵԼՈ՛ՒՆ մէջ է կեանքը, կեանքի աղբիւրը բոլոր ազգային անհատականութեանց, անձնականութեանց, ճշմարտութեա՛նց, մշակոյթներո՛ւն, արժէքներո՛ւն:

Այս է, որ կը սորվեցնէ մեզի պատմութիւնը, ազգերուն անցեալը եւ ներկան: Եւ այս է արդէն բուն ճշմարտութիւնը եւ մնացեալն է լոկ, որ վարկած է, ոչ իսկ վարկած է հաւանաբար:

…ինչ որ ըրաւ հին սերունդը այս ուղղութեամբ, հայոց պատմութեան շարունակութիւնն էր: Իսկ հայոց պատմութիւնը ուրիշ ձեւով կարելի չէր շարունակել: Բնականը տեղի ունեցածն է, կատարուածը, արուեստականը հակառակին մտածումն է միայն:

Եթէ այս չէ ճշմարտութիւնը, ապա, ուրեմն, հարց տանք մենք մեզի.– Եթէ հայութիւնը ի՛ր քրիստոնէութիւնը չհակադրէր թուրքի՛ իսլամութեան, հայերէնը չհակադրէր թուրքերէնին, հայ մշակոյթը չհակադրէր թուրք մշակոյթին, հայկական բարքերն ու աւանդութիւնները չհակադրէր թրքականներուն, չհակադրէր մանաւանդ եւ ստեղծագործ հանճարն ու վերանորոգւելու եւ վերապրելու հրաշագործ զօրութիւնը, կրնա՞ր իր գոյութիւնը պահել իր պատմական հայրենիքին մէջ.– Ո՛չ, չէ՛ր կրնար:

Չէ՛ր կրնար, որովհետեւ իր ազգային ինքնութեան չէզոքացումը, իր ազգային առանձնայատկութեանց ջնջումը անխուսափելիօրէն զինք պիտի առաջնորդէին կորստեան՝ նոյնի՛նքն իր սեփական հայրենիքին մէջ: Համադրութիւնը, մեր ազգային ինքնութեան ու առանձնայատկութեանց համահարթումը մեզի պիտի նետէր կորստեան վիհը: Փաստը այն է, որ հայոց պատմութիւնը հաւատափոխ հայեր չի ճանչնար, այլ կը ճանչնայ ազգափոխ հայեր: …

Անհեթեթ է մտածել, թէ կարելի է միաժամանակ երկու ճամբայ բռնել ու քալել: Կա՛մ համադրութիւն, կա՛մ հակադրութիւն: Ընտրութիւնը անխուսափելի է ու ճակատագրական: Եւ աւելի քան յստակ է, թէ ո՛ւր կը տանի ուղիներէն մէկը թէ միւսը: Համադրութիւնը դէպի անխուսափելի մահ կ’առաջնորդէ: Ուստի հակադրութիւնն է կեանքի աղբիւրը:

Հակադրութի՛ւն՝ ազգային գետնի վրայ, լեզուական գետնի վրայ, մշակութային ճակատի վրայ, քաղաքական, գաղափարական եւ այլ հնարաւոր ամէ՛ն ճակատի վրայ: Հակադրութի՛ւն վասն ինքնութեան ինքնապահպանման ու զարգաման: Ուրեմն, ըստ էութեան, պաշտպանողական պայքարի մը մասին է խօսքը: Զուտ մարտավարական հարց է այլեւս պնդել, թէ լաւագոյն պաշտպանողականը յարձակողական պայքարն է, ինչ որ, ըստ էութեան, բան չի փոխեր կացութենէն:

Նոյն այդ տղաքը կը սխալին դարձեալ եւ կը սխալին չարաչար, երբ կը պնդեն, թէ ձուլումը, չակերտաւոր կամ անչակերտ, «ինքնութիւն-օտարութիւն արուեստական ահաւոր հակադրումէն կ’առնէ իր ծնունդը»: Արուեստականօրէն ահաւորը «հակադրումին» մէջ չէ, համադրումին մէջ է, վկա՛յ գաղութներու մեր պատմութիւնը: Եւ ոչ միայն մեր պատմութիւնը…

Տարօրինակը այն է, որ համադրութեան տեսաբանները չեն զիջանիր մինչեւ իսկ միջին ճամբան որոնելու, այլ, հակադրութենէն մէկ ոստումով կ’անցնին համադրութեան: Ոչ զուգորդումով կը գոհանան եւ ոչ իսկ զուգակցումով կը բաւարարուին: Կը պնդեն – համադրութիւն, որ համազօր է աստիճանական միաձուլման, կամայ-ակամայ, գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ:

Սակայն կայ աւելի անհեթեթը տակաւին.– Նոյն այդ տղաքը – հայ նորահաս մտաւորականութեան ամէնէն առաջապահ ու նորանոր թեւը – «հայկական ինքնութիւնը» պարզ «վարկած» հռչակելէ, չակերտելէ ու չքացնելէ ետք, ճամբայ կ’ելլեն – մեզի՛ ալ հրաւէր ու ասպարէզ կարդալով – նոր ինքնութիւն մը կերտելու,– ՍՓԻՒՌՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ կամ «ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԱԶԳ»:

Ամէնէն մեծ ու սնամէջ վարկածը ա՛յս «ինքնութիւն»ն է ահաւասիկ,– սփիւռքականութիւն կամ «սփիւռքահայ ազգ» կոչուած անհեթեթութիւնը:

Եւ չեն իսկ անդրադառնար, թէ ի՛նչ ահաւոր հակասութեան մէջ կ’իյնան այս նորահրա՜շ սփիւռքականութեամբ:

Արդարեւ, ի՞նչպէս կարելի է հայկական ինքնութիւնը ժխտել ու մերժել, ապա ոչինչէն սկսիլ՝ նոր ինքնութեան մը կերտման ի խնդիր: Կրկնելով, անշուշտ, պատմական միեւնոյն սխալը… ժառանգաբար:

Աւելի՛ն. երբ եղած ինքնութիւնը պահելու ի վիճակի չես կամ սիրտ չես ըներ, ա՛լ ինչպէս կարելի է նոր ինքնութիւն կերտելու շահատակել:

Յետոյ ինչի՞ վրայ պիտի հիմնուի այս նոր ինքնութիւնը Սփիւռքին,– համադրութեան վրայ, անտարակոյս:

Սակայն մենք տեսանք, թէ ինչ կը նշանակէ համադրութիւն,– պարզապէս աստիճանական ձուլում:

…

Ո՞րն է «առողջութեան նշան»ը,– ազգային ու անհատական,– սփիւռքականութիւն խաղա՞լը թէ հայութեան ինքնութեան պահպանումն ու զարգացումը:

Ո՞րն է վերջապէս ճշմարիտ ազատագրութեան եւ իրական փրկութեան ուղին,– հայապահպանո՞ւմն ու Հայ Դատի լուծո՞ւմը, թէ՞ ուրացումն ու մերժումը մէկուն եւ միւսին հաւասարապէս:

Առողջ մտածողութեան եւ առողջ երիտասարդութեան միակ ուղին Հայ Դատի հետապնդումն է: Այս է նաեւ հայապահպանման հիմնական միջոցը:

Բո՛ւն վարկածն ու վարկածայինը մնացեալն է:

Սակայն տեսնենք, թէ ինչ կը հասկնան մեր երիտասարդները սփիւռքականութիւն, համադրութիւն կամ համաձուլում ըսելով:

Ս. Կալեան (Զէյթլեան)

«ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ – ԴՐՕՇԱԿ»
Բ. Տարի, 1971, Թիւ 28

horizonweekly.ca

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company