ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Իրան-ատրպէյճանական լարուածութեան ու անոր մագլցման պատճառը

25 Ապրիլ 2023

44-օրեայ պատերազմէն ետք, Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը հետեւանք է երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը երկարելուն, ուստի եւ ատրպէյճանական հողերը իբրեւ Իրանի դէմ գործողութիւններու հարթակ օգտագործող Իսրայէլի համար Իսլամական Հանրապետութիւն ներթափանցելու յաւելեալ կէտերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն շրջան տեղափոխուած Քայիտայի առնչուած վարձկան ահաբեկիչներու Իրանի հետ սահմանի մօտ տեղակայման։ Այստեղ, Իրանի տեսանկիւնէն, գլխաւոր ժխտական ազդակը առաջին իրողութիւնն է, իսկ երկրորդին ներկայացուցած վտանգի տարողութիւնը շատ աւելի պակաս է ու նուազ մտահոգիչ։

Իրան-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը մագլցում արձանագրեց, երբ Յունուար 27, 2023-ի առաւօտեան իրանցի զինեալ մը անձնական եւ ընտանեկան պատճառներով ներխուժեց Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն սպանելով դեսպանատան անձնակազմէն անձ մը եւ վիրաւորելով երկու ուրիշներ։ Ան յարձակում գործած էր, որովհետեւ իր ատրպէյճանցի կինը լքած էր զինք ու դեսպանատան օգնութեամբ փախուստ տուած։ Յարձակումի հեղինակը անմիջապէս ձերբակալուեցաւ։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շտապեց դէպքը որակել «ահաբեկչութիւն» , իսկ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ Իրանի կառավարութենէն պահանջեց «անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել՝ սադրիչները բացայայտելու համար»՝ աւելցնելով. «Թեհրան պէտք է միջոցներու ձեռնարկէ Իրանի մէջ հակա-ատրպէյճանական արշաւին դէմ: Վերջին ամիսներուն իրանեան լրատուամիջոցներուն մէջ հակա-ատրպէյճանական լայնածաւալ քարոզչութիւն կատարուած է, ինչ որ խթան հանդիսացած է յարձակումին համար: Ատրպէյճան միշտ եղած է Իրանի հետ բարի դրացիութեան կողմնակից, սակայն նման սադրանքները բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենան: Յարձակումին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ իրանեան կողմը»։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի 21 Փետրուարին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յորդորեց «զգուշանալ» դեսպանատան վրայ յարձակումը «քաղաքականացնելէ»։ Ան այդպիսով արձագանգեց քանի մը օր առաջ Միւնիխի մէջ Միջազգային անվտանգութեան խորրդաժողովի ընթացքին Ալիեւի «Իրանեան կառավարութեան առնչուած կառոյցներ մեղսակից են Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ կատարուած զինեալ յարձակումին» յայտարարութեան։

Այս դէպքին յաջորդեցին իրարու հասցէին փոխադարձ կոշտ յայտարարութիւններ, դեսպաններու արտաքին գործոց նախարարութիւններ հրաւիրում եւ բողոքագիրներու փոխադարձ յանձնումներ։ Արձանագրուեցաւ նաեւ զաւեշտալի դէպք մը`հակա-իրանեան դիրքորոշմամբ ծանօթ ատրպէյճանցի երեսփոխան Ֆազիլ Մուսթաֆայի դէմ «մահափորձ»-ը։

Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Մարտ 28-ին «Քալաշնիքով» տիպի գնդաձիրով «ահաբեկչութիւն» կատարուած է. Պաքուի մէջ անծանօթ անձեր կրակ բացած են երեսփոխան Ֆազիլ Մուսթաֆայի վրայ, երբ ան դուրս կու գար իր տան մօտ գտնուող շուկայէն։ Զարմանալիօրէն գնդաձիրէն միայն երկու փամփուշտ արձանակուած էր եւ «մահափորձ»-ի թիրախը վիրաւորուած էր ուսէն եւ…ոտքէն։ Դէպքի բեմադրուած ըլլալու մասին աղաղակող այս ծիծաղաշարժ տուեալները արգելք չեղան, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարէ, թէ մահափորձի հետքերը կը տանին դէպի Իրան։

Այստեղ կարելի է հարց տալ, թէ Ատրպէյճան ինչո՞ւ կը դիմէ Իրանի հետ լարուածութիւնը մագլցման մղող հնարքներու, ինչո՞ւ կը ճգնի Իրանը իր թշնամին վերածելու կամ իբրեւ իր թշնամին ներկայացնելու։ Այդ հարցումին պատասխանը Իսրայէլի սիրաշահումն ու յարաբերութիւններու ամրապնդումն է՝ շահագործելով «թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» սկզբունքը։ Այս առումով Պաքուի ճիգերը կը թուին համընկնիլ Թել Աւիւի շահերուն։

31 Մարտին , Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն Թել Աւիւի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացման արարողութեան մասնակցելու համար Իսրայէլ հասած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ժողովէն ետք յայտարարեց. «Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան պէտք է աշխատանք տանին Իրանի հիւլէական կարողութիւն ստանալը արգիլելու համար»՝ աւելցնելով.«Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ Իրանի դէմ միացեալ ճակատ կազմելու համաձայնութիւն գոյացուցի»։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր ետք դատապարտեց Քոհենի յայտարարութիւնը եւ զայն նկատեց «սիոնական գոյացութեան կողմէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հողերը Իրանին սպառնալիքի վերածելու չարամիտ մտադրութիւններու» մէկ այլ փաստաթուղթ մը, եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն նշեալ համաձայնութեան մասին բացատրութիւններ պահանջեց։ «Հաստատ, որ Իրան ատրպէյճանական հողերէն իսրայէլեան գոյացութեան սադրանքներուն նկատմամբ լուռ պիտի չմնայ», ընդգծեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ճիշդ է, որ ատրպէյճանական կողմը դժգոհ է Իրանի Հարաւային Կովկասի մէջ սահմաններու փոփոխութիւնները մերժող կտրուկ կեցուածքէն, սակայն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ ազդող հիմնական ազդակը այդ կեցուածքէն շատ աւելի հին եղող եւ այժմ ամրապնդուող ու այլ մակարդակի բարձրացուող Պաքու-Թել Աւիւ յարաբերութիւններն են։ Իսրայէլ շարունակ ատրպէյճանական հողերը օգտագործած է Իրանի մէջ խափանարարական արարքներու եւ հիւլէական ոլորտի գիտնականներու ահաբեկման գործողութիւններու շղթայազերծման համար։ Իրանեան կողմը, սակայն, մինչեւ հիմա կը զգուշանար այդ իրողութեան այսքան կոշտ կերպով արձագանգելէ։ Իսկ ինչո՞ւ հիմա, ի՞նչ փոխուած է։

10 Մարտին Պէյճինկի մէջ արձանագրուեցաւ շրջադարձային զարգացում մը. Իրան եւ Սէուտական Արաբիա Չինաստանի միջնորդութեամբ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու եւ դեսպանատուները վերաբանալու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին։ Այդ վերաբերեալ գործնական քայլերը արդէն ընթացքի մէջ են։

Թեհրան, որ իր դէմ հիւսիսային (Ատրպէյճան) եւ արեւմտեան (Արաբական Ծոց եւ Իրաք) ճակատներէ իսրայէլեան յարձակումի մը վտանգը կը դիմագրաւէր, Պէյճինկի մէջ կնքուած համաձայնութեան շնորհիւ Ծոցի մէջ կամ այլուր գտնուող արաբական երկիրներու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութենէն ձերբազատուելով՝ ճամբան փակեց իր դէմ այդ երկիրներու օդային տարածքի օգտագործմամբ եւ/կամ անոնց ուժերու մասնակցութեամբ իսրայէլեան յարձակումի մը դիմաց։ Իսլամական Հանրապետութիւնը այսուհետեւ կը գտնուի աւելի հանգիստ դիրքի վրայ եւ կրնայ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իր «հիւսիսային ճակատ»-ին վրայ։

Իսրայէլ իր կարգին յոյսը կտրած է «արաբական ճակատէն» եւ ստիպուած է շեշտը դնել Իրանի հետ «ատրպէյճանական ճակատ»-ին վրայ։ Ահա այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետին Ատրպէյճանի հետ Իրանի դէմ միացեալ ճակատ կազմելու մասին յայտարարութիւնը, եւ 19 Ապրիլին Պաքու այցելութիւնը, եւ շեշտելը, թէ Իսրայէլէն Ատրպէյճան եկած է «երբեւէ մեծագոյն պատուիրակութեամբ» եւ «մենք Ատրպէյճանը կը նկատենք ռազմավարական գործընկեր»։

Այո, Պաքու Թեհրանը կը մեղադրէ հայամէտ կեցուածքի համար եւ գոյութիւն ունի հիւսիսային Իրանի մէջ ատրպէյճանական փոքրամասնութիւն ու այդ տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական ախորժակներ, որոնք խորքին մէջ Իսլամական Հանրապետութեան համար այնքան ալ մտահոգիչ չեն՝ նկատի ունենալով երկու երկիրներու ուժերու անհաւասարութիւնը, այս բոլորը, սակայն, իսկութեան մէջ երկրորդական հարցեր են։ Հիմնականը իսրայէլեան ազդակն է։

Պաքու թերեւս այն պատրանքն ունի, որ Թել Աւիւի օգնութեամբ կրնայ իրագործել Իրանի Արեւելեան Ատրպէյճան նահանգը իրեն կցելու երազը, սակայն պէտք է նկատի ունենայ նաեւ հակառակը՝ Պարսկական կայսրութեան պատմական սահմաններու մինչեւ Դերբենդ վերականգնման, ուստի եւ Ատրպէյճանի վերացման բեմագրութիւնը։

Համենայն դէպս, Ատրպէյճանը ընդամէնը Իսրայէլի համար գործիք է, ուստի եւ Իրան-Իսրայէլ պայքարին մէջ ճակատ, իսկ մնացեալը կամ մանրուք ու մանրամասնութիւն է, կամ ալ Ատրպէյճանի, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, «աքլորացած» իշխանութիւններու անտեղի մեծամտութիւն։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Հայրենիք»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company