ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չում Աթէնքի մէջ

27 Ապրիլ 2023

Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան զօ­րակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը 108-ա­մեա­կին ա­ռի­թով

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հան­դէս ե­կաւ հա­յու­թեան զօ­րակ­ցու­թեան ու­ղերձ­նե­րով, ո­րոնք հա­մա­ցան­ցի ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած մեծ ո­ճի­րին մա­սին։

­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Քա­թե­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու «­Թո­ւի­թըր»-ի վրայ յայտ­նեց. «­Մենք կը յար­գենք Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ժա­մա­նակ բնաջն­ջո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը: ­Մեր պարտքն է պայ­քա­րիլ խտրա­կա­նու­թեան բո­լոր ձե­ւե­րուն դէմ, որ­պէս­զի մար­դիկ ա­պա­հով ըլ­լան` ան­կախ ի­րենց ինք­նու­թե­նէն, ծա­գու­մէն եւ հա­մո­զում­նե­րէն»։

Երկ­րի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս ու­ղերձ յղեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ա­ռի­թով. «Այ­սօր` 24 Ապ­րի­լին, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օ­րը, մենք յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցենք ա­նոնց, ո­րոնք այդ­քան ա­նար­դա­րօ­րէն բնաջնջո­ւե­ցան: Զ­գօն կը մնանք եւ դէմ կը կանգ­նինք ո­րե­ւէ ա­րար­քի հան­դէպ, որ խտրա­կա­նու­թիւն եւ բռնու­թիւն կը հրահ­րէ մարդ­կու­թեան նկատ­մամբ»։

­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի գրա­ռու­մը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ա­ռի­թով. «­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կը վառ պա­հե­լը ողջ մարդ­կու­թեան նո­ւա­զա­գոյն պարտքն է: Այ­սօր մենք մտո­վի մեր հայ­րե­նա­կից եւ հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թեան հետ ենք»։

­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Փա­նաեո­թո­փու­լոս հե­տե­ւեալ գրա­ռու­մը կա­տա­րեց. «­Յար­գան­քով կը խո­նար­հինք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պանւ­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, ո­րոնք ան­մարդ­կա­յին կեր­պով բնաջն­ջո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ ­Պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան պահ­պա­նու­մը մեր բո­լո­րին պարտքն է»։
­Գոր­ծառ­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու փոխ­նա­խա­րար ­Տոմ­նա ­Մի­խա­յի­լի­տու յայտ­նեց. «24 Ապ­րիլ 1915։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-րդ ­տա­րե­լից։ ­Յու­զու­մով եւ յար­գան­քով կը պա­տո­ւենք 1.500.000 ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը, ո­րոնք ան­մարդ­կա­յին մի­ջոց­նե­րով նա­հա­տա­կո­ւե­ցան Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան օ­րե­րուն։ ­Պար­տա­ւոր ենք կեն­դա­նի պա­հել պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ ա­պա­գա­յին կան­խել նմա­նօ­րի­նակ ո­ճիր­ներ»։

Գլ­խա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան ­Սի­րի­զա կու­սակ­ցու­թեան ա­ռաջ­նորդ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րաս կա­տա­րած է հե­տե­ւեալ գրա­ռու­մը. «Այ­սօր մենք յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցենք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: ­Ժո­ղո­վուրդ, որ մեզ նման սար­սա­փե­լի փոր­ձու­թիւն­նե­րու են­թար­կո­ւած է, ո­րոնք այ­լեւս պէտք չէ կրկնուին: ­Մեր պարտքն է վառ պա­հել պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը, պաշտ­պա­նել ի­րա­ւունք­նե­րը եւ դէմ կանգ­նիլ ա­տե­լու­թեան ու ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան տրա­մա­բա­նու­թեան, որ պատ­ճառ դար­ձաւ այս վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն»։

­Փո­փո­խու­թեան շար­շում-­Փա­սօք կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, Եւ­րո­պա­կան խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ­Նի­քոս Անտ­րու­լա­քիս յայտ­նեց. «108 տա­րի ա­ռաջ ծայր ա­ռաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Քայ­քա­յո­ւող Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ յոյ­նե­րը, հա­յե­րը եւ ա­սո­րի­նե­րը զոհ գա­ցին քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թիւ­նը բնաջն­ջե­լու հա­մա­կար­գո­ւած փոր­ձին: Այ­սօ­րո­ւան տա­րե­լի­ցը մեզ կը յի­շեց­նէ պատ­մու­թեան յի­շո­ղու­թեան պահ­պան­ման, մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման ուղ­ղու­թեամբ պայ­քա­րե­լու մեր յա­ւէր­ժա­կան պարտ­քը` կան­խե­լու հա­մար մարդ­կու­թեան դէմ նմա­նա­տիպ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կրկնու­թիւ­նը»։

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ու պաշտ­պա­նու­թեան մշտա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Քոս­թաս ­Կիւ­լե­քա­սի գրա­ռու­մը. «24 Ապ­րիլ 1915… Այս օ­րը սկսաւ մեր հայ եղ­բայր­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: 1.500.000 հայ մար­դիկ, կի­ներ, ե­րե­խա­ներ, մե­ծեր սառ­նասր­տօ­րէն սպա­նուե­ցան, ողջ-ողջ այ­րե­ցան, խոշ­տան­գո­ւե­ցան թուր­քե­րուն կող­մէ՝ ա­նըն­դու­նե­լի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով, ո­րոնք այ­սօր ալ կը մեր­ժեն ըն­դու­նել այդ ա­րարք­նե­րը:

Ա­նոնց հե­տե­ւե­ցաւ ­Պոն­տո­սի եւ ­Փոքր Ա­սիոյ յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

­Մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կա­պո­ւած են ա­րիւ­նակ­ցա­կան կա­պե­րով: ­Կը յար­գենք նա­հա­տա­կո­ւած հա­յե­րու յի­շա­տա­կը, կը ցա­ւակ­ցինք հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր յու­նա­հայ եղ­բայր­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան սու­գը: Ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջենք»։

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի նա­խա­գահ ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­փու­լո­սի գրա­ռու­մը. «­Մեզ­մէ ա­նոնք, ո­րոնք այ­ցե­լած են Ե­րե­ւան, մեզ­մէ ա­նոնք, ո­րոնք մտե­րիմ են ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին հետ, այ­սօր պար­տա­կան են վառ պա­հել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցել: ­Փա՜ռք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: 108 տա­րի ան­ցած է թրքա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ բազ­մա­չար­չար ու եղ­բայ­րա­կան ժո­ղո­վուր­դի դէմ ի­րա­կա­նա­ցած ազ­գա­յին զտու­մէն։ ­Մենք պէտք չէ մոռ­նանք»։

Ն­շենք, որ բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­պետ­ներ եւ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ի­րենց ու­ղերձ­նե­րով նշած են ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կրպա­կը

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չում­նե­րու ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր յա­տուկ տեղ եւ նշա­նա­կու­թիւն կը գրա­ւէ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ծա­ւա­լուն կրպա­կը, որ ա­մէն տա­րո­ւան նման կը կանգ­նի ­Սին­տաղ­մա­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ։ ­Քա­նի մը օ­րո­ւան տե­ւո­ղու­թեամբ, բազ­մա­թիւ ան­ցորդ­ներ, յոյն եւ օ­տար ժո­ղո­վուրդ կանգ կ­՚առ­նեն կրպա­կին առ­ջեւ եւ ա­ռի­թը կ­՚ու­նե­նան ի­րա­զեկ դառ­նա­լու ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քին մա­սին, քննե­լով ու կար­դա­լով տե­ղադ­րո­ւած պաս­տառ­նե­րը, պատ­կեր­ներն ու տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրու­թիւն­նե­րը։ ­Տեղ գտած նիւ­թե­րը կը պար­փա­կեն նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, հե­րո­սա­կան շրջան­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան, Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն, 44-օ­րեայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան եւ Ար­ցա­խի շրջա­փակ­ման շուրջ հա­մա­ռօտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։

Կր­պա­կին շուրջ կանգ­նած են յա­տուկ պաս­տառ­ներ, ո­րոնք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ թրքա­կան յա­ջոր­դա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցեն։
­Յատ­կան­շա­կան են նաեւ մեծ թի­ւով հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը յու­նա­րէն լե­զո­ւով, ո­րոնք կ­՚անդ­րա­դառ­նան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րուն։ Ա­նոնք կող­քին կը տրա­մադ­րո­ւին նաեւ յու­շա­նո­ւէր­ներ հայ­կա­կան նիւ­թե­րով։ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, կրպա­կը իր շուրջ կը բո­լո­րէ մեր կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, ո­րոնց պա­հան­ջա­տի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն գլխա­ւոր բա­ժի­նը կը նկա­տո­ւի սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ ­Ժո­ղո­վուր­դի հե­տաքրքրու­թիւ­նը եւ զօ­րակ­ցա­կան կե­ցո­ւած­քը կը հաս­տա­տէ նաեւ այս ձե­ւա­չա­փի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կա­րե­ւոր ծրա­գի­րի ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը։

Հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում 

Ա­թէն­քի նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Եր­կու­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։

Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կը վա­յե­լէր հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը հայ յա­րանո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րուն, ո­րոնց ներ­կա­յու­թեամբ եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան բա­ժի­նը։

­Հա­մախմ­բո­ւած ժո­ղո­վուր­դի կող­քին, ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դա­պետ ­Յով­սէփ ծ.վ. ­Պէ­զա­զեան, ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նա­խա­գահ եւ ­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի նախագահ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Փոլ ­Հայ­տոս­թեան, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան հիւ­պա­տոս ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեան եւ խորհր­դա­կան­նե­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թիւ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ միու­թե­նա­կան վար­չա­կան­ներ։

­Յու­նա­կան կող­մէն, ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին Ա­տի­կէի փոխ­մարզ­պետ Խ­րիս­թոս ­Թէո­տո­րո­փու­լոս, Ատիկէի մարզպետարանի խորհրդական Մերի Վիտալի, նախ­կին նա­խա­րար­ներ եւ ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու­ներ ­Խա­րիս ­Թէո­խա­րիս, Եոր­ղոս ­Քու­մու­ցա­քոս, թեկ­նա­ծու ե­րես­փո­խան­ներ ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, ­Վա­սի­լիս Ս­փա­նա­քիս, ­Տու­վա Ա­կե­լի­քի, ­Տո­րա ­Փա­փա­տա­քի, Աննա Գարամանլի, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քիս, փոխ­քա­ղա­քա­պետեր ­Վա­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեան, Ք­լե­րի ­Տե­լիեան­նի, Փեթրոս Քուքաս, նախ­կին քա­ղա­քա­պետ եւ այժ­մու թեկ­նա­ծուներ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, Եոր­ղոս Ք­րի­քրիս, խորհր­դա­կան­ներ Օ­տի­սէաս ­Նա­սի­պեան եւ Եոր­ղոս ­Լա­րի­սիս, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչներ Խրիսթոս Տիմոբուլոս, Երվասիոս Քացոթիս եւ Եորղոս Զինիսաս, լրագրող Նիքոս Սթեֆոս:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ սկաուտ­նե­րու փա­ղանգ մը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ազ­գա­յին դրօ­շակ­նե­րու, պա­տո­ւի կանգ­նած էր հիւ­րե­րուն առ­ջեւ եւ ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան կը պար­զէր տպա­ւո­րիչ պատ­կեր մը։

­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ընկ. ­Գէորգ Ա­ւա­գեան, ո­րուն խօս­քը պի­տի տրո­ւի ա­ռան­ձին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ա­ռաւ փոխ­մարզ­պե­տը, որ իր զօ­րակ­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով դա­տա­պար­տեց թրքա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Ան անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ան­պատ­ժե­լիու­թեան ի­րա­կա­նու­թեան, ա­ռա­ւել դրո­ւա­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րե­լու ո­գին, ի խնդիր ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։

Երկ­րորդ խօ­սո­ղը ե­ղաւ ­Վա­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեան: Ան կուռ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով վեր ա­ռաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան պայ­քա­րը, որ սկսաւ 19-րդ ­դա­րուն եւ պսա­կո­ւե­ցաւ ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի հաս­տա­տու­մով։ ­Խօ­սո­ղը, անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լով հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան, շեշ­տեց հայ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի հանգ­րո­ւան­նե­րը, ­Լիզ­պո­նի հե­րո­սա­գոր­ծու­թիւ­նը, Ար­ցա­խի յաղ­թա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը, իսկ դա­տա­պար­տեց թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն մին­չեւ Ար­ցա­խի շրջա­փա­կու­մը։ ­Ժո­ղո­վուր­դի ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րուն տակ, փոխ­քա­ղա­քա­պե­տը պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց, թէ մօ­տա­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Հ.Յ.Դ. մար­մին­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ­Նէա Զ­միռ­նիի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին կող­քին պի­տի կանգ­նի նոր մար­մա­րեայ յու­շար­ձան մը, որ պի­տի խորհր­դան­շէ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­յե­րու ­Յու­նաս­տան հաս­տատ­ման ա­ւե­լի քան 100-ա­մեայ պատ­մու­թիւ­նը։

Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տա­րո­ւեցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թան­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ յա­ջոր­դա­բար հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն կող­մէ ե­ղան ա­ղօթք­ներ ու ըն­թեր­ցում­ներ։
­Յայ­տա­գի­րի վեր­ջին մա­սին տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։ ­Հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով դափ­նեպ­սա­կը զե­տե­ղեց ­Սե­դա ­Յո­վա­կի­մեան, յա­ջոր­դեց ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քիս, ա­պա Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան կող­մէ հիւ­պա­տոս ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեան եւ հուսկ՝ փոխ­մարզ­պետ Խ­րիս­թոս ­Թէո­տո­րու­փու­լոս։

­Յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ո­գերգ­նե­րու հնչիւն­նե­րուն տակ, ժո­ղո­վուր­դը յու­զու­մով իր յար­գան­քի տուր­քը յոտն­կայս մա­տու­ցեց մէ­կու­կէս մի­լիոն սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն, ա­պա հա­մախմ­բո­ւած բազ­մու­թիւ­նը միաս­նա­բար մեկ­նե­ցաւ դէ­պի ­Սին­տաղ­մա, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

Քայլարշաւ եւ բողոքի ցոյց դէպի թրքական դեսպանատուն 

Հայ դա­տի եւ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հե­տապնդման ու­ղիին վրայ, յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, հայ զան­գո­ւած­նե­րը «ներ­կայ ենք» բա­ցա­գան­չե­ցին, Եր­կու­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2023-ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան Սին­տաղ­մա հրա­պա­րա­կին վրայ։ Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, բազ­մա­հա­րիւր ե­րի­տա­սարդ­ներ, պա­տա­նի­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ ըն­դա­ռա­ջե­ցին կազ­մա­կերպ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կո­չին եւ ի­րենց բռունցք­նե­րը վեր ա­ռին, դա­տա­պար­տե­լու հա­մար Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 108-րդ տա­րե­լի­ցին՝ Թուր­քիոյ մե­ծա­գոյն ո­ճի­րը, միա­ժա­մա­նակ զօ­րակ­ցու­թեան ձայն հնչե­ցու­ցին Ար­ցա­խի մէջ շրջա­փա­կո­ւած հա­յոր­դի­նե­րուն հա­մար։

Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կին շուրջ կա­նու­խէն մէկ­տե­ղո­ւած ժո­ղո­վուր­դին բաժ­նո­ւե­ցան ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­ներ, մինչ նոր սե­րուն­դը հա­գած էր 24 Ապ­րի­լը խորհր­դան­շող շա­պիկ­ներ։ Դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն քայ­լար­շա­ւի մեկ­նար­կէն ա­ռաջ, Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ըն­կեր­նե­րը պա­րե­ցին հայ­կա­կան տպա­ւո­րիչ եր­կու պա­րեր, խլե­լով ներ­կայ բազ­մու­թեան խան­դա­վառ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը, մինչ ե­րի­տա­սարդ խօս­նա­կը կը վստա­հեց­նէր, թէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րուն, եր­գով ու պայ­քա­րով, պա­րով ու հե­րո­սու­թեամբ ազ­դանշա­նը տո­ւած է ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգն­ման հա­մար։

Ժո­ղովր­դա­յին թա­փօ­րը ճամ­բայ ե­լաւ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ըն­դար­ձակ ե­ռա­գոյն դրօ­շին, որ բռնած էին Հ.Յ.Դ. Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը։ Ա­նոնց կը հե­տե­ւէին ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մա­խումբ եւ ձեռք ձեռ­քի տո­ւած շար­քե­րը, մինչ այլ ե­րի­տա­սարդ­ներ մե­ծա­դիր պաս­տառ­նե­րով շա­րո­ւած էին եր­կար բազ­մու­թեան մէջ։ Ցոյ­ցին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րենց նա­խա­գա­հին, ինչ­պէս նաեւ յոյն քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի առ­ջե­ւէն ճամ­բայ ե­լած ցու­ցա­րար­նե­րու մեծ հա­մախմ­բու­մը շար­ժե­ցաւ Վա­սի­լի­սիս Սո­ֆիաս պո­ղո­տա­յին վրայ, միա­ժա­մա­նակ՝ բարձ­րա­խօս­նե­րէն կը լսո­ւէին Թուր­քիան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը դա­տա­պար­տող լո­զունգ­ներ։ Ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու հնչիւն­նե­րուն տակ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ու ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ միա­բե­րան կրկնո­ւե­ցան տար­բեր լո­զունգ­ներ, ժո­ղո­վուրդն ալ հե­տե­ւե­ցաւ պա­տա­նի­նե­րու ու ե­րի­տա­սար­դու­թեան կո­րո­վի բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րուն եւ զօ­րա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն։ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նը գտնո­ւող յոյն ժո­ղո­վուր­դը ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւէր քայ­լար­շա­ւին ու զա­նա­զան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան։

Ժո­ղովր­դա­յին թա­փօ­րը հա­սաւ մին­չեւ Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րակ, թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նէն ա­ւե­լի քան հա­րիւր մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, ուր ան­գամ մը եւս նա­խորդ տա­րի­նե­րու պատ­կե­րը պար­զո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ։ Ոս­տի­կա­նա­կան եր­կու զրա­հա­պատ ինք­նա­շաժ­ներ փա­կած էին դէ­պի դես­պա­նա­տուն ճամ­բան, իսկ ա­նոնց առ­ջեւն ու ե­տին կանգ­նած էին տաս­նեակ ոս­տի­կա­նա­կան յա­տուկ ջո­կատ­ներ՝ վա­հան­նե­րով եւ մար­տա­կան լրիւ սար­քա­ւո­րում­նե­րով։ Պար­զո­ւած տե­սա­րա­նը, թէ­կուզ ծա­նօթ դար­ձած է մե­զի հա­մար, այ­սու­հան­դերձ՝ ան­գամ մը եւս ցոյց տո­ւաւ թրքա­կան պե­տու­թեան վախն ու զգու­շու­թի­նը խա­ղաղ ցու­ցա­րար­նե­րուն առ­ջեւ, ճնշում բա­նեց­նե­լով ոս­տի­կա­նա­կան զօ­րա­ւոր ներ­կա­յու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։ Ցոյ­ցը ա­ռաջ­նոր­դող ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր սկսաւ բա­ցա­գան­չել դա­տա­պար­տան­քի լո­զունգ­ներ, պա­հան­ջե­լով, որ քայ­լար­շա­ւը հաս­նի մին­չեւ դես­պա­նա­տան շէն­քին առ­ջեւ, որ­պէս­զի ցե­ղաս­պա­նը լսէ հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ար­դար ձայ­նը։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ուղ­ղո­ւիլ դէ­պի դես­պա­նա­տուն ու յանձ­նել յու­շա­գի­րը, սա­կայն նա­խա­պէս բա­խե­ցաւ ոս­տի­կա­նու­թեան պե­տի մեր­ժում­նե­րուն, որ իր սպա­սար­կու­թեան վե­րի հրա­մա­նա­տա­րու­թե­նէն հրա­հանգ­ներ ստա­ցած ըլ­լա­լու պատ­րո­ւա­կով, կը մեր­ժէր թոյլ տալ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թեան շար­ժիլ դէ­պի դես­պա­նա­տուն։ Տեղ­ւոյն վրայ Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ, կա­րե­լի ե­ղաւ ճամ­բան բա­նալ ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ ե­ռա­գոյն դրօ­շը ձեռ­քին, ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի դես­պա­նա­տուն յանձ­նե­լու յու­շա­գի­րը։ Սա­կայն, ոս­տի­կա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը թոյլ չտո­ւին յու­շա­գի­րի ուղ­ղա­կի յանձ­նու­մը դես­պա­նու­թեան ու պա­տո­ւի­րե­ցին այն զե­տե­ղել ծա­ռի կամ պա­տի մը վրայ։ Հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կտրուկ մեր­ժե­ցին ի­րենց ար­դար պա­հանջ­նե­րու փաս­տա­թուղ­թը են­թար­կել նման նո­ւաս­տաց­ման, ա­պա ո­րո­շե­ցին ետ վե­րա­դառ­նալ ու ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քին յայտ­նել թրքա­կան պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հեր­թա­կան մեր­ժու­մին ա­րար­քը։

Այն­քան ժա­մա­նակ, որ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը փոր­ձէր մեր­ձե­նալ դես­պա­նա­տան շէն­քին, ժո­ղո­վուր­դը զօ­րա­ւոր կամ­քով եւ հե­տե­ւո­ղա­կան կշռոյ­թով շա­րու­նա­կեց բա­ցա­գան­չել Ար­ցա­խի ի նպաստ լո­զունգ­ներ, ինչ­պէս նաեւ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող խօս­քեր։

Տեղ­ւոյն վրայ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րու յայ­տա­գիր մը։ Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ա­նու­նով խօ­սե­ցաւ Նի­քոս Քոէն­տաս, ա­պա խօսք ա­ռաւ Ատ­տի­կէի պոն­տա­ցի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Եան­նիս Ռափ­թո­փու­լոս։ Յա­ջոր­դե­ցին «Օն­նետ» եւ «­Փա­սօք-­Քի­նալ» ե­րի­տա­սար­դա­կան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն խօս­քե­րը։ Բո­լոր խօ­սող­նե­րը ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւն յայտ­նե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին, դա­տա­պար­տե­լով թրքա­կան ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը եւ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լով Ար­ցա­խի մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դին։ Խօս­քե­րու ա­ւար­տին, Հ.Յ.Դ. Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ ընկ. Ա­լին Սե­րո­բեան կուռ եւ զօ­րա­ւոր ո­ճով յայտ­նեց հայ պա­տա­նե­կու­թեան անն­կուն կամ­քը՝ շա­րու­նա­կե­լու ան­նա­հանջ պայ­քա­րը մին­չեւ վերջ­նա­կան հա­տու­ցում։
­Նոյն պա­հուն ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը ի­րենց բե­րան­նե­րուն վրայ զե­տե­ղե­ցին «X» նշան­նե­րը, ցոյց տա­լով եւ դա­տա­պար­տե­լով մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի լռու­թիւ­նը թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան նո­րօ­րեայ նկրտում­նե­րուն հան­դէպ։

Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի խօս­նա­կը բա­ցատ­րեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թեան դի­մագ­րա­ւած պատ­կե­րը դես­պա­նա­տան շէն­քէն ա­ռաջ եւ բուռն խօս­քե­րով դա­տա­պար­տեց թրքա­կան վար­քա­գի­ծը՝ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մեր­ժել Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի փաս­տը ու հա­յու­թեան ար­դար պա­հանջ­նե­րը։ Ան յայտ­նեց, թէ հա­յու­թիւ­նը ոտ­քի կանգ­նած է ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, ցոյց տա­լու հա­մար իր պայ­քա­րե­լու ան­խախտ կամ­քը. միա­ժա­մա­նակ ան կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին ա­մէն գնով նե­ցուկ կանգ­նիլ Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դի գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րին։ Յա­ջոր­դեց Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. Միու­թեան յու­շա­գի­րի ըն­թեր­ցու­մը, որ կա­տա­րեց ընկ. Ա­նա­յիս Խտ­րեան։

Նոյն պա­հուն, օ­դին վրայ բարձ­րա­ցաւ մե­ծա­դիր պաս­տառ մը, ո­րուն վրայ կ­՚ե­րե­ւէին հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ մե­ծա­գոյն ո­ճիր­նե­րը գոր­ծած Ապ­տիւլ Հա­մի­տի, Թա­լեա­թի, Էն­վե­րի, Ճե­մա­լի ու Ա­լիե­ւի դի­մա­գիծ­նե­րը, ո­րոնց վրայ գրո­ւած էր «Ոճ­րա­գործ­ներ» բա­ռը, իսկ տա­կի մա­սը՝ «1894-1915-Այ­սօր» ժա­մա­նա­կագրա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նը։ Դա­տա­պար­տան­քի եւ բուռն լո­զունգ­նե­րու ձայ­նին տակ պաս­տա­ռը հրկի­զո­ւե­ցաւ, ցոյց տա­լով հա­յու­թեան ընդվ­զու­մը շա­րու­նա­կո­ւող ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­նե­րուն դի­մաց։

Շի­կա­ցած մթնո­լոր­տին մէջ, հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու շար­քե­րը սկսան շար­ժիլ թրքա­կան դես­պա­նա­տան ուղ­ղու­թեամբ, իսկ ոս­տի­կա­նա­կան ջո­կատ­նե­րը պատ­րաս­տո­ւե­ցան ետ մղել ա­նոնց։

Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու մի­ջամտու­թեամբ կա­րե­լի ե­ղաւ կան­խել ո­րե­ւէ ա­նա­խորժ պա­տա­հար, սա­կայն ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ընդվզու­մը ա­ւե­լի տա­րա­ծո­ւե­ցաւ՝ պա­հան­ջե­լով յա­ռաջ շար­ժիլ ու հաս­նիլ մին­չեւ թրքա­կան շէն­քին առ­ջեւ։ Լո­զունգ­ներն ու բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցան բա­ւա­կան ժա­մա­նա­կի հա­մար, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն միա­ցած ըլ­լա­լով նաեւ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ժո­ղովր­դա­յին քայ­լար­շա­ւը եւ ցոյ­ցը ի­րենց ա­ւար­տին հա­սան հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րով։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւն եւ ժո­ղո­վուրդ վե­րա­նո­րո­գե­ցին ան­նա­հանջ պայ­քա­րի խոս­տու­մը, ի խնդիր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու հա­տուց­ման, Ար­ցա­խի ինք­նո­րոշ­ման ու Հա­յաս­տա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան։

azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company