ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Արցախը պաշտօնապէս վաճառուեցաւ Անիէն հազար տարի ետք

23 Մայիս 2023

Այն պահուն, երբ Հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի տօնելու Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձը, այն պահուն, երբ հայրենաբնակ եւ աշխարհատարած հայութիւնը կը պատրաստուի վերանորոգելու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան կերտելու, հայրենիքը հզօրացնելու ուխտը, այն պահուն, երբ հայրենի ու Արցախի հայութիւնը կ’աշխատի ձայներն ու ձեռքերը միացնել եւ կորուսեալ Արցախին վերականգնումը հիմնաքար ծառայեցնել մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրացման, ճի՛շդ այդ պահուն, Երեւանի իշխանաւորը մամլոյ ասուլիս կը սարքէ եւ բաց ճակատով ու խղճի ամենայն հանդարտութեամբ կը յայտարարէ, որ երբ կը խօսի 86 600 քառ. քլմ. տարածքով Ազրպէյճան մը ճանչնալու մասին, անոր կազմին մէջ կը տեսնէ ո՛չ միայն Արցախը, ամբո՛ղջ Արցախը, այլ նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանէն պահանջուած 8 «կղզեակները»:

Եւ որպէսզի լիարժէքօրէն չամբաստանուի իբրեւ Արցախէն վերջնականապէս ու պաշօտնապէս ձեռք լուացող, նոյնինքն Հայաստանի դէմ նիւթուած դաւին ուղղակի մասնակից, կը փորձէ միամիտներ համոզել, որ ունի պայման մը. այն՝ որ Ազրպէյճան պէտք է պահպանէ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները եւ անոր համար, կը վերահաստատէ իր չնաշխարհիկ գիւտը՝ Արցախն ու Ազրպէյճանը պէտք է բանակցին եւ համաձայնութեան մը հասնին:

Ինքնորոշո՞ւմ, անկախութի՞ւն, Հայաստանի՞ն վերամիացում…: Ասոնք հին խօսքեր են: Մոռցէ՛ք, որ այդ հին օրերուն, ինք ալ կոկորդը կը պատռէր, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»: Բայց իսկապէս, Փաշինեան մը ինչպէ՞ս կրնայ յիշել իր այդ յայտարարութիւնը, երբ այսօր բաց ճակատով կ’ընդունի, որ Արցախը Ազրպէյճան է եւ վերջ (յուսա՞նք, որ կոյրերուն եւ խուլերուն զգայարանքները պիտի արթննան ի վերջոյ): Եւ իբրեւ ինքնախոստովանանք՝ յիշողութեան կորուստին, ինքնարդարացումի կը դիմէ, թէ մարդիկ ինչո՞ւ կ’ակնկալեն, որ յիշէ անցեալի ըսածները… (թող մարդիկ պարզապէս հմայուին իր սուտերով, ինքնահակասումներով, եւ վարակուին յիշողութեան կորուստով):

Իր այս յայտարարութեամբ, Փաշինեան մե՜ծ իրագործում մը կատարեց. անմիջապէս շահեցաւ իրեն զօրակցող արեւմուտքցիներու լրատու աղբիւներուն լուսարձակաները: Աւելի քան հինգ ամիսէ ի վեր պաշարուած ու մարդկային ծանր տագնապներու ենթակայ մնացող Արցախը չէր կրցած լուսարձակ գտնել: Կ’արժէ՞ երկար-բարակ մեկնաբանել…
***
Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսին հնչած՝ հայրենուրաց այս խօսքերը կարծէք թէ նորութեան մը հնչեղութիւնը ունեցան Հայաստանի մէջ, մինչդեռ պէտք է կրկնել հնադարեան փիլիսոփային այն խօսքը, թէ «արեւուն տակ նորութիւն մի՛ փնտռէք»: Այս տողերը արձանագրելու պահուն, կը սպասուէր, որ Արցախի խորհրդարանը արտակարգ նիստ գումարէ եւ կրկնէ Նիկոլի եւ «քալողներուն» կարգադրութեանց մերժումը:

Փաշինեան եւ իր կողքին քալողները, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, կաթիլ-կաթիլ կրկնեցին թէ Արցախը Ազրպէյճանի պատկանած է, մինչեւ իսկ… Ազրպէյճանի գոյութիւն առնելէն առաջ, այդպէսով թութակելով Ալիեւներու յոխորտանքները: Առաջին կաթիլները երեւցան՝ նոյնինքն Հատրութի, Շուշիի, Քարվաճառի եւ միւս շրջաններուն յանձնումով (իսկ Սարսանգի ցամաքեցո՞ւմը…): Աւելի ուշ, աւելցան Բերձորն ու Աղաւնոն: Միջանկեալ՝ ազերիական հռչակուեցան Գորիս-Կապան ճամբուն ծանօթ հատուածը, քանի մը գիւղ կամ գիւղի մաս, կաթիլ-կաթիլ՝ Տեղի մօտակայ դիրքերը, Ջերմուկի, Սեւ լիճի, Սոթքի եւ սահմանամերձ այլ շրջաններ: Վաղը անոնց վրայ պիտի աւելնան Տաւուշի եւ Արարատի գիւղերը, որպէսզի Հայաստանի կենսական ճամբաներուն վրայ ազերիական տիրապետութիւնը ըլլայ աւելի՛ ազդու, աւելի՛ ամբողջական: Իսկ ի՞նչ կը վնասենք, եթէ աւելի ուշ, այլ շրջաններ ալ աւելցնենք նուէր տրուած, ծախուա՛ծ հողերու ցանկին:

Հայաստանի իշխանութեան ղեկին նստողները օր-ցերեկով եւ ճակատաբաց կը վաճառեն Արցախն ու հայրենի հողեր, քայլ առ քայլ, կաթիլ առ կաթիլ կ’իրականացնեն թուրք-ազերիին բոլոր ծրագիրները եւ զանոնք կը հրամցնեն իբրեւ թէ պատմական փաստերով, մինչդեռ պատմութեան ու աշխարհագրութեան ի՛սկապէս ծանօթները, Խորհրդային միութեան տարանջատումը փաստագրող վակայագիրները ունին հակառակը ապացուցող լեռնակուտակ վկայութիւններ:

Պետրոս Գետադարձը, Վեստ Սարգիսը, մինչեւ իսկ Ստալինը հիմա գոհ են իրենց գերեզմաններուն մէջ, որովհետեւ զիրենք գերազանցող մը կայ, քանզի Հայաստանի պետութիւնը ներկայացնող անձը եւ համախոհները Արցախը պաշտօնապէս եւ վերջնականապէս կը հռչակեն ազերիապատկան, ո՛չ իսկ ինքնավարութեան նշոյլը կ’ուզեն տեսնել հոն, լի ու լի իրականացնելով Ազրպէյճանի պահանջները:

Տգիտութիւնն ու համբակութիւնը իրարու հետ մրցումի ելած են այս մարդոց «բանականութեան» մէջ, վարակած են իրենց նման անտեղեակ եւ կամակատար հայեր, որոնք հակառակ բոլոր փաստերուն, կը շարունակեն «ժողովուրդին ընտրած իշխանութեան» մասին զառանցանքները: Նմաններ եթէ պահիկ մը, մի՛այն պահիկ մը կանգ առնէին եւ հարց տային իրենք իրենց, թէ ժողովուրդը այս խմբակին քուէ տուաւ՝ որպէսզի Արցախը մաս առ մաս Ազրպէյճանի՞ն յանձնեն, Հայաստանէն ալ պատառ-պատառ հողե՞ր նուիրեն, ոտքի կոխա՞ն ընեն Օրէնք ու Սահմանադրութիւն, հանրաքուէներով ամրագրուած իրաւունքներ ի՞նչ պատասխան պիտի տային իրենք իրենց (իսկ անկէ անդին՝ ի՜նչ խօսք՝ ընկերային եւ բանակին վերաբերող տագնապներու մասին):

***
Մաշած ձայնապնակի պէս կը կրկնէ նաեւ այլ յանկերգներ. «Հիները տուին… Հիները ճանչցան Ազրպէյճանի հողերուն ամբողջականութիւնը… Հիները պատճառ դարձան զոհերուն… Հիները տկարացուցին բանակը»: Եւ մարդիկ պատանդ կը մնան այս սուտերուն, անկախ անկէ, որ «հիներ»ը այլապէս ունէին իրե՛նց թերութիւնները եւ յանցանքները, բոլորովին տարբեր՝ հայրենիքի վաճառքէն:
Այս տրամաբանութեան գերի դարձած մարդը իրաւունք չունի՞ մտածելու, որ «հիներ»ն էին պատասխանատուները… Սուրմալու վաճառատան պայթումին, սահմանամերձ զօրակայանի մը մէջ զոհեր պատճառած հրդեհին, Ազրպէյճանի ախորժակներուն բացման, մինչեւ իսկ քանի մը օրէ ի վեր Երեւանի կենսոլորտը ապականող՝ Նուպարաշէնի հրդեհին (որ կը յամառի շաբաթ մըն ալ տիրապետել) եւ հազար ու մէկ կորուստի ու վնասի:

***
Մամլոյ ասուլիսին մէկ լայն բաժինը տրամադրուեցաւ որդեկորոյս մայր մը բանտարկելու ծանօթ հարցին, եւ ինքնակոչ «դատաւոր» Փաշինեան վճռեց, որ իր զաւակը ճիշդ ըրած է՝ Գայիանէ Յակոբեան անուն մայրը ամբաստանելով: Մարդիկ ականջալուր եղան հերոսութեան մէկ նոր բանաձեւումին, ի նպաստ մայր ու որդի Փաշինեաններուն, եւ ի դատապարտումն՝ նահատակներ տուող ծնողներու…: (Մի՜ մոռնաք, որ վարչապետի պաշտօնը վարողը դատաւոր է, զինուորական մասնագէտ, տնտեսագէտ, պատմագէտ, աշխարհագրագէտ, դիւանագէտ…: Մէկ խօսքով, հայկական բոլոր… գետերը իրմէ կը բխին):

Հոս ալ հին ձեռագիր մը կրկնուեցաւ: Կը յիշէ՞ք. անցեալ Սեպտեմբերին, Եռաբլուրի մէջ որդեկորոյս մայրեր ոստիկաններու կողմէ դաժան քաշքշուքի ենթարկուեցան, ինչպէս որ քաշքշուքի կ’ենթարկուին ընդդիմադիրներ, վարչապետին ինքնաշարժին անիւներուն տակ կը սպաննուի պատահական անցորդ մը եւ… «դատաւորը» կը մնայ ձեռնածալ, անուղղակիօրէն կը պաշտպանէ յանցագործները: Ու կայ զանգուած մը, որ կը հանդուրժէ նման արարքներ, իսկ եթէ վաղը, իսկական դատարանէն ուրիշ բան դուրս գայ (Բայց «ո՞վ է այն դատաւորը, որ վարչապետին կամքին հակառակ որոշում պիտի տայ»):

Նոյն ձեռագիրէն կան այլ «հնարքներ» ալ: Բանակը ունեցած է 11 հազար դասալիքներ (ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս. ճի՛շտ Ալիեւի հռչակած թիւով):
***

«Թող Ստեփանակերտն ու Պաքուն բանակցին եւ համաձայնութեան գան» խօսքերը սին են ու ցնդաբանութիւն: Ազրպէյճան պէտք է ապահովէ արցախաբնակներուն իրաւունքները չքմեղանքը փաստօրէն աւելի՛ եւս կը շեշտէ յանձնողին մեղապարտութիւնը:

Ինչո՞ւ: Բայց ո՞վ չի գիտեր, թէ Ազրպէյճանի հոգածութիւնը վայելող ԼՂԻՄ-ը ինչպիսի՜ գուրգուրանքի արժանացած է աւելի քան 65 տարի: Ո՞վ չի գիտեր եւ այսօր պարզ աչքերով չի տեսներ, որ Արցախի մէկ տարբերակին մատնուած Նախիջեւանը դանդաղ հայաթափումի ենթարկուեցաւ այդ տարիներուն, իսկ հիմա, հայութեան հետքերն անգամ կը փոշիացուին ազերիներու «հոգածու» ձեռքերով (նոյն փոշիացումը՝ գրաւեալ Արցախի տարածքներուն մէջ): Աւելի՛ն. իշխանաւորը նոյն հարցազրոյցին պահուն անգամ մը եւս խոստովանեցաւ, որ Ազրպէյճան ցեղասպանական ծրագիրներ ունի, կրնայ Արցախը «էթնիք զտումի ենթարկել»: Այլ խօսքով, ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ վաղը յիշէ մէկ ըսածը, երբ քանի մը վայրկեանի տարբերութեամբ կը խօսի Ազրպէյճանէն բարիքի ակնկալութեան եւ անոր ցեղասպանական ծրագիրներուն մասին:

Եւ իշխանաւորը անձամբ փաստեց, որ յիշողութեան կորուստէ կը տառապի: Երբ ասուլիսի պահուն, լրագրող մը յիշեցուց, որ ինք մօտիկ անցեալին ըսած է այսօրուան ըրածին ճիշդ հակառակը, մարդուկը բղաւեց. ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ անցեալին բոլոր ըսածներս յիշեմ: Ու երբ լրագրողը վրայ բերաւ, թէ ուրեմն, վաղն ալ կրնայ ժխտել – կամ չյիշել – այսօրուան ըսածը՝ մարդակերպը յոխորտաց. «Չի կրնար ըլլալ»: Եթէ բանիմաց մէկուն հարց տանք, թէ կրնա՞յ ըլլալ, պիտի պատասխանէ. «Էդ էլ ո՞նց…»:
Եթէ իշխանաւորները պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն չեն գիտեր, առաւել՝ յիշողութեան կորուստէ կը տառապին, մեր ժողովուրդը իրաւունք չունի անոնցմէ վարակուելու: «Հին» մը ատենին ըսած է. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»:
***
Արցախի վաճառքին կողքին, քանի մը «կողմնակի մանրուք»:

– Արցախէն դարձեալ կը տեղեկացնեն, որ Արցախի հոգածութեան պատրաստուող ազերիները կրակած են հայերու վրայ: Հայաստանի սահմանային գօտին ալ «վարակուած» է նոյն հոգածութեամբ:
– Արարատը մերը չէ, երազած ենք (եղեր). Հայաստանի լեռը Արագածն է: Վաղը, կրնան օրակարգի նիւթ դարձնել մեր զինանշանէն Արարատի գծանկարը վերցնելու… թրքական պահանջը: Իսկ ո՞վ Թուրքիայէն պիտի պահանջէ իր դրօշակին վրայէն ջնջել լուսինն ու աստղը…
– Անվտանգութեան ծառայութիւնները ունին նոր սովորութիւն մը. քանի մը օրը մէյ մը ի յայտ կու գայ, որ աշխարհի այս կամ այն ծագէն թմրեցուցիչներ կը հասնին Հայաստան (ուրախանա՞նք, որ այլ երկիրներու մէջ ալ մաքսանենգեր կան), սակայն յանցաւորներէն միայն մաս մը ի յայտ կու գայ, հող տալով այն շշուկներուն, որ այս «գործառնութեանց» մէջ «բարձրերէն» մատներ խառն են:

Թումանեանի մէկ դժբախտ հերոսը պիտի բացագանչէր. «Էսդի համեցէ՜ք», որովհետեւ Հայաստանը պատառ-պատառ վաճառքի է հանուած պաշտօնական իշխանութեան կողմէ: Աճուրդ ալ չկայ, կրնաք ստանալ ձրիաբար:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company