ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ազգային-Պետական Ծրագիր Կա՞յ, Ի՞նչ Բովանդակութիւն Ունի Ան

03 Հունիս 2023

Հայաստանի պետականութեան վերականգնման՝ Մայիսի 28-ի 105-րդ տարեդարձն արդէն նշեցինք։ Ազգովի՞ն։ Չենք կրնար պնդել։ Երեւան՝ Արամ Մանուկեանի յուշարձանին դիմաց կազմակերպուած «Տէր ենք մեր հայրենիքին»` Դաշնակցութեան նախաձեռնած եւ կազմակերպած ձեռնարկին մասնակցութիւնը համաժողովրդական, համազգային կարելի՞ է բնորոշել։

(Մամուլէն տեղեկացանք, որ հասարակական դէմքերու արգիլուած է մուտքը Սարտարապատի յուշակոթող, այն պահուն, երբ «ժողովրդավարութեան պասթիոն Հայաստան»ի վարչապետն ու գործակիցները յուշակոթող կ’այցելէին: Այլ խօսքով, նոյնիսկ տօնը իշխանականացուած է [ժողովրդականացման կշռոյթով]):

Պատահական չէ հարցումը։ Ակնկալութիւնը՝ հանրապետութեան հրապարակին վրայ ծովածաւալ բազմութեան մասնակցութեամբ մայիսեան խորհուրդի վեր առումն էր, այսօրէականէն անդին՝ ծրագրայի՛ն բովանդակութեամբ։ Այդպէս չեղաւ։

Մարդիկ դեռ մինչեւ օրս կը դժգոհին, որ Մայիսի 28-ը սեփականաշնորհած էր Դաշնակցութիւնը։ Մենք ուղղամիտ չենք գտած այս պնդումը։ Ժամանակ մըն ալ փորձուեցաւ Հայ դատի սեփականաշնորհման մեղադրանքը ներկայացնել։ Անուղղայ ենք՝ ընդունինք։

Սփիւռքի մէջ, այլախոհներու արժեւորումը՝ Մայիս 28-ին, եւ զայն Նոյեմբեր 29-ով փոխարինելու մօտ 70 տարուան ապարդիւն եւ ամուլ ճիգը սակայն անպայման հիմնաւորում մը ունէր՝ կ’ենթադրենք։ Խնդիրը՝ ըստ մեզի, կուսակցական պայքարը չէ եղած, թէպէտեւ այդպէս մեկնաբանած են նոյնինքն Մայիս 28-ը մերժածներն իսկ։ Վէրքը աւելի խորն է, որ՝ կը կարծենք, կարիք ունի բացուելու եւ պարպուելու։

Այս է պատճառը, որ յետմայիսեան այս օրերուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ցցուած են գոյաբանական մարտահրաւէրներ, երբ ժողովուրդի մէկ մեծ հատուածը բացարձակ կրաւորականութեան գիրկը կը մնայ, միւս հատուածն ալ անկարող է իր կառքին լծելու կրաւորական զանգուածը, եւ՝ բնականաբար, կը սրտնեղի։

Ի վերջոյ, եթէ սթափ մտքով դիտենք, յարաբե՛րաբար սանձարձակութեան սահմանը շատոնց անցած դաւադիր եւ դաւաճան իշխանութեան ու իր գաղափարազուրկ աջակիցներուն ջատագոված եւ կրաւորական զանգուածի համակրանքն ու աջակցութիւնը առնուազն չվայլող առաջարկուած լուծումներուն, պարզուած իրավիճակը ներքին սպառնալիքներ կը պարունակէ պետականութեան համար, որոնք որոշ պահու մը կրնան պոռթկալ եւ սաստիկ, անհակակշռելի դրսեւորումներ ունենալ ժողովրդային մակարդակով, եւ՝ անմիջական սպառնալիքներէն անդին անցնող կանոնակարգուած հայեցակարգի բացակայութեան, պարզունակ լուծումներու դիմելու յատկութեամբ ալ տապալել այն՝ ինչ որ ցարդ իրագործուած է, որ սպառուած կը նկատուի, յանգած՝ վերջակէտի մը։

Ահա այս ներքին տրամաբանութիւնն է, որ իր սահմանափակումներէն պէտք է դուրս բերել եւ ըստ այնմ դիտել մենք մեզ եւ մեր շրջապատը։

Արդ, մինչ արտասահմանի մէջ Դաշնակցութիւնը կենդանի կը պահէր անկախ պետականութեան գաղափարը՝ աւագ ընկերոջս բնորոշումով՝ Լուսաստղը, ա՛յդ համապատկերին մէջ կ’արժեւորէր Սարտարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերը, անցած դարու վաթսունականներու վերջերուն, տասնամեակներէ ի վեր խորհրդայնացած Հայաստանի հողին վրայ վեր յառնեցաւ Սարտարապատի յուշարձանը եւ չափով մը մեղմեց հակադրութեան աստիճանը։

Ոչ ոք կրնայ նսեմացնել այդ հերոսամարտերուն արժէքը։ Սակայն այսօր, երբ ազատ Հայաստանի մէջ 1918-ի Մայիսի արժէքը կը սահմանափակուի Սարտարապատով, մասամբ ալ Բաշ Ապարանով, երբ մայրաքաղաքին կամ շրջաններուն մէջ այդ օրերուն գործած եւ վճռորոշ դեր կատարած անհատներու ցիր ու ցան յուշակոթողներով կը բաւականանանք, երբ ժողովրդական լայն զանգուածներուն դիմող բանախօսներէն ոմանց խօսոյթի առանցքը յանուն Հայաստանի փոխարէն կը յամենայ ռուսի, ամերիկացիի թէ … մեղա՜յ՝ թրքա«սէր»-«ատեաց» տրամաբանութեան մէջ տապլտկիլ, կը նշանակէ՝ որ աւելի քան հարիւրամեակէ մը եկող թերութիւն մը կայ, որ կը սպասէ սրբագրութեան։

Անցած դարու ութսունականներու կէսերուն, Գահիրէի մէջ, բանախօս մտաւորական ընկեր մը Մայիս 28-ի արժեւորումը կատարելով, զայն Ապրիլ 24-ի հականիշ ցոյց կու տար։ Անկէ առաջ, Գահիրէի մէջ, 70-ականներու կէսերուն, երիտասարդ գրիչ մը Մայիս 28-ը եւ Նոյեմբերի 29-ը իրարու կը հաւասարեցնէր։ Այս վերջինին հեղինակը հակա-անկախական չէր, բայց տրամաբանութիւնը՝ այդ երկու իրերամերժ թուականները շաղկապելու՝ մինչեւ օրս շարունակուող մօտեցումին դրսեւորումն էր։ Ի՞նչ ըսենք. զարեհսինանեաններու համաձայն, եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը ռազմավարական խնդիրներ ցարդ չլուծեց, մեղաւորը Ապրիլ 24-ն է՞, Մայիս 28-ը՞, թէ՞ Նոյեմբեր 29-ը։ Ամէն պարագայի, սինանեանները եւ զիրենք բանեցնողները մեղաւոր չե՜ն ու չե՜ն եղած…։ Անցնի՛նք։

Մեր նախորդ՝ «Պետութեան պատուանդանը քաղաքացին է» յօդուածին մէջ, այս տրամաբանութեան դրսեւորման անդրադարձած էինք՝ 1920 թուականին Կարսի անկման զուգորդուած, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, թէեւ նշած էինք, որ մայիսեան հերոսամարտերուն համաժողովրդական մասնակցութիւնը եւ յաղթանակը ուղիղ կապ ունէին օրուան երկընտրանքին հետ, գոյութիւն ունենա՞լ, թէ՞ չունենալ՝ կենաց-մահու օր- հասը յաղթահարելու ծառացումին։

Մինչ այդ, արեւելահայը կռուած էր Առաջին համաշխարհային պատերազմին՝ թէ՛ իբրեւ ցարական Ռուսիոյ բանակի զինուոր, թէ՛ կամաւորական ջոկատներու շարքերուն մէջ, իսկ արեւմտահայուն՝ օսմանեան բանակին տուած զինուորը զինաթափուած ու կոտորուած էր, անպաշտպան ժողովուրդը՝ ջարդուած ու բռնագաղթի ենթարկուած, երկիրն ալ աւերուած էր։ 1917-ի վերջէն՝ հայկական կամաւորական ուժերը առանձին կանգնած էին օսմանեան բանակին դէմ։

Այս իրավիճակէն եւ մայիսեան հերոսամարտերով անոր հանգուցալուծումէն ալ արմատ կ’առնէ շարունակուող տրամաբանութիւնը, գոյամարտ, կենաց-մահու կռիւ, զոր շարունակելով, լռելեայն կարելի է հետեւցնել, թէ արտակարգ իրավիճակը ստեղծուած էր ռուսական բանակներու հեռացումի՛ն պատճառով, իսկ անոնց վերադարձով, կարեւոր չէ թէ դեղին, սպիտակ կամ կարմիր, «բնական վիճակ»ին վերադարձ կը կատարուէր։

Երկու տարի ետք՝ 1920-ի աշնան, երկընտրանք չէ՜ր մնացած։ Ժամանակաւոր ազատ, անկախը՝ «ապահո՜վ» «բնակա՜ն» ենթակայութեամբ կարելի էր փոխարինել։

Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, արժեւորելով երեսուն ամսուան անկախ պետութեան իշխանութիւններու կատարած ճգնաջան աշխատանքը, «բնական» վիճակին՝ իմա՛ ռուսական սուինի վերադարձով, կը հասնինք հոն, որ պետութիւնը վերականգնողնե՛րը պէտք է հեռանային… Նոյնիսկ ժամանակէն շուտ, առանց հարկադրանքի, ինքնակա՛մ։

Այս տրամաբանութենէն դուրս կ’իյնայ արդէն Միացեա՛լն ալ, Անկա՛խն ալ, Ազա՛տն ալ։

Ազգային գաղափարախօսութի՞ւն. այդ ի՞նչ բան է…

Այս տրամաբանութեան վերապրուկին կը բախինք վերանկախացումէն ի վեր։ Ամբողջ Արցախեան ազատամարտը ժողովուրդի մեծ մասը դիտեց եւ կը շարունակէ ընկալել՝ իբրեւ գոյութեան կռիւ, որ անշո՛ւշտ այդպէս է, սակայն աւելիին ալ չի ձգտիր։ Երեւանի իրողական իշխանութիւնները երբ այսօր Արցախի ժողովուրդին ո՛չ թէ ինքնորոշման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միանալու մասին կը խօսին, այլ սոսկ՝ անվտանգութեան ու իրենց պատմական հողերուն վրայ եւ մշակութային միջավայրին մէջ ապրելու իրաւունքին, նո՛յն այդ հի՜ն տրամաբանութենէն կը մեկնին. «ԲՆԱԿԱ՜Ն» ՎԻՃԱԿԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁ։

Նոյնն է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի, «անկլաւ» յորջորջուած միջնագաւառներու, կենսական հաղորդակցութեան ճամբաներուն վրայ այդ միջնագաւառներու հակակշռին, ջրային եւ այլ պաշարներու նկատմամբ զիջողականութեան «հիմքը»։

Զարգացնելով այս մօտեցումները, կը յանգինք հասարակ հարցումի մը. ի՞նչ տեսակի անկախութեան մասին կը խօսուի, արդեօք կարելի՞ է միջնագաւառի դատապարտուած երկրի մը (Հայաստանի Հանրապետութեա՛ն մասին է խօսքը, ո՛չ միայն Արցախի) ազատ եւ անկախ գոյութիւնն ապահովել, արդեօք այդ սահմանները այսօր ալ պարտադրող արտաքին ուժերուն նպատակը Հանրապետութիւններուն հպատակեցումը չէ՞՝ ռուսական կամ այլ պիտակի տակ։ Վերջապէս, ու ամենէն էական հարցումը. կը բաւարարէ՞ հայուն նման հանգուցալուծում (եթէ կարելի է հանգուծալուծում եզրը գործածել հոս)։

Ուղղակի անհեթեթ է «ոչմիթիզականութիւն» կոչող, ծաղրող եւ դատապարտողներու, կամ Արցախի ժողովուրդը Աւստրալիոյ համայնքին նմանեցնող զզուելի դէմքերու «անկախականութիւն»ը։ Ի՞նչ անկախութիւն։ Բոլորն ալ տոգորուած են, տարուա՜ծ են Հայաստանը վերստին օտարի ենթակայութեան յանձնելու․․․ գաղափարո՞վ։ Եթէ կը սխալինք, եւ եթէ անոնք ի՛սկապէս ունին գաղտնի ու չնաշխարհիկ այլ լուծում, թող պարզեն, մենք ալ լուսաբանուինք…

Երբ ներկայ իշխանութիւններուն ընդդիմադիր մը հանրահաւաքի ընթացքին 29 800 քառ. քլմ.ի մասին կը բարբառի, մարդ կը մտածէ՝ լա՛ւ, հապա ի՞նչ է դաւադիրին եւ անոր ընդդիմացողին տարբերութիւնը, երբ, վերջին հաշուով, Հայաստանին հագցուած պոլշեւիկեան «զսպաշապիկ»ը ան յօժար է վերստին կրելու, այսինքն՝ ԲԱՑԱՌԵԼ ԵՐԿՐԻ ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄԸ։

Խօսքս, չեմ գիտեր, որքանո՞վ ընկալելի է դեռ Հայաստանի քաղաքացիի մակարդակ չնուաճած միջին բնակիչին, բայց իրենք զիրենք քաղաքական գործիչ ներկայացնողները եւ հրապարակին վրայ աղմկողները անպայման ՊԱՐՏԱՒՈ՛Ր ԵՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ։

Ես մտավախութիւն չունիմ, որ նման հարցադրում կրնայ պառակո՜ւմ յառաջացնել. մտավախութիւնս այլ է. արաբները իմաստուն խօսք մը ունին՝ «պայմանաւորուածութեան վերջը լոյս է», այսինքն՝ յստակ պայմանաւորւածութիւնը ՉԻ ԿՐՆԱՐ պառակտել, պարզապէս սկիզբէն ընտրութեան հնարաւորութիւն կու տայ – կա՛մ կը միանաս, կամ՝ ո՛չ։ ԱՉՔԿԱՊՈՒԿՆ Է ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՍ, բեմադրուած՝ մի՛շտ նոր դէմքերով։

Հետեւաբար, չկրկնելու համար Ղարաբաղ կոմիտէի յանգած աչքկապուկը, որմէ ալ սկիզբ առաւ շարունակուո՛ղ պառակտումը եւ հիասթափութիւնը, ժամանակի ու միջոցներու վատնումը, հոսած արիւնի շահագործումը, պէ՛տք է լուսաբանութիւնը, բացատրութիւնը՝ յստա՛կ եւ որոշ։

Ժողովուրդին ներկայացուող այլընտրանքը պէտք է յստակ՝ շահեկա՛ն տարբերութիւններ ունենայ։

Կա՞յ ազգային-պետական ծրագիր եւ ի՞նչ բովանդակութիւն ունի ան (միայն չըսէք՝ ազգայինը եւ պետականը խոտոր կը համեմատին իրարու)։

Ա՛յս հարցին պատասխանը կ’ակնկալենք։

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ
«Յուսաբեր», 3 Յունիս 2023

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company