ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Փաշինեանէն «աննախընթաց» մը եւս…

05 Հունիս 2023

Նիկոլ Փաշինեան շատ կը սիրէ ԱՆՆԱԽԸԹԱՑ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ բառը, զայն կ’արտասանէ տեղի եւ անտեղի կերպով, այնպիսի՜ յոխորտանքով, որ ծանօթ էր խորհրդային տարիներուն, երբ օրուան կարմիրները կը խօսէին «փլան գերակատարելու» մասին:

Եւ ահա, թաւիշով քողարկուած՝ նոր օրերուն նոր-համայնավարը (հետեւողութեամբ օտարներու նէօ-քոմիւնիսթ-ին) ինքզինք գերազանցեց եւ աննախընթաց իրագործում մը կատարեց: Շաբաթ, 3 Յունիսին, ան Անգարայի մէջ ներկայ եղաւ վերընտրեալ բռնատէր Էրտողանի երդման արարողութեան:

Արդէն ահագին բան ըսուեցաւ եւ պիտի ըսուի, թէ այս արարողութեան փութացեր էր, հակառակ անոր որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան (եւ այլն):

Յիշեցում կատարուեցաւ, որ ատենին, արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանն ալ նման քայլ առած էր, իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր օրերուն ներկայ եղած էր Թուրկութ Էօզալի յուղարկաւորութեան եւ խոնարհած էր անոր բաց դագաղին առջեւ (ականջը խօսի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ Անգլիոյ թագուհիին յուղարկաւորութեան պահուն, բարձրաձայն խօսելով եւ լուսանկարուելով՝ Հայաստանին ապահովեց այլ տեսակի խայտառակութիւն):

Ցանկագրումը պէտք չունինք երկարելու, ո՛չ ալ մանրամասնութիւններ արձանագրելու, այլ պահ մը կանգ առնենք այցելութեան նախօրեակին եւ անոր առընթեր՝ իշխանութեան քարոզչական մեքենայի ցնդաբանութիւններուն վրայ:

Փաշինեանի այցելութիւնը ներկայացուեցաւ իբրեւ փրոթոքոլային քայլ, վարպետի դիւանագիտութիւն: Ըսուեցաւ, որ Փաշինեան Էրտողանի հետ պիտի քննարկէր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման ծրագիրներ եւ մասամբ նորին: Նման քարոզներ լսող՝ առարկայական եւ իրապաշտ դիտողը պարզապէս հարց պիտի տար, թէ սա փրոթոքոլային ի՞նչ պտուղ է, որուն Էրտողանի կողմէ վաղուց ներարկուած էր «համ» մը, թէ՝ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց բարելաւման դուռը՝ Ազրպէյճանի պահանջներուն ընթացք տալն է, թէ՝ Հայաստան եւ հայութիւնը պէտք է մոռնան Ցեղասպանութիւնը, բռնագրաւեալ հողերը, մինչեւ իսկ պէտք է քանդեն իթթիհատական ցեղասպանները շանսատակ ընող արդարահատոյցներուն յուշարձանը (արդէն կը խօսուի պետական զինանշանէն Արարատը ջնջելու, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան թանգարանն ու հայութեան յաղթանակները խորհրդանշող յուշակոթողները Ստալինի արձանին գացած տեղը հասցնելու մասին…): Նոյն դիտողը նաեւ հարց պիտի տար, թէ նման բազմամարդ արարողութեան մը առիթով, նոր օրերու սուլթանը ինչպէ՞ս ժամանակ պիտի գտնէր Փաշինեանի հետ այս ծաւալի հարց քննարկելու: Քանի մը օր առաջ, Մոսկուայի մէջ Փաշինեան-Ալեւ-Փութին 20 վայրկեանի հանդիպումէն մուկ ալ չծնաւ, իսկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը որքա՞ն պիտի տեւէր: Արդարեւ, հաղորդուեցաւ, որ մօտաւորապէս 80 երկիրներու ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են, եւ, ի դէպ, Թուրքիոյ ամէնէն մտերիմ դաշնակիցները շատ աւելի ստորադաս, մինչեւ իսկ պարզ դեսպաններու մակարդակով մասնակցած են «թագադրում»ին:

Նման հարցադրումներ կատարելու համար, մարդս պէտք է տարրական դատողութիւն ունենայ եւ չտարուի ստապատիր, քողարկեալ քարոզներով, ամէնէն կարեւորը՝ Էրտողանի եւ այլոց Թուրքիայէն բարիքի ակնկալութիւններով, որքա՛ն ալ ամերիկեան եւ եւրոպական շաքարապատում ունենան անոնք:

Այս բոլորէն անդին, մէկ բան աղաղակող է. Փաշինեան չի կրնար յայտարարել, թէ իր այցելութիւնը սարքուած էր… նախկիններուն կողմէ: «Զրոյական կէտ»էն սկսողը արդէն աննախընթաց նուաճումներ կ’ապահովէ՝ զեռոներ ապահովելու իմաստով: (Ուսուցիչ մը ունէինք, որ շատ վատ պատասխաններ գրողին կու տար նուազ 20 կամ մինչեւ իսկ նուազ 60 նիշ):
***
Կը մնայ հարց տալ, թէ Փաշինեանի մը ի՞նչ տեսակի հնարամտութենէն կը բխէր «փրոթոքոլային» այս խաղը, առանց մոռնալու, որ ան արդէն շաբաթասկիզբին եղած էր Էրտողանը առաջին շնորհաւորողներէն…

Կարելի է թուել ձեւական եւ խորքային նպատակներ:

Ձեւականներուն շարքին, կար, անշուշտ, պետական ներկայացուցիչներու հետ խմբային լուսանկար ունենալու առիթ մը, հոգ չէ թէ զինք տեղադրած էին Ալիեւի ետին (այդ ալ՝ իրական փրոթոքոլի պատճառով): Փաշինեան լայն ժպիտով մը թոթուեց իրեն երկարած՝ «արխատաշ» Էրտողանի ձեռքը, այն հոգեվիճակով, որ կը թարգմանուի՝ «թագաւորին ձին ինծի նայեցաւ» խօսքով: Կար նաեւ Արեւմուտքին «աչքը մտնելու» դիտաւորութիւն, թէ՝ տեսէ՞ք, խաղաղասիրութիւնս եւ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» ստեղծելս ինչպիսի՜ մակարդակի հասած են, որ ձեր կողքին մասնակից եմ Հայաստանը ջնջելու պատրաստուող՝ ահաբեկչութիւն հովանաւորողին երդման արարողութեան (անշուշտ երդումին ենթաբառերը՝ նոյն ոճրային վարքագիծը շարունակելն են, այլ հարց, թէ նոր կառավարութիւնը ինչպիսի՜ խաղերով պիտի քողարկէ զայն):

Խորքին մէջ, մարդս ստիպուած, եւ արդա՛րօրէն, կը տարուի այն մեկնաբանութիւններով, որ Փաշինեան քանի մը պատգամ ունէր փոխանցելիք: Ան գացած էր Էրտողանին ըսելու՝ շնորհակալ եմ քու անվերապահ աջակցութեանդ համար. վստահաբար ո՛չ ոք, մինչեւ իսկ փաշինեանապաշտ փաղանգը չէ մոռցած, որ աւելի քան երկու տարի առաջ, Էրտողան եւ Ալիեւ բարձրաձայն յայտարարեցին, թէ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն պիտի չարտօնեն, երբ բանակի հրամանատարութիւնը, միանալով ընդդիմադիրներուն եւ գրեթէ ամբողջ հայութեան՝ պահանջեց Փաշինեանի հրաժարականը: Չյայտարարուած բայց յստակ այլ նպատակ մըն էր հասկցնել, որ պատրաստ է ընթացք տալու թուրք-ազրպէյճանական բոլոր պահանջներուն, որոնք պիտի յաջորդեն Արցախի վերջնական յանձնումի եւ Հայաստանէն պատառիկներ եւս նուիրելու իր քայլերուն, սկսելով Սիւնիքէն՝ «Զանգեզուրի միջանցքէն»: Մուրացկան մը իսկ ա՛յսքան պիտի չնուաստացնէր ինքզինք…

Եւ ահա հո՛ս է որ ի յայտ կու գայ, թէ ինչպիսի՜ «հեռատես քաղաքականութիւն» կը վարէ Փաշինեան: Ան գիտէ, որ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու եւ շրջանին գլխուն հայաթափման վերջնական վտանգը փաթթելու կողքին, Հայաստանէն ալ իր տուած ու տալիք հողամասերը ըստ էութեան յաւելեալ մկրատումներու եւ կծկումի պիտի մատնեն Հայաստանը, «Դամոկլեան սուր» պիտի կախեն նոյնինքն Հայաստանի հանրապետութեան քարտէսին եւ գոյատեւման իրաւունքին վերեւ, համաթուրանական ծրագիրներու իրականացման պարագային՝ առաջին փուլին Հայաստանէն պիտի մնայ փոքր մաս մը, որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պիտի ապաւինի Թուրքիոյ ողորմածութեան (չէ՞ որ իրական ու ենթադրեալ դաշնակիցները իրենք զիրեն դրած են այն վիճակին մէջ, որ նոյնինքն Փաշինեանի իսկ խոստովանութեամբ՝ տրամադիր չեն երաշխաւորելու մեր ապահովութիւնը, իսկ Թուրքիա տրամադիր է այդ ընելու… ի՛ր հասկցած ոճով): Ուրեմն, եթէ Հայաստան-իկ մը պիտի մտնէ Թուրքիոյ իրողական հոգատարութեան տակ, աւելի ուշ վերածուելու Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ ու Նախիջեւանի, եւ Արեւմուտքն ալ արդէն ցոյց կու տայ քաջալերողի նշաններ, ուրեմն, այդ Հայաստանը պէտք պիտի ունենայ… մարզպանի մը (կը յիշէ՞ք «երջանկայիշատակ» Վասակ Սիւնին). մարդը ուրեմն այժմէն կը տաքցնէ իր աթոռը, իր շուրջը բոլորելով ՔՊ-ական համախոհներ:

***
Պատկերասփիւռի կայանէ մը սփռուեցան պարզ քաղաքացիներու մէկ քանի կարծիք: Մէկը ըսաւ. Թուրքիա գացեր է, թող հոն ալ մնա՜յ: Ուրիշ մը, թէ՝ այս քայլով փաստեց թէ թուրք է…

Վերջին կարծիքը յայտնողը արդեօք կը յիշէ՞ր, որ Փաշինեան քանի մը ամիս առաջ ինչպիսի՜ վեհանձնութեամբ յայտարարած էր, թէ ինք չի նեղանար, եթէ զինք թուրք կոչեն: Կ’արժէ այս առիթով երթալ «հիներու դարաշրջան», ո՛չ այն հիներուն՝ որոնց մասին ամէն օր ծամոն կը փոխեն ՔՊ-ականները:

…60-ականներու կէսերուն, Արամ Հայկազ գրած է սիւնակ մը, ուր կ’արձագանգէ Թուրքիա այցելած ամերիկացի լրագրողի մը մէկ գրութեան: Իբրեւ զբօսաշրջիկ Պոլիս այցելած ամերիկացին սուր քննադատութիւններ ունի Թուրքիոյ հասցէին: Չմանրամասնենք: Հայկազ գրութեան վերջին տողերուն մէջ կը յիշատակէ, որ Հրաչեայ Քոչար, իր «Կարօտ» խորագրեալ պատմուածքին մէջ, պատմած է, որ համայնավար ապահովութեան սպասարկող մը՝ չեկիստ մը, ապտակած է կարօտաբաղձ հայ ծերունի մը, որպէսզի անկէ խոստովանութիւն կորզէ, ու ծերունին, զայրացած՝ հարց տուած է. «Դուն թո՞ւրք ես»:

Հայկազ կը շարունակէ. «Կար ժամանակ, որ խօսելով կամ ակնարկելով թուրքին՝ կ’ըսէինք «շուն»: Ճիշդ չէր այդ. սխալ էր… Բոլոր բառարաններուն մէջ գտնուող նախատական բառերուն գերագոյն նախատականը «թուրք» բառն է: Եթէ կ’ուզէք մէկը մահացուօրէն վիրաւորել, ըսէք՝ թուրք…»:

Փաշինեանի եւ իր ուսապարկերուն տրամաբանութեամբ, «հին» Քոչարներն ու Հայկազները ապուշներ են, քաղաքականութենէ եւ դիւանագիտութենէ չհասկցողնե՜ր, որոնք տարուած էին «Թուրքը ցեղասպան է, թուրքը մեր հայրենիքը խլած է» եւ նման մտացածին պատմութիւններով: Ինք վարպետաց վարպետն է, որ շա՜տ աւելի լաւ հասկցած է թուրքն ու անոր բարի՜ էութիւնը, եւ ահաւասիկ, նոր աննախընթաց մը կ’աւելցնէ իր իրագործումներու վաստակին վրայ եւ ունի… համակիր-հաւատացողներ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:

Իսկ մեր ժողովուրդը, հայրենիք եւ պետութիւն սիրող զանգուա՛ծը արդեօք մինչեւ ո՛ւր կուլ պիտի տայ փաշինեանական «աննախընթաց»ներու շարքը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Իշխան Սաղաթելյանը Փարիզում հանդիպել է

Աշխատանքային այցով Փարիզում գտնվող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցի

10 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դամբան

Ստորեւ կը ներկայացնենք 9 Հոկտեմբեր 2026-ին, Վանգուվըրի մէջ, հանգուցեալ ընկհ. Մ

10 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Ե

Թարգմանչաց տօնի նշումը դասական առումով մեր մղած ինքնութեան եւ մշակութային պատե

10 Հոկտեմբեր 2026
Փաշինյանը պատմական ճշմարտության խայտառ

«Չէի ցանկանա որևէ ռեպլիկ մեկնաբանել, բայց Բիշքեկում կայացած Փաշինյան-Պուտին հա

09 Հոկտեմբեր 2026
Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակ

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2026-ին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչա

09 Հոկտեմբեր 2026
Ե՞րբ Տեղի Պիտի Ունենայ Սպասուող Յեղափո

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքով հետաքրքրուած ազգայիններ յաճախ հարց

09 Հոկտեմբեր 2026
Ռոստոմի «Վնասակար տարրեր» տեսությունը.

«Ամէն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնուէր, տոկուն եւ անվճար գործու

09 Հոկտեմբեր 2026
Արցախյան գոյամարտը․ անցյալի իմաստավորո

Արցախի Հանրապետության հռչակման 35-ամյակը լրացավ մի իրականության մեջ, երբ Արցախ

09 Հոկտեմբեր 2026
Ինքնութիւն, նկարագիր, դիմագիծ

Հարցեր կան որոնք պարբերաբար, եթէ ոչ տե՛ւաբար կը վերադառնան մեր ուշադրութեան, կ

09 Հոկտեմբեր 2026
Իսրայել-Թուրքիա հարաբերություններում լ

Թուրքիայի և Իսրայելի հարաբերությունները բարդ պատմություն ունեն՝ ներառյալ համագ

09 Հոկտեմբեր 2026
«Խաղաղություն»՝ առանց հայկական հետքի․

Վերջին ամիսներին հայ-ադրբեջանական հարաբերությունների շուրջ ձևավորված տեղեկատվա

09 Հոկտեմբեր 2026
Նոր կախվածության վտանգը. ադրբեջանական

Ս.թ. օգոստոսին Բաքվից ու Երևանից հնչեցին իրար լրացնող, թեև տարբեր քաղաքական հա

09 Հոկտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորները

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

08 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքի ապագան, ազգային զօրաշարժը եւ Հ

«Թորոնթոհայ TV» կայանի հաղորդավար Խաժակ Գուլաճեանի զրուցակիցն է ՀՅԴ Բիւրոյի ան

08 Հոկտեմբեր 2026
Կոնգրեսի ավելի քան 100 անդամներ կոչ են

ԱՄՆ օրենսդիր մարմնի ավելի քան 100 ներկայացուցիչներ՝ 26 սենատոր և 75 կոնգրեսակա

08 Հոկտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի Զօրաշարժ Եւ Վերաշխուժացում Յանուն Համազգային Նպատակներու Սփիւռքի դեր

08 Հոկտեմբեր 2026
Լիլիթ Գալստյանը ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վե

ԵԱՀԿ ԽՎ Հայաստանի պատվիրակության անդամ Լիլիթ Գալստյանի ելույթը՝ Անդորրայում ըն

07 Հոկտեմբեր 2026
Ի՞նչ է զիջել Նիկոլ Փաշինյանը

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

07 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Ընկե

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յայտնէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցո

07 Հոկտեմբեր 2026
ՀԵԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգների Պատգա

ԼՈՍ ԱՆՋԵԼԵՍ, ԿԱԼԻՖՈՐՆԻԱ — Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահա

07 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company