ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է – Դ. Բազում անդունդներ եւ առաջնահերթութիւններ

27 Հունիս 2023

ԲԱԶԿԻ ԵՒ ՄՏՔԻ ՀԶՕՐԱՆՔՆԵՐԸ

Նախորդ սիւնակներուն մէջ, ըստ բաւականին (կարելի չէ սպառիչ ըլլալ) խօսեցանք ազգի բոլոր ուժերը, մասնագէտներու եւ հայրենիքի շահերուն նախանձախնդիր ձեռքերու միացման հրամայականին մասին՝ իբրեւ առաջին նախադրեալ: Հիմա քայլ առ քայլ կանգ առնենք՝ դարձեալ հպանցիկ անկարկներով՝ աշխատանքի այն դաշտերուն առջեւ, ուր պիտի յանդգնին ոտք կոխել փրկարար աշխատանքը յանձն առնողը, անոր կողքին կանգնողները:

Իբրեւ ընդհանուր հաստատում, արձանագրենք հետեւեալը: Ազգային Փրկութեան ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ կառավարութիւնը նկատի պիտի ունենայ երկու մեծ ոլորտ՝ ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ (բոլոր մարզերով) եւ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀ (հիմնականին մէջ՝ դիւանագիտական ոլորտը):

Կասկածէ վեր է, որ Հայաստան, իբրեւ ազգային պետականութիւն, վերջին տարիներուն անկումէ անկում ու կորուստէ կորուստ գնաց, «շնորհիւ» անատակներու եւ հայրենիք հասկացութեան անհաղորդներու խմբակին, որ արդարացուց այն մեղադրանքը, թէ այս խմբակը երկրի ղեկին բերուած է այլոց, նա՛եւ թշնամիներու շահերուն ծառայելու համար: Ո՛չ մէկ կասկած, որ փրկարար աշխատանքը կրնայ սկսիլ միայն այն ատեն, երբ այս վարչախումբը հեռանայ-հեռացուի իշխանութենէն:

Այս նախապայմանը ընդունիլ՝ չի նշանակեր, որ Փաշինեանի ու «ուսապարկեր»ուն հեռացումը ինքնաբերաբար մոգական գաւազանի ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ տագնապները, դժուարութիւնները, ճափոնական ինքնագործ կառաշարի մը պէս, պիտի երթան դէպի լուծում: Ընդհակառակն, այս խմբակին հեռացումը պիտի նշէ միայն սկիզբն երկանց:
Փաստօրէն, անչափելի կորուստներ արձանագրուած են զինուժի, քաղաքական-դիւանագիտական, տնտեսական (բազում մարզերով), ընկերային, մշակութային եւ, մէկ խօսքով՝ երկրի մը կեանքը մարմնաւորող գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ (ձախաւեր կուպրապատումները շատ բան չեն փրկեր…): Յստակ է, որ գործի կանչուելիք մասնագէտները իրենց դիմաց պիտի գտնեն առաջին եւ երկրորդ կարգի… առաջնահերթութիւններ: Սա բնականաբար կ’ենթադրէ համընդհանուր զօրաշարժը: Տեղ մը նշեցինք, որ ճատրակի աշխարհին մէջ, հայը իր փառաւոր տեղը գրաւած է ու կը պահէ: Հիմա, ճատրակի հետեւողութեամբ՝ մեր կարողականութիւնը պիտի դրուի ի սպաս հայրենիքին, ամբողջ Հայաստանին ու ազգին, փրկութեան եւ ապագայի կերտման: Եւ քանի կը խօսինք միտքի հզօրանքին մասին, շեշտենք, որ մտաւորականները հիմնական դեր մը ունին յաջորդ՝ վերականգնումի փուլին հունաւորման մէջ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ Արցախեան շարժումը առաջնորդող սերունդը, իսկ անկէ տասնամեակներ առաջ՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը» շարժումը վերականգնողները (հապա Հայկական Զարթօնքը կերտողնե՞րը…):

Առնենք ոլորտ առ ոլորտ, սկսելով ներքին դաշտերէն (պիտի ընտրենք մէկ քանին):

ԲԱՆԱԿ ԵՒ ԶԻՆՈՒԺ

Ո՛չ մէկ կասկած, որ մեր բանակն ու զինուորական տարազ կրող միւս միաւորները, ներառեալ ներքին ապահովութեան ուժերը, կը կարօտին լիակատար վերաարժեւորման եւ վերազինման: Զինուժի երկու գլխաւոր թեւերը՝ բանակ եւ ներքին ապահովութեան ուժեր, տարբեր որակի հարուածներ եւ վարկաբեկումներ կրած են: Բանակը ահաւոր կորուստներ կրեց 44-օրեայ պատերազմին (պատերազմի նախօրեակին կը խօսուէր շուրջ 60 հազար բանակայիններու մասին): Շուրջ 5 հազար նահատակ, աւելի քան 10 հազար վիրաւոր-հաշմանդամ, այսինքն՝ բանակին կարողութեան մօտաւորապէս 25 առ հարիւրը՝ չէզոքացուած: Յետոյ վրայ հասան բարձրաստիճան սպաներու եւ հրամանատարներու հետապնդումները, բանտարկութիւններ, պաշտօնազրկումներ, եւ այդ բոլորին վրայ ալ՝ 11 հազար դասալիքի մասին զրոյցներ, որոնք «թելադրուեցան» Ազրպէյճանէն: Եթէ յանցաւորներ եւ թերացողներ կան, անպայման որ պէտք է պատժուին, սակայն երբ աչքի առջեւ ունինք վերոյիշեալ թիւերը եւ բանակին մասին այլանդակ քարոզչութիւնը (յատկապէս վարչապետին յաճախակի ասուլիսներուն ճամբով)՝ երիտասարդը հայրենիքի պաշտպանութեան ծառայութենէն վանողը, արդէն յստակ կը դառնայ, թէ բանակին իրողական տկարացումը ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ եւ կը շարունակուի, թշնամին եւ Երեւանի իշխանաւորը ինչպիսի՜ զուգորդութիւն ստեղծած են:

Բացայայտ է, որ գլխաւոր պատասխանատուն (պատասխանատուները) ձգուած են ազատ, զանոնք հաշուետուութեան կոչելու քայլերը կը մնան ձեւական, ունին խեղկատակութեան դիմագիծ եւ կը սարքուին կաշի փրկելու դիտաւորութեամբ (պատերազմին հետքերը քննարկող յանձնաժողո՜վը…), հակառակ անոր, որ վարչապետէն սկսեալ, կատարուած են աղաղակող՝ «պատասխանատու եմ, բայց յանցաւոր չեմ»ի, «կրնայի պատերազմը դադրեցնել առանց այսքան զոհ տալու»ի, հիմա ալ՝ «զիս խաբեցին»ի պէս խոստովանութիւններ, ուշադրութիւն շեղող բառախաղեր:

Բանակին տկարացման եւ մասամբ անկարողութեան մատնուելուն մէջ, կան այլ իրականութիւններ: Պատերազմին, հսկայական զէնքի կորուստ արձանագրուեցաւ: Չմտնենք այն այլանդակ բանավէճին մէջ, թէ պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ «անպարտելի եւ մարտունակ» հռչակուած մեր բանակը 26 Սեպտեմբերին «պէտք եղած զէնքերը չունէր», այլ խօսք՝ որ հայկական բանակը շուրջ 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք կորսնցուցած է պատերազմին: Պատերազմէն ետք, վերազինումը ըստ հարկաւորին տեղի չէ ունեցած: Հոս ալ չմտնենք «դրամ ունինք բայց զէնք չենք կրնար գնել»ի պէս ինքնախայտառակումներու ոլորտը, այլ բաւականանաք հարց տալով, թէ ինչո՞ւ մատնուած են նման անկարողութեան: Տակաւին, Արցախի կորուստով՝ Հայաստանին պարտադրուած նոր եւ հիմէ զուրկ սահմանագիծը – որուն շուրջ հազար ու մէկ այլ դատարկաբանութիւն կը ծաւալի – չունի ինքնապաշտպանական անհրաժեշտ միջոցները: Թշնամիին ոտնձգութիւնները վերածուած են հանապազօրեայ խաղի, որուն դիմաց, իշխանաւորներուն կեցուածքը կը թարգմանուի՝ «Է՞, դեռ չվարժուեցա՞ք» թելադրող ձեռնթափութեամբ: Բանակը բազմիցս ապացուցեց, որ դիմադրականութիւնը եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը իրեն համար օտարոտի ու անկարելի բաներ չեն, քանիցս յաջողեցաւ, զոհեր տալով, պաշտպանել սահմանային այս կամ այն գօտին, ցոյց տալով, որ թշնամին գերհզօր չէ, այլ անոր մէջ նստած կը մնայ այն վախկոտը, որ 30 տարի առաջ, պոչը յետին ոտքերուն մէջ կծկած շան պէս փախուստ տուաւ Շուշիէն եւ արցախեան այլ ամրութիւններէ (կը յիշէ՞ք Օմարի լեռնանցքին նուաճումը), սակայն նաեւ ունեցաւ ընկրկումներ: Երբ չ’երեւիր պաշտպանական յստակ վարքագիծ, ամբողջական ճամբու քարտէս, ամէն բան զոհ կ’երթայ «խաղաղութիւն կը բերենք» ցնդաբանութեան: Նուազ ողբերգական չեն այն տեղեկութիւնները, թէ սահմանային որոշ գօտիներու պաշտպանական միջոցները (խրամատ, ամրութիւններու հաստատում…) կը կատարուին մասնակի նախաձեռնութիւններու ճամբով:

Սահմաններու-սահմանագծումի «թնճուկը», մասամբ կապուած՝ բանակի տեղակայումներուն, այլապէս կը մատնէ պարտուողականութիւն: Հասած ենք հոն, ուր երանելի կը սեպենք 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ ճշդուած պայմաններուն պահպանումը: Այդ համաձայնութիւնը անուղղակիօրէն նոր եւ կծկուած սահմաններ պարտադրեց Հայաստանին ու Արցախին: Ունեցանք, այսպէս կոչուած՝ խորհրդայիններու օրով եւ տարբեր հանգրուաններու գծագրուած քարտէսներու խառնիճաղանճ մը, որուն մէջէն յանկարծ տիրապետող դարձաւ Հայաստանի համար ամէնէն աննպաստներէն մէկը: Մինչ այդ, ազերիական բազմահանգրուան թափանցումներ տեղի ունեցան «ճանչցուած սահմաններէն» ներս, բանակին հրաման տրուեցաւ նահանջել, չդիմադրել: Արցախի կծկուած սահմանները յաճախակի բռնաբարումի կ’ենթարկուին: Բանակը ձեռնածալ կանգնած է իշխանաւորներու այն յայտարարութենէն ետք, թէ Արցախը կը ճանչնան Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ, անդին, կը փաստուի, որ «հիներ»ը այս գետնի վրայ այնքան մեղաւոր չեն, որքան կը մեղադրուին «նորերուն» կողմէ. փաստօրէն, «կնքահայր» Ժոզեպ Բորել մը եկաւ հաստատելու, որ Փաշինեան եղաւ Արցախը Ազրպէյճանին յանձնող առաջին պետական ղեկավարը: Մոռցուած է, որ մեր սահմանները, աւելի լայն բովանդակութեան մը մէջ՝ մեր հողային իրաւունքները չեն կրնար սահմանուիլ ու սահմանափակուիլ 9 Նոյեմբերով, ո՛չ ալ սահմամագծումի պարտադրեալ փորձերով…:

Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց, կան ողբերգական «մանրուքներ» ալ (չակերտեալ բառը նսեմացնելու կամ արհամարհանքի իմաստով չենք գործածած): Սահմանամերձ զօրակայանի մը մէջ 15 զինուոր 6 ամիս առաջ ողջակէզ դարձան՝ ցարդ անորոշ մնացած ողբերգական արկածի մը հետեւանքով (արկած ըլլալն ալ կը մնայ հարցական), զինուորներ վարկաբեկումի կ’ենթարկուին սպաներու կամ զինակիցներու կողմէ, անձնասպան կ’ըլլան (կրնայ ըսուիլ թէ ամէն տեղ ալ կ’ըլլան անանկ բաներ), աւելի՛ն, ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութիւն կ’ըլլայ բանակին դէմ, իշխանաւորները իրողապէս ընդառաջ կ’երթան թշնամիին՝ «Հայաստան պէտք չէ բանակ ունենայ, պէտք չէ զէնք գնէ» եւ նման՝ ստրկացնող յոխորտանքներու, բանակի վերակազմակերպումը կը վերածուի խօսքի աճուրդի եւ ամբոխահաճութեան նիւթի: Հետեւա՞նքը: Բանակը զգալիօրէն կը պարպուի ՈԳԻԷ:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, Ներքին ապահովութեան ուժերն ու անոր տարբեր բաժանմունքները մատնուած են այլ տեսակի ողբերգական կացութեան, այսինքն՝ վարչապետին եւ իշխանախումբին պահպանման գործիքի: Եթէ միայն յիշատակենք, որ վարչապետին եւ անոր կարգ մը գլխաւոր «ուսապարկերուն» ապահովութիւնը պահպանելու համար, բազմահարիւր, մինչեւ իսկ հազարաւոր ոստիկաններ հրապարակ կը նետուին, լիաբուռն կը վարձատրուին, անոնց կը տրուի ազատութիւնը զոհուած բանակայիններու ծնողները վարկաբեկելու եւ քաշքշելու, քաղաքացիներ, իրաւաբաններ եւ ընդդիմադիրներ բրտութեան ենթարկելու, եւ անպատժելիութիւնը կը դառնայ վարքագիծ…

Այս բոլորը (եւ տակաւին շատ ու շատ բան) կը ստեղծեն առաջնահերթ հարկադրանք մը. բանակը եւ ընդհանրապէս զինուժը կը կարօտի հիմնայատակ վերականգնումի, որպէսզի իւրաքանչիւրը լծուի իր իսկական առաքելութեան, այսինքն՝ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ քաղաքացիին ապահովութեան հսկողութեան: Իշխանաւորը իրաւունք ունի՛ պահպանութեան, սակայն երբ ոստիկանները կը վարուին օրուէլեան ոճով, այսինքն՝ «կարգ մը հաւասարներ (իմանալ՝ իշխանաւորները) աւելի՛ հաւասար են, քան ուրիշներ» տրամաբանութեամբ…:

Իբրեւ կարեւոր յաւելում այս բոլորին, պէտք է շեշտենք, որ ԲԱՆԱԿՆ ՈՒ ԶԻՆՈՒԺԸ ԲԱՆԱԼԻ ԴԵՐ ՈՒՆԻՆ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՆ, նոյնքան մըն ալ՝ նոր ճամբու քարտէսին մշակման մէջ. պէտք է վերականգնել այն կամքը, որ դրսեւորուեցաւ աւելի քան երկու տարի առաջ, երբ հրամանատարութիւնը միացաւ վարչապետի հրաժարականը պահանջողներուն: Մեր այս ակնարկութիւնը հրաւէր չէ զինուորական պետական հարուածի, այլ կ’ուզենք շեշտել, թէ զինուորական բազուկը պէտք է իր կեցուածքն ու գործը միացնէ, ներդաշնակէ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ աշխատանքին, առանց ինքզինք պարտադրելու՝ ինչպէս կ’ըլլայ զինուորական յեղաշրջումի ատեն: Արցախեան Շարժումին մեկնարկը լաւագոյն դասատուն է:

ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ. Այս մասին քանի մը ակնարկութիւն ըրինք նախընթաց սիւնակներուն եւ բաժիններուն մէջ: Հոս կը բաւականանանք միայն շեշտելով, որ վերջին հինգ տարիներուն, մեր ժողովուրդը մասնատումի եւ աննախընթաց բաժանուածութեան տանող վազքը պէտք է կանգ առնէ օր առաջ: Ամէն տեսակի շինծու խտրականութիւն (հին-նոր, սեւ-սպիտակ, յեղափոխական-հակայեղափոխական…) պէտք է դնել իշխանութենէ հեռացուելիքներուն գրպանը եւ հայութեան բեմէն դուրս վանել միանգամընդմիշտ, միասնականութեան դրօշը տարածել նաեւ Սփիւռքի վրայ: Իսկապէս, ինչպէ՞ս հանդուրժել այն վիճակը, որուն մէջ, սերտ ընկերներ, մինչեւ իսկ նոյն ընտանիքի անդամներ զիրար դիտեն ատելութեամբ ու թշնամանքով…:

Մեր խօսքը չի վերաբերիր համայնավարներու (կամ այլ բռնատիրական-մենատիրական դրութիւններու) օրով «միատեսակ մտածողութեան» յառաջացման, այլ բազմատեսակ մտածողութիւնները ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ եւ Ի ՍՊԱՍ ԱՅԴ ՇԱՀԵՐՈՒՆ լարելու հրամայականին: Այս իմաստով, կրնանք ձեւը գտնել վերջ տալու ստապատիր տեղեկատուութեան եւ մինչեւ իսկ թշնամիին շահերուն ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն ծառայող քարոզչութեան. համացանցային ճահիճը պէտք է ցամքեցնել կամովին, տարածել հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութիւն ստեղծող, ամենալայն իմաստով՝ դաստիարակչական քարոզչութիւն: Մէկ խօսքով, հայուն մէջ վերականգնել ՀԱ՛Յը:

ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ, ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏ. Ինքզինք ժողովրդավար դաւանող եւ յարգող որեւէ երկրի մէջ, Արդարադատութեան կալուածը իշխանութեան երրորդ եւ ԱՆԿԱԽ թեւն է. օրէնսդիրն ու գործադիրը կոչուած են հաւասարազօր իրաւունքներով զիրար հակակշելու, հաւասարակշելու եւ փոխադարձաբար իրարու վրայ ազնիւ, օգտաշատ հսկողութիւն վարելու:

Ո՛չ մէկ տեղ նման տարազ կ’իրականանայ իտէալական կերպով: Միշտ ալ իշխանութեան ղեկը ունեցողը սա կամ նա ձեւով կը փորձէ – երբեմն մասամբ կը յաջողի – իր կամքին ենթարկելու բոլոր իշխանութիւնները: Բռնատիրական, միակուսակցական երկիրներու պարագան տարբեր է, հոս պէտք չունինք օրինակներ թուելու:

Հայաստանի մէջ, «թաւշեայ» դարաշրջանի առաջին փուլերէն իսկ, յստակ դարձաւ, որ իշխանութեան ղեկը բռնող(ներ)ը ամէն քայլափոխի նոր «վարպետութեամբ» մը իր հակակշիռը տարածեց իշխանութեան նա՛եւ այս թեւին վրայ (գործադիրին եւ օրէնսդիրին պատկերը աղաղակող է): Առաջին քայլերը եղան դատարաններու պաշարումը, ապա այն յոխորտանքը, որ Հայաստանի մէջ չի կրնար ըլլալ դատաւոր մը, որ իշխանաւորին կամքին հակառակ վճիռ տայ (ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ «ժողովրդավարութեան պասթիոն»): Յետոյ, դատական այս կամ այն կազմին մէջ տեղի ունեցան կամայական նշանակումներ, օրէնքները ըստ իշխանաւորի կամքին յարմարցուած վերամշակումներ, տրուեցան վճիռներ. մինչեւ իսկ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, որ օրկանական կապ չունի արդարութեան համակարգին հետ, ենթակայ դարձաւ իշխանաւորին եւ լռութիւն կը պահէ աղաղակող անօրինութիւններու դիմաց, որոնք կը կատարուին դատարաններու մէջ թէ հրապարակներուն վրայ, ոստիկաններու կողմէ: Յաջորդ կառավարութիւնը այս իմաստով ալ կը կանգնի հիմնական վերափոխութիւններ ու բարեկարգումներ իրականացնելու հրամայականին դիմաց:

Նոր դատական իշխանութեան գլխագիր գործերէն մէկը պիտի ըլլայ բոլոր յանցագործներուն բացայայտումն ու զանոնք հաշուետուութեան բերելը, եւ ասիկա տեղի պիտի ունենայ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ: Երբ յանցաւոր կ’ըսենք, ի մտի չունինք միայն Արցախի յանձնումն ու ընկերացող մեքենայութիւնները, այլ ամէն տեսակի յանցագործութիւն, ներառեալ հայրենի երիտասարդութիւնը թմրամոլութեան ծուղակին մէջ նետողը: Հինի-նորի խտրութիւն պիտի չըլլայ: Յանցապարտութեան մէջ ալ կան, անշուշտ, տարբեր չափեր: Գող-աւազակը, մենաշնորհներ իրականացնող չարաշահը, պետութեան հարստութիւնները սեփականացնողը հաւասարապէս հաշիւ պիտի տան եւ նպաստեն հայրենիքի նիւթական կարողութիւններուն վերականգնումին: Ամէնէն կարեւորը, բնականաբար, պիտի ըլլայ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂԵՐՈՒ ԵՒ ԲԱՆԱԿԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԱՀԱՒՈՐ ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ ՊԱՏՃԱՌ ԵՂՈՂՆԵՐՈՒՆ հետապնդումն ու արդարութեան պատին դիմաց կանգնեցնելը: Այս իշխանութիւնը պարտի մոռացութեան դարակէն դուրս բերել գերիներու թղթածրարը:

Իսկական արդարութիւնը այն չէ, որ իշխանաւորներուն քմահաճոյքին համաձայն ըլլան պատերազմին հետքերուն բացայայտումը, կամ մտածել, թէ կործանարար իշխանաւորին ու գործակիցներուն դիմաց պէտք է բաց ձգել փախուստի դուռ մը՝ կամովին հեռանալու, այլ տեղ ապաստան գտնելու համար: Ո՛չ ոք պէտք է մտածէ, թէ հայրենի հողեր ծանօթ ձեւերով կորսնցնողն ու թշնամիին նուիրողը կրնայ խուսափիլ արդար պատիժէ: «Նեմեսիս»ը միայն Թեհլիրեաններու ոճով չ’ըլլար, այլ կայ նաեւ Չաուշեսքուները գնդակահարութեան պատին կանգնեցնող կամ Փեթէնները մահապատիժի դատապարտող նեմեսիսը: Հայրենիքը կամովին կորստեան տանողը չի կրնար որեւէ ձեւով հերոսացուիլ, այլ պիտի գամուի անարգանքի սիւնին:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ. Իշխանութիւնը սովորութիւն ունի յայտարարելու, թէ «աննախընթաց բարելաւումներ» կ’իրականացնէ, մինչդեռ չոր իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ աղքատներու թիւը կ’աւելնայ, սղաճը թռիչքներ կ’արձանագրէ, ԳԻՒՂԸ նահանջի մէջ է…: Տագնապին մասին յարատեւօրէն ահազանգեր կը հնչեցուին մասնագէտներու կողմէ, իսկ Ուքրանիոյ պատերազմին մէկ մասնակի պտուղը՝ օտարներու Հայաստան ներխուժումին դրական մակերեսը սկսած է ճաքեր ի յայտ բերել:

Իշխանաւորներուն դաւանած բարելաւումը, ըստ փաստացի տուեալներու (բազում վկայութիւններ կան մասնագէտներու կողմէ) իրողապէս դարձած է մենաշնորհը որոշ խաւի մը, որուն մաս կը կազմեն իշխանութեան վրայ եղողները՝ «ուսապարկեր»ն ու զանոնք կրողը, զանոնք «կուլ տուած» օլիկարգները (նորացուած հիներէն շատեր): Արտադրողականութիւնը դարձած է կաղլիկ, նմանապէս՝ հանքագործութեան մարզը, մինչեւ իսկ նոր ձեռնարկներ դարձած են թշնամիին սադրանքներուն խաղալիքը (Երասխի մէջ մետաղաշինութեան գործարանի մը կառուցումը խափանելու, Սոթքը անդամալուծելու եւ այլ փորձեր…): Առեւտուրի մարզը կը կաղայ երկու ոտքով (լաւ որ չորքոտանի չէ): Հետեւաբար, կը սպասուի, որ իսկական տնտեսագէտներ, ելեւմտագէտներ, երկրագործութեան այս կամ այն կալուածի մասնագէտներ գործի բերուին. ինչո՞ւ չէ, վերաքաղներ ընել խորհրդային եւ յաջորդ տարիներու դրական փորձառութիւններէն:

Կասկածէ վեր է, որ տնտեսութիւնը երկրի մը ողնասիւնին կարեւոր օղակներուն շարքին է. եւ ընկերային տագնապներուն դարմանումը ուղղակի կախում ունի տնտեսութեան վերականգնումէն: Մանրամասնութիւններուն կ’անդրադառնանք յաջորդիւ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
5-24 Յունիս 2023

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company