ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Իրաք – Շուէտ պայթումին լոյսի տակ

21 Հուլիս 2023

Իրաքի եւ Շուէտի միջեւ դիւանագիտական (քիչ մըն ալ աւելի) տագնապ մը պայթեցաւ Հինգշաբթի, 20 Յուլիսին, երբ խումբ ցուցարարներ՝ ծանօթ կրօնական ղեկավար Մոքթատա Սատրի հետեւորդները, գրաւեցին Պաղտատի շուէտական դեսպանատունը, այրեցին զայն, ծանր վնասներ պատճառեցին, եւ պահանջեցին, որ կառավարութիւնը արտաքսէ դիւանագիտական ներկայացուցիչները:

Կառավարութիւնը ընդրառաջեց եւ քայլ մըն ալ անդին երթալով՝ տուն կանչեց Սթոքհոլմի մէջ իր դիւանագիտական
ներկայացուցիչը: Դիւանագէտները անվնաս հեռացեր են Պաղտատէն…

Ի՞նչ էր ցուցարարներուն զայրոյթին պատճառը եւ ինչո՞ւ «պայթում» որակեցինք եղածը:

Իրաքցիք – եւ իրենց պէս շատեր – իմացած էին, որ դարձեալ հակաիսլամական արարք մը խմորուած է Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ. իրաքցի գաղթական մը, որ Յունիս 28-ին Գուրան (իսլամներուն սրբազան մատեանը)
այրած էր Իրաքի դեսպանատան դիմաց, սկիզբ տալով նորագոյն լարուածութեան, եւ ահա, Հինգշաբթի օր, խումբ մը
համախոհներ հաւաքած է եւ պիտի կրկնէ մատեանը այրելու արարքը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ այս անգամ,
գաղթականն ու ընկերները բաւականացած են միայն Գուրանէն էջեր պատռելով եւ Իրաքի դրօշը այրելով: Ան Իրաքի
դեսպանատան մօտ առաջնորդուած է… շուէտացի ոստիկաններու հսկողութեան տակ:

Իրաքցիներուն հետ իսլամական աշխարհը խռովքի մատնուած է, կը պահանջէ, որ Շուէտի եւ եւրոպական
այլ երկիրներու մէջ վերջ գտնեն Իսլամին դէմ նման քարոզչական արարքներ: Ձայնակիցներուն շարքին էին Իրանը,
Սէուտական Արաբիան, Մարոքը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ… Թուրքիան:

Բնական է որ ո՛չ միայն իսլամները, այլ նաեւ որեւէ կրօնի հետեւորդ ազնիւ մարդիկ դրական բան չտեսնեն
իրաքցի ցուցարարին կամ այլոց կողմէ Գուրան այրելու կամ ոտնատակ ընելու արարքներուն մէջ, որոնք յաճախակի
դարձած են եւրոպական ոստաններու մէջ եւ կը պաշտպանուին իբրեւ «կարծիքի ազատութեան» արտայայտութիւն:

Ուշագրաւը այն է, որ այս անգամ, ֆրանսական թերթ մը կամ ծայրայեղական վոհմակներ չեն արարքին
հեղինակը, այլ… իրաքցի գաղթական մը: Ու եթէ բանիմաց ու շրջահայեաց մարդիկ պահ մը հարց տան, թէ ո՞վ կրնայ
կանգնիլ իրաքցի՛ի մը ձեռքով իրականացող նման արտառոց արարքներու ետին, ո՞վ շահ ունի կրօնական
հակադրութիւններ հրահրելու մէջ, դժուար չէ մեղսակիցները, բուն յանցաւորները գտնելը, այսինքն՝ անոնք՝ որոնք
ընդհանրապէս հակաիսլամական գրգռութիւններ կը հրահրեն Եւրոպայի, Ամերիկաներու կամ այլ ցամաքամասերու
վրայ:

Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ Պաղտատի ցուցարարները երկու անգամ չեն մտածած, թէ իրենց յարձակումը
կրնայ դիտուիլ իբրեւ ահաբեկչական արարք, այն տեսակէն՝ զոր «քաղաքակի՜րթ աշխարհ»ը պատրաստ է
դատապարտելու իբրեւ ոճրային ահաբեկչութիւն՝ առանց երկար-բարակ մտածելու: Ցուցարարները հաւանաբար
լիովին վստահ չէին, թէ կառավարութիւնը պիտի ընդառաջէր շուէտացիները արտաքսելու իրենց պահանջին, սակայն
արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ կառավարութեան տեսակէտը համահունչ էր իրենց զայրոյթին:

***

Մեր ուշադրութենէն չի վրիպիր, որ Թուրքիա եւս մաս կը կազմէ Շուէտը դատապարտողներու ցանկին: Սա
այն Թուրքիան է, որ շաբաթ մը առաջ, հազար նազ-ճիլվէ ընելէ ետք, վերցուց ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան
դէմ իր վեթոն: Եւ ահա, առաջին իսկ առիթով, կը փորձէ «բաժնետոմսեր» շահիլ արաբական եւ իսլամական
աշխարհին մէջ:

Սա նաեւ ա՛յն Թուրքիան է, որ Այա Սոֆիայի տաճարը օր ցերեկով մզկիթի վերածեց, Արեւմտեան
Հայաստանի մէջ մնացած մեր հազարաւոր մշակութային կոթողները կը փոշիացնէ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ
ԾՐԱԳԻՐՈՎ, մօտաւորապէս երեք տարի առաջ հազարաւոր ոճրագործ ահաբեկիչներ ղրկեց Արցախ՝ իր ազերի
«եղբայրներուն» հետ հայեր կոտորելու առիթը չփախցնելու համար, այսօ՛ր ալ կը հովանաւորէ արցախեան գրաւեալ
գօտիին մէջ հայութեան հետքերու ջնջման Պաքուի ՊԵՏԱԿԱՆ ծրագիրը: Այս բոլորով, Թուրքիա պատմութիւն
կերտած է ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՄԲ:

Սա նաեւ ա՛յն Թուրքիան է, որուն հետ Երեւանի իշխանաւորները կը փորձեն «լեզու գտնել», թէեւ ամէն օր
կը տեսնեն եւ կը լսեն, որ Անգարա անշեղօրէն յառաջ կը տանի իր համաթուրանական ծրագիրները: Թուրքիոյ
ակնոցով՝ հայուն քրիստոնեայ կամ այլ կրօնի պատկանիլը չէ հարցը. Թուրքիոյ համար կրօնական դիմակը մի՛շտ ալ
օգտագործելի խաղաքարտ է եղած՝ դրացիներուն հողերը բռնագրաւելու եւ անոնց ժողովուրդը ջարդելու, բնաջնջելու
համար:

Ճի՛շդ է. մեր քրիոստոնեայ ըլլալը յաւելեալ խաղաթուղթ մըն է Անգարայի երէկի ու այսօրուան
կայսերականներուն ձեռքին մէջ, սակայն եկէ՛ք, հարց տանք. քրիստոնեա՞յ են քիւրտերն ու եզիտիները, քրիստոնեա՞յ
են սուրիացիներն ու իրաքցիները, եգիպտացիներն ու լիպիացիները (չշարունակենք), կամ՝ կիպրացիներուն ու
յոյներուն քրիստոնեայ ըլլա՞լն է հիմնական պատճառը, որ Թուրքիա անոնց դէմ տասնամեակներէ ի վեր աննահանջ
կերպով կը կիրարկէ հալածանքի, բռնագրաւման, ջարդի ու ցեղասպանական տարողութեամբ բռնարարքներ, իսկ
քաղաքակի՜րթ աշխարհը, ներառեալ՝ «քրոստոնեայ աշխարհը» կը խաղայ լուռ հանդիսատեսի, քաջալերողի՛ դեր:

***

Իսկ ո՞ր սառնարանին մէջ կը մնայ մեր՝ հայերո՛ւս զայրոյթը, հակառակորդը ձեւով մը ցաւցնելու
ունակութիւնը, երբ ականատես ենք, որ թուրք-ազերիական ծրագիրներուն հլու կամակատարը դարձած Երեւանի
իշխանաւորները կը շարունակեն «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի իմաստազրկուած յանկերգները:

Հայութեան զայրոյթը ինչո՞ւ ուժեղ դրսեւորում չի գտներ, երբ ազգովին ականատես ենք, որ Արցախի 120
000 բնակիչները աւելի քան 200 օրէ ի վեր առնուած են մահացու պաշարման օղակի մէջ, չեն կանգնիր
ցեղասպանութեան սեմին, այլ ցեղասպանութիւնը արդէն գործադրութեան սկսած է կաթիլ-կաթիլ. կայ սովի վտանգը,
կայ բժշկական կարիքներու զրկանքը, կայ զանգուածային բռնագաղթի ազերիական «փոխընտրանքը», եթէ արցախցիք

շարունակեն մերժել ազրպէյճանական հպատակութիւնը (որ այլապէս ցեղասպանութիւնը լրումին հասցնելու
նախերգանք մը պիտի ըլլայ պարզապէս): Հայուն զայրոյթը ինչո՞ւ կը նախընտրէ քնացած մնալ, երբ հարիւրաւոր
գերիներու ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, թողլքուած, Հայաստանէն հողեր բռնագրաւուած են, վաղը նորեր պիտի
աւելնան անոնց վրայ՝ Երեւանի իշխանաւորներուն «խաղաղասիրական» ծրագիրներուն ճամբով: Որքա՞ն պէտք է
հանդուրժենք, որ «խաղաղութիւն կը բերենք»ին դիմաց, հարիուրաւոր զոհեր աւելնան մեր նահատակներուն ցանկին,
արցախեան եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններ մնան կրակոցներու թիրախ, կեանքը սառի այդ շրջաններուն մէջ:

Արդեօք ծայրայեղականութի՞ւն պիտի ըլլայ ակնկալելը, որ պահանջուի ազերիական «փոխընտրանքներ»
մատուցողներուն Հայաստանէն հեռացումը, կամ բողոքի ազդու քայլեր առնուին անոնց ներկայացուցչութիւններուն
դէմ…

***

…Կար ժամանակ, երբ «ելք ու ճար» չգտնող քաջարի հայորդիներ կը հետեւէին «խենթերն են գտնում
հնար» ընտրանքին: Հայաստանն ու հայութիւնը վերջնականապէս քարտէսէն ջնջելու թրքական ծրագիրին դէմ,
ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ բռունցք կը դառնար Սարդարապատի մէջ ու կը յաղթէր առանձինն: Երբ Ցեղասպանութեան
հեղինակները, դատուելէ եւ մինչեւ իսկ մահուան դատապարտուելէ ետք՝ կը ճողոպրէին արդարութեան ձեռքէն, քանի
մը «խենթեր» իրենց ուսին կ’առնէին զանոնք հետապնդելու եւ շան-սատակ ընելու առաքելութիւնը, կը յաղթէին, եւ
կը դառնային ազգային հերոս, կը միանային Սարդարապատի եւ կանխող հերոսամարտերուն, ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ
ճակատումներուն մէջ յաղթանակ տարած հերոսներու փաղանգին: Նման զայրոյթի եւ արդարահատուցման «խենթ
արարքներ» տեղի ունեցան նաեւ 40-50 տարի առաջ, եւ Թուրքիա ու անոր կողքին կանգնած աշխարհը հաշուի առին
հայութեան պահանջները…: Մինչդեռ այսօր, համատարած կրաւորականութեան դիմաց, թուրք-ազերիէն շահեր
հետապնդողները ամէն օր հայավնաս «այլընտրանքային» ձեւեր կը հնարեն եւ ձայնակիցներ կը գտնեն հայկական
բեմին վրայ. դիմադրողներու կը տրուին «ռեւանշիստ», «պատերազմասէր», «խաղաղութիւն մերժող» եւ այլ անհիմն
որակումներ:

Համայնավարներու օրերէն սկսած այլասերումի ալիքը ո՛ւր հասցուցած է մեր ազգը, Հայաստանի մէջ եւ
Սփիւռքի տարածքին՝ որ զանգուածներ իրենք զիրենք դրած են դիտող հանդիսատեսի դերին մէջ, արհամարհանքով ու
քմծիծաղով կ’արձագանգեն հայրենիքի ու ազգի փրկութեան կոչերուն, նախաձեռնութիւններուն, ու այդ բոլորը
բաւարար չըլլային կարծէք՝ արդարատենջ ընդդիմադիրները կը դառնան քննադատութեան, խծբծանքի եւ
արհամարհանքի նշաւակ:

***

Ո՛չ, իսկական հայը այդպէս չէ. պատմութիւնը կը վկայէ, թէ այդպէս չէ եղած: Ինքնակործանման,
ինքնալքումի այս երթը չի կրնար, ու պիտի չշարունակուի երկար: Հայը աւելի քան դար մը առաջ հասած էր այն
գիտակցութեան, որ օտարէն օգուտ չի կրնար ըլլալ, եթէ դուն չսկսիս ձեռքովդ քորել գլուխդ: Այս գիտակցութիւնը
թմրութեան մատնողները՝ իշխանաւոր թէ այլք, չեն կրնար շարունակել թշնամիին ու անոր հովանաւորներուն
լարերուն վրայ պարը: Անոնց խաբէութեանց ու ստապատիր քարոզներուն ամէնէն հաւատարիմ հետեւորդն անգամ,
ուշ կամ կանուխ, զգաստութեան պիտի գայ եւ պատռէ դիմակները, ինչպէս որ աշխարհէն ալ կը սպասուի պատռել
թուրքի՛ն դիմակը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company