ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Դրօշակ

Հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը՝ հայրենիքի համար

08 Սեպտեմբեր 2023

Շաբաթներ առաջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը յայտարարեց՝ «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» խորագրով ուսումնասիրութիւններու մրցանք ծրագիրի մեկնարկը, որ նպատակ ունի համախմբել հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ: Սոյն մրցանքը նախաձեռնուած է՝ նկատի ունենալով Արցախի դիմագրաւած ճակատագրական ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի շուրջ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական սուր պայքարը եւ հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը Հայ դատին եւ մասնաւորաբար Արցախին ծառայեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ծրագրին հիմնական նպատակն է մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքքնողական լրագրութեան բնագաւառներուն մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու արդիւնաւէտ օգտագործման համար: Այսինքն՝ ուղղել կուտակուած ներուժը դէպի հայանպաստ աշխատանք: 2020 թ. Արցախեան երկրորդ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ 20-րդ դարու զէնքերու ժամանակաշրջանը աւարտած է եւ հակառակորդին կամ թշնամիին դէմ պայքարելու համար նախ պէտք է ուսումնասիրել անոր ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական վիճակը, խթանել քննական մտածողութիւնը մեր ուսանողներուն մէջ, ինչպէս նաեւ զարգացնել մեր հայրենիքին տնտեսութիւնը, բարելաւել սահմանային շրջանները եւ հզօրացնել մեր բանակը: Այս բոլորին զուգահեռ քաջալերել մասնագիտացած սերունդի մը ստեղծումը:

2021 թ. նմանատիպ ծրագիր մը իրականացուեցաւ Սիւնիքի մարզի մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ բերելու համար, որուն մասնակցեցան երկու տասնեակի հասնող ուսանողներ: «Դէպի Սիւնիք» համապարփակ ծրագրի ծիրէն ներս ձեռք բերուած այս փորձը ապացուցեց, որ հայ ուսանողը ոչ միայն հետաքրքրուած է մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար էական նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիրներով, այլեւ ունակ է վերլուծական աչքով եւ քննական մօտեցումներով վերհանել խնդիրները եւ ներդրում ունենալ ոլորտային լուծումներու մշակման մէջ:

Հետեւաբար «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» ծրագիրին միջոցաւ աշխարհասփիւռ հայ ուսանողները հնարարաւորութիւն ունին Արցախին գործնական օգտակարութիւն բերելու: Ունին նաեւ եզակի առիթ աշխատելու հանրայայտ եւ մասնագետ խորհրդատուներու հետ, իրականացնելու մասնագիտական կարեւոր ուսումնասիրութիւններ եւ այսպիսով նպաստելու հայրենիքի գալիք մարտահարաւերներու դիմակայման:

Ծրագիրին մէջ ներառուած նիւթերը կրնանք բաժնել հետեւեալ խմբաւորումներուն: Նշուած կը գտնէք նիւթերուն համապատասխան բացատրականները.

Ա- Հայկական հարցը առհասարակ եւ Արցախեան հիմնահարցը՝ ի մասնաւորի եւ անոր միջազգային ընկալումն ու դրսեւորումները:

• Արցախի շրջափակման կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ: Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան:
• Միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն՝ Բերձորի միջանցքի արգելափակումը որպէս պատերազմական յանցագործութիւն: Սիրանուշ Սահակեան, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի հայկական կեդրոնի ղեկավար:
• Ազրպէյճանի քաւիարային դիւանագիտութիւնը (caviar diplomacy) Եւրոպայի մէջ: Հեղինէ Էվինեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէնուհի:
• Ազրպէյճանի եւ Ալիեւի ընտանիքի օտարերկրեայ ներդրումներու հիմնական ուղղութիւնները եւ փտածութեան դրսեւորումները: Յարութ Սասունեան, «Քալիֆորնիա Քուրիեր» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր:
• Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառելիութեան կարեւորութիւնը իբրեւ զսպող գործօն: Արամ Համբարեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Ուաշինկթոնի գրասենեակի տնօրէն:
• Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութեան կարեւորութիւնը Արցախի մէջ: Վիգէն Աշգարեան, Մարդասիրական օժանդակութեանց միջազգային կազմակերպութեան
աշխատակից:
• Արցախի հիմնահարցը միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ: Մարիօ Նալպանտեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ:

Այս եօթը ուսումնասիրութիւնները կրնան օգտակար դառնալ Հայ դատի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ օգտակարութիւն ունին Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր մարմիններուն համար, մանաւանդ, երբ քարոզչական աշխատանքներ տանելու ըլլան արեւմտեան երկիրներու եւ խորհրդարանական յանձնախումբերու մէջ, Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու դիտանկիւնէն: Ինչպէս նաեւ օտար երկիրներու խորհրդարաններու մէջ Արցախի ու Հայաստանի ի նպաստ բանաձեւերու որդեգրման համար: Աւելին, այսպիսի ուսումնասիրութիւններ կրնան հիմք հանդիսանալ տնտեսական պատժամիջոցներու որդեգրման Ալիեւի բռնապետական վարչակազմին դէմ:

Բ- Թշնամի Ազրպէյճանի տնտեսական եւ դիւանագիտական կապերը:

• Ազրպէյճանի ուժանիւթի քաղաքականութիւնը (Energy policy) Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի հետ: Եղիա Թաշճեան, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հետազօտական կեդրոնի գիտաշխատող:

• Ազրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւններ: Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր:

• Ազրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններ: Էդգար Էլբակեան, «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական ՀԿ համահիմնադիր:

• Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներու հետ: Աբրահամ Գասպարեան, «Ճէնէսիս Արմինիա» կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն:

Այս չորս ուսումնասիրութիւնները կապուած են Ազրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանէն ներս անոր վարած աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական դիրքին: 2020 թ. պատերազմէն ետք Պաքուի հիմնական մարտահրաւէրն է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքին հետ միաժամանակ, ինչպէս նաեւ օգտագործել քարիւղը իբրեւ ճնշման խաղաքարտ, որպէսզի թէ՛ Արեւմուտքէն եւ թէ՛ Ռուսիայէն ստանայ որոշ զիջումներ Արցախի շուրջ: Հոս նաեւ Իսրայէլի գործօնը կարեւոր է եւ սերտօրէն կապուած է տարածաշրջանին մէջ Իրանի դերակատարութեան հետ:

Գ- Հայութեան դիմադրութեան եւ տոկունութեան ոստան՝ Արցախ

• Ազգ-բանակ գաղափարի իրագործման անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Գեներալ-լեյտենանտ Տիրան Խաչատրեան, ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ:

• Պատմութեան խեղաթիւրման Ազրպէյճանի քաղաքական եւ ակադեմական փորձերը: Լեռնիկ Յովհաննէսեան, Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան գիտութեան եւ սպորտի փոխնախարար:
• Արցախի մէջ այլընտրանքային ջրային պաշարներու կարողականութիւնը (unconventional water resources): Յովսէփ Տէր Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ ջրային պաշարներու մասնագէտ:
• Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը: Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար:
• Արցախի տնտեսութեան դիմադրողականութեան բարձրացման հնարաւորութիւնները: Սուրէն Բարսեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու:
• Արցախեան 44 օրեայ պատերազմէն ետք արցախահայութեան ուղղուած հայկական մարդասիրական օժանդակութիւնները: Լիլիթ Մարտիրոսեան, Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորի ատենապետուհի:
Իսկ այս վեց ուսումնասիրութիւնները տրամադրուած են Արցախի մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերուն, Ազրպէյճանի պատմական կեղծ դիրքաւորումները եւ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Հայկական զոյգ պետութիւններուն համար վերոնշեալները կրնան լծակներ հանդիսանալ պաշտպանելու համար արցախահայութիւնը եւ պահպանելու Արցախի հայկական ինքնութիւնը՝ դէմ առնելով թշնամիի նկրտումներուն:

Մրցանքին մասին:

Նիւթերը պիտի գնահատուին եւ արժեւորուին՝ նկատի ունենալով անոնց արդիականութիւնը, կիրառական նշանակութիւնը, հետազոտական տարողութիւնը, առարկայական հիմնաւորութիւնը եւ թեքնիք պահանջներու յարգումը:

Այսինքն՝ մեր նպատակը անպայման ակադեմական յօդուածներ հրատարակելը չէ, ոչ ալ միայն վերլուծութեամբ բաւարարուիլը, այլ ուսումնասիրութիւնները պարտին առաջարկներ ներկայացնել եւ ունենալ «policy paper/ problem-solution»-ի բնոյթ, եւ ուսանողը տրամադրէ նուազագոյնը մէկ քաղաքականութեան (policy) առաջարկ, որ Հայաստանին կամ Արցախին համար լծակներ կ’ընդձեռնէ ընտրուած հարցին առնչութեամբ: Այսպիսի ուսումնասիրութիւններ կրնան քննարկումներու դուռ բանալ Հայաստանի ակադեմական եւ քաղաքական կեանքէն ներս: Օրինակ՝ Արցախի շրջափակումը եւ անոր հետեւանքները կամ պատճառները սոսկ չվերլուծենք, այլ առաջարկենք ապաշրջափակման գործադրելի միջոցներ՝ նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական պաշարները:

Այսինքն՝ իրատեսական ըլլալը հրամայական է՝ դուրս ելլելով զուտ լոզունգային հռետորաբանութենէ (cheap populism):

Պատրաստուած նախագիծերը պիտի քննուին մասնագետներէ բաղկացած հանձնաժողովի կողմէ: Մրցանքի մասնակցած բոլոր ուսանողները պիտի ստանան խորհրդանշական նուէրներ: Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները պիտի ստանան կրթաթոշակներ: Առաջին մրցանակին արժանացած իւրաքանչիւր ուսանող՝ 1000 ԱՄՆ տոլար, երկրորդ մրցանակ՝ 750 ԱՄՆ տոլար եւ երրորդը՝ 500 ԱՄՆ տոլար դրամական պարգեւներ:

Իսկ մրցանքի աւարտին պիտի գումարուի առցանց խորհրդաժողով մը, ուր լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան: Եւ բոլոր աշխատութիւնները լոյս պիտի տեսնեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի էջերուն մէջ: Նշենք, որ մրցանքի արդիւնքները պիտի հրապարակուին սոյն թուականի Նոյեմբեր 1-ին:
Վստահ ենք, որ ամէն ուսումնասիրութիւն իր ներդրումը պիտի ունենայ հայ դատի ովկեանոսին մէջ եւ այսօր հրամայակա՛ն է, որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը լսէ՛ մեր՝ ուսանողներուն մտահոգութիւնները եւ ընդառաջէ՛ անոնց առաջարկներուն:

Եղիա Թաշճեան

«Դրօշակ» թիվ 8, 2023թ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company