ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Սան Սթեֆանոն եւ Պերլինը նաեւ այսօր

13 Սեպտեմբեր 2023

Հայաստան միակ երկիրը չէ, որուն շահերն ու ապահովութիւնը յաճախ խաղալիք դարձած են հզօր պետութիւններու ծրագիրներուն խաչաձեւման, անոնց միչեւ բախումին: Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, այսինքն՝ մեր ժողովուրդի մարդկային եւ քաղաքական իրաւունքներու վերականգնումի պայքարի զարթօնքէն ասդին, Հայաստան, անկախ հանրապետութեան հռչակումէն առաջ եւ ետք, դառն փորձառութիւններ ապրած է այս իմաստով: Հազուադէպ չեն այն փուլերը, երբ մեր ժողովուրդը, այսինքն՝ քաղաքական ղեկավարութիւնը ինքզինք գտած է դաժան երկընտրանքներու դէմ յանդիման, հարկադրուած է, օրինակի համար, ընտրութիւն կատարել Արեւելքի եւ Արեւմուքի միջեւ, սակայն բոլոր փուլերուն ալ, արեւու լոյսին պէս փայլած է այն ճշմարտութիւնը, որ սեփական բազուկին վստահիլը ԲԱՆԱԼԻՆ է դրական շարժումի, մինչեւ իսկ բարեկամներ շահելու դիտանկիւնէն: Այս «վարկածը» միշտ դրական ելքի չէ հասցուցած մեզ, սակայն անկէ հրաժարիլը շատ աւելի ծանր հետեւանքներու տարած է մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը:

Սեփական բազկին վստահելու բազում պատգամներ հնչած են տարբեր փուլերու: Ամէնէն հնչեղը եկած է Խրիմեան Հայրիկէն, որ Պերլինի խորհրդաժողովէն վերադարձին, հայուն տուած է անմոռանալի եւ մի՛շտ ալ այժմէական պատգամ մը, որ մեր պատմութեան մէջ արձանագրած է «Երկաթէ Շերեփի օրէնք»ը:

Երբ կը յիշենք Խրիմեան Հայրիկի օրերը, առաւելաբար կը յիշենք Պերլինը եւ 61-րդ յօդուածը: Զայն քանի մը ամիսով կանխած մէկ այլ ժողով՝ Սան Սթեֆանոյի խորհրդաժողովը եւ 16-րդ յօդուածը չենք մոռցած, սակայն անոր տուած ենք լուսանցքային տեղ: Իսկ եթէ մեր այսօրուան իրականութեանց պատկերին մէջ փորձ ընենք վերյիշելու Սան Սթեֆանոն, մեր քաղաքական տեսողութեան դաշտը կրնայ դառնալ աւելի իրատեսական:

Ի՞նչ պատակեցաւ 1878-ին, ինչի՞ արդիւնք էին Սան Սթեֆանոն եւ Պերլինը:

Այս տողերուն նպատակը պատմութեան վերաքաղը ընել չէ, այլ յիշատակել այն, որ ռուսական կայսրութիւնը այդ շրջանին, ամբողջ 19-րդ դարու երկայնքին, շարունակած էր իր ծաւալումի քաղաքականութիւնը: Մեզ անմիջականօրէն շահագրգռող գօտիին՝ Կովկասի մէջ, ան նախ ճակատած է Պարսկաստանի հետ, հասած է մինչեւ Արաքսի հովիտ, ապա շարժած էր դէպի արեւմուտք եւ յառաջխաղացքներ արձանագրած էր ի հեճուկս Օսմանեան կայսրութեան: Իւրաքանչիւր ճակատումէ ետք, համաձայնութիւններ գոյացած էին, Հայաստանն ալ դարձած էր սակարկութեան նիւթ: Ռուսական յառաջխաղացք՝ նշանակած էր օսմանեան լուծէն դուրս գալու յոյսի բարձրացում, նահանջները եղած էին աղէտալի, դուռ բացած էին ջարդերու, հալածանքներու սաստկացման եւ զանգուածային գաղթերու:

Ուշագրաւ տարիներ էին 1877-78 տարիները: Թուրքերուն դէմ ռուսական յառաջխաղացքը նախընթացներէն աւելի՛ յուսատու եղած էր Մոսկուայի դիտանկիւնէն, հետեւաբար նաեւ անգամ մը եւս բարձրացուցած էր հայութեան երազներուն առաստաղը: Պատերազմին հաշուեփակը ընելու համար Սան Սթեֆանօ գացող ռուսական պատուիրակութիւնը աւելի՛ նպաստաւոր դիրքէ կը ներկայանար եւ, հայկական հարցին շրջագիծին մէջ՝ խաղաքարտեր ձեռք կը բերէր ընդդէմ Թուրքիոյ: Պարտուած Թուրքիան կ’ընդունէր բարեկարգումներ իրականացնել՝ հայերու իրաւունքներու հաստատման իմաստով, իսկ չկատարելու պարագային, Ռուսիա իրաւունք պիտի ունենար հաշիւ պահանջելու եւ ի հարկին՝ միջամտելու:

Թուրքիոյ ետին կանգնող եւ ցարական Ռուսիոյ մրցակից Արեւմուտքին համար, նման յառաջխաղացք՝ կը նշանակէր կարմիր գիծի հատում: Եւ ահա, ջուրերը խառնուեցան եւ քանի մը ամիս ետք Պերլինի մէջ կազմակերպուեցաւ աւելի՛ «հեղինակաւոր» ժողով մը, որուն մասնակիցներուն թիւը աւելցաւ: Այդպէ՛ս էր որ 16-րդ յօդուածը վերափոխուեցաւ 61-րդի, հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը գրեթէ նոյնը մնաց, այսինքն՝ Թուրքիա խոստացաւ բարեկարգումներ կատարել, իսկ չկատարելու պարագային, պէտք է հաշիւ տար Պերլինի սեղանին մասնակցող բոլոր հզօրներուն, հաւասարապէս արեւմուտքցիներուն եւ Ռուսիոյ:

Սա քաղաքական բառերով թարգմանուեցաւ իբրեւ ռուսական ազդեցութիւնը մկրատելու, հակակշռելու եւ ետ մղելու քայլ: Մեր հարցերուն դիտանկիւնէն՝ հետեւանքները ծանօթ են: Թրքական բռնութիւններն ու հալածանքները, ջարդերը շարունակուեցան, Արեւմուտքէն ո՛չ ոք հաշիւ պահանջեց, Ռուսիան ալ, իր դիմաց գտնելով Թուրքիոյ ետին կանգնող կայսերական ուժերը, չհամարձակեցաւ խօսիլ Սան Սթեֆանոյի մէջ իր ձեռք բերած՝ հաշիւ պահանջողի կարգավիճակին մասին: Եւ պատմութեան անիւը թաւալեցաւ:

Արդեօք այդ օրերուն ալ կայի՞ն ռուսամէտ-հակառուս հոսանքներ…

***
Այսօր, Սան Սթեֆանոյէն մէկ ու կէս դար ետք, հաւանաբար անիմաստ է հարց դնել, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի առնէր պատմութեան անիւը, եթէ հաստատ մնային Սան Սթեֆանոյի որոշումներն ու 16-րդ յօդուածը: Սակայն աւելորդ չ’ըլլար մասնակի զուգահեռներ տեսնել ցարական եւ խորհրդային Ռուսիոյ ժառանգորդ (նոյն կայսերական հեռանկարները հետապնդող) այսօրուան Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հակամարտութեան միջեւ, ուր «Եւրոպայի հիւանդ մարդ» Թուրքիոյ վերապահուած է նմանօրինակ դերակատարութիւն, անկախ անկէ, թէ հանրապետական Թուրքիան ռազմական եւ այլ գետիններու վրայ ինչպիսի՞ բարելաւումի ենթարկած է ինքզինք, եւ այդ բարելաւումներուն մէջ ի՞նչ բաժին ունեցած են եւ ունին ՆԱԹՕ-ի ընկերները, նաեւ… Ռուսիա:

Մէկ խօսքով, հին, դարաւոր խաղը կը խաղցուի նոր խաղաքարտերով, սեղանին շուրջ նստողները որոշ փոփոխութիւններու ենլթարկուած են, իսկ մենք՝ Հայաստանի մէջ, մասնաւորաբար Արցախի տագնապին վերջին տարիներու վերիվայրումներուն դիմաց՝ տարուած ենք ռուսասիրութեան-ռուսատեացութեան, Արեւմուտքին յարելու-չհարելու ոլորապտոյտի՛ն մէջ, որ արդէն վերածուած է յորձանուտի:

***
Սան Սթեֆանոյի մէջ խաղաքարտեր շահած Ռուսիան սիրայօժար չհրաժարեցաւ որոշ առաւելութենէն, այլ իր դիմաց գտաւ արեւմտեան ուժերու ամբողջ հզօրանքը: Ռուսիա լոկ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն դիտանկիւնէն չէր հասած Կովկաս ու թափանցած՝ Թուրքիոյ արեւելեան գօտին, հետեւաբար, անոր արձանագրած քաղաքական ու ռազմական նահանջները մնացին «քաղաքական մեծ խաղ»ի բովանդակութեան մէջ, ծանրագոյն հարուածը իջաւ հայութեան ճիտին:

«Քաղաքական մեծ խաղը» այսօր ալ կը կրկնուի (ինչպէս որ բազմիցս կրկնուած է 1978-էն ետք), թէեւ անոր կը տրուի տարբեր անուններ, կիցակէտերը կը տեղափոխուին Կովկասէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա, Ափրիկէ, Ուքրանիա-Եւրոպա եւ այլուր: Տարբերութիւնը այն է, որ հայ քաղաքական միտքը աւելի՛ իրազեկ է պատմութեան, քիչ մը աւելի լաւ կը կարդայ հզօրներու միջեւ մրցակցութեան գիրքը, սակայն իշխանութեան մակարդակին վրայ՝ փոխանակ դասարան փոխելու եւ նախակրթարանէ երկրորդական ու համալսարան հասնելու՝ կը նախընտրէ մանկապարտէզ վերադառնալ: Հետեւանքը այն կ’ըլլայ, որ պատմական հետեւանքներուն, մինչեւ իսկ վերահաս նոր ցեղասպանութեան մը վտանգին ստեղծման ՄԱՍՆԱԿԻՑ կը դառնայ:

***
Հայաստանի իշխանութեան որդեգրած կորստաբեր ընթացքը թօթափած է թզենիի վերջին տերեւն ալ: Արցախի հողերուն մեծ մասին կորուստը, Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը, Հայաստանէն հողերու կորուստն ու սահմանամերձ «կղզեակներու» յանձնումի «գիւտերը», մինչեւ իսկ Հայաստանի տարածքին շուրջ սակարկութիւնները եւ սահմաններու ճշդումը թշնամիէն մուրալու հրաշալի՜ «դիւանագիտութիւնը» փաստերու լեռներ կազմած են, որ այս իշխանութիւնը խորքին մէջ երբեք ալ շահագրգռուած չէ, թէ Հայաստանը ի վերջոյ ի՞նչ տարածքով կրնայ մնալ (եթէ թշնամին ընդունի ատեն մը բան մը ձգել դրածոներուն): Եւ հրապարակ կը նետուին Հայաստանի «քատասթրի թուղթ» ունենալ-չունենալով «տեսութիւնները», թիւեր կը յիշուին տարածքին մասին, իբրեւ թէ միայն այդ ըլլար Հայաստանը:

…1982-ին, Լիբանան կը գտնուէր «քաղաքացիական պատերազմ»ի ծանրագոյն փուլերէն մէկուն մէջ: Իսրայէլ, որ 70-ականներու վերջերէն սկսեալ իրողական տիրապետութիւն հաստատած էր երկրի հարաւային մէկ գօտիին վրայ, լայնածիր յարձակում շղթայազերծեց ու գրաւեց երկրին գրեթէ կէսը, մտաւ Պէյրութ: Այդ օրհասական պայմաններուն մէջ էր որ օրուան նախագահին պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը կը մօտենար աւարտին: Խորհրդարանը հարկադրուեցաւ տարապայման, չըլլալի՛ք կացութեան մէջ ընտրել նոր նախագահ մը, որ կը կոչուէր Պաշիր Ժըմայէլ:

Երիտասարդ եւ յստակօրէն կողմ եղող Ժըմայէլ իր անուան դիմաց արձանագրեց նշանաւոր խօսք մը: Ան յայտարարեց, որ Լիբանանի հողային տարածքը 10 452 քառ. քլմ. է, անկէ ափ մը հող զիջելու պատրաստ չէ:

Աշխարհագրութեան գիրքերուն մէջ մինչ այդ ընդունուած էր, որ երկրին տարածքը 10 400 քառ. քլմ. է:

Տարբերութի՞ւնը. միայն 52 քլմ… (Ազրպէյճանի 2020-էն ասդին որքա՞ն հող գրաւած է կամ նուէր պիտի ստանայ Հայաստանէն՝ յստակ չէ,)

Նախագահական աթոռին հասնելէ առաջ, Պեշիր Ճըմայէլ ռմբային ահաբեկչութեան մը զոհ գնաց: Ան ունէր սիրողներ, համակիրներ, նաեւ ատողներ, սուր կերպով հակադրուողներ: Այդ բոլորը օրին էին, չեն մոռցուած, սակայն իր խօսքը միայն իր օրին չմնաց. Լիբանանի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔԸ ճանչնալու եւ ճանչցնել տալու կամքը, իրողութիւնը:

Հայաստանի նման փոքր, տկար ու կռուախնձոր Լիբանանը յաջողած է պահպանել իր հողերուն ամբողջականութիւնը, ծանր զոհաբերութիւններով դիմադրած է բազմաթիւ ոտնձգութիւններու եւ յարձակումներու: Հոն կան մարդիկ՝ պետական առաջնորդներ (անկախ իրենց անասելի խաղքութիւններէն), որոնք տրամադիր չեն սակարկելու հայրենիքին ամբողջականութիւնը, պատրաստ են պաշտպանելու 10 452 քառ. քլմ.ը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company