ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Never Again!

28 Սեպտեմբեր 2023

Սիրելի ընթերցող. հետեւեալ տողերը մի՛ ընկալեր իբրեւ զգացական արտայայտութիւն, այլ նկատէ մեր ապրած ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՀԱՒՈՐ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ՝ ԱՐՑԱԽԻ ԿՈՐՈՒՍՏԻՆ դէմ ընդվզում, պոռթկում, որ անկասկած համակած է ազգս ամբողջ:

Կասկած չունիմ, որ չկայ հայ մը, որ չի գիտակցիր, չ’ըմբռներ նորագոյն աղէտին պատմական տարողութիւնը, չի բաժնեկցիր այն մտավախութեան, որ կրաւորականութեան եւ ձեռնածալութեան ճամբով, կրնանք խուսափիլ նոր աղէտներէ: «Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք»ը հիմա ունի տարբեր հնչեղութիւն:

…Մասնաւորաբար Ապրիլ 24-ի առիթով մեր աշխարհատարած ցոյցերուն ընթացքին, նաեւ Ցեղասպանութեան յիշատակման տարբեր առիթներով, տասնամեակներէ ի վեր հնչեցուցած ենք «Never again!» (Պիտի չկրկնուի) կամքը, ու աշխարհի տարբեր երկիրներու պետական շրջանակներէ ալ գտած ենք համահունչ արձագանգներ: Մեծ ու փոքր պետութիւններ հաստատած են որ 1915-էն 1923 տարիներուն, Հայ ժողովուրդը զոհ գացած է Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կազմակերպուած եւ գործադրուած պատմական ոճիրին, որ նախատիպարը եղած է նոյն դարուն եւ մինչեւ օրս կրկնուող ցեղասպանական արարքներու: Բոլորն ալ կրկնած են ու կրկնած. Never again!

Եւ սակայն, մեր ու աշխարհի աչքերուն առջեւ, Ազրպէյճան եւ նո՛յն Թուրքիան կրկին ու կրկին ռազմական գործողութիւններ կը սանձազերծեն Արցախի ու Հայաստանի դէմ, եւ մենք ու աշխարհը դարձեալ կ’ըսենք. Never again!

– Արցախի 75 առ հարիւրը բռնագրաւելէ Ճիշդ 3 տարի ետք, Ազրպէյճան վերջնականապէս կը խլէ Արցախը, իսկ մենք ու աշխարհը կ’ըսենք. Never again!
– Արցախի հայ բնակչութեան մօտաւորապէս քառորդը վերջնականապէս գաղթական դառնալէն ուղիղ երեք տարի ետք, մնացեալ արցախցիներն ալ, վերահաս ջարդերէ խուսափելու համար, գաղթական կը դառնան, իսկ մենք ու աշխարհը կ’ըսենք. Never again!
– Արցախի գիւղերուն բնակիչները օր-ցերկով կը ջարդուին, հայրենի հողը պաշտպանող զինուորներ նահատակ կ’իյնան, եւ մենք ու աշխարհը կ’ըսենք. Never again!
– Բնագաղթուած ժողովուրդը, դէպի Հայաստան աքսորի ճամբուն՝ ենթակայ կը դառնայ անտանելի վիճակի, մանուկներ եւ տարեցներ կը մահանան, ինչպէս եղաւ աւելի քան 100 տարի առաջ՝ Ցեղասպանին ձեռքով բռնագաղթի հանուած անտէր զանգուածներուն՝ դէպի Տէր Զօր, Մարկատէ ու այլ սպանդանոցներ առաջնորդուողներուն (բախտաւորութի՞ւն պէտք է սեպել, որ հիմա գաղթը ինքնաշարժով կ’ըլլայ եւ մահացութիւնը նոյնքան համատարած չէ), իսկ մենք ու աշխարհը կ’ըսենք. Never again!
– Բռնագրաւող ոճրագործը, հաւատարիմ մնալով դարաւոր իր սովորութեան, քար ու քանդ կ’ընէ հայկական շէներ, կը շարունակէ ջնջել-վերցնել խորհրդանիշներ ու հետքեր, յուշակոթողներ, իսկ մենք ու աշխարհը կ’ըսենք. Never again!
– Ազրպէյճան ստապատիր քարոզչութիւն կը տարածէ, իբրեւ թէ հոգ կը տանի Արցախի հայերուն, ա՛յն «հոգածութեամբ», որ դար մը առաջ Թուրքիոյ պետութիւնը մղեց «պատերազմի հետեւանքով վտանգուած հայերը ապահով վայրեր փոխադրելու», իսկ մենք ու աշխարհը կ’ըսենք. Never again!
– Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը պատրաստուին Արցախի ճակատագիրին մատնել Հայաստանը, սկսելով Սիւնիքէն, ու մենք ու աշխարհը կ’ըսենք. Never again!
– …Never again! Never again! Never again!!!

***

Մեր ժողովուրդը դարձեալ զոհ է ցեղասպանական կանխամտածուած եւ լաւապէս պատրաստուած ծրագիր մը:

Իրականացումը կը կատարուի աշխարհի աչքերուն առջեւ: Հիմա, լրատուական եւ հաղորդակցութեան միջոցները իրականութեանց բացայայտումը կը կատարեն օրը-օրին: Աշխարհը դատապարտանքի յայտարարութիւններով կ’ողողէ լրատուադաշտերը, կը խոստանայ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ղրկել աղէտեալներուն (նուազագոյն սպեղանի, բայց քաղաքական առումով սնամէջ): Վաղը, եթէ ՄԱԿ-ը, Եւրոպական Խորհուրդը, Ռուսիա կամ այլք՝ քննիչներ ղրկեն ու ստուգումներ կատարեն, առանց յապաղումի պիտի հաստատեն, թէ Ազրպէյճան ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ իրականացուցած է Արցախի մէջ: Նոյնը կրնան ընել դեսպանատուները…: Պէտք պիտի չըլլայ ամիսներ սպասելու, որ միսիոնարներ, դիւանագէտներ եւ լրագրողներ ականատեսի վկայութիւններ հասցնեն կառավարութեանց, միջազգային կազմակերպութիւններու ու աշխարհի ուշադրութեան, ինչպէս եղաւ Ցեղասպանութեան տարիներուն: Նման քննութիւն ո՛չ միայն պէտք է պարտադրել Ազրպէյճանի եւ մեղսակից Թուրքիոյ, այլ անցնիլ Never again-էն անդին եւ անյապաղ հաշիւ-հատուցում պահանջել, դատապարտել եւ պատժել ոճրագործները: Սա կը պահանջէ Հայաստանի պետութեան ու աշխարհասփիւռ հայութեան համատեղ եւ տենդոտ գործակցութեան:

Կարելի՞ է անտեսել կամ մոռնալ, որ Երեւանի իշխանաւորները աւելի՛ ուղղակի, քան անուղղակի մեղսակից են պատահածին, ԱՂԷՏին պատրաստութեան եւ իրականացման: Եւ անգամ մը եւս կը ստիպուինք յիշելու նշանաւոր խօսքը. «Անտառին հարցուցեր են, թէ ինչո՞ւ կու լայ, պատասխաներ է. կացինին կոթը ինձմէ է…»: (Այս սիւնակին մէջ չենք ուզեր այդ երեսին վրայ երկար կանգ առնել, ամէն բան բացայայտուած է… աչք եւ ուղեղ ունեցողներուն համար):

Եթէ գլխաւոր մեղաւորը Ազրպէյճանն ու Թուրքիան են, նաեւ՝ անոնց կամակատար-գործակիցին վերածուած Երեւանի իշխանաւորները, պէտք է ընդունինք, որ հայութիւնն ու աշխարհը ունին պատասխանատուոթեան իրենց բաժինները: Աշխարհը՝ կրաւորական «խանդաղատանք»ի եւ խօսքի ապուրներով մեզ կերակրելուն, իսկ հայութիւնը՝ անզօրութեան սահաններէն անդին չանցնելուն, «ի՞նչ կրնանք ընել»ի քարոզչութեամբ տարուելուն համար:

***
Երեւանի իշխանութիւնները հիմա կրնան ինքնարդարացումի երթալ ըսելով. մենք 40 հազար գաղթական պատսպարելու պատրաստակամութիւն յայտնեցինք, հիմա գաղթականներուն թիւը անցած է 50 հազարը, շուտով կը հասնի հարիւր հազարի: Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընենք ասկէ աւելի: Պիտի զգաստանա՞ն եւ անդրադառնա՞ն, որ եղածը նա՛եւ իրենց ձեռակերտն է, որովհետեւ «Արցախը Ազրպէյճանին կը պատկանի» յայտարարելով՝ վերցուցին փանթուրանականութեան դէմ դարաւոր արգելքը: Եւ այս «իրագործում»ին մէջ, ո՛չ պէտք է նախկիններ փնտռել, ո՛չ ալ մրցումի ելլել բարեկամներ ու դաշնակիցներ մեղադրելով:

Ինչի՞ կը ծառայեն Երեւանի եւ Թուրքիոյ եւ այլոց միջեւ հեռաձայնային եւ այլ հաղորդակցութիւնները, երբ Արցախը դուրս մղուած է օրակարգէն: Անդին, յստակ են Պաքուի հետ Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ եւրոպացիներուն հաղորդակցութեան առանցքները: Ամէն բան կը թաւալի առեւտուրի եւ շահադիտական այլ հաշիւներու շուրջ: Բարձրաձայն կը խօսուի ճամբաներու բացման տարբերակներու մասին, իսկ Հայաստան հազիւ թէ կ’երեւի լուսանցքի վրայ:

Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն նկատեր են, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, Արցախի վերջին պատառիկին խլումէն ետք, նուազեցուցած են «Զանգեզուրի միջացանք»ին ուժով տիրանալու մասին հռետորաբանութիւնը: «Բէք-աղէ՛կ», պիտի ըսէ բարեմիտ հայը: Սակայն ո՞վ է այն ցնորամիտը, որ պատրաստ է գրաւ դնելու եւ յոյս կապելու նման նախատեսութեան, երբ իրազեկներ բաց աչքերով տեսան, թէ երկու օր առաջ, Էրտողան եւ Ալիեւ նոր ծրագիրներու մշակման հանդիպում ունեցան Նախիջեւանի մէջ, ազերիական ուժերը կազմ ու պատրաստ կը սպասեն սահմանի երկայնքին, հաւանաբար Փաշինեան-Ալիեւ մօտալուտ հանդիպումին սեղանը կը պատրաստուի՝ Երեւանէն այս ուղղութեամբ նոր գործակցութիւն, իմանալ՝ զիջում ապահովելու դիտաւորութեամբ, իսկ ազերիական քարոզչական մեքենան կը յայտարարէ, որ գաղթող արցախցիները կ’ապաստանին «Արեւմտեան Ազրպէյճան», եւ սա արդէն մտահոգիչ այլ զարգացումներու մասին նոր ահազանգ է…:

***

Այս ենթապատկերին առջեւ, Never again-ը տարբեր հնչեղութիւն ունի հիմա: Ա՛յն հնչեղութիւնը, որ 27 Սեպտեմբերին լսուեցաւ Եռաբլուրէն, ուր գացեր էին ճիշդ 3 տարի առաջ շղթայազերծուած 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն ընտանիքները եւ անոնց յիշատակը յարգող հայրենապաշտպան աւագանին: ՔՊ-ականներ ու անոնց պետը այս տարի չէին համարձակած Եռաբլուր բարձրանալ, որովհետեւ «ուսապարկի»ի մը իսկ խոստովանութեամբ՝ «Ինչո՞ւ գան, քանի մը օր առաջ երկու հոգի եկան, ծեծ կերան եւ հեռացան…»: Իսկ կարելի՞ է մոռնալ, որ տարի մը առաջ, նահատակներու մայրեր ինչպիսի խժդժութեան ենթարկուեցան սրբավայրին մէջ, երբ փորձեցին արգելք ըլլալ Փաշինեանի եւ խմբակիցներուն Եռաբլուր մուտքին:

ՔՊ-ականները այլապէս ալ ծեծ կերան քաղաքական դաշտի մէջ, Երեւանի ընտրութիւններուն ու օր ըստ օրէ ծաւալող ժողովրդեային ընդվզումի ալիքին լոյսին տակ, ուր նորահունչ Never again-ը կը կրկնուի: Այս զարգացումները հայրենապաշտպաններուն իրաւունք կու տան ըսելու, որ նման ծեծեր պէտք է տրուին Again and again, այսինքն՝ կրկին ու կրկին, որպէսզի հայրենքին ու ազգի՛ փրկութեան ճիգերը չմատնուին նախորդ փորձերու ճակատագիրին:

Իշխանաւորներու քարոզչութիւնը պէտք է իր դիմաց գտնէ, եւ պիտի՛ գտնէ հայրենիքին տիրութիւն ընող գիտակից եւ զարթնո՛ղ զանգուածը: Պէտք է դուրս գանք այն ինքնախաբէութենէն, ինքնաողոքումի հոգեբանութենէն, թէ՝ «եղածը այնքա՛ն ցնցիչ է, որ երկար ժամանակի կը կարօտինք խորաչափելու աղէտին տարողութիւնը»: Մասնաւորաբար իշխանական շրջանակին կողմէ հրապարակ նետուած այս յանկերգը, որ կը շարունակէ արձագանգ գտնել մեկնաբաններու ու կարգ մը մտաւորականներու քով, պէտք է դուրս շպրտենք մեր քաղաքական կամքէն եւ գործնապէս մերժենք նահանջներու եւ պարտութիւններու կրկնութիւնը: Նոյն կամքով ճամբայ պիտի հանենք հայրենիքին ու ազգին փրկութեան, վերականգնումին եւ իրաւունքներու կենսագործման հերքիւլեան առաքելութիւնը, իրապաշտ «ճամբու քարտէս»ի մը արագ ձեւաւորումով, ի մի բերելով հայրենաբնակ ու արտերկրի հայութեան ձեռքերը: Փաշինեանի եւ գործակիցներուն պէտք է արգիլել Mission accomplished (առաքելութիւնը յաջողութեամբ ամբողջացած է) յոխորտանքը, որովհետեւ գիտե՛նք, թէ անոնք ինչպիսի առաքելութիւն մը իրականացնելու համար իշխանութեան բերուած են աւելի քան 5 տարի առաջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
27 Սեպտեմբեր 2023

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company