ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Անյետաձգելին, որ կար երէկ

04 Հոկտեմբեր 2023

Արցախի վերջնական հայաթափման այս օրերուն, միջազգային տարօրինակ խեղկատակութիւն մը կը բեմադրուի մեր հայրենիքին մէջ ու անոր շուրջ:

– ՄԱԿի դէտեր, հայերուն օգնութիւն փութացնելու տենդով, Ստեփանակերտ հասեր են եւ բարի լուրե՜ր կու տան աշխարհին: Կ’ըսեն, որ Արցախի մէջ նկատառելի վնասներ չեն արձանագրուած, մինչեւ իսկ անասուններ մնացած են անվնաս: Անոնք հաւանաբար կոյրերու աշխարհէն եկած են, որովհետեւ գոնէ պէտք է տեսնէին ծանրօրէն վնասուած շէնքերն ու դատարկուած շէները…: Տակաւին, անոնք նկատեր են որ շուրջ 55 հազար հայեր կը մնան Արցախի մէջ: Սա կը նշանկէ՞, որ հայկական կողմը անցեալ Դեկտեմբերէն ի վեր կը ստէր, ըսելով, որ 120 հազար պաշարեալ կայ Արցախի մէջ:

30 տարիէ ի վեր Արցախի կողմը չնայող ՄԱԿի ներկայացուցիչներէն կարելի չէր տարբեր գնահատական սպասել, որովհետեւ ի վերջոյ Արցախի մուտքի արտօնութիւնը եկած է… Պաքուէն: Հիմա ելլեն եւ իրենց ճամբան բացո՞ղը մեղադրեն: Չէ՞ որ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ նոյնքան կոյր աչքերով կը դիտեն ահաւոր ողբերգութիւնը, իսկ Ռուսիա անկարողութիւն կը խաղայ, մինչեւ իսկ իր խաղաղապահներէն զոհեր տալէ ետք: Մէկը արդեօք «քայլ պիտի առնէ՞» եւ ՄԱԿի ներկայացուցիչները պիտի առաջնորդէ՞ այն բնակավայրերը, ուր անտանելի պայմաններու մէջ ապաստան գտած են բռնի գաղթական դարձածները: ՄԱԿի պատուիրակները հարց պիտի տա՞ն, թէ արցախցիք ինչո՞ւ նախընտրեցին քանի մը օրուան մէջ լքել իրենց դարաւոր հայրենիքը՝ տուն, ստացուածք, յուշակոթողներ ու գերեզմաններ, որովհետեւ գիտէին, թէ ինչպիսի՛ բնոյթ ունի ազերիական «հոգածութիւնը»: Չէ՞ որ անոնք աւելի քան 65 տարի այդ հոգածութիւնը վայելած էին համայնավարներու տարիներուն, երբ Արցախը ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՄԱՐԶ էր եւ որոշ չափով կը վայելէր ազերիական ոճիրները եւ խտրականութիւնը գէթ նուազագոյն չափով սանձող խորհրդային իշխանութիւններու օժանդակութիւնը:

– Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Երեւան հասաւ եւ աւելի՛ յանդուգն արտայայտութիւններ ունեցաւ: Ան դատապարտանքի խօսքեր ուղղեց Ազրպէյճանին (մերսի՛, մատա՛մ), վերահաստատեց Հայաստանի կողքին կանգնելու Փարիզի կեցուածքը, սակայն ան յայտնապէս թղթապանակին մէջ չունէր Արցախի անկախութեան ճանաչման Ֆրանսայի խորհրդարանականներու բանաձեւը, որովհետեւ զինք հիւրընկալող՝ Հայաստանի վարչապետին հետ միաբերան խօսեցաւ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ մասին, խոստացաւ 12.5 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն (դարձեա՛լ մերսի, մատա՛մ): Լուրեր կը հասնին, թէ Ֆրանսա պատրաստ է զինական օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանի: Քանի մը օր առաջ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնած էր, թէ Ֆրանսա զինուորական օժանդակութիւն պիտի չտրամադրէ Հայաստանի: Պարզ հետեւութիւնը այն է, որ Հայաստանը կը դիտուի իբրեւ մանր Ուքրանիա մը, որուն կարելի է զէնք ծախել ու շահ ապահովել: Արցախցիներու քաղաքական իրաւունքները, ինքնորոշման ճամբուն կերտած փուլերը եւ նման բաներ նետուած են յիշեալ թղթապանակին մէջ: Բնականաբար «իրապաշտ հանճարներ»ը հարց պիտի տան. «Երբ Արցախը պարպուած է, երբ Հայաստանի պաշտօնական իշխանութի՛ւնն իսկ յայտարարած է, թէ Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի, ալ ի՜նչ քաղաքական իրաւունք, ի՜նչ անկախութիւն, ի՜նչ ինքնորոշում»:

– Ուաշինկթըն եւս խօսքով մտահոգ է ողբերգութեան ենթարկուածներով, սակայն պէտք ունի ստուգելու, թէ իսկապէս «էթնիք զտում» տեղի ունեցա՞ծ է Արցախի մէջ: Ամերիկացի դեսպանին եւ այլ պատուիրակներուն պէտք է աչքերը ուղղել աւելի քան 100 հազար բռնագաղթուած արցախցիներուն վրայ: Արդեօք վաղը աշխարհը, իր Արեւելքով եւ Արեւմուտքով, իր ստորագրութիւնը պիտի դնէ՞ Ալիեւի յոխորտանքներուն կողքին, թէ ինք բռնի կերպով չէ հեռացուցած արցախցիները: Բարեբախտութի՞ւն պէտք է սեպել, որ փաշինեանական կառավարութիւնը հիմա կը հաստատէ, թէ եղածը ցեղասպանութիւն է, Արցախը ենթարկուած է ցեղային նկատառումներով մաքրագործման: (Այս բոլորին լոյսին տակ, ինչպէ՞ս չյիշել թրքախօս հայերու մէկ խօսքը, որ թարգմանի. «Խնճոյքը աւարտելէն ետք, հինան …ին քսէ»):
– Ազրպէյճան ամէն օր նոր նուաճումներ կ’արձանագրէ հայկական կողմին դէմ իր թշնամական վարքագիծի ճամբուն: Վերջին նորութիւնը՝ քաղաքական, զինուորական եւ պետական անձնաւորութիւններու գերեվարումն է: Ո՛չ Երեւանի իշխանութիւնները, ո՛չ ալ միջազգային ընտանիքը պատշաճ հակազդեցութիւն կը ցուցաբերեն այս հազուադէպ ոճիրներուն նկատմամբ (Իսրայէլը եւ բռնատիրական այլ երկիրներ ունին նախընթացներու ցանկ մը): Եւ ի՞նչ կը ստացուի: Ա՛յն՝ որ Արցախի ինքնորոշման, իրաւունքներուն եւ հայկականութեա՛ն համար գործողները «ահաբեկիչներ» են (եղեր): Այլ խօսքով, կռնակէն տրուած դաշոյնի նոր հարուած մը՝ իրաւատէր եւ արդարատենջ Արցախին: Եւ կը ծնի անխուսափելի հարցում մը. հիմա ազերիական կալանքի տակ քանի՞ հայ՝ զինուոր, քաղաքային ու պետական անձնաւորութիւն կը գտնուի. մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի իմանալու, հոգ չէ թէ պատասխանը ըլլայ «փլիւս-մինիւս 10-20»:

– Երեւան՝ Ազգային ժողով. 61 ՔՊ-ականի քուէով եւ 22 ընդդիմադիրի «ոչ»ով, վաւերացուեցաւ «Հռոմի սթաթիւս» կոչուած պայմանագիրը: Իշխանաւորները կը պնդեն, որ ասիկա կարեւոր գործիք մըն է, որպէսզի կարենանք Ազրպէյճանը հաշուետուութեան կանչել: Իրատեսները կը պնդեն, որ նման բանաձեւ որեւէ ուժ պիտի չունենայ, որովհետեւ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներէն երեքը՝ Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Չինաստան չեն վաւերացուցած այս պայմանագրութիւնը: Ռուսիա, առանց բառերը ծամծմելու, կը պնդէ, որ սա Ռուսիոյ դէմ Հայաստանի իշխանութիւններուն առած մէկ նոր քայլն է եւ քողարկեալ սպառնալիք կ’ուղղէ հետեւանքներու մասին («Ո՞վ է վաղցողը Վիրճինիա Վուլֆէն»): Իրատեսները քանի՛երորդ անգամ ըլլալով կը յայտարարեն, որ Հայաստան Միջազգային ատեանէն վճիռ մը ձեռք բերած էր Բերձորի ճամբւոն փակումէն ետք, սակայն ո՛չ ինք, ո՛չ ալ դաշնակից ու բարեկամ գործ տեսած են այդ վճիռին պարտադրումին համար, ընդհակառակն, միաձայնութիւն կայ, թէ կարելի չէ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները վատացնել: Իրատեսները նաեւ կը շեշտեն, որ ո՛չ միայն ներկայ պայմաններուն, այլ ընդհանրապէս, Հայաստանի հիմնական գործը պէտք է ըլլայ բարեկամները բազմացնել, եւ ո՛չ թէ պակսեցնել դաշնակից ու բարեկամ, իրողապէս վազել դէպի համաթուրանականութեան դարաւոր ծրագիրին… երախը:

***
Կասկած չկայ, որ այս բոլորը (եւ դեռ շատ մը ուրիշ զարգացումներ) չափազանց մտահոգիչ են եւ մութ կը պահեն մեր հայրենիքին, նա՛եւ ազգի՛ հորիզոնները:

Կայ աւելին: Այս բոլորը կ’արձանագրուին այն պահուն, երբ Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ կը պատրաստուի 5 Հոկտեմբերի միջազգային ծանօթ գերաստիճանը, որուն առիթով, Փաշինեան եւ Ալիեւ դարձեալ հանդիպում մը պիտի ունենան արեւմուտքցի ծանօթ կնքահայրերուն հովանիին տակ: Յայտնապէս պիտի նշուի առաջին տարեդարձը Փաշինեանի այն «յաղթակա՜ն» յայտարարութեան, թէ Արցախը ազերիապատկան է, Հայաստանէն մասնիկներ եւս պիտի յանձնուին Ազրպէյճանի (մանրամասնութիւնները ծանօթ են, նոյնքան ալ՝ հետեւանքները, ցանկագրուած նոր պատուհասները…):

Տարօրինակ միաձայնութիւն մը կ’երեւի Երեւանի քաղաքական բեմին վրայ, թէ՝ Կրանատայէն նոր համաձայնագիր մը պէտք չէ սպասել: Անկէ անդին, սակայն, մտահոգութիւններու ալիքը ժամ առ ժամ կը բարձրանայ, ի լուր Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայն հոսող լուրերու (պահ մը ընդունինք, որ անոնք ունին նաեւ քարոզչական՝ ճնշում բանեցնելու յետին նպատակներ): Սակայն եկէ՛ք, պահ մը կանգնինք իրականութիւնները բաց աչքով եւ ուղեղով դիտողներու կողքին, մոռնանք, որ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի՝ կան մշուշապատ ուղեղներով ծանծաղամիտներ, որոնք կը յամառին պնդել, որ Փաշինեան հայրենասէր է եւ լաւ կ’աշխատի ի շահ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան (չենք ուզեր վայրկեան մը իսկ մտածել, որ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր վիճակը, եթէ միտքը փոխէր եւ պզտիկ մը այդ շահերուն դէմ աշխատէր…):

Թուրքիա կրկին ու կրկին հաստատած է, որ Հայաստան պէտք է ընթացք տայ Ազրպէյճանի ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ, եթէ կը մտածէ, թէ պէտք է խաղաղութեան համաձայնութեան հասնիլ իրեն հետ: Իսկ Ազրպէյճանի (իմանալ նաեւ՝ Թուրքիոյ եւ անոր կողքին կանգնողներուն) պահանջները յստակ են, կրկին ու կրկին հրապարակուած են անծածկոյթ: Ան կը պահանջէ, որ Արցախը վերջնականապէս մոռցուի, Հայաստան ընդունի իրեն պարգեւել «Զանգեզուրի միջանցքը», որ խորքին մէջ կը նշանակէ, սկսելու համար, խլել Սիւնիքէն որոշ տարածքներ եւ զանոնք գումարել Փաշինեանի նուէր տուած ու խոստացած հողերուն վրայ: Ազրպէյճան կը պնդէ, որ «կը ճանչնայ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը», սակայն նոյն ատեն կը յայտարարէ, որ Սիւնիքն ու ինչո՞ւ չէ, ամբողջ Հայաստանը «արեւմտեան Ազրպէյճան» են: Յստակ դարձած է, որ թափանցիկ վարագոյրին ետին տարուող առ-եւ-տուրին մաս կը կազմէ «Հայաստանէն բռնագաղթուած ազերիներուն» Հայաստան վերադարձը (վերջերս առիթով մը ակնակեր էինք, թէ սա օր մը կրնայ նպաստել Փաշինեանի կամ նմաններու… ընտրական հաշիւներուն): Կարգ մը աղբիւրներ կը խօսին մինչեւ 300 շրջանի մասին, ուր կրնան վերադառնալ, սկսելու համար, 120-էն 150 հազար ազերիներ: Կարճ ատեն ետք, անոնք իրենց յաւակնած հողերը ընդարձակելու եւ հայաթափելու համար, պէտք պիտի չունենան սպասելու ամառնային տաք (եւ մետաղները ընդլայնումի տանող) օրերուն, իսկ Ազրպէյճան սեղան պիտի բերէ անոնց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար նոր միջամտութեան իր իրաւունքը…:

Երեւանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ ունին կարմիր գիծեր, որոնցմէ անդին զիջում պիտի չընեն, սակայն գործնապէս, այսինքն՝ այդ կեցուածքը պաշտպանելու համար ո՛չ ուժի, ո՛չ ալ դիւանագիտական բազուկները ամրացնելու քայլ կ’առնեն: Կը գանգատին, որ մինակ մնացած են, իրենք իրենց հարց չեն տար, թէ մինչեւ իրենց իշխանութեան էջին բացումը, Հայաստան ինչո՞ւ մինակ չէր, գէշ-աղէկ ունէր բարեկամ-պաշտպան-զօրակցող: Մէկը այսօր կը յիշէ՞, թէ Արցախի իրաւունքներն ու մինչեւ իսկ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ քանի՞ ճանչցող եղաւ: Իսկ հիմա ստեղծուած պայմաններուն մէջ, ո՛չ մէկ երաշխիք կայ, որ Սիւնիքէն, Արարատէն, Տաւուշէն եւ այլ շրջաններէ ՌԱԶՄԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ունեցող հողեր պիտի չմատնուին Աղաւնոյի, Բերձորի, ամբողջ Արցախի եւ Սեւ Լիճի ու Ջերմուկի բարձունքներու ճակատագիրին:
***
Անիմաստ յանկերգի վերածուած են այն ահազանգերը, թէ Փաշինեան պէտք չէ երթայ Կրանատա, որովհետեւ համաձայնագիր ստորագրուի թէ ո՛չ՝ ան մտած է այնպիսի՛ ճամբու մը մէջ, որ մեր հարենիքը տարաւ ու կը տանի կորուստէ կորուստ (կրկնենք. կամաւոր կոյրերը կրնան չտեսնել այս բոլորը եւ ինքնաբերաբար կը դառնան մեղսակից: Իսկ չենք ուզեր անդրադառնալ ՔՊ-ականներու կողմէ Ազգ. ժողովի բեմէն ընդդիմադիրներուն դէմ արձակուած սնամէջ մեղադրանքներուն): Ան չի կրնար, պատրաստ չէ, կամ իրեն արտօնութիւն չեն տար, որ ետ կանգնի նահանջի ճամբէն (թէ ո՞րն է ճիշդը՝ արդէն երկրորդական է):

…Առ նուազն 3 տարիէ ի վեր (կը յիշէ՞ք, 3 տարի առաջ, այս օրերուն ամէն օր կը կերակրուէինք «յաղթելու ենք»-ներով, իսկ աւելի ուշ «ապագայ կայ»-երով), Հայաստանի մէջ հնչած են ու կը հնչեն, թէ այս վիճակէն դուրս գալու եւ ազգ ու հայրենք փրկութեան ճամբուն վերադարձնելու համար, կայ միայն մէկ ձեւ՝ կարողականութիւնները մարմնաւորել իրատես «ճամբու քարտէս»ի մը մէջ, անոր իրականացման համար միացնել բոլոր կարող ու մասնագէտ ձեռքերը: Անհատ առաջնորդներու փնտռտուքէն եւ անոնց շուրջ «Բիւզանդական վէճ»երէ աւելի՝ աշխատանքը բեւեռացնել հաւաքական պատասխանատուութեան մարմնաւորման վրայ (նման կացութիւններու մէջ, պէտք չէ տարուիլ այն խօսքով, որ «Բոլորին գործը ո՛չ ոքի գործ է» – Everybody’s business is nobody’s business):

Դարձեալ կանգնած ենք (շատո՜նց) «երբ չի մնում խելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» կացութեան դիմաց: Մեր անցեալն ու ներկան կը փաստագրեն, որ զուրկ չենք սրբազան խենթերէ, որոնք, դարձեալ ըսենք, կոչուած են անյապաղ գործի անցնելու եւ մեկնարկելու փրկարար աշխատանքը: Երբ կամքը կայ, առո՛ղջ կամքը վերականգնի, ձեւերը հանելուկ չեն մնար: Ու մե՛նք պիտի ըլլանք առաջին գործի լծուողները, որպէսզի վերագտնենք նաեւ բարեկամ ու դաշնակից, վերատիրանանք թշնամին նահանջի մատնելու լծակներուն:

Դժուա՞ր է: Այո՜: Անկարելի՞ է: Ոչինչ անկարելի է, իսկ հայրենիքի փրկութիւնը, կարելիէն անդին՝ անձետաձգելի հրամայական է:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company