ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Կազա բազկի ուժը աջակից կ’ապահովէ

10 Հոկտեմբեր 2023

Իսրայէլի վրայ Կազայէն արձակուած պաղեստինեան լայնածիր յարձակումը թեւակոխած է չորրորդ օրը, խլած է միջազգային քաղաքական բեմի եւ մամուլի գրեթէ բոլոր լուսարձակները, մէկդի հրած է Ուքրանիան, Հայաստանը, նաեւ այլ «շրջանային տագնապներ», ալ ի՜նչ խօսք՝ բնական աղէտներու ու գաղթականներու թղթածրարներուն մասին:

Աշխարհը վայրկեանը վայրկեանին քայլ կը պահէ դէպքերու սլացքին հետ: Լիբանանէն եւ դէպի Լիբանան սահմանափակ հրաձգութիւնները կը դիտուին իբրեւ տագնապին նոր տարածք ստանալուն նախանշանները, իսկ թէ անկէ անդին մինչեւ ո՞ւր՝ ո՛չ ոք կ’ուզէ բարձրաձայն խօսիլ հաւանականութիւններուն մասին:

Արձագանգները երեք գլխաւոր դասակարգ ունին. արեւմտեան աշխարհը, գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, զօրավիգ է Իսրայէլի, թէեւ նկատելի է, որ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ որոշ համակրանք կայ պաղեստինցիներու ուղղութեամբ. միւս կողմէ, արաբական կարգ մը երկիրներ, Իրանն ու այլք լիաբուռն կամ յստակ զօրակցութիւն կը յայտնեն պաղեստինեան ուժերուն: Կան նաեւ «չէզոքութիւն» խաղացողներ, որոնք ինքնազսպումի, զէնքի լեզուէն հրաժարելու եւ հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու կոչեր կ’ընեն: Այդ կոչերը անլսելի կը մնան մէկ կողմէ՝ պաղեստինցիներու եւ միւս կողմէ Իսրայէյլի հրթիռներու ու ռումբերու որոտին մէջ:

***

Հաշուեկշիռը ծանր է երկու կողմերէն ալ. կան բազմահարիւր զոհեր (իսրայէլացիները աւելի մեծ թիւով զոհ տուած են), բազմահազար վիրաւորներ, իսկ աւերումներուն տարողութիւնը կը ծանրանայ ժամէ ժամ: Ո՛չ ոք այս վայրկեանին կրնայ ըսել, թէ մասնավճարներով մղուող Գ. Աշխարհամարտին այս հատորը տակաւին քանի՞ էջի վրայ պիտի տարածուի, անդին, ուքարնական էջերը դարձած են բազմահատոր, Աֆղանիստանի մէջ նոր բայց աւելի մանր հատորներ կը գոյանան, նախընթացները (Իրաք, Սուրիա, Հայաստան-Արցախ եւ այլն) եւս վերջակէտի չեն հասած:

Կան հազար ու մէկ մեկանաբանութիւն, մաս մը՝ սին, ուրիշներ՝ տեղին ու լրջամիտ: Տարածուող կարծիքներէն մէկը այն է, որ պաղեստինցիները աւելի մեծ վնասով դուրս պիտի գան, որովհետեւ Իսրայէլեան ուժերու գերակայութիւնը անվիճելի է: Նման մեկնաբանութիւններ յայտնապէս կ’անտեսեն այն, որ պաղեստինեան կողմը անկասկած ոեւէ մէկէն աւելի՛ լաւ գիտէ ուժերու անհաւասարութեան իրականութիւնը, ուրեմն, հարցը հիմա այն չէ, թէ պիտի պարտուի՞ կամ վնասե՞ն, կարեւորը այն է, որ աշխարհի ծանօթ իրադարձութիւններու բեմին վրայ, անոնք կը նախընտրեն յարատեւօրէն «էշ-նահատակ» չըլլալ, այլ տեղ մը գործածել բազկի ուժը, ցաւցնել դաժան թշնամին, քաղաքական ու զինուորական նահանջ պարտադրել անոր: Անոնք գիտեն, որ եթէ իրաւունքդ քու բազուկներովդ պաշտպանես, զօրակցող եւ աջակցող կը գտնես…

***
Պահ մը կանգ առնենք նոյնինքն յարձակողականին եւ արձագանգներուն առջեւ:

«Համաս»ի եւ ուղեկիցներու նախաձեռնութեամբ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբերին շղթայազերծուած յարձակողականը աննախընթաց է բազմաթիւ գիծերով եւ ընթացքով: Ամէնէն ուշագրաւը՝ պաղեստինեան կողմը ցնցիչ անակնկալ մը ստեղծեց Իսրայէլի մէջ, որ միշտ ալ յոխորտացած է, թէ անթափանցելի է, ունի պաշտպանողական գերարդիական սարքեր, իր գաղտնի սպասարկութիւնները կարող են թռչուններու թռիչքներն անգամ նախատեսել ու անբաղձալին կասեցնել: Վաղը, ինչ ալ որ ըլլայ Դաւիթ-Գողիաթի ճակատումին այս նորագոյն դրուագին վախճանը, Իսրայէյլի անբեկանելիութիւնը շատ ծանր հարուած մը ստացած է արդէն, իսկ զոհերուն եւ վիրաւորներուն տարողութիւնը կրնայ ստեղծել քաղաքական նոյնքան ծանր հետեւանքներ, թէ՛ Նեթանիահուի կառավարութեան եւ թէ նոյնինքն Իսրայէլի համար: Պէտք է յիշել, որ Իսրայէլի «անպարտելիութեան առասպել»ը անցեալին ալ մեծ ու փոքր հարուածներ կրած է, մէկ կողմէ՝ արաբ-իսրայէլեան ճակատումներուն, այլ առիթով՝ Իսրայէլի դէմ «խմբակային» ճակատումներու լոյսին տակ. այս ծիրին մէջ, կարեւոր էջ մըն էր 2006-ը, երբ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը վերջ գտաւ «Հըզպալլա»ի արձանագրած յաղթանակի կէտերով:

Դերերը փոխուած են որոշ չափով: Դաւիթը՝ պաղեստինցիք, որոնք ընդհանրապէս իրենց պայքարը մղած են պարսատիկներով ու քարերով, երբեմն ալ դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակումներով, հիմնական փոփոխութեան ենթարկած են մարտավարութիւնը: Պարզ հրթիռարձակում տեղի չ’ունենար, այլ յարձակումը կը կատարուի անօդաչու սաւառնակներով, ծովային ու ցամաքային թափանցումներով եւ անկարգելներով օժտուած մանր սաւառնակներով: Բախումներ բախած են Կազայի դրացի գօտինրեւ, մինչեւ իսկ Երուսաղէմի եւ Թէլ Աւիւի դուռները:

Անակնկալ ու լաւ նախապատրաստած յարձակումը սկզբնական առաւելութիւնը տուաւ պաղեստինցիներուն: Անցեալի փուլերուն, Իսրայէլ ընդհանրապէս պահպանած էր իր գերակշռութիւնը, քանի մը հրթիռի դէմ՝ օդանաւային սաստիկ յարձակումներ, ծանր հրթիռներ եւ այլն: Այս անգամ, անակնկալ հարուածը այնպիսին է, որ ամբողջ երկիրը զօրաշարժի մատնուած է, պատերազմական վիճակ հաստատուած, պահեստի 300 հազար զինուորներ զէնքի տակ պիտի բերուին, որպէսզի իրականացնեն Նեթանիահուի սպառնալիքը, այսինքն՝ հիմնայատակ ջնջել Կազան, բնաջնջել Համասը եւ անոր զինակիցները: Եւ իսկապէս, Կազայի քանդումը կը շարունակուի երկու օրէ ի վեր: Այս սպառնալիքները հազիւ թէ ազդեցութիւն կ’ունենան պաղեստինեան կողմին վրայ, որ այս անգամ որդեգրած է «խենթերն են գտնում հնար»ին գործադրութեան գաղտնիքները:

Արձագանգները այլապէս աննախընթաց չեն: Իսրաէյլի պաշտպանները «ահաբեկիչներ» հռչակած են պաղեստինեան այս խմբաւորումները, ամենայն սաստկութեամբ կը քննադատեն ու կը դատապարտեն զանոնք: Անոնք մոռցած են, որ տարիներ շարունակ, ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ շատ աւելի դաժան յարձակումներ գործած է պաղեստինցիներուն վրայ, ո՛չ միայն Կազայի, այլ նաեւ՝ Արեւմտեան ափին մէջ, պաղեստինեան աւաններ ու գիւղեր քար ու քանդ ըրած է, երկրագործներուն դաշտերն ու պարտէզները փճացուցած, հրոյ ճարակ դարձուցած է, քայլ առ քայլ յառաջ տարած է պաղեստինցիներու բնակավայրերը իւրացնելու քաղաքականութիւնը եւ անոնց իրաւատէր բնիկները բռնագաղթի ենթարկած է: Այդ բոլորը «քաղաքակիրթ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան» աշխարհին կողմէ դիտուած է լուռ մեղսակցութեամբ, երբեմն այդ աշխարհին աչքերը այդ կողմ իսկ չեն նայած: Իսկ երբ զոհ եղող կողմը քանիցս բիրտ ուժի դիմած է «ա՛լ կը բաւէ» բացագանչելով, «մարդասէրները» փութացած են ինքզինք պաշտպանողը յորջորջելու իբրեւ ահաբեկիչներ ու վայրագ արարածներ:

Պէտք է ընդունինք, որ բիրտ ուժը լուծումի չի հասցներ, ի՛նչ ալ որ ըլլան անմիջական հետեւանքներն ու արդիւնքները: Մէկ բան յստակ է ու անվիճելի: Հակամարտ երկո՛ւ կողմերուն քաղաքայինները կը վճարեն մեծագոյն տուրքը՝ կեանքով, ստացուածքով եւ այլապէս:

***

Միջազգային լրատու աղբիւներէն տարածուող պատկերները նա՛եւ մեզի՝ հայերուս համար օտարոտի չեն, ինչպէս որ օտարոտի չեն անտարբերութեան ու շիլ-միականիութեան պտուղները, որ համտեսած ենք յաճախ, նաեւ այսօր:

Կազայի փողոցներուն եւ շէնքերուն վրայ տեղացած ծանր ռումբերը, արգիլեալ զէնքերով ռմբակոծումները ստեղծած են համայնապատկերներ, որոնք յար եւ նման են Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ու անցեալ Սեպտեմբերի յարձակումի օրերուն ստեղծուած ողբերգական քանդումներուն: Այս պատկերները քով-քովի դնողը անմիջապէս կը հասնի մէկ եզրակացութեան. քանդումն ու սպանդը գործուած են երկուորեակ ոճրագործներու ձեռքերով: Եւ սա զարմանալի ու տարօրինակ չէ. կարելի՞ է մոռնալ, որ Ազրպէյճանն ալ ծանր զէնքեր եւ արգիլեալ ռումբեր գործածեց արցախցիներուն դէմ, օգտագործեց նոյնինքն Իսրայէլի արտադրութիւն եղող զինատեսակներ, Ազրպէյճանի «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ կողմէ տրամադրուած «Պայրաքտար»ներ եւ ահաբեկչական ոճրածին խմբաւորումներ: Եւ երեւակայե՜լ, որ հիմա Թուրքիա ձեւով մը կը փորձէ պաղեստինցիներուն ի նպաստ կեցուածք խաղալ, ինչպէս ըրած է անցեալին:

Ինչ որ կը կատարուի Կազայի մէջ եւ պաղեստինցիներուն դէմ, պետական ոճիր է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Աննախընթաց չէ, ինչպէս որ աննախընթաց չեն թուրք-ազերիական պետական ոճիրները: Բայց… ոճրագործները կը թողուին անպարտ: Նման իրականութիւններո դիմաց, երկընտրանք չի կրնար ըլլալ. կարելի չէ համակրանք ունենալ ոճրագործ պետութիւններուն նկատմամբ (Երեւանի մէջ ալ կան դատարկամիտներ, որոնք հրապարակ նետած են «Հայաստան պէտք է ռէալ-փոլիթիքով շարժի»ի կոյր-տեսութիւնը):

…Շատ կը խօսուի «աշխարհը դէպի նոր համակարգ կ’երթայ»-ի մասին: Նոր-ին մէջ Արդարութիւնը որքա՞ն տեղ պիտի գրաւէ՝ որոշ չափով կախում ունի ներկայ անիրաւ համակարգին սեղանը տակն ու վրայ ընելու իրաւազրկեալներու կամքէն ու բազուկէն:


Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
8 Հոկտեմբեր 2023

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company