ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ալիեւ խաբեր է Փաշինեանը, Փաշինեանն ալ՝ հայութիւնը

12 Հոկտեմբեր 2023

Լեւոն Փաշալեանը «Հին զգեստը» պատմուածքին մէջ կայ մօտաւորապէս սա տողը. Չըսեմ ըսի, բայց չ’ըլլար…

Կրնանք ըսել, որ վարչապետ կոչեցեալ Նիկոլ Փաշինեանի իւրաքանչիւր հրապարակային «փայլատակում»-էն ետք, բանիմաց հայը այդ տողը կ’ուզէ ձեւով մը փոխ առնել, այսինքն, պահ մը կը մտածէ թէ արդեօք կ’արժէ՞ գնահատականներ ընել անմտութիւնը կրկին ու կրկին ապացուցող արտայայտութիւններուն մասին, յետոյ կը հրաժարի, որովհետեւ գիտէ, որ իմաստակութեան փաստերը այնքա՜ն առատ են, որ նոր մեկնաբանութիւն կամ անդրադարձ՝ կ’արժեզրկէ նոյնինքն գնահատանք հասկացութիւնը: Այսուամենայնիւ, ստեղծուած ու ստեղծուելիք կացութիւններուն արհաւիրքները ա՛յնքան տաժանելի են, որ մարդս կը մտածէ. Չըսեմ ըսի, բայց չ’ըլլար…

Նորագոյն «փայլատակումները» հայութեան ընծայուեցան Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, իշխանաւորին բանբերը եղող պատկերասփիւռէն ճառագայթող հարցազրոյցին ճամբով: Այո՜, հայութիւնը եւս նոր ընծաներ ստացաւ Փաշինեանէն: Կը կարծէի՞ք, որ անոր նուէրները միայն Ալիեւի ու անոր հովանաւորին(ներուն) վերապահուած են:

Մէկ բան պիտի չընենք այստեղ՝ մէկ առ մէկ կանգ պիտի չառնենք պատկերասփռուած «մտքի գոհարներ»-ուն վրայ (դուք կրնաք խղճի ամենայն հանգստութեամբ զանոնք որակել… անմտութեան շեղջեր, քաղաքական աշխարհին եւ հայրենիքի շահերուն անհաղորդի փաստագրումներ): Կը խուսափինք՝ որպէսզի խելամիտ ընթերցողին խնայենք ժամանակ եւ հոգեկան տագնապ: Հարցազրոյցին հետեւողը այդ բոլորը «վայելեց» ցմրուր: Բաւականանանք նշելով միայն երկու կէտ:

Ա. Այս արարածը իսկական «գիւտարար» է, իւրաքանչիւր հարցազրոյցի կամ հրապարակային ելոյթի՝ ուշագրաւ նորութիւն մը կը նետէ դիտողին, դուք ըսէք՝ ամբողջ ազգին: Նախընթաց «գիւտեր»ուն շարքին էին «աննախադէպ», «աննախընթաց», «ասիկա շատ կարեւոր է…» եւ նման արտայայտութիւններ: Այս անգամ, անոնց կողքին փայլեցաւ «նրբութիւն» հասկացութիւնը: Եւ իւրաքանչիւր անգամ, որ այս բառը կը թռէր անոր շրթունքէն, լսողը կ’ունենար այն տպաւորութիւնը (գոնէ ի՛նք կ’ուզէր ինքզինք խաբել եւ այդ խաբկանքը ստեղծել), որ ինչպիսի՜ խորաթափանց եւ հեռատես քննարկում կ’ընէ, ա՛յնքան խոր՝ որ… ինք ալ կարծէք թէ չէր հասկնար թէ իսկապէս ի՞նչ կ’ըսէ, ըսածին մէջ ի՞նչ իմաստ կայ:

Բ. Աւելի կարեւորը՝ լռելեայն ու երբեմն ալ գրեթէ բացայայտ այն խոստովանութիւններն էին, ինքնադատապարտումի հին-նոր արտայայտութիւններ, որոնց իմաստը հետեւեալն է. Ալիեւի եւ զայն հովանաւորողներուն հետ բանակցութեանց իւրաքանչիւր փուլին, ես խաբուած եմ կրկին ու կրկին, սակայն ամենայն հետեւողականութեամբ կը շարունակեմ նոյն փոսը իյնալ (գիտէք թէ ո՞ր չորքոտանիին մասին կ’ըսուի, թէ նոյն փոսը երկու անգամ չ’իյնար): Խաբուելու եւ իյնալու, նահանջի եւ կորուստի անմրցելի ախոյեան մըն է, անհաւասար մրցանիշակիր մը, որ արժանի է ոսկեայ, արծաթեայ, պրոնզեայ, մինչեւ իսկ… թիթեղէ մետալներու (այս մարդը նայեւ մե՜ծ հաճոյք կ’առնէ Ալիեւի կրկնակի արհամարհանքին ենթարկուելէ, չ’անդրադառնար, որ Ալիեւի իսկական նպատակն է նախատել հայութիւնը): Եթէ ասոնք անձնական հաճոյք կը պատճառեն իրեն, կայ աւելի՛ հաճելին: Իւրաքանչիւր խաբկանք «նուաճելէ» ետք, նորոգուած աշխուժութեամբ կը լծուի ժողովուրդն ու ազգը խաբելու, այնքան մը՝ որ խաբուելու «հաճոյքով» վարակուած են շատեր, թէեւ պտիկ-պտիկ զգաստութիւնը կը վերադառնայ:

***

Եւ կը պատահի… ի՞նչ: Կը պատահի այն, որ Արցախի կորուտէն մինչեւ Հայաստանի կորուստներուն փաստերը կը դիտուին…կոյրերու աչքերով, մարդիկ՝ խաբէութեան տիղմին մէջ լողալէ հաճոյք առնողները չեն ուզեր տեսնել արդէն երեք տարուան ահաւոր վիճակը, որուն հետեւեցաւ Արցախի կորուստը, հարիւր-հազարաւորներու բռնի տեղահանութիւնը, նոր ցեղասպանութիւնը, եւ այս բոլորին մէջ իշխանաւորներուն մեղսակցութիւնը: …Կատակասէր բարեկամ մը (շեշտենք, որ այս կացութիւնները կատակ չեն ընդունիր) վերջերս, առիթով մը ըսաւ. «Այս բանգէտները ամէն պատուհաս կը բեռցնեն իրենց նեղ օղակէն դուրս եղողներու ճիտին: Ըսող կայ, որ ընդդիմադիրներու ահազանգերը այնքա՛ն յաճախ եւ տարածուն հնչած են, որ մեր իշխանաւորներէն առաջ, անոնք հասած են Ալիեւի ականջներուն, ուրեմն, խորքին մէջ «չարխօսիկ», կորուստներ նախատեսող ընդդիմադիրնե՛րն են այս պատուհասներուն իսկական պատասխանատուն, պատճառը: Նոյն տրամաբանութեամբ այլ, վաղը անոնց վիզին պիտի փաթթուին այն կորուստները՝ որոնք կրնան արձանագրուիլ Սիւնիքէն, Տաւուշէն եւ այլ շրջաններէ: Չէ՞ որ Արցախի հայաթափումէն ետք, ընդդիմադիրները կրկին ու կրկին կը զգուշացնեն նորանոր կորուստներէ: Մարդիկ կրնան մոռնալ, որ մարդուկը ի՛նք խոստացաւ – եւ նուիրեց – Արցախը, Կրանատայի մէջ թուղթ ալ ստորագրեց, որ նոր հողաշերտեր պիտի յանձնէ Ազրպէյճանի, անկէ առաջ ալ սուտ հանեց իր արտաքին գործոց նախարարը, երբ ան կը դատապարտէր Ազրպէյճանը՝ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն պատրաստելու եւ հայկական հողը հայաթափելու յանցանքով (իսկ այդ արարածն ալ, խաբուելու եւ խաբելու այլ ախոյեան մը, չմտաեց հրաժարելու մասին, այլ աթոռ մը գրաւեց Կրանատայի մէջ…): Մարդիկ պիտի չտեսնեն, որ Փաշինեան գրեթէ բառացիօրէն կը խոստովանի, թէ Ալիեւ զինք կրկին ու կրկին խաբած է, իսկ իր պատրականութիւններէն մէկն ալ… հայութիւնը խաբել է, մի՛շտ մեղքը նետելով այլոց վիզին: Թող ընդդիմադիրները նման մտահոգութիւններ չարտայայտեն, որպէսզի հայութիւնը զերծ մնայ կորուստներէ…»:

Ապրահամ Լինքըլն ունի նշանաւոր խօսք մը. «Կրնաք ամբողջ ժողովուրդը խաբել որոշ ժամանակ մը, կարգ մը մարդիկ՝ մի՛շտ, սակայն երբեք չէք կրնար բոլորը խաբել ընդմիշտ» (You can fool all people some of the time and some people all the time. But you can never fool all people all the time): Խե՜ղճ Լինքըլն, արդեօք մտքէդ անցա՞ծ էր արդեօք, որ կրնան գալ մարդիկ, այն ալ՝ երկրի մը ղեկին նստողներ, որ պատրաստ ըլլան ընդմիշտ խաբուելու եւ ճիգ չխնայել՝ խաբելու բոլորը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
11 Հոկտեմբեր 2023

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company