ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հարցազրույցներ

Հակառակ Ամէն Դժուարութեան Եւ Տագնապի` Մեր Բոլորին Համար Յստակ Է` ՀՕՄ-ը Չի Վհատիր

19 Դեկտեմբեր 2023

Հարցազրոյց` ՀՕՄ–ի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանին Հետ

ՀՕՄ-ը իր աշխարհասփիւռ միաւորներով մնայուն ներկայութիւն եւ դերակատար է համայն հայութեան կեանքին մէջ, միութեան կամաւոր նուիրեալները ներկայ են հոն, ուր կարիք կայ, ուր տնտեսական, ընկերային տագնապ կայ, ուր կայ հայորդի մը, որ անօթի է, առանձին է, հիւանդ է, ծանր պայմաններու տակ է, կամ նոյնիսկ կ՛ուզէ իր հարցերուն բաժնեկից ունենալ: Կարելի չէ չհպարտանալ ճակատագրական առաքելութիւնը իր ուսերուն առած այս միութեան հովանիին տակ անսակարկ նուիրումով գործող վեհանձն անդամներուն մեղուաջան ծաւալուն գործունէութեան ի տես, չփափաքիլ ըլլալ մէկը անոնցմէ, որոնք կու տան, սակայն միեւնոյն ատեն կը ստանան գոհունակութիւն եւ անկեղծ շնորհակալութիւն:

Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած ՀՕՄ-ին բարձրագոյն ժողովին, անոր անցեալի ու ապագայի գործունէութեան մասին խօսելու, այս տագնապալի օրերուն անոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնելու միտումով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՕՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանին հետ:

– Հոկտեմբերի կէսերուն Հայաստանի մէջ համախմբուեցան ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչներ` Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովի ընթացքին քննարկելու կատարուածը եւ ծրագրելու կատարուելիքը: Այս ժողովը կայացաւ հայութեան համար բաւական դժուար եւ որոշ յուսալքութեամբ լեցուն ժամանակաշրջանին, բայց եւ այնպէս, ժողովին յաջորդող օրերուն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը ցոլային յոյսի նշոյլներ, որոնց այսօր ազգը կարիք ունի աւելի քան երբեք:

Խնդրեմ` նախ խօսիք այս ժողովի ընդհանուր մթնոլորտին եւ անոր ընթացքին արձանագրուած իրագործումներուն մասին:

– Ճիշդ է` ՀՕՄ-ի Համահայկական 73-րդ պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ հայութեան համար բաւական ծանր պայմաններու մէջ, մանաւանդ որ, պատգամաւորներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ընկերուհիները: Խառն զգացումներով մտիկ ըրինք անոնց սրտաճմլիկ պատմութիւնները, Արցախի ՀՕՄ-ի ատենապետուհիին ձայնը տակաւին կը հնչէ ականջիս մէջ, երբ ան ըսաւ. «Անցեալին Տէր Զօրը` այսօր Բերձորը…», եւ այս նախադասութիւնը լսելով` ժողովասրահին մէջ չմնաց մէկը, որուն աչքերը չարցունքոտեցան:

Անշուշտ ժողովին կեդրոնացումը եղան Արցախն ու բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը, որոնք հարիւր հազարէ աւելի կը գտնուին Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ մարզերու մէջ:

Հակառակ յուզմունքի եւ զայրոյթի զգացումներուն` մէկ իրականութիւն յստակ էր մեր բոլորին, որ ՀՕՄ-ը չի վհատիր, եւ ՀՕՄ-ուհին յուսահատութիւն չի ճանչնար:

Շարունակեցինք մեր ժողովները առաւել վճռակամութեամբ, որոշումներ տուինք անմիջական օժանդակութեան ծրագրաւորումներով, տեղւոյն վրայ իսկ արցախահայութեան համար հանգանակութիւն կատարեցինք, եւ գոյացաւ մօտաւորապէս 500.000 ամերիկեան տոլար:

Անդրադարձանք մեր բոլոր մնայուն ծրագիրներուն` ըլլան անոնք կազմակերպչական, յարաբերական, նիւթական, կրթական, առողջապահական եւ քարոզչական: Լուսարձակի տակ առինք մեր բոլորին սրտին խօսող եւ պարծանք բերող ծրագիրներէն Ախուրեանի մօր ու մանկան առողջապահութեան կեդրոնն ու ծննդատունը: Մեծ հպարտութեամբ ըսեմ, որ հիմնուած օրէն` 1997-էն մինչեւ այսօր, 20.000-է աւելի ծնունդ արձանագրուած է այդ կեդրոնին մէջ: Այստեղ մէջբերում մը կատարելով` յայտնեմ, որ ծննդատունը իր դռները բացաւ նաեւ բոլոր արցախահայ ծնունդ ակնկալող կիներուն դիմաց, եւ մենք` ՀՕՄ-ուհիներս, ծննդատուն տուած մեր այցելութեան ընթացքին բախտը ունեցանք հանդիպելու արցախահայ առաջին նորածինին` մանչ զաւակ մը, զոր անուանած էին Աւետ, որովհետեւ փրկուած էին թշնամիին ճանկերէն: Նկատի ունենալով այս կեդրոնին կարեւորութիւնը, ժողովը լուրջ կերպով արծարծեց կարելիութիւնը` ընդարձակելու անոր տարածքը, նաեւ որոշում տրուեցաւ ուսումնասիրելու կարելիութիւնը` նախաձեռնելու նոյնանման կեդրոնի մը կառուցման Հայաստանի հարաւը:

– Ժողովին յաջորդող փուլին եւ մինչեւ օրս տակաւին արցախահայութեան նուիրուած դրամահաւաքը կը շարունակուի ՀՕՄ-ի գործունէութիւն ծաւալած տարբեր շրջաններու մէջ: Այսօր արդեօք գետնի վրայ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի իրենց հարազատ հողը կորսնցուցած արցախահայ մեր քոյր-եղբայրներուն շատ դժուար վիճակի գէթ որոշ չափով բաւելաւման համար, մանաւանդ որ ազգովին կը գիտակցինք, թէ որքա՜ն ծով կարիքներու դէմ յանդիման կանգնած է այսօր իր տունէն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը:

Լրատուական տարբեր ծառայութիւններէ կ՛իմանանք, որ ՀՕՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղը աշխուժ կերպով կը գործէ այս ուղղութեամբ, խնդրեմ` մանրամասնէք:

– Շնորհիւ աշխարհասփիւռ, 27 երկիրներու մէջ գործող ՀՕՄ-ի միաւորներուն եւ մեր առատաձեռն բարերարներուն` արցախահայութեան օժանդակութեան մեր դրամահաւաքը երբեք չէ դադրած եւ կը շարունակուի:

Առաջին հերթին` մեր գլխաւոր նպատակն էր շտապ օգնութիւն հասցնել` ապահովելով սննդեղէն, հագուստ, անկողին, ծածկոցներ, մաքրութեան իրեր եւ, այս բոլորին կողքին, բնակարան: Համահայկականի ժողովէն առաջ իսկ արդեն ՀՕՄ-ի ընկերուհիները համախմբուած, լծուած էին այս աշխատանքին: Իրապէս մեծապէս գնահատելի է:

Հայաստանի ՀՕՄ-ի միաւորի ընկերուհիներուն բացառիկ նուիրումն ու ժրաջան աշխատանքը, որովհետեւ անոնք ոչ միայն կարողացան կազմակերպել 73-րդ Համահայկական ժողովը, այլ նաեւ` շուտափոյթ օժանդակութիւն հասցնել բռնի տեղահանուած արցախահայութեան: Անոնց միանալով ՀԵՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ կամաւոր երիտասարդական ուժեր` մինչեւ օրս յաջողեցան հասցնել մօտաւորապէս 7000 արկղեր` իւրաքանչուր արկղ 100 տոլար արժողութեամբ, որ կը նշանակէ, թէ ՀՕՄ-ը օգնութիւն հասցուցած է աւելի քան 30.000 հայորդիներու:

Ասոր զուգահեռ, տրամադրուեցան նաեւ խոհանոցային պիտոյքներ բոլոր անոնց, որոնք դիմեցին Հայաստանի ՀՕՄ-ի գրասենեակ:

Այստեղ հարկ է նաեւ յիշել սքանչելի նուիրումը ՀՕՄ-ի մեր բարեկամներուն, որոնք բնակարաններ ունին Հայաստանի մէջ, զանոնք տրամադրեցին արցախահայ անտուն ընտանիքներուն, նոյնիսկ ժողովի ընթացքին ՀՕՄ-ական մը տեղւոյն վրայ սիրայօժար իր բնակարանը դրաւ բռնի տեղահանուած արցախահայ ընտանիքի մը տրամադրութեան տակ:

– ՀՕՄ-ը Արցախի մէջ իր գործունէութիւնը շարունակեց մինչեւ վերջին վայրկեան, չյուսահատեցաւ, իր ծրագիրներուն մէջ ընկրկում չարձանագրեց, այլ օգնեց` կարիքներուն եւ պայմաններուն համաձայն: Այսօր արդէն փակ են ՀՕՄ-ի մեծաթիւ մանկապարտէզները, որոնք մնացին Արցախի մէջ: Ցաւալի, բայց իրաւ: Որքա՞ն ծանր է ասիկա ՀՕՄ-ին համար, իսկ միութեան Արցախի միաւորը ի՞նչ ճակատագիր ունի այսօր, պիտի շարունակէ՞ գործել, ինչպէ՞ս:

– ՀՕՄ-ին համար մեծ ցաւ է կորսնցնել իր պանծալի ձեռքբերումներէն մին, այս պարագային` «Սօսէ» մանկապարտէզները. այս ցանցին սկիզբը 1998 թուականն է` Ստեփանակերտի մէջ հաստատուած առաջին մանկապարտէզով. իսկ 20 տարի ետք թիւը հասաւ 12-ի` շնորհիւ ՀՕՄ-ի միաւորներու նուիրատուութեան եւ բարերարներու հովանաւորութեան: Այսօր բոլորը մնացին թշնամիին ձեռքը:

Բայց եւ այնպէս, ինչպէս նշեցի, ՀՕՄ-ը չի գիտեր վհատիլ, ուստի անմիջապէս որոշում տրուեցաւ, որ ուսումնասիրենք կարելիութիւնը` ստեղծելու «Սօսէ» մանկապարտէզներու դրութիւնը Հայաստանի մէջ:

Այսօր Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու 8000 փոքրիկներ Հայաստանի մէջ կը գտնուին: Այս պիտի ըլլայ մեր երկարաժամկէտ ծրագիրներէն մէկը, որ ոչ միայն մանկապատէզ կամ մանկամսուր ստեղծել կը միտի, այլ նաեւ աշխատանքի առիթ ստեղծել մեր բռնագաղթուած արցախահայ ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն:

– Հայրենիքէն եւ Արցախէն բացի` ՀՕՄ-ը ներկայ ու դերակատար է սփիւռքի մէջ, յատկապէս` այն գաղութներուն, որոնք տարբեր տագնապներ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Ընթացաւարտ Կեդրոնական վարչութեան ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսացան տնտեսական տագնապէն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մեծապէս տուժած լիբանանահայութիւնն ու երկրաշարժի արհաւիրքը ապրած սուրիահայութիւնը: Հիմնական ի՞նչ ուղղութիւններով գործունէութիւն ծաւալեց վարչութիւնը նախորդին եւ այսօր ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունի այս գաղութներուն վերաբերող:

– ՀՕՄ-ի իւրաքանչիւր միաւոր մէկ մասնիկն է ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին, նոյնը նաեւ` մեր գաղութները, որոնց կը ծառայեն: Այսօր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մեր միաւորները կը շարունակեն դիմագրաւել տագնապալից իրավիճակ` իրենց գաղութներուն մէջ: Սուրիան եւ Լիբանանը մաս կը կազմեն ՀՕՄ-ի անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն: Ինչպէս նախորդին ՀՕՄ-ը նեցուկ կանգնեցաւ` բարոյապէս եւ նիւթապէս սատարելով տեղւոյն ծրագիրներու իրագործման, նոյնը պիտի շարունակուի, եւ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի զոյգ գաղութներու բոլոր մարդասիրական եւ բարեսիրական ծրագիրներուն, օրինակ` «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը Սուրիոյ պարագային եւ «Պնակ մը կերակուր» ծրագիրը Լիբանանի պարագային` տաք ուտելիք տրամադրելով տնտեսական եւ ընկերային ծանր կացութեան մէջ եղող մեր ընտանիքներուն:

Ունինք նաեւ զոյգ գաղութներուն վերաբերող «Ամանորի ծրագիր»-ը, որով նուէրներ եւ յատկացումներ կը կատարուին լիբանանահայ եւ սուրրիահայ երեխաներուն: Ուրախ եմ ըսելու, որ ՀՕՄ-ը որոշում տուաւ նիւթապէս օժանդակելու Այնճարի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» Կազդուրման կայանի վերանորոգութեան: Առաւել, արժեւորելով արեւմտահայերէնի պահպանումը եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ պատրաստելու կարեւորութիւնը, տարեկան յատկացումով` նիւթապէս պիտի սատարէ Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին:

– ՄԱԿ-ի մէջ եւս ՀՕՄ-ը ունի հասանելիութիւն, ներկայութիւն է եւ կրնայ որոշ գործունէութիւն ծաւալել. կարելի՞ է տեղեկութիւններ տալ:

– 1970-ական թուականներէն ի վեր ՀՕՄ-ը աշխուժ եղած է ՄԱԿ-ի մէջ: Միութիւնը ՄԱԿ-ի մէջ կը գործէ 2 գլխաւոր յանձնախումբերու հետ` մէկը ECOSOC (Economic and Social Council), որուն շարքերուն միացած է 28 մայիս1998-ին, եւ միւսը Department of Public Information (DPI). կը մասնակցինք զանազան յանձնաժողովներու, ինչպէս` Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Commission on the Status of Women (CSW) եւ առողջապահութեան` UN Health: Այս յանձնախումբերուն միջոցով կը մասնակցինք ՄԱԿ-ի կազմակերպած ժողովներուն` Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի մէջ, ուր կը բարձրացնենք եւ կը հետապնդենք հայ ժողովուրդը յուզող հարցերն ու մտահոգութիւնները: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ՀՕՄ-ի կայքէջը www.ars1910.org:

Դժբախտաբար «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած համաշխարհային համաճարակը վերջին 4 տարիներուն արգելք հանդիսացաւ խորհրդաժողովներուն, որոնք կա՛մ չեղեալ համարուեցան եւ կա՛մ առցանց տեղի ունեցան. նոյն այդ պատճառով ալ կարելի չեղաւ ՀՕՄ-ի ՄԱԿ-ի վարժողական ծրագիրը իրագործել:

Նորակազմ Կեդրոնական վարչութիւնը կեանքի կոչեց ՄԱԿ-ի յանձնախումբը, որ մօտ օրէն վերստին պիտի սկսին իրենց ծրագրաւորումներուն:

– Երբ կ՛ըսենք ՀՕՄ, մեր մտապատկերին վրայ կը պարզուին մեր մեծ մայրերէն սկսած նուիրեալ կամաւորները` մինչեւ այսօրուան մեր առաքեալի դեր կատարող ընկերուհիները: Ինչի՞ մէջ կը կայանայ այս միութեան անդուլ ու անվհատ աշխատանքին գաղտնիքը: Այս առիթով նաեւ, խնդրեմ ձեր խօսքը ուղղէք աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայ երիտասարդներուն` ՀՕՄ-ի մասին եւ իբրեւ ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը:

– Գթութիւն, նուիրում, կամաւոր աշխատանք եւ ազգանուէր ծառայութիւն… ՀՕՄ-ի մշտադալար առաքելութիւնը…

113 տարիներէ աւելի պատմութիւն ունեցող Հայ օգնութեան միութիւնը` ծնած իր ժողովուրդի կարիքներէն, կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ դարեր եւս իր ազգանուէր ծառայութիւնը իր ժողովուրդին ու հայրենիքին` շնորհիւ կամաւորներու իր փաղանգին:

Խօսքս ուղղելով մեր սիրելի հայ երիտասարդութեան` կ՛ըսեմ իրենց, որ այսօր կը գտնուինք լուրջ գոյատեւման պայքարի դէմ յանդիման, դո՛ւք էք մեր ապագայ յոյսը եւ հայ ազգին գանձերը, ձեզի կը վստահինք մեր հայ ազգի հարուստ ժառանգութիւնն ու պատմութիւնը: Հայրենասիրութեամբ պահպանեցէք զայն եւ միշտ յիշեցէք, որ ձեր ներդրումը` ըլլայ անիկա մեծ թէ փոքր, պիտի կերտէ մեր սփիւռքի գաղութներու ու Հայաստանի համայն հայութեան ապագան` ստեղծելով անխափան կապեր, միասնականութիւն` ի շահ մեր ազգի բարգաւաճման:

Ձեր կամաւոր աշխատանքը ու ազգանուէր ծառայութիւնը պարտաւորութենէ աւելի է, անիկա պատիւ է, որ կը զօրացնէ մեր հայրենիքը ու կը պահպանէ մեր ինքնութիւնը:

Ինչպէս մեր նախնիները վստահեցան մեզի, այսօր ես եւս կու գամ ըսելու, որ ՀՕՄ-ը հաւատք ունի ձեզի հանդէպ` իբրեւ մեր հայ ազգի ապագայի ճարտարագետներն ու մեր անցեալի ժառանգութեան պահապանները: Եկէք` միասնաբար հայ դպրութեան ջահը պահենք մշտավառ` միշտ մնալով հաւատարիմ մեր կարգախօսին` «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»:

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company