ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Նշմարներ

20 Դեկտեմբեր 2023

ՆՇՄԱՐ 1

­Ֆէյս­պու­քեան հար­թակ­նե­րու վրայ եւ մա­մու­լի սիւ­նակ­նե­րուն մէջ յա­ճախ կը հան­դի­պիմ գրու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք կ­’ա­հա­զան­գեն, թէ ա­մէն ա­ռու­մով սփիւռ­քա­հա­յու­թեան նա­հան­ջը հա­սած է այն աս­տի­ճա­նին, ուր­կէ կը սկսի ձու­լու­մի սպառ­նա­լի­քը…:

Չ­գիտ­ցող չկայ, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սփիւռ­քը դար­ձած է ան­հոգ ու ան­տար­բեր՝ ինք­զին­քին հան­դէպ: Ան­տար­բե­րու­թիւն մը, որ ա­ւե­լի ա­հար­կու է քան ա­մէ­նէն ա­հեղ թշնա­մին, քա­նի որ անզ­գա­լա­բար կը կրծէ ու կը հիւ­ծէ ան սե­փա­կան ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը, դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ առ ո­չին­չի կը վե­րա­ծէ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան էա­տար­րե­րը: Ս­փիւռ­քեան նո­րա­հաս սե­րուն­դը ար­դէն իսկ ու­ծաց­ման ճամ­բուն մէջ է եւ ա­ռա­ջին ու մեծ զո­հը լե­զուն է, հա­յե­րէ­նը ե­ւ այլն, ե­ւ այլն:

Այս­քա­նը գի­տենք: ­Բայց դժուար է հասկ­նալ, թէ ին­չի՞ կը ծա­ռա­յեն բազ­միցս կրկնո­ւող ա­հա­զան­գե­րը, վտան­գը մատ­նան­շող հաս­տա­տում­նե­րը, երբ ա­նոնց չեն ըն­կե­րա­նար գործ­նա­կան ա­ռա­ջարկ­ներ, ո­րոնց ի­րա­գոր­ծու­մով քիչ-շատ թե­րեւս հե­ռաց­նեն վտան­գը:

­Կը կար­ծեմ, թէ վտան­գա­ւոր է ա­մէն ա­ռի­թի կամ ա­նա­ռիթ վտան­գի մա­սին խօ­սիլն ու գրե­լը, ե­թէ ա­նոնք պի­տի չյան­գին կա­ցու­թիւ­նը գէթ մեղ­մե­լու փնտռտու­քին: ­Յա­ճա­խա­կի կա­տա­րո­ւած ձու­լու­մի խօս­քե­րը կրնան ա­նուղ­ղա­կի նպաս­տել, որ ընդ­հան­րա­կան մտայ­նու­թեան վե­րա­ծո­ւի ան եւ ձու­լու­մի գա­ղա­փա­րին հետ հաշտ գո­յակ­ցի­լը եւ ա­նոր ըն­կա­լու­մը դիւ­րա­նայ՝ ան­տար­բե­րու­թեան ախ­տէն վա­րա­կո­ւած սփիւռ­քա­հա­յու մտա­ծո­ղու­թեան մէջ:

­Փաստ է, որ սփիւռ­քա­ցած ­Կի­լի­կիոյ, ­Պոլ­սոյ, ­Պարս­կաս­տա­նի, թե­րեւս նաեւ այլ վայ­րե­րու մէջ հա­յու­թիւ­նը եր­կար դա­րեր դի­մա­ցաւ, հա­կա­ռակ իր դի­մագ­րա­ւած տա­ռա­պան­քին ու տա­րա­տե­սակ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն: ­Կը գի­տակ­ցիմ, որ այդ վայ­րե­րու մէջ կը նպաս­տէին կրօ­նա­կան տար­բե­րու­թեան եւ այլ, միով բա­նիւ՝ մշա­կոյ­թի ազ­դա­կը, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­խումբ կեան­քը: ­Բայց ի վեր­ջոյ փաստ է, որ դի­մա­ցաւ:

Ու­րեմն, փո­խա­նակ ծունկ ծե­ծե­լու մտա­ծենք, թէ սփիւռ­քեան մի­ջա­վայ­րին մէջ ինչ­պի՞­սի ազ­դակ­ներ կը տո­կաց­նեն մեզ. ա­հա ա­ռա­ջար­կո­ւած փնտռտու­քը…:

Ըստ ին­ծի , վտան­գա­ւոր է ա­մէն ա­ռի­թի ու ա­նա­ռիթ վտան­գի մա­սին խօ­սիլ-գրե­լը:

ՆՇՄԱՐ 2

­Նա­խորդ հրա­պա­րա­կու­միս մէջ կը նշէի, թէ վտան­գա­ւոր է ա­մէն ա­ռի­թի ու ա­նա­ռիթ ա­հա­զան­գել, որ սփիւռ­քը կը մա­շի, կ­՚ու­ծա­նայ, կը ձու­լո­ւի եւ այլն, ե­թէ այդ ա­հա­զան­գին պի­տի չըն­կե­րա­նայ վտան­գին ա­ռաջքն առ­նե­լու կամ զայն քիչ մը հե­ռաց­նե­լու գործ­նա­կան ա­ռա­ջարկ կամ գէթ փնտռտու­քի մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն:

Ա­հա այս տե­սակ փնտռտու­քի մը նա­խա­ձեռ­նած էր ­Տու­պա­յէն տի­կին ­Շա­քէ ­Ման­կա­սա­րեան (անձ­նա­պէս ին­ծի ան­ծա­նօթ), ո­րու ջան­քե­րով հա­տո­րի մը մէջ մէկ­տե­ղո­ւե­ցան տե­սա­կէտ­ներ՝ սփիւռ­քի գրող­նե­րէ: ­Նա­խա­ձեռ­նող տի­կի­նը ջա­նա­ցած էր, որ ա­ռա­ջարկ­նե­րը ըլ­լան գործ­նա­կան՝ ի­րենց բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ մա­նա­ւանդ ներ­կա­յա­ցո­ւած տես­քով…: Իմ գրու­թիւնս օ­րի­նակ, եր­կու-ե­րեք ան­գամ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ-ետ դար­ձաւ, քա­նի որ ան իր տես­քով չէր հա­մա­պա­տաս­խա­ներ տի­կին ­Շա­քէի կամ խմբագրա­կան յանձ­նա­խում­բի պատ­կե­րա­ցու­մին: Իմ օ­րի­նակս տո­ւի, ընդգծե­լու հա­մար բծախնդ­րու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կող անձ(եր)ին:

­Հոս պի­տի խու­սա­փիմ դա­տե­լէ, որ գործ­նա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով եւ ընդ­հան­րու­թեան մէջ ու­շագ­րաւ ա­ռա­ջարկ­ներ կա­յի՞ն կամ ոչ, բայց հարց է, թէ քա­նի՞ հո­գի, յատ­կա­պէս մեր կա­ռոյց­նե­րէն եւ սփիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման կո­չո­ւած մար­մին­նե­րէն քա­նի ան­դամ­ներ, պարզ հե­տաքրք­րու­թեան հա­մար, աչք մը նե­տած ըլ­լան այդ գրքին վրայ…: Կ­ռա­հե­լի է, որ շատ անն­շան թիւ մը: ­Խէրն ա­նի­ծած մեր ամ­բողջ օ­րը կը կլա­նէ ֆէյս­պուքն ու հա­մա­ցան­ցը:

Իմ կար­ծի­քով, այդ հա­տո­րին մէ­ջէն կ­՚ա­ռանձ­նա­նայ եւ իր բո­վան­դա­կու­թեամբ յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ տոքթ. Ա­րա ­Սա­յե­ղի (այս ա­նու­նին ա­ռա­ջին ան­գամ այդ հա­տո­րին մէջ կը հան­դի­պէի) գրու­թիւ­նը, որ հա­մա­պար­փակ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մըն է՝ խոր­քա­յին ա­ռա­ջարկ­նե­րով: ­Բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րով յա­գե­ցած այդ ծան­րակ­շիռ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը կրնայ դրո­ւիլ ո­րե­ւէ պե­տու­թեան մը նա­խա­րա­րա­կան սե­ղա­նին, ի քննու­թիւն ու գոր­ծադ­րու­թիւն, բայց խոս­տո­վա­նինք, որ մեր ու­սե­րուն հա­մար շատ ծանր է ան, նոյ­նիսկ մա­սամբ ի­րա­կա­նաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէն: ­Տար­տամ պատ­կե­րա­ցում իսկ չու­նինք տա­կա­ւին, թէ մեր ղե­կա­վա­րած հա­մայն­քին գի­տա­կան-մաս­նա­գի­տա­կան միտ­քը, իբ­րեւ օգ­տա­գոր­ծե­լի ա­տաղձ, ինչ պատ­կեր կը ներ­կա­յացնէ, տրա­մադ­րե­լի մար­դու­ժով ինչ կրնանք կամ չենք կրնար ը­նել եւ այլն, եւ այլն: ­Գի­տենք ու կը ճանչ­նանք մեր շրջա­պա­տի մար­դի­կը եւ կ­՚օգ­տա­գոր­ծենք ա­նոնց կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը միայն:
Ու­զենք թէ չու­զենք այս է սփիւռ­քեան չոր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը:

Ու­րեմն, Ի՞նչ ը­նել: Ա­հա գլխա­ւոր հար­ցը, դժուար մար­տահ­րա­ւէ­րը:

Եր­կու-ե­րեք տա­րիէ ի կա­խար­դո­ւած «սփիւռ­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու» կար­գա­խօ­սէն՝ յա­մե­ցանք ա­նոր հմա­յիչ բա­ռե­րուն վրայ եւ ան­տե­սե­ցինք հրա­մա­յա­կան ու ան­յե­տաձ­գե­լի շեշ­տը հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մին, ո­րուն հա­մար հա­յա­գա­ղու­թէ հա­յա­գա­ղութ կը շրջա­գա­յի Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սը, իսկ մենք նո­ւա­զա­գոյն ճի­գը չփոր­ձե­ցինք կա­տա­րել այդ ուղ­ղու­թեամբ:

Անդ­րա­դառ­նանք, որ սե­րուն­դը կոր­սո­ւե­լու վտան­գին մէջն է ար­դէն եւ ժա­մա­նա­կը մե­զի դէմ կը գոր­ծէ: Մ­տա­ծենք, թէ ներ­կայ մեր տրա­մադ­րե­լի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով ինչ կրնանք ը­նել՝ նո­րա­հաս սե­րուն­դին մէջ մշա­կե­լու հա­մար ազ­գա­յին ինք­նու­թիւն:

ՆՇՄԱՐ 3

«Լեզուն ազգն իսկ է, եւ՝ ինք­նութիւն»

Այս վեր­նա­գի­րը իբ­րեւ ան­բե­կա­նե­լի ճշմար­տու­թիւն հա­ւա­տա­ցող­նե­րը եւ զայն ինք­նու­թիւն մշա­կե­լու հա­մար իբ­րեւ վճռա­կան ու­ղե­ցոյց դա­ւա­նող­նե­րը կը մոռ­նան, որ մօտ ան­ցեա­լին, ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ­Սու­րիա-­Լի­բա­նան եւ այ­լուր ցի­րու­ցան ­Կի­լի­կիոյ թրքա­խօս, հա­յե­րէն չգիտ­ցող, թրքա­կան երգ-շար­քի­նե­րուն սի­րա­հար հայ մար­դիկն էին, որ գաղ­թա­կա­նի ա­ռօ­րեայ հա­ցէն բա­ժին հա­նե­ցին, որ­պէս­զի սե­րուն­դին հա­յակր­թու­թեան հա­մար ի­րենց բնա­կած վայ­րե­րը դպրոց-ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ցան­ցով օժ­տեն, հա­մայնք կազ­մա­կեր­պեն՝ յա­րա­կից գոր­ծօն­նե­րով: ­Կը մոռ­նան նաեւ, որ հայ­կա­կան սփիւռ­քի մէջ հա­րիւ­րա­ւոր հա­զար­նե­րով, թե­րեւս մի­լիո­նը գե­րա­զան­ցող թի­ւե­րով պա­տա­նի-ե­րի­տա­սարդ­ներ հա­յե­րէն չեն գի­տեր, չեն խօ­սիր, ա­նոնց շրթնե­րուն չի ծաղ­կիր մեր մայ­րե­նին: ­Քա­նի այդ­պէս է, գի՞ծ քա­շել ու­րեմն ա­նոնց վրայ եւ զա­նոնք «հա­լա՞լ» ը­նել օ­տա­րու­թեան: ­Չի՞ բա­ւեր մեր կորսն­ցու­ցած քա­նա­կը: «­Լե­զուն ազգն իսկ է» դա­ւա­նող­նե­րուն հա­մար ար­դեօք կը նշա­նա­կէ, թէ հայ ըլ­լա­լու չա­փա­նի­շը հա­յե­րէն խօ­սի՞լն է միայն: ­Պոլ­սոյ «Ա­կօս» թեր­թի խմբա­գիր­նե­րէն Իւս­թիւ­կեան հրա­պա­րա­կա­յին զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին վկա­յեց, թէ ­Համ­շէ­նի մէջ բար­բա­ռա­յին հա­յե­րէ­նով խօ­սող շրջա­նակ­ներ կան, բայց ա­նոնց բո­լորն ալ ի­րենք զի­րենք համ­շէն­ցի կը դա­ւա­նին…:

­Մատ­նո­ւած ենք դժխեմ կա­ցու­թեան մը, ո­րու պայ­ման­նե­րու մէջ մեր նո­րա­հաս սե­րուն­դին մեծ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­յե­րէն չի խօ­սիր, հա­յե­րէն չի գի­տեր, պի­տի յանդգ­նիմ ը­սե­լու նաեւ, որ հա­յե­րէն գիտ­ցող փոքր փոք­րա­մաս­նու­թիւնն ալ հա­յե­րէ­նը իբ­րեւ ա­մէ­նօ­րեայ խօ­սակ­ցա­կան լե­զու չի գոր­ծա­ծեր, բայց… ՏԱԿԱՒԻՆ ԳԻՏԱԿԻՑ Են ԱՆՈՆՔ ԻՐԵՆՑ ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔԻՆ, այ­սինքն՝ գի­տեն, թէ ի­րենք հայ են ու ֆրան­սա­ցի, հայ ու ա­մե­րի­կա­ցի, հայ եւ յու­նաս­տան­ցի, եւ այլն:

Ա­մէն դրա­կան ե­րե­ւոյթ իր մէջ կը կրէ ժխտա­կա­նին սաղ­մը եւ հա­կա­դար­ձա­բար՝ ժխտա­կանն ալ կ­՚ու­նե­նայ իր դրա­կան բա­ժի­նը: ­Մեր ներ­կայ սե­րուն­դին «եր­կա­կեն­ցաղ»ու­թեան ժխտա­կան ե­րե­սին դրա­կան բա­ժի­նը այն է, որ այդ եր­կու հան­գա­մանք­նե­րը զի­րար կը հարստաց­նեն, զի­րար կ’ամ­բող­ջաց­նեն, պայ­մա­նաւ, որ ժա­մա­նա­կին դէմ մրցու­մի ել­լենք եւ ա­նոնց մէջ «հայ»ը ամ­րապն­դենք:

­Ժա­մա­նա­կը սրըն­թաց մե­զի դէմ կը գոր­ծէ: Ե­թէ յա­մե­նանք ու մի­ջոց­նե­րու մա­սին չմտա­ծենք, սե­րուն­դը պի­տի կորսնց­նէ «ԵՐԿԱԿԵՆՑԱՂԻ» այժ­մու գի­տակ­ցու­թիւնն ալ եւ կոր­սո­ւո­ղը ա­ռա­ջին մա­սը պի­տի ըլ­լայ, այ­սինքն՝«հայ»ը, եւ այն ա­տեն ի զուր ծունկ պի­տի ծե­ծենք, ի­մաստ պի­տի չու­նե­նայ լալն ալ, ող­բեր­գու ըլ­լալն ալ: Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ «կոտ­րե­լէն ետք» վեր­նագ­րով պատ­մո­ւած­քին մէջ կ­՚ը­սէ, թէ յախ­ճա­պա­կիէ սրո­ւա­կին կոտ­րե­լէն ետք ի­մաստ չու­նե­ցաւ գիտ­նա­լը, թէ կոտ­րա­ծը թան­գար­ժէք էր՝ ­Լո­ւի 14-րդ ­թա­գա­ւո­րին գոր­ծա­ծած սրո­ւա­կը ե­ղած էր…: «­Կոտ­րե­լէն ետք»ի վի­ճա­կը բազ­միցս ապ­րե­լէ ետք, դա­սը սոր­ված պի­տի ըլ­լա­յինք շա­տոնց: ­Նո­րա­գո՞յ­նը… չգիտ­ցող չկայ:

Այս ը­սո­ւած­նե­րէն ետք, անձս ալ իր կար­գին հա­մո­զու­մով կ­՚ընդգ­ծէ, որ մայ­րե­նի լե­զուն կեն­սա­կան է, կեան­քի չափ կա­րե­ւոր է, նպա­տակ է եւ գլխա­ւոր կռո­ւա­նը՝ ազ­գա­յին լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թիւն մշա­կե­լու եւ ինք­նու­թիւն կռա­նե­լու հա­մար: Աս­կէ ան­դին սա­կայն, կա՛յ ի­րա­կա­նու­թիւն մը, մե՜ծ մար­տահ­րա­ւէր մը, զոր պէտք է դի­մագ­րա­ւենք:

ՆՇՄԱՐ 4


­Լեզուն հաղորդակցութեան միջոց

Ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ու վերջ, լե­զուն հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց է, ա­պա նաեւ լեզուամտա­ծո­ղու­թեան եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան մշա­կու­մի գլխա­ւոր կռո­ւան: Խն­դիրն այն է, որ այդ տո­ւեալ լե­զո­ւով ի՞նչ ե­րազ­նե­րու, ինչ­պի­սի՞ յու­շե­րու, ո՞ր ար­ժէք­նե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու կամ տագ­նապ­նե­րու հետ կը հա­ղոր­դակ­ցիս…:

Բազ­մա­թիւ օ­րի­նակ­ներ կան, որ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­ներ միեւ­նոյն լե­զուն խօ­սե­լով հան­դերձ, նոյն ազ­գին չեն պատ­կա­նիր: Եւ հա­կա­ռա­կը՝ տար­բեր լե­զու խօ­սե­լով հան­դերձ, նոյն ազ­գին կը պատ­կա­նին: ­Զո­ւի­ցե­րիա­կան ազ­գը կը բաղ­կա­նայ գեր­մա­նա­խօս, ֆրան­սա­խօս եւ ի­տա­լա­խօս ժո­ղո­վուրդ­նե­րէ, ո­րոնք տար­բեր լե­զու կը գոր­ծա­ծեն, բայց բո­լորն ալ նոյն հո­գե­րը ու­նին, նոյն խնդիր­նե­րը, ի­րենց գոր­ծա­ծած տար­բեր լե­զու­նե­րով կը հա­ղոր­դակ­ցին նոյն նպա­տակ­նե­րու հետ եւ կ’ապ­րին միեւ­նոյն տագ­նապ­նե­րը: Իսկ ա­րա­բա­խօս, անգլիա­խօս, ֆրան­սա­խօս կամ այլ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­ներ, նոյն լե­զուն գոր­ծա­ծե­լով հան­դերձ, տար­բեր ազ­գե­րու կը պատ­կա­նին, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք նոյն լե­զո­ւով տար­բեր նպա­տակ­նե­րու, տար­բեր տես­լա­կան­նե­րու հետ կը հա­ղոր­դակ­ցին-կը յա­րա­բե­րին եւ տար­բեր հո­գե­րով կ­’ապ­րին:
Այս բո­լո­րը ը­սե­լէ ետք, կը գի­տակ­ցիմ, որ բա­ցի նոյն նպա­տակ­նե­րէ, ե­րազ­նե­րէ, տես­լա­կան­նե­րէ ու տագնապ­նե­րէ, այդ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ոտ­քին տակ կայ հայ­րե­նի հո­ղը եւ հա­մա­խումբ կեան­քը, ո­րոնց բա­րե­րար ներ­գոր­ծու­թե­նէ զրկո­ւած ենք մենք եւ մեր մատ­ղաշ սե­րուն­դը: Զր­կո­ւած է ողջ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը:

­Փոք­րա­մաս­նու­թիւն մը բա­ցա­ռե­լով, հաս­տա­տե­լի է, որ մեր նո­րա­հաս սե­րուն­դը (եւ ոչ միայն նո­րա­հաս) ա­ռօ­րեայ յա­րա­բե­րու­թեանց մէջ իր բնա­կած երկ­րին լե­զուն կը գոր­ծա­ծէ: ­Հա­յե­րէն չի գի­տեր կամ մե­ծա­պէս կը դժո­ւա­րա­նայ եւ չի կրնար իր մտա­ծու­մը հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տել:

Իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մեր վար­ժա­րան­նե­րը չա­փա­զանց ան­բա­ւա­րար են: Ան-բա-ւա-րար:

­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ, հե­տաքրք­րու­թեանս ար­դիւն­քը ե­ղած էր այն, որ օ­րի­նակ՝ ամ­բողջ Ա­մե­րի­կա­յի մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տաց հան­րա­գու­մա­րը շուրջ 10.000 (տաս հա­զար) էր, մինչ միայն Կ­լեն­տէյլ քա­ղա­քի օ­տար դպրոց յա­ճա­խող հայ ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւը կ­’են­թադ­րո­ւէր նոյն­պէս՝ 10.000: Ֆ­րան­սա­յի մէջ, շուրջ 1.500-ի դի­մաց, կ’են­թադ­րո­ւի, թէ 60.000 դպրո­ցա­կան տա­րի­քի հայ տղաք կան: ­Նոյ­նիսկ հա­յատ­րոփ ­Լի­բա­նա­նի մէջ, հայ­կա­կան եւ օ­տար դպրոց յա­ճա­խող­նե­րու թի­ւե­րը ի­րար կը հա­ւա­սա­րեց­նեն՝ 5.000-5.000 (երկ­րի տնտե­սա­կան տագ­նա­պէն ա­ռաջ, նաեւ ներ­կա­յի են­թադ­րեալ թի­ւերն են): ­Հար­ցա­կան է տա­կա­ւին, որ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու ա­ռօ­րեայ, կեն­ցա­ղա­յին ու ըն­թա­ցիկ լե­զուն հա­յե­րէնն է, թէ ոչ…:

Արդ, կրնա՞նք շրջել այս կա­ցու­թիւ­նը: Դպրո­ցա­կան ցան­ցեր ստեղ­ծել ա­մէ­նուր: Ըստ ին­ծի՝ չենք կրնար: ­Կարգ մը տե­ղեր նոր դպրոց­ներ կը բա­ցո­ւին թէեւ, բայց այլ տե­ղեր կը փա­կուին…:
Այս ի­րա­կա­նու­թեան դի­մաց ի՞նչ կրնանք ը­նել, որ օ­տա­րա­խօս մեր տղա­քը ի­րենց գոր­ծա­ծած լե­զո­ւով հա­ղոր­դակ­ցին-յա­րա­բե­րին ազ­գա­յին մեր տագ­նապ­նե­րուն, նպա­տակ­նե­րուն, յու­շե­րուն եւ ­Հա­յաս­տան հայ­րե­նի­քի ի­րա­կա­նու­թեան հետ: Ա­հա բուն խնդի­րը եւ այս «նշմար»նե­րու գրու­թեան նպա­տա­կը:

ՆՇՄԱՐ-5

ԱՌԱՋԱՐԿ

«Նշմար»ներու այս շարքին հետեւողը բնականաբար պիտի կռահէ, թէ առաջարկս ինչ նպատակի պիտի յանգի: նախանախորդ՝ «նշմար»ին մէջ կ’ըսէի, թէ օտարախօս մեր նորահաս սերունդները տակաւին գիտակից են իրենց «երկակենցաղ» հանգամանքին , որուն սակայն՝ սահող ժամանակն ու շրջապատի պայմանները կը սպառնան, որ անոնց մէջ այդ գիտակցութիւնը տկարանայ ու հետզհետէ չքանայ՝ ի վնաս իրենց ազգային ծագումին: Այսինքն, տակաւին ունին անոնք իրար հարստացնող-ամբողջացնող օրինակ՝ հայու եւ ֆրանսացիի (տեղացիի) հայու եւ յոյնի (տեղացիի) զգացում: Ժամանակը կը սպառնայ, որ հայու զգացումը չքանայ:
Նշմարած եմ, որ միշտ հայերէն խօսող ընտանիքներու մէջ իսկ, երբ հայրը կամ մայրը կը բարկանայ իր զաւկին կամ կարեւոր խորհուրդ մը կու տայ անոր, կը դիմէ տեղական լեզուին, որովհետեւ գիտէ, թէ այդ լեզուն է ազդեցիկն ու ներգործողը իր զաւկին վրայ: Ով գիտէ, թերեւս նո’յնն է ազդեցիկը նաեւ ծնողքին համար: (Հիմա, հայախօս մեծ հայր-մայրերը հազուագիւտ են, գրեթէ չեն մնացած):

Եզրակացութիւն.

1. Ազգային ինքնութիւնը կաղապարուած հասկացութիւն չէ, այլ չաւարտուող ընթացքով կազմաւորում է, որ պայմանաւորուած է ազգի պատմութեամբ, արժէհամակարգով, ներկայ տագնապներով եւ ապագայի տեսլականներով ու նպատակներով: Կասկած չկայ, որ ինքնութեան մշակումին մէջ հիմնական ազդակը լեզուն է : Այսքանը գիտենք : Բոլորիս գիտցածը իրարու չշռայլենք եւ ըլլանք իրատես: Ընդունինք, որ հայակրթութեան մարզին մէջ մեր հասանելիութիւնը անմխիթար ըլլալու աստիճան սահմանափակ է: Սփիւռքի տարածքին մեր սերունդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայերէնի մակերեսային ճանաչողութիւն մը ունի կամ բնաւ չունի: Նոյնիսկ հայերէն գիտցողները իրարու հետ կը յարաբերին տեղական լեզուով: Արդեօք կրնա՞նք այս կացութիւնը շրջել: Անձնապէս դժուար թէ նման բան կարենամ երեւակայել:

2. «Դատապարտուած» ենք ընդունելու, որ ամէն բանէ առաջ ու ետք լեզուն հաղորդակցելու միջոց է, յարաբերուելու գործիք է: Կարեւորը այն է , թէ սերունդը իր գործածած լեզուովը (անգլերէն, ֆրանսերէն, յունարէն կամ այլ) ի՞նչ երազի, ի՞նչ նպատակի, ինչպի՞սի տագնապներու , արժէքներու եւ տեսլականներու հետ կը հաղորդակցի, կը յարաբերի:

3. Այսօրուան մարդերը մեծով պզտիկով կախարդուած են բջջիչայինով, ֆէյսպուքով, social media-ով, կարճ՝ համացանցով եւ ամբողջութեամբ կլանուած՝ անոնցմով: Ոչինչ կը հմայէ այնքան, որքան վերոյիշեալները: Համացանցով կը սփռուին նոյնիսկ աղօթքները, որոնք գերազանցապէս անձնական ու ներհայեցողութեամբ առ Աստուած ուղղուելու բնոյթը ունին:

Այս կը նշանակէ, թէ ներկայ ժամանակներու մէջ մեր նորահաս թէ մեծահասակ սերունդը միեւնոյն գաղափարներուն ու նպատակներուն շուրջ համախմբելու եւ զանոնք միաւորելու ամէնէն ազդու միջոց-գործիքակազմը համացանցն է, ուր բացակայ ենք մենք՝ մասնագիտական ծրագրով, համադրուած աշխատակարգով եւ սիստեմաթիք հետեւողականութեամբ: Փաստ է, թէ համացանցի միջոցով նոյնիսկ ամբոխներ ըմբոստութեան կը մղուին կամ պետական հարուածի փորձեր կը ձախողեցուին: Իմ կարծիքով, կազմակերպիչներն իսկ անակնկալի բերող հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի զանգուածային մասնակցութիւնները ամէնուր՝ արդիւնք էին սոսկական անհատներու կողմէ կատարուած համացանցային քարոզչութեան…:

ՆՊԱՏԱԿ.

Փորձել գտնել ձեւ մը, ելակէտ մը, որ սփիւռքի նորահաս սերունդը (ոչ միայն) կարելի ըլլայ միեւնոյն նպատակի ու տեսլանակի շուրջ միաւորելու, համախմբելու եւ զայն մշտատեւ յարաբերութեան, հաղորդակցութեան մէջ դնելու հայ կեանքին հետ, կաթիլ-կաթիլ ծանօթացնելու անոր մեր պատմութենէն որոշ տուեալներ, մերթընդմերթ ներկայացնելու անոր մեր ազգային արժէհամակարգը, մեր տագնապները, մեծ ու փոքր մեր նպատակները, ապագայի մեր տեսլականները եւայլն, որպէսզի օտարացող սերունդին մէջ քայլ առ քայլ մշակուի ազգային ինքնութիւն, գիտակցութիւն, ազգին հանդէպ որոշ յանձնառութիւն:

ԱՌԱՋԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԻԾ.

Ա. ՄԻՋՈՑ ՈՒ ԳՈՐԾԻՔԱԿԱԶՄ.

1. Ընկերային ցանցեր, (social media), internet, բջիջային հեռախօս, 2. Տեղական լեզուով (անգլ., ֆրանսերէն, յունարէն եւայլն) գրուած կարճ ծաւալով գրութիւններ (text)եր եւ անոր հայերէնը՝ կցուած:

Բ. ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԽՈՒՄԲ՝ ԵՐԿՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ՝

1.Կեդրոնական գրասենեակ կամ յանձնաժողով ՝ որեւէ երկրի մէջ: (մնայուն):
Գրասենեակը կամ յանձնաժողովը պիտի բաղկանայ. ա) ընկերային ցանցերու միջոցաւ անուղղակի, կը կրկպեմ՝ անուղղակի քարոզչութիւն կատարելու հմուտ մասնագէտ(ներ)է , բ) փորձառու տարիքային մանկավարժ-հոգեբան(ներ)է, գ) մեր պատմութեան, ազգային արժէահամակարգին, մեր անմիջական ու հեռահար նպատակներուն եւ տեսլականներուն, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին ու մեր տագնապներուն հաղորդ անձ(եր)է:

Կեդրոնական գրասենեակը կը պատրաստէ միշտ նորովի կարճ պարբերութիւններով յատուկ text-եր, առանձնաբար ՝ երեց պատանիներու, երիտասարդներու եւ միջին տարիքի մարդոց յարմար, նպատակ ունենալով զանոնք յարաբերութեան մէջ դնելու ազգին ու ազգայինին հետ:

Պատրաստուած գրութիւնները կ’ուղարկուին գաղութային գրասենեակներուն:

2.Գաղութային գրասենեակներ. (մնայուն)

Ամէն հայագաղութ կ’ունենայ իր գրասենեակը, որ՝
ա) նախ կը կեդրոնացնէ գաղութի երեց պատանիներու, երիտասարդներու, միջին տարիքի բոլոր հայերուն բջիջային (սելիւլեր) հեռախօսի թիւերը եւ ե-հասցէները: (այս աշխատանքը դժուար
բաժինն է, որուն կրնան օգտակար ըլլալ ծխատէր քահանաները…):
բ) կեդրոնական գրասենեակէն ստացուած գրութիւնները կը վերածէ երկրի տեղական լեզուին, բնականաբար նաեւ հայերէնի եւ անոնցմով յաճախակի «յարձակումներ» կը գործէ բջիջայինի թիւերուն եւ ե-հասցէներուն վրայ:
գ) Երբեմն առիթներ կը ստեղծէ եւ պատանիներէ ու երիտասարդներէ կազմուած զատ-զատ խմբակներ կը հրաւիրէ պարբերական հանդիպումներու՝ օգտակարն ու հաճելին միախառնուած յայտագրով մը:

Վերջաբան.

Այս առաջարկին իրագործումը անկարելի համարող անձերն ու մարմինները կամ լիովին չեն հասկցած զայն (ինչուն) կամ չեն ճանչնար սփիւռքի կարողականութիւնը եւ կամ՝ ամբողջովին սպառած են այլեւս, անկարող՝ որեւէ նոր գործի: Վստահ, որ անկարելի չէ առաջարկին իրագործումը սփիւռքին ու անոր հայագաղութներուն համար, որոնք կը պահեն առաջնորդարաններ ու եկեղեցիներ, դպրոցներ ու ակումբներ, մամուլ ու ազգային նպատակով տարբեր-տարբեր գրասենեակներ: Այդ բոլորի կողքին ու զուգահեռ, առաջարկուածը նոր պատուհան մը բանալն է կորսուող սերունդին համար, որու փրկութիւնը հրամայական կը դարձնէ նոր միջոցներու փնտռտուքը, որպէսզի կարելիի սահմաններուն մէջ առաւելագոյն ճիգեր ի գործ դրուին՝ նոյնիսկ եթէ նուազագոյն արդիւնք պիտի ստացուի անոնցմէ: Կը մնայ, որ չյամենանք շռայլ բանաձեւումներու խաբուսիկ հմայքին վրայ :

Ծանօթ.– 1. Այս առաջարկէս ետք, կրկին ու շեշտակի ընդգծեմ, որ հայակրթութիւնը եւ հայերէն լեզուն մեզի համար կեանքի չափ կարեւո’ր են ու մնայո’ւն նպատակ: Վերջին հաշուով, անոնցմով զինուածներն են, որ ազգայինով կը տագնապին ու սերունդի փրկութեամբ կը մտահոգուին…:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Աթէնք

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company