ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հարցազրույցներ

Ա­զատ Օ­րի հար­ցազ­րոյ­ցը Ար­մէն ­Մա­րու­քեա­նի հետ

30 Դեկտեմբեր 2023

­Վեր­ջերս, Ա­թէնք այ­ցե­լեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ա­կա­դե­միոյ ­Պատ­մու­թեան ինս­թի­թու­թի հայ­կա­կան հար­ցի եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­ժի­նի վա­րիչ փրոֆ. տոքթ. Ար­մէն ­Մա­րու­քեան: Ան մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­թէն­քի ­Հին ­Խորհր­դա­րա­նի շէն­քին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած կա­րե­ւոր հա­մա­ժո­ղո­վին, որ կը կրէր «­Թուր­քիոյ մշտա­կան կոր­ծա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ­Փոքր Ա­սիոյ, ­Մի­ջա­գետ­քի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Պալ­քան­նե­րու մէջ» խո­րա­գի­րը: Այս ա­ռի­թով «Ա­զատ Օր» տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ա­նոր հետ, ստո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք հար­ցազ­րոյ­ցի հիմ­նա­կան կէ­տե­րը:

— Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով թէ վեր­ջերս Ա.Մ.Ն.-ի ­Ծե­րա­կոյ­տը ո­րո­շում յատ­կա­ցուց, ո­րով կ­՚ու­զէ ստի­պո­ղա­կան դարձ­նել ա­մե­րի­կեան զէն­քե­րու ար­գի­լու­մը Ատր­պէյ­ճա­նին, ինչ­պէ՞ս կը մեկ­նա­բա­նէք այս քայ­լը եւ որ­քա­նո՞վ այդ մէ­կը ստի­պո­ղա­կան կրնայ դառ­նալ ա­մե­րի­կեան կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մար։

-1990-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն Ա­մե­րի­կա­յի մէջ հայ լո­պիս­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ, ա­ռա­ջին հեր­թին ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի, ինչ­պէս նաեւ Ա­մե­րի­կա­յի հայ­կա­կան հա­մա­գու­մա­րի ըն­դու­նո­ւե­ցաւ 907 բա­նա­ձե­ւը՝ ա­զա­տու­թեան ակ­տի սահ­մա­նա­փակ­ման մա­սին, ո­րով ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը կը հրա­ժա­րէին ռազ­մա­կան եւ ֆի­նան­սա­կան օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լէ Ատր­պէյ­ճա­նին, քա­նի որ Ատր­պէյ­ճա­նը յար­ձա­կո­ղա­կան կե­ցո­ւածք ու­նէր Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին դէմ, եւ կար այդ մտա­հո­գու­թիւ­նը թէ այդ զէն­քը եւ այդ դրա­մը պի­տի գոր­ծա­ծո­ւի Ար­ցա­խի հայ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ։ ­Մին­չեւ 1990-ա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը, ­Գոնկ­րէ­սի մէջ կար մե­ծա­մաս­նու­թիւն, որ կը պա­հէր այս դիր­քո­րո­շու­մը։

Ան­կէ ետք գու­մա­րի ֆի­նան­սա­ւոր­ման ար­գել­քը հա­նո­ւե­ցաւ եւ մնաց զէն­քի ար­գի­լու­մը։ Ետ­քը առ­կա­խո­ւե­ցաւ նաեւ 907ի ո­րո­շու­մը։

­Հի­մա, Ար­ցա­խի շուրջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կէն ետք, Ա­մե­րի­կեան ­Ծե­րա­կոյ­տը դար­ձեալ վե­րա­դար­ձաւ հար­ցին եւ կար­ծես թէ դար­ձեալ կը վե­րա­գոր­ծար­կո­ւի այս ար­գել­քը։ Որ­պէս­զի մտնէ ու­ժի մէջ ան­շուշտ, պէտք է Ս­տո­րին ­Պա­լատն ալ հաս­տա­տէ եւ նա­խա­գահն ալ իր կար­գին ստո­րագ­րէ։ Ան­կէ ետք նոր ար­գելք կը դրուի որ­պէս­զի Ա.Մ.Ն.-ի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը այ­լեւս չի կա­րո­ղա­նան զէնք հայ­թայ­թել Ատր­պէյ­ճա­նին։

­Պէտք է հասկ­նալ նաեւ թէ Ա­մե­րի­կեան զէն­քի ո՞ր մասն է, ո՞ր տո­կոսն է, որ Ատր­պէյ­ճա­նը կը գոր­ծա­ծէ։ ­Շատ փոքր մասն է։ ­Բա­ցի այս, Ատր­պէյ­ճա­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի այս ար­գել­քը շրջան­ցե­լու ­Թուր­քիոյ մի­ջո­ցաւ։
­Գի­տենք, որ ­Թուր­քիան ՆԱԹՕ-ի եր­կիր է եւ բա­ւա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն ստա­ցած է Ա­մե­րի­կա­յէն։ ­Նոյ­նիսկ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, մենք տե­սանք Ա­մե­րի­կեան սպա­ռա­զի­նու­թեան գոր­ծա­ծում, ո­րը ստա­ցո­ւած էր ­Թուր­քիա­յէն, ռազ­մա­փոր­ձե­րէ ետք, եւ մնա­ցած էր Ատր­պէյ­ճա­նին։ ­Չենք կրնար ը­սել, որ շատ ար­դիա­կան ու ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թիւն է, բայց նոյ­նիսկ ե­թէ ­Թուր­քիան այ­լեւս չի գոր­ծա­ծեր, այդ Ա­մե­րի­կեան, ՆԱԹՕ-յա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ իր կրտսեր եղ­բօր։

Ան­շուշտ, քա­ղա­քա­կան են­թա­հող ու­նի այս ո­րո­շու­մը, Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ, բայց կար­ծեմ թէ ա­ւե­լի շօ­շա­փե­լի, ա­ւե­լի մի­ջոց կրնար ըլ­լար ե­թէ ­Սե­նա­տը ո­րո­շէր սա­ռեց­նել Ա­լիեւ­նե­րու գու­մար­նե­րը, որ կան Ա­մե­րի­կեան դրա­մա­տու­նե­րուն մէջ։ Եւ այս ա­ւե­լի մեծ ազ­դե­ցու­թիւն կրնար ու­նե­նալ Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ, քան այս ո­րո­շու­մը նա­խա­ձեռ­նո­ւած է։

­Յա­մե­նայն­դէպս, սա Ո­ւա­շինկ­թը­նի կե­ցո­ւած­քի լուրջ փո­փո­խու­թիւն է, ո­րով­հե­տեւ հա­ւաս­տիա­ցում­ներ տրո­ւած էին ­Պա­քո­ւի կող­մէ Ա­րեւ­մուտ­քին եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նին, որ նոր ռազ­մա­կան յար­ձա­կում պի­տի չըլ­լայ Ար­ցա­խի դէմ։ ­Բայց ինչ­պէս տե­սանք դրժո­ւե­ցաւ այդ խոս­տու­մը եւ 2023-ի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ա­սոր վառ ա­պա­ցոյցն են։ Ա.Մ.Ն. սկսած է ինչ որ պատ­ժե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն, հիմ­նո­ւե­լով այդ դրժո­ւած խոս­տու­մին վրայ։ ­Հի­մա, պէտք է յու­սանք որ այս պա­տիժ­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան ըլ­լան եւ բո­վան­դա­կա­լից։

— Այս ո­րո­շու­մին դի­մաց կայ Ատր­պէյ­ճա­նի մեր­ժու­մը՝ չմաս­նակ­ցե­լու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պու­մին։ ­Կա՞յ մեկ­նա­բա­նու­թիւն ա­սոր վե­րա­բե­րեալ։

-Ընդ­հան­րա­պէս, վեր­ջին շրջա­նին Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ Ա­րեւմ­տեան հար­թակ­նե­րուն վրայ ցոյց տալ ­Հա­յաս­տա­նի հետ կար­գա­ւոր­ման հար­ցե­րու մա­սին խու­սա­փո­ղա­կան կե­ցո­ւածք։ ­Յի­շեցնեմ նաեւ Ղ­րա­նա­տա­յի հան­դի­պու­մը, որ ա­մէն ինչ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած էր, բայց վեր­ջին պա­հուն մեր­ժե­ցին հան­դի­պու­մը, պնդե­լով ի­րենց նա­խա­պայ­մա­նին վրայ, թէ ­Թուր­քիան ալ պէտք է մաս­նակ­ցէր։ Ա­լիեւ ինք­զինք ա­ւե­լի վստահ կը զգայ, իր ա­ւագ եղ­բօր՝ Էր­տո­ղա­նի ներ­կա­յու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու։ ­Վեր­ջին պա­տե­րազ­մէն ետք, ­Թուր­քիոյ ազ­դե­ցու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ ուղ­ղա­կիօ­րէն շեշ­տո­ւածռ է։
­Յի­շեց­նեմ, այդ տխրահռ­չակ զօ­րա­հան­դէ­սը, որ ­Պա­քո­ւի մէջ կազ­մա­կեր­պեց Ա­լիե­ւը, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Էր­տո­ղա­նը, որ ա­նընդ­հատ կը յի­շեց­նէր, թէ ա­ռանց ­Թուր­քիոյ մեծ ա­ջակ­ցու­թեան այդ յա­ջո­ղու­թիւ­նը կրնար թե­րեւս ե­ղած չըլ­լար։ Այ­սինքն, այդ մեծ ռազ­մա­թեք­նի­քա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, Իտ­լի­պէն ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն տե­ղա­փո­խե­լը, թուրք սպա­յա­կոյ­տի տե­ղա­փո­խու­մը եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի ղե­կա­վա­րու­մը՝ ա­սոնք փաս­տեր էին, որ ա­պա­հո­վե­ցին նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ Եւ ա­նընդ­հատ այս մէ­կը ի­րենց կը յի­շե­ցո­ւի։

Ե՛ւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ե՛ւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ կը յի­շեց­նեն Ա­լիե­ւին այդ խոս­տում­նե­րու դրժու­մը, եւ Ար­ցա­խի խա­ղաղ բնակ­չու­թեան դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան մա­հակ, որ կը սկսին Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ը­նել։ Այս պատ­ճա­ռով Ա­լիե­ւը գի­տակ­ցա­բար կը խու­սա­փի այս հար­թակ­նե­րէն, ը­սե­լով նաեւ թէ ոչ Ա.Մ.Ն., ո՛չ Ֆ­րան­սան, ազ­նիւ միջ­նորդ­ներ չեն, ան­կողմ­նա­կալ չեն, այլ բռնած են ­Հա­յաս­տա­նի կող­մը։

­Հի­մա, այս ո­րո­շու­մը թե­րեւս կա­պակ­ցո­ւած է նաեւ Ա.Մ.Ն.-ի ­Ծե­րա­կոյ­տի ո­րո­շու­մին, ը­սե­լով որ դուք ար­դէն ձե­ւա­ւո­րած էք պատ­ժա­մի­ջոց­ներ մեր դէմ, ու­րեմն մենք գործ չու­նինք եւ ա­ւե­լի կը նա­խընտ­րո­ւին ­Մոս­կո­վեան հար­թա­կը, ­Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հի հո­վա­նիին տակ ինչ որ հան­դի­պում­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ուր ե­րե­ւի ա­ւե­լի վստահ կը զգայ։

Եւ հա­կա­ռա­կը կը տես­նենք ­Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, որ կը խու­սա­փի այդ հար­թակ­նե­րէն, կար­ծե­լով որ ­Ռու­սաս­տա­նը ա­ւե­լի հա­կո­ւած է Ատրպէյ­ճա­նի շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու։

Ան­շուշտ, կայ նաեւ ու­ժա­յին կեդ­րոն­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը, որ կր մր­ցին թէ ո՛վ իր ձեռ­քը պի­տի վերց­նէ ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։ ­Հե­ղի­նա­կու­թեան խնդիր կայ եւ այս մրցակ­ցու­թիւ­նը իր բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ­՚ու­նե­նայ հար­ցի կար­գա­ւոր­ման վրայ։

— Կը տես­նէք, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի մեր­ժու­մը Ա­րեւ­մուտք-­Ռու­սիա հա­կա­մար­տու­թեան խո­րա­պատ­կե­րին ալ կա­պո­ւա՞ծ է։

-Ան­շուշտ։ Այդ խո­րա­պատ­կե­րին մէջ մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի դիր­քե­րու ամ­րապնդ­ման պայ­քար տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ։ Ինչ­պէս կը տես­նէք, Ուք­րա­նիոյ մէջ ­Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի այս դի­մա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, ­Ռու­սաս­տա­նի դիր­քե­րը բա­ւա­կան թու­լա­ցած են, եւ ­Ռու­սաս­տա­նը կը զի­ջի իր դիր­քե­րը ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սին մէջ։ Այդ տե­ղը, շեշ­տա­կիօ­րէն ու շատ ուժ­գին կը փոր­ձէ զբա­ղեց­նել ­Թուր­քիան ա­ռա­ջին հեր­թին։ Օ­րի­նակ մը տամ ­Թուր­քիա­յին ե­ղած զի­ջում­նե­րուն մա­սին պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ։ 2020 թո­ւա­կա­նի ­Նո­յեմ­բե­րի 9-ի յայ­տա­րա­րու­թեան 5-րդ ­կէ­տի հա­մա­ձայն՝ պէտք է մո­նի­թո­րին­կա­յին կեդ­րոն ստեղ­ծո­ւէր, հրա­դա­դա­րի ռե­ժի­մի պահ­պա­նու­մը հսկե­լու հա­մար։ Այդ կեդ­րո­նը պի­տի ըլ­լար բա­ցա­ռա­պէս ռու­սա­կան, բայց այս թուղ­թի ստո­րագ­րու­մէն յե­տոյ՝ ­Թուր­քիան բա­ւա­կան աշ­խու­ժա­ցաւ եւ սկսաւ շան­թաժ բա­նեց­նել ռու­սե­րուն վրայ, Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջո­ցաւ նաեւ, որ մենք կ­՚ու­զենք ան­պայ­ման մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նալ։ Եւ ­Ռու­սիան գնաց զիջ­ման, ու մո­նի­թո­րին­կի կեդ­րո­նը դար­ձաւ ռուս-թրքա­կան։ ­Բան մը որ դար­ձեալ խախ­տում է այս թուղ­թին, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ պի­տի փո­խո­ւէր կեդ­րո­նի կար­գա­վի­ճա­կը, այս փո­փո­խու­թիւ­նը պէտք է հա­մա­ձայ­նո­ւէր բո­լոր կող­մե­րուն հետ։ ­Պարզ է, որ Ատր­պէյ­ճա­նը կողմ էր, ո­րով­հե­տեւ ­Թուր­քիոյ եւ թրքա­կան զօր­քի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հա­կակ­շիռ պի­տի ըլ­լար ռու­սե­րուն, բայց ­Հա­յաս­տա­նի հետ ոե­ւէ մէ­կը չէր հա­մա­ձայ­նած այդ հար­ցին մա­սին։ Այս­պէս, ռուս-թուրք եր­կու նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ յու­շա­գիր ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ եւ թուր­քե­րը մտան Ակ­նա­յի մո­նի­թո­րին­կա­յին կեդ­րո­նին մէջ։ Այս պարզ օ­րի­նա­կով կ­՚ու­զեմ ցոյց տալ, թէ ինչ­պէ՛ս ­Ռու­սաս­տա­նը աս­տի­ճա­նա­բար իր դիր­քե­րը կը զի­ջի ­Թուր­քիա­յին։

Օ­րի­նակ մը եւս։ Ե­ռա­կողմ յայ­տա­րա­րու­թեան ստո­րագր­ման պա­հուն Ա­լիեւ ա­ռա­ջին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Էր­տո­ղա­նին, յե­տոյ՝ նոր միայն ­Փու­թի­նին, պա­տե­րազ­մի ծա­նօթ ել­քին հա­մար։ Ա­սոնք յստակ ու­ղերձ­ներ էին, որ Ատր­պէյ­ճան ցոյց կու­տար յստա­կօ­րէն, թէ ի­րեն հա­մար կա­րե­ւոր է ­Թուր­քիոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ալ չը­սեմ ­Շու­շիի հռչա­կագ­րին հա­մար, որ մեր Ար­ցա­խի զար­դը հան­դի­սա­ցող եւ ան­կոտ­րում բեր­դա­քա­ղա­քին մէջ էր, որ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ այդ կ­՚են­թադ­րէ խոր հա­մար­կում եր­կու թրքա­կան պե­տու­թիւն­նե­րու բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մի­ջեւ՝ մշա­կոյթ, գի­տու­թիւն, կրթու­թիւն¬ռազ­մա­կան եւ ա­նոր սուր ան­կիւ­նը ուղ­ղո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի դէմ։ ­Փանթր­քա­կան ծրա­գի­րի շատ ակ­տիւ ար­տա­յայ­տու­թիւն, ո­րու դրսե­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը այս­պէս կո­չո­ւած ­Զան­գե­զու­րի մի­ջանց­քի պա­հանջքն է, որ կը տես­նենք ա­մէն օր, երբ Ա­լիեւն ու Էր­տո­ղա­նը ­Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ կը դնեն օր ու գի­շեր, որ­պէս խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագ­րի հետ կա­պո­ւած կէտ, այդ­պէս յղում ը­նե­լով ե­ռա­կողմ յայ­տա­րա­րու­թեան 9-րդ ­յօ­դո­ւա­ծին վրայ, ուր ը­սո­ւած չէ, թէ ո­րե­ւէ նման մի­ջանցք պի­տի ըլ­լայ։ Այլ՝ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի փո­խադ­րու­թեան ու­ղիի , որ պի­տի վե­րահս­կո­ւի ­Ռու­սաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան սպա­սար­կու­թեան սահ­մա­նա­պահ զօր­քե­րուն կող­մէ։ Որ­քան ալ տա­րօ­րի­նակ թո­ւի, այս կէ­տին մէջ եւս կը տես­նենք, որ ­Ռու­սաս­տան կը պաշտ­պա­նէ այս հար­ցը, կանգ­նե­լով ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին։ ­Կը թո­ւի, թե սա փանթր­քա­կան ծրա­գի­րի մաս է, ան ի վեր­ջոյ ուղ­ղո­ւած է նաեւ ­Ռու­սիոյ դէմ, հա­շո­ւի առ­նե­լով թրքա­խօս բնակ­չու­թեան առ­կա­յու­թիւ­նը ­Ռու­սիոյ տա­րած­քին մէջ. ­Հիւ­սի­սա­յին ­Կով­կա­սի, Ու­րա­լոի, ­Թա­թարս­տա­նի, եւ այլն, եւ կ­՚են­թադ­րո­ւի, որ վեր­ջէն ա­սոնք կրնան միա­նալ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մին։ ­Սա­կայն, ո­րոշ վեր­լու­ծա­բան­նե­րու կար­ծի­քով, թուրք-ռու­սա­կան շա­հե­րու այս հա­մընկ­նու­մը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու գոր­ծադր­ման հար­ցով եւ այս ճա­նա­պար­հը ­Ռու­սաս­տա­նը կը դի­տէ, որ­պէս ար­գի­լում­նե­րու շրջան­ցում։ ­Թուր­քիոյ մի­ջո­ցով՝ ­Նա­խի­ջե­ւան եւ ­Մեղ­րիի մի­ջանցք ը­սո­ւա­ծով, որ իր կող­մէ պէտք է վե­րահս­կո­ւի, Ատր­պէյ­ճա­նի վրա­յով ապ­րանք­նե­րը ­Ռու­սաս­տան տեղ հասց­նե­լու հար­ցով։ ­Ռու­սաս­տա­նը, ե­րե­ւի թէ կը գի­տակ­ցի փանթր­քա­կան այս վտանգ­նե­րուն մա­սին, բայց այս պա­հուն, այդ ճա­նա­պարհ­նե­րու մի­ջո­ցով, ար­գի­լում­նե­րու շրջան­ցու­մը ա­ռաջ­նա­հերթ է ի­րեն հա­մար։ Այս ա­ռու­մով, ­Զան­գե­զու­րի մի­ջանց­քի բաց­ման մա­սին կը խօ­սին նաեւ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ։

— Ուք­րա­նիոյ դէմ պա­տե­րազ­մը ի՞նչ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ ­Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան փո­փո­խու­թեան վրայ։

2022 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւա­րի 22-ին, այ­սինքն Ուք­րա­նիոյ մէջ -ինչ­պէս ռու­սե­րը կ­՚ը­սեն յա­տուկ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան- բայց ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն եր­կու օր ա­ռաջ Ա­լիեւ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա եւ հռչա­կա­գիր մը ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ռուս-ատր­պէյ­ճա­նա­կան դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, փո­խա­դարձ օգ­նու­թեան, ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան։ Եւ ե­թէ 1997 թո­ւա­կա­նին ­Ռու­սաս­տա­նը ստո­րագ­րած էր ­Հա­յաս­տա­նին հետ մեծ պայ­մա­նա­գիր, ճիշդ այս նոյն բո­վան­դա­կու­թեամբ՝ ռազ­մա­կան փո­խա­դարձ օգ­նու­թեան հա­մար, նոյն այս կէ­տե­րը շա­րադ­րո­ւած են Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հռչա­կա­գի­րին մէջ։ Եւ ին­չո՞ւ կա­տա­րո­ւե­ցաւ այս։ Ո­րով­հե­տեւ ­Ռու­սաս­տա­նը միշտ ու­նէր մտա­վա­խու­թիւն, որ ­Թուր­քիան ու Ատր­պէյ­ճա­նը ո­րե­ւէ պա­հու կրնան երկ­րորդ ճա­կատ բա­նալ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ, ինչ­պի­սին է ա­մե­րի­կեան իս­րա­յէ­լա­կան կե­ցո­ւած­քը Ի­րա­նի դէմ, նոյ­նը կրնայ պա­տա­հիլ նաեւ ­Ռու­սիոյ դէմ։ Եւ ­Ռու­սաս­տա­նը այս ձե­ւով կը փոր­ձէ որ­պէս դաշ­նա­կից պա­հել ­Թուր­քիան։

­Կը կար­ծեմ, որ այս մտայ­նու­թիւ­նը, որ ­Ռու­սիոյ վեր­նա­խա­ւի մէջ կայ, երկ­րորդ ճա­կատ բա­ցո­ւե­լէն ա­մէն գնով խու­սա­փե­լու, սա կոր­ծա­նա­րար է ­Ռու­սաս­տա­նի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ իր դիր­քե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ թու­լա­ցած են, եւ այդ դիր­քե­րը կը զբա­ղեց­նէ ­Թուր­քիան, եւ ըստ էու­թեան ռու­սե­րը են­թար­կո­ւե­լով թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շան­դա­ժին, սկսան կա­տա­րել զի­ջում­ներ, գե­րա­զան­ցա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ի­րա­ւունք­նե­րու հա­շի­ւին։ ­Ճիշդ նոյն վի­ճակն է, ինչ­պէս 100 տա­րի ա­ռաջ, ­Քե­մալ Ա­թա­թուր­քի հետ բոլ­շե­ւիկ­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, որ ­Հա­յաս­տա­նի ի վնաս կա­տա­րո­ւե­ցաւ, թուր­քե­րուն յանձ­նո­ւե­ցան ­Կար­սը, Ար­տա­հա­նը, ­Սուր­մա­լուի գա­ւա­ռը, իսկ ­Նա­խի­ջե­ւա­նը՝ Ատր­պէյ­ճա­նին … պատ­մու­թիւ­նը կար­ծես կը կրկնո­ւի։ Այս պա­հուն կա­րե­ւոր է նկա­տել, թէ ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան հա­ւա­նա­կան նոր ռազ­մա­կան բա­խու­մի պա­րա­գա­յին, ի՛նչ կե­ցո­ւածք պի­տի ու­նե­նայ ­Ռու­սաս­տա­նը։ Ո­րով­հե­տեւ 22 ­Փետ­րո­ւա­րէն ետք, ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ ինք այ­լեւս չու­նի մէկ ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից, այլ ու­նի եր­կու, յստակ ար­ձա­նագ­րո­ւած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ պայ­մա­նա­գի­րով ամ­րագ­րո­ւած։

Որ­պէս­զի ա­ւե­լի յստակ ըլ­լայ, թէ ին­չի մա­սին է խօս­քը, այս թուղ­թի ստո­րագ­րու­մէն յե­տոյ, երբ որ Ատր­պէյ­ճա­նը սկսաւ կտոր կտոր Ար­ցա­խէն տա­րածք­ներ կտրել, խօս­քը ­Բա­րուխ գիւ­ղի, ­Գա­րագ­լուխ բարձ­րուն­քի մա­սին է, ­Ռու­սաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, հաս­ցէա­կան մե­ղադ­րանք հնչե­ցուց, որ հրա­դա­դա­րի խախ­տու­մը խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու կար­ծի­քով կա­տա­րո­ւած էր Ատր­պէյ­ճա­նին կող­մէ։ Եւ Ատր­պէյ­ճան ան­մի­ջա­պէս այս թուղ­թը ցոյց տո­ւաւ ռու­սե­րուն, ը­սե­լով, որ դուք այ­լեւս մեր դաշ­նա­կիցն էք եւ ­Ռու­սաս­տա­նը պար­տա­ւոր է յար­գել մեր տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, ներ­քին գոր­ծե­րուն չմի­ջամ­տել, եւ այլն, հասկց­նել տա­լով, որ դուք մեր շա­հը պար­տա­ւոր էք պաշտ­պա­նել, ո՛չ թէ «սե­փա­րա­թիստ­նե­րու», այն­պէս ինչ­պէս կը դի­տէին Ար­ցախ­ցի­նե­րուն։ Ա­նընդ­հատ, այս թուղ­թը Ատր­պէյ­ճան որ­պէս յաղ­թա­թուղթ կ­՚օգ­տա­գոր­ծէ ­Ռու­սաս­տա­նի դէմ եւ այդ­պի­սի աս­տի­ճան սան­ձար­ձակ դար­ձած է, որ Ուք­րա­նիոյ ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ, ե՛ւ ֆի­նան­սա­կան ե՛ւ ռազ­մա­թեք­նի­քա­կան։ ­Զե­լենս­քին քա­նի մը ան­գամ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է։

Այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան խախ­տու­մը ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սին մէջ կրկին մենք կը տես­նենք, որ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած չէ այն­քան ­Հա­յաս­տա­նի ո­րոշ քա­ղա­քա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով, հա­կա­ռակ որ ա­նոնք ալ ի­րենց բա­ցա­սա­կան դե­րը ու­նին, բայց ա­ռա­ւե­լա­բար՝ մենք կը տես­նենք փո­փո­խու­թիւն­ներ ­Ռու­սաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։ Այս պա­հուն ­Ռու­սաս­տա­նի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը Ուք­րա­նիան է, ուր ան պէտք է պա­հէ իր տե­ղե­րը, ­Տոն­պա­սը, ­Լու­կանս­քը, ­Զա­փո­րի­ժիան, այդ տա­րածք­նե­րը, ո­րոնք մտած են այ­լեւս ­Ռու­սաս­տա­նի կազ­մին մէջ, եւ ­Սու­րիան։ Այ­լեւս կը տես­նենք, որ ի­րենք յստակ ո­րո­շած են ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եւ ­Կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նին հա­մար։

— Սա պա­հուն կայ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու տա­րափ մը, յատ­կա­պէս Ա­րեւ­մուտ­քի կող­մէ, որ կը խօ­սի Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած վե­րա­դար­ձի մա­սին։ Որ­քա­նո՞վ կը կար­ծէք որ Ա­րեւ­մուտ­քի եւ ­Ռու­սաս­տա­նի տե­սա­կէտ­նե­րը կը հա­մընկ­նին հոս։ ­Կա՞յ են­թա­հող, կամ ընդ­հա­նուր բաղ­ձանք­ներ են։

-Այս վեր­ջին յար­ձակ­ման պա­րա­գա­յին, շա­տե­րու հա­մար ա­նակն­կալ ե­ղաւ, որ Ար­ցա­խի հայ բնակ­չու­թիւ­նը միա­կամ ո­րո­շում կա­յա­ցուց հայ­րե­նի­քը լքե­լու, սե­փա­կան օ­ճախ­նե­րը լքե­լու այդ շատ դա­ժան ո­րո­շու­մին հաս­նի, բայց ես սա կը դի­տեմ որ­պէս հան­րա­քո­ւէ մը։ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հա­մարկ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ հան­րա­քո­ւէ մըն է այս կե­ցո­ւած­քը։ Ար­ցախ­ցի­նե­րը հա­ւա­քա­կան ա­ռու­մով «Ոչ» ը­սին, բա­ցա­յայ­տե­լով թէ, «մենք Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներ չենք կրնար դառ­նալ» եւ նոյ­նիսկ մեր օ­ճախ­նե­րը լքե­լու գնով, «ՈՉ» կ­՚ը­սենք։ ­Շա­տեր յոյս ու­նէին, որ կա­րե­լի է Ար­ցախ­ցի­նե­րու ո­րոշ մաս մը դուրս գալ, բայց ու­րիշ­ներ ալ պի­տի մնա­յին, հա­զա­րա­մեակ­նե­րով հոն գո­յու­թիւն ու­նե­ցած ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։ ­Բայց լիո­վին լքե­լու Ար­ցա­խի փաս­տը ա­նակն­կա­լի բե­րաւ շա­տե­րուն՝ Ատր­պէյ­ճա­նին, որ յոյս ու­նէր, թէ Ար­ցախ­ցի­նե­րը պի­տի հպա­տա­կէին, ե՛ւ ռուս­նե­րուն, որ այդ­պէս պի­տի ար­դա­րաց­նէին Ար­ցա­խի մէջ ի­րենց խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու հե­տա­գայ մնա­լը։

­Նո­յեմ­բեր 9-ի փաս­տա­թուղ­թը դար­ձած է պար­զա­պէս թուղ­թի կտոր, ո­րով­հե­տեւ երբ այդ պայ­մա­նա­գի­րի պայ­ման­նե­րը ար­մա­տա­պէս կը փո­խո­ւին, ալ ին­չի մա­սին խօսք կրնայ ըլ­լալ։ ­Ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան բա­ժի­նը ա­նի­մաստ կը դառ­նայ, ո­րոնք ա­նոնք հոն կը գտնո­ւէին խա­ղաղ բնակ­չու­թեան ա­պա­հո­վու­թեան հսկե­լու հա­մար, այ­լեւս ա­ռանց բնակ­չու­թեան ո՛չ ալ գործ պի­տի ու­նե­նան հոն։ Եւ Ատրպէյ­ճան ո­րե­ւէ պա­հու այդ ուղ­ղու­թեամբ պի­տի խօ­սի։ ­Նոյ­նը Ա­րեւ­մուտ­քի պա­րա­գա­յին, ո­րով­հե­տեւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը հոն հզօր լծակ էր Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու, եւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան մեկ­նու­մով ի­րենք կը զրկո­ւին այդ լծա­կէն։ ­Բայց բո­լո­րը կը հասկ­նան, թէ այդ բո­լո­րը կա­տա­րո­ւած է մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րու կո­պիտ խախ­տու­մով։ ­Խօս­քը պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու մա­սին է, ե­րե­խա­նե­րու գլուխ­ներ կտրե­լը, խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը հրթի­ռա­կո­ծե­լը, ար­գի­լո­ւած զէն­քեր գոր­ծա­ծե­լը, Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ լա­ւա­պէս գի­տեն եւ բա­ւա­կան խիստ ձե­ւով Ատր­պէյ­ճա­նին կը մե­ղադ­րեն այս բո­լո­րին հա­մար։ ­Վեր­ջերս, մենք տե­սանք, որ Մ.Ա.Կ.-ի դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մը ա­պա­հով վե­րա­դար­ձի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը նշէր։ ­Հոս խնդի­րը այն է, թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի վե­րա­դառ­նան մար­դիկ, որ նոյ­նիսկ մշա­կու­թա­յին ինք­նա­վա­րու­թեան հար­ցը չ­՚ըն­դու­նիր Ատր­պէյ­ճա­նը։ ­Բո­լորս կրնանք հասկ­նալ, որ սա ձուլ­ման, ստրկաց­ման, նո­ւաս­տաց­ման ծրա­գիր է, եւ Ար­ցախ­ցի­նե­րը չեն կրնար հա­մա­ձայ­նիլ նման պա­րա­գա­յի։ Ե­թէ ոչ՝ հոն տե­ղեն դուրս ալ չպի­տի գա­յին։

Ե­թէ իս­կա­պէս ազ­նիւ են մղում­նե­րը ռու­սե­րու եւ Ա­րեւ­մուտ­քի, ա­պա կրկին պէտք է վե­րար­ծար­ծուի կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը։ Եւ ա­ռաջ գայ ինք­նա­վա­րու­թեան հար­ցը, որ­պէս­զի ար­ցա­խա­հա­յե­րը անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­ներ ու­նե­նան։

— Խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագ­րի ընդ­հա­նուր բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ձեռն­տո՞ւ է հայ­կա­կան կող­մին հա­մար, նկա­տի ու­նե­նա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ դրո­ւած պայ­ման­նե­րը։

­Շատ լուրջ հարց է այս։ ­Նախ պէտք է ը­սել, որ խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գի­րի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, հայ­կա­կան կող­մը կարգ մը ան­տե­ղի զի­ջում­ներ ը­րաւ Ատր­պէյ­ճա­նին, ի­րենց դիր­քե­րը ա­ւե­լի ու­ժե­ղաց­նե­լով եւ տկա­րաց­նե­լով մե­րը։ ­Քա­նի մը օ­րի­նակ­ներ տամ։ Երբ կը խօ­սո­ւէր Ալ­մա-Ա­թա­յի հռչա­կա­գի­րով սահ­ման­նե­րու փո­խա­դարձ ճա­նաչ­ման մա­սին, յստակ վե­րա­պա­հու­թիւն մը կար ­Հա­յաս­տա­նին կող­մէ։ Ա­նոնց­մէ 10-րդը կը վե­րա­բե­րէր այն կէ­տին, որ կ­՚ը­սէր, թէ Ա.Պ.Հ.-ին կրնա­յին մաս­նակ­ցիլ ո՛չ միայն հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը, այ­լեւ ինք­նա­վար կազ­մա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք ու­նե­ցած են պե­տա­կա­նու­թեան կար­գա­վի­ճակ եւ հան­րա­քո­ւէով, օ­րի­նա­կան ձե­ւով դուրս ե­կեր են Խ.Ս.Հ.Մ. կազ­մէն։ Այս ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը ճիշդ ու ճիշդ կը հա­մընկ­նին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար մար­զին։ ­Հի­մա, երբ ­Հա­յաս­տա­նը կ­՚ը­սէ, որ մենք կը ճանչ­նանք տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը պէտք էր մէջ­տեղ բե­րո­ւէր նաեւ այս կա­րե­ւոր վե­րա­պա­հու­թիւ­նը։ ­Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին, կը նշա­նա­կէ որ կը հրա­ժա­րիս Ար­ցա­խէն։

Երկ­րորդ կո­պիտ սխա­լը ե­ղաւ, երբ քա­նի մը հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին, հայ­կա­կան կող­մը թի­ւե­րով նշեց տա­րածք­նե­րը, նշե­լով թէ կը ճանչ­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի 86.600 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթ­րը։ ­Սա կո­պիտ սխալ էր։ Կր­նար կա­տա­րո­ւէր միայն ե­թէ Ատր­պէյ­ճան իր կար­գին թի­ւե­րով ճանչ­նար ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը, ինչ որ չէ կա­տա­րած։ Ին­չու՞ Ա­լիեւ չ­՚ը­սեր 29.800 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր. ո­րով­հե­տեւ եր­կու յար­ձա­կո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով՝ ա­ռա­ջի­նը 2021-ի ­Մա­յի­սի 12-ին՝ ­Վե­րին ­Շոր­ժա, ­Կուտ, ­Գե­ղար­քու­նի մարզ եւ ­Սեւ լիճ, երկ­րոր­դը 2022 ­Սեպ­տեմ­բե­րի 13-ին ­Ջեր­մու­կի ուղ­ղու­թեամբ, ներ­խու­ժում­ներ ե­ղան մօ­տա­ւո­րա­պէս 200 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րածք այս պա­հուն գրա­ւո­ւած է, ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րած­քէն։ Ար­դեօ՞ք Ատր­պէյ­ճան պատ­րաստ է ետ քա­շե­լու իր զօր­քե­րը, երբ հոն ար­դէն սկսած են ամ­րա­շի­նա­կան աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րել, դիր­քեր տե­ղադրել եւ բա­ւա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան կէ­տեր կը վե­րահսկեն՝ ճամ­բա­նե­րը, բարձ­րունք­նե­րը։ Ար­դեօ՞ք ­Հա­յաս­տան որ­պէս նա­խա­պայ­ման պի­տի դնէ այս հար­ցը խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագ­րին մէջ։

Ատր­պէյ­ճա­նի թի­ւե­րը նշե­լով ­Հա­յաս­տան դուրս կը ձգէ ոչ միայն Ար­ցա­խը, այլ նաեւ 7 տխրահռչակ անք­լաւ­նե­րը, գիւ­ղեր ­Տա­ւու­շի եւ Ա­րա­րա­տի մար­զե­րու, ո­րոնք ռազ­մա­վա­րա­կան խիստ նշա­նա­կու­թիւն ու­նին։ Իսկ հի­մա կը տես­նենք, որ Ատրպէյ­ճա­նի ա­խոր­ժա­կը սրած ըլ­լա­լով, ուղ­ղա­կի կը խօ­սի այդ անք­լաւ­նե­րու մա­սին։ ­Մենք եր­բեք այդ­պի­սի զի­ջում­ներ պէտք չէ կա­տա­րենք, ո­րով­հե­տեւ այդ կը դառ­նայ անվ­տան­գա­յին շատ լուրջ խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Ա­խոր­ժա­կը բա­ցուեր է Ատր­պէյ­ճա­նին, որ ար­դէն կը խօ­սի հա­րիւր հա­զար ա­զե­րի­նե­րու վե­րա­դար­ձին մա­սին, ո­րոնք իբ­րեւ թէ բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած են այդ շրջան­նե­րէն։ ­Լուրջ սպառ­նա­լիք­ներ են ա­սոնք մեր պե­տա­կա­նու­թեան հա­մար։ Ալ չեմ նշեր Ա­լիե­ւի խօս­քե­րը, որ երբ խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նագրի մա­սին կը խօ­սի, զու­գա­հե­ռա­բար ա­ռաջ կը քշէ Ա­րեւմ­տեան Ատր­պէյ­ճան ա­նո­ւա­նու­մը։ Ի­րենց պարզ մտադ­րու­թիւ­նը ցոյց կու­տան այս բո­լո­րը։ Ս­խալ­նե­րը՝ որ շա­րու­նա­կա­բար կա­տա­րո­ւած են մեր կող­մէ, շատ լուրջ անվ­տան­գա­յին խնդիր­ներ կրնան դառ­նալ մեր ա­պա­գա­յի հա­մար։

Ինչ­պէս ը­սի սկզբնա­ւո­րու­թեան, մրցակ­ցու­թիւն կայ թէ ո՞վ պի­տի վե­րահս­կէ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն՝ Ա­րեւ­մուտ­քը, ­Ռու­սաս­տա­նը, Պ­րիւք­սէ­լը, Ո­ւա­շինկ­թը­նը կամ ­Մոս­կո­ւան, կը նշա­նա­կէ թէ ընդ­հա­նուր ըմբռ­նում կայ, բայց կայ նաեւ զօ­րա­ւոր մրցակ­ցու­թիւն, թէ ո­րու անձ­րե­ւա­նո­ցին տակ պի­տի ըլ­լայ գոր­ծըն­թա­ցը։ Ով որ այդ կրցաւ ը­նել, իր դիր­քե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս ուղ­ղա­կի ընդ­հան­րա­ցած պի­տի տես­նէ։ Ու­րեմն հասկ­նա­լի է, թէ սա պարզ պայ­մա­նա­գիր չէ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ, այլ այդ պայ­ման­նե­րը պի­տի թե­լադ­րո­ւին վե­րեւ նշո­ւած ու­ժա­յին կեդ­րոն­նե­րուն կող­մէ։

— Ի՞նչ կ­՚ակն­կա­լէք ­Յու­նաս­տա­նէն որ­պէս բա­րե­կամ եւ դաշ­նա­կից եր­կիր։

­Մենք կը տես­նենք թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տան­դե­մի յար­ձա­կո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, գիտ­նա­լով որ ծրագ­րի կեդ­րո­նը Ան­գա­րան է։ ­Կը տես­նենք, թէ Էր­տո­ղա­նի վար­չա­կար­գը բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով յար­ձա­կո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն կը վա­րէ։ ­Թէ՛ ­Պալ­քան­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ, թէ Ա­րա­բա­կան թե­րակղ­զիի վրայ, եւ այդ պա­տա­հա­կան չէ, ո­րով­հե­տեւ Էր­տո­ղան նո­րօս­մա­նեան մտայ­նու­թիւ­նը յա­ռաջ կը քշէ։ ­Պարզ է, որ այս քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը սպառ­նա­լիք է դրա­ցի բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար. ոչ միայն ­Յու­նաս­տա­նի, ոչ միայն ­Կիպ­րո­սի, ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ ­Սու­րիոյ, Ի­րա­քի, ­Լի­պիոյ հա­մար։ Այս կե­ցուած­քը պէտք է թե­լադ­րէ այս եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, որ ի­րենք հար­կադ­րո­ւած են միա­ւո­րո­ւե­լու հա­կաթր­քա­կան կամ հա­կա­փանթրքա­կան դա­շինք մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ ­Կը կար­ծեմ, որ ռազ­մա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռու­մով գէթ, այս­պի­սի քայ­լեր կ­՚առ­նո­ւին։ ­Կը տես­նենք միա­ցեալ ռազ­մա­փոր­ձե­րը, որ շատ ող­ջու­նե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն է եւ դրա­կան յոյս կու­տայ։

­Կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում մը։ ­Թուր­քիան մշտա­պէս Ա­լիե­ւին կը պար­տադ­րէր, որ ճանչ­նայ իր կող­մէ գրա­ւո­ւած ­Կիպ­րո­սի բա­ժի­նը։ Իսկ Ա­լիեւ կը հա­կա­դար­ձէր, որ ե­թէ ճա­նա­չու­մի յա­ռա­ջա­նայ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի հիմ­քով, Ար­ցա­խի պա­րա­գան կրնայ ի­րենց դէմ դառ­նալ։ Իսկ հի­մա, երբ Ար­ցա­խը պար­տո­ւած է վեր­ջին պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով, կրկին աշ­խու­ժա­ցած է այս թե­ման, եւ ար­դէն հան­դի­պում կա­յա­ցած է գրա­ւուած ­Կիպ­րո­սի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ, խոս­տում­ներ տրո­ւած են եւ պայ­մա­նագ­րի նա­խա­գիծ մը կը պատ­րաս­տո­ւի։ Ա­լիե­ւը պի­տի չկա­րո­ղա­նայ ընդ­դի­մա­նալ Էր­տո­ղա­նի պար­տադրան­քին եւ օր մը կրնայ եր­թալ այդ քայ­լին։ ­Հոս հար­ցա­կա­նը յստակ է։ Ե­թէ այդ­պի­սի քայլ մը կա­տա­րէ Ա­լիեւ, ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րը պի­տի եր­թա՞ն հա­մա­կար­գո­ւած նշա­նա­կու­թեամբ քայլ առ­նե­լու, օ­րի­նա­կի հա­մար ճանչ­նալ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ հոն ար­ցա­խա­հա­յե­րու վե­րա­դառ­նա­լու ի­րա­ւուն­քը։ Այս շատ կա­րե­ւոր եւ ա­ռանձ­քա­յին խնդիր է, կը կար­ծեմ, որ պե­տա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան խո­ղո­վակ­նե­րով մեր բա­րե­կամ­նե­րուն հետ աշ­խա­տանք­ներ պէտք է տա­րո­ւին այս ուղ­ղու­թեամբ։

Ան­շուշտ՝ ռազ­մա­կան, քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան մի­ջազ­գա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մէջ այս պե­տու­թիւն­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կրնայ շատ ար­դիւ­նա­բեր ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը կը բխի բո­լոր այս պե­տու­թիւն­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու շա­հե­րէն։

— Շ­նոր­հա­կալ ենք։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company