ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Որ­պէս­զի կան­գուն պա­հենք մեր ար­ժէք­նե­րը

31 Դեկտեմբեր 2023

­Քա­նի մը օ­րէ ի վեր, «Ա­զատ Օր»-ը հրա­տա­րա­կած է յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որ կապ ու­նի թեր­թի ա­պա­գայ ծրագ­րում­նե­րուն հետ, սկիզբ առ­նե­լով 2024-ի ա­ռա­ջին թի­ւէն։ ­Մեր թեր­թը եւս, զգա­լով տպա­գիր մա­մու­լի տագնա­պը, պար­տի նոր ըմբռնում­նե­րու ի­րա­կա­նու­թեան տակ պատ­շա­ճեց­նել իր հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը, քայլ պա­հե­լով ար­դի մի­ջոց­նե­րուն հետ, հայ թեր­թը ա­ւե­լի մատ­չե­լի դարձ­նե­լու նա­խան­ձախնդրու­թեամբ։ Ար­դէն իսկ, հա­մա­ցան­ցին վրայ, յայ­տա­րա­րու­թեան տակ ե­րեւ­ցած են մեծ թի­ւով դրա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ըն­թեր­ցող­նե­րու եւ բա­րե­կամ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք խրա­խու­սիչ եւ գօ­տեպն­դիչ զգա­ցում­ներ կը պատ­ճա­ռեն մե­զի։

­Հա­ւա­նա­բար, յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ո­մանց հա­մար հար­ցա­կան­ներ ստեղ­ծած կրնայ ըլ­լալ, ո­մանց մօտ նաեւ սրտնե­ղու­թիւն մը, թէ՝ այ­լեւս տպա­գիր թեր­թը օ­րա­կան պի­տի չհաս­նի ա­նոնց ձեռ­քը։

Իս­կա­պէս, դժո­ւար է եր­բեմն ար­մա­տա­կան լու­ծում­ներ հրամց­նել, ար­դէն իսկ տաս­նա­մեակ­ներ հաս­տա­տո­ւած դրու­թեան մը դի­մաց։ Իր հրա­տա­րա­կու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րէն՝ 1945-էն ի վեր, «Ա­զատ Օր»-ը ա­մէն օր, տաք հա­ցի նման, բուր­մունք կը բե­րէր հայ­կա­կան տու­նե­րը, ըն­թեր­ցող­նե­րը ան­համ­բեր կը սպա­սէին ա­նոր ե­րեւ­ման, որ­պէս­զի կար­դան հա­յաշ­խար­հի լու­րե­րը եւ յա­գե­նան հա­յու­թեան տաք ու պաղ օ­րե­րու զար­գա­ցում­նե­րով, նուա­ճում­նե­րով, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մա­սին լու­րե­րով, այ­լեւ գա­ղու­թին մէջ մեծ ու փոքր ան­ցու­դար­ձե­րով, մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քով, նոյ­նիսկ միու­թե­նա­կան փոքր յայ­տա­րա­րու­թեան մը մէջ հայ ո­գին ու դրոշ­մը զգա­լով։

­Հի­մա, ո­մանց կրնայ թո­ւիլ, թէ այս զգա­ցու­մը օ­դին մէջ կը ցնդի, կ­՚ան­հե­տա­նայ, մեծ բաց թող­նե­լով տաս­նա­մեակ­նե­րուն մէջ եր­կա­րող հա­րա­զատ սո­վո­րու­թեան մը վրայ։

­Կը գի­տակ­ցինք, թէ ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն հա­ճե­լի չի կրնար ըլ­լալ ամ­բող­ջու­թեամբ։ ­Թուղ­թին վրայ հայ­կա­կան տա­ռը փնտռո­ղը ու զայն փայ­փա­յո­ղը յա­ճախ կը դժո­ւա­րա­նայ ար­հես­տա­գի­տու­թեան նոր ձե­ւե­րուն մէջ գտնել այն հա­րա­զա­տու­թիւ­նը, որ թուղթն ու մե­լա­նը ստեղ­ծած են։

­Սա­կայն, կեան­քի մէջ կա­տա­րո­ւող փո­փո­խու­թիւն­նե­րը ա­նո­ղոք կը դառ­նան, ոչ միայն ան­հա­տա­կան մեր ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս, այ­լեւ հա­ւա­քա­կան կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ։

Ե­թէ ան­ցեա­լին ազ­գա­յին կեան­քը գաղ­թօ­ճախ­նե­րէն հե­ռու չէինք տես­ներ, ուր վար­ժա­րան, ա­կումբ եւ ե­կե­ղե­ցի մեր գո­յու­թեան ա­ռանց­քը կը կազ­մէին, ուր ճամ­բա­նե­րուն մէջ, կամ տու­նե­րու պատշ­գամ­նե­րէն միայն հա­յե­րէն լե­զուն կը թայ­լայ­լէր, այ­սօր հայ կեան­քի հին օ­րե­րը լիո­վին ի­րենց տե­ղը տո­ւած են կեն­ցա­ղա­յին տար­բեր պատ­կեր­նե­րու։ ­Շահ­նու­րեան «­Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի» յո­ռե­տե­սու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ պա­տած է հա­յու հա­ւա­քա­կան, ըն­տա­նե­կան եւ անձ­նա­կան կեան­քի բո­լոր ծալ­քե­րը։

­Կա՛մ գլուխ պի­տի ծռենք հուժ­կու յոր­ձան­քին առ­ջեւ ու ան­զօր պի­տի յանձ­նո­ւինք ա­նոր մա­հա­ցու հա­րուած­նե­րուն, կա՛մ հա­ւա­քա­կան դիա­վա­րու­մով հո­սանքն ի վեր, պի­տի շա­րու­նա­կենք ինք­նու­թեան պայ­քա­րը, ա­մէն օր ումպ մը հայ­կա­կա­նու­թիւն սրսկե­լով հայ նոր սե­րուն­դի մատ­ղաշ հո­գի­նե­րուն մէջ։

Ա­հա՛, այս մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու եւ ազ­գա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րու տագ­նա­պեց­նող ա­լի­քին մէջ, «Ա­զատ Օր»-ը, յու­նա­հա­յու­թեան հա­րա­զատ թերթն ու ան­գին բա­րե­կա­մը, կը փոր­ձէ նոր շրջան մը թե­ւա­կո­խել, իր զի­նա­նո­ցին մէջ նե­րառ­նե­լով ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջոց­ներն ու ըմբռնում­նե­րը, նոր ձե­ւա­չա­փե­րու որ­դեգ­րու­մով, տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թեան մը ընտրու­թեամբ, որ ար­դէն հա­մաշ­խար­հա­յին մա­մու­լի ան­դաս­տա­նէն ներս տա­րի­ներ ա­ռաջ հաս­տա­տո­ւած է, նոյ­նիսկ ծա­ւալ ու­նե­ցող թեր­թե­րու եւ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու կող­մէ։

­Նոր չեն թեր­թիս մա­սին պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րու եւ վար­չու­թիւն­նե­րու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը։ Ի­րա­կա­նու­թիւն է, որ մեր թեր­թը եր­բեք չէ գոր­ծած կու­սակ­ցա­կան օր­կա­նի մը նեղ սահ­ման­նե­րուն մէջ։ Ե­ղած է ու կը շա­րու­նա­կէ հան­դի­սա­նալ ժո­ղովրդա­յին ըն­դու­նե­լու­թիւն վա­յե­լող հայ­կա­կան շտե­մա­րան մը, սա­կայն ա­նոր ե­տին, տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ, կանգ­նած են Հ.Յ.Դ. պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­ներ, մա­մու­լով տագ­նա­պող վար­չա­կան­ներ, ի­րենց հո­գին ու ե­սը մա­շե­ցու­ցած խմբա­գիր­ներ, շա­րող­ներ կամ աշ­խա­տա­կից­ներ, ո­րոնք բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան հսկայ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու մա­տու­ցու­մով, թեր­թը ոտ­քի եւ անն­կուն պա­հած են ա­ւե­լի քան 78 տա­րի շա­րու­նակ։

Ար­դէն, մեր թեր­թի 75-ա­մեա­կին ա­ռի­թով հրա­պա­րա­կո­ւած նիւթերուն մէջ, մեր ըն­թեր­ցող­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կը յանձ­նէինք մա­մու­լի տագ­նա­պին հե­տե­ւանք­նե­րը, ա­նոր մէ­ջէն ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր եւ պատ­րաս­տո­ւած դուրս գա­լու մեր կապ­տու­մը։ ­Տա­րի մը ա­ռաջ, թեր­թիս պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը, կազ­մա­կեր­պա­կան միա­ւոր­նե­րը, թեր­թին ու հայ մա­մու­լին հետ առն­չու­թիւն ու­նե­ցող պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կեր­ներ ի մի հա­մախմ­բո­ւե­ցան, քննե­լու հա­մար «Ա­զատ Օր»-ի ու գա­ղու­թի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան դաշ­տի ա­պա­գան։ ­Բո­լո­րին ան­սա­սան հա­մո­զումն էր, որ «Ա­զատ Օր»-ը, որ­պէս գա­ղու­թի եւ եւ­րո­պա­կան հա­յա­գա­ղութ­նե­րու միակ օ­րա­թեր­թը, պար­տի իր գո­յու­թեան ե­րաշ­խի­քը ա­պա­հո­վել, միշտ իր հա­յեաց­քը սե­ւե­ռած ըլ­լա­լով ա­պա­գա­յին, հայ նոր սե­րուն­դին, ու հե­տե­ւա­բար՝ ա­նոնց ինք­նու­թեան պահ­պահ­ման վրայ։

­Բազ­մա­տե­սակ ու այ­լա­զան քննար­կում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, նպա­տա­կը մէ՛կ էր։ ­Պատ­շա­ճիլ ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան պայ­ման­նե­րուն, հա­ղոր­դակ­ցիլ նոր մի­ջոց­նե­րով, այն­պէ՛ս, որ­պէս­զի մեր կա­պը ներ­կայ ու գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հետ ըլ­լայ հա­մա­շունչ ու ար­դիա­կան։

Անձ­նա­կան հե­ռա­ձայն­նե­րը, պլան­շեթ­նե­րը(tablet), հա­մա­կար­գի­չը, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը, հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նո­րա­նոր ե­րե­ւոյթ­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ հրա­պու­րած ու ներ­քա­շած են սե­րունդ­նե­րը։ Ա­նոնք վայր­կեա­նը-վայր­կեա­նին լու­րը կը ստա­նան, պատ­կե­րը կը դի­տեն, կար­ծիք կը ձե­ւա­ւո­րեն, ի­րա­րու կը հա­ղոր­դակ­ցին, մինչ դա­սա­կան մա­մու­լի գոր­ծիք­նե­րը այ­լեւս ան­տար­բե­րու­թեամբ կը դի­տուին։

«Ա­զատ Օր»-ին հա­մար հրա­մա­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն կը դառ­նայ պատ­շա­ճիլ նոր ի­րա­կա­նու­թեան։ ­Մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը պէտք է դառ­նայ կեր­պա­րա­նա­փո­խու­մը, նո­րին հե­տե­ւե­լու ձգտու­մը, այ­սօ­րո­ւան հայ մար­դուն միտ­քին, սիր­տին ու հո­գիին խօ­սե­լու հա­րա­զա­տու­թիւ­նը։

Եր­կար է ճամ­բան, եր­բեմն խո­չըն­դոտ­նե­րով պա­տո­ւած դժո­ւար ու­ղի մը գո­յու­թիւն ու­նի մեր առ­ջեւ։ ­Հանգրուան առ հանգ­րո­ւան, պար­տինք մեր նպա­տակ­նե­րը ամ­րապնդել նոր մի­ջոց­նե­րով, շա­րու­նա­կա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րով, մտա­ծե­լով նոյ­նիսկ, թէ ներ­կայ ար­դի մի­ջոց­նե­րը վաղն իսկ ժա­մա­նա­կավրէպ պի­տի դառ­նան կեան­քի ա­րա­գըն­թաց վազ­քին մէջ։

­Նոր տա­րին կը սկսինք տար­բեր ձե­ւա­չա­փով։ ­Մեր թեր­թը օ­րա­կան յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ լոյս պի­տի տես­նէ միայն «PDF» ե­լեկտ­րո­նա­յին տա­րա­զով, իսկ շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւի նաեւ տպա­գիր թիւ մը, ճոխ է­ջե­րով, ընդգր­կուն լրա­տուու­թեամբ, գա­ղու­թա­յին կեան­քով, յօ­դո­ւած­նե­րով եւ վեր­լու­ծում­նե­րով։

Ա­նոնց կող­քին, կա­րե­ւոր կը դառ­նայ յու­նա­լե­զու բա­ժի­նը, որ­պէս­զի մեր մայ­րե­նիով ար­տա­յայ­տո­ւե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նե­ցող հա­յոր­դին եւս հա­ղորդ դառ­նայ հայ աշ­խար­հի զար­գա­ցում­նե­րուն։ ­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րը նշմա­րած են ար­դէն, թէ ո­րոշ ժա­մա­նա­կէ ի վեր յու­նա­լե­զու է­ջը՝ յօ­դո­ւա­ծագ­րու­թեամբ եւ մատ­չե­լի լու­րե­րով, տեղ գտած է թեր­թի ամ­բող­ջու­թեան մէջ։ Այս նո­րա­ձե­ւու­թիւ­նը ար­ժա­նա­ցաւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­նե­րու գնա­հա­տան­քին։

­Պա­րու­նա­կու­թեան հետ կա­պուած նոր ծրագ­րում­նե­րուն զու­գա­հեռ, «Ազատ Օր»-ի պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը ջան­քեր ի գործ դրած է բա­րե­փո­խե­լու թեր­թի ար­տա­քին պատ­կե­րը, ձե­ւը՝ է­ջադրու­մի տար­բեր եւ ա­ւե­լի ար­դի գոր­ծի­քա­կազ­մե­րով։ ­Յա­ջորդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, այս բո­լո­րը տեղ պի­տի գտնեն մեր թեր­թին մէջ, միշտ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ ներ­կա­յա­նալ տար­բեր ամ­բող­ջու­թեամբ մը, նոյն­քան հա­րա­զատ ու սրտա­մօ­տիկ։

­Բո­լորս միա­սին, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ու­ժով, բայց նաեւ հա­ւա­քա­կան պինդ կամ­քով, տէ՛ր կանգ­նինք «Ա­զատ Օր»-ին, մեր թեր­թին, մեր հա­րա­զա­տին։

­Թեր­թիս պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը պատ­րաստ է օգ­տա­կար դառ­նալ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք վարժ չեն ար­հես­տա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րուն (հե­ռա­ձայ­նին կամ հա­մա­կար­գի­չին վրայ թեր­թը ըն­թեր­ցե­լու) եւ կա­րի­քը ու­նին ի­մա­նալ, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ա­մէն ա­ռա­ւօտ թեր­թի ար­դիա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ հաս­նիլ բո­լո­րին։

­Հա­մո­զո­ւած ենք, որ ա­մէն փո­փո­խու­թիւն ի վեր­ջոյ ա­ւե­լի լա­ւին ու կա­տա­րեա­լին ձգտե­լու ճամ­բայ կը բա­նայ մեր առ­ջեւ։

Որ­պէս­զի մեր գա­ղու­թի մա­մու­լը կա­րո­ղա­նայ գո­յա­տե­ւել, որ­պէս­զի մեր մե­ծաս­քան­չը շա­րու­նա­կէ իր քաղցրահնչիւն թայ­լայ­լում­նե­րը, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը շա­րու­նա­կեն յոյ­սի եւ ներշնչ­ման աղ­բիւր մնալ, ուժ սրսկե­լով մեր վտան­գո­ւած ինք­նու­թեան վրայ։

Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր տա­րին, բա­րի երթ մեր թեր­թին, մե՛ր «Ա­զատ Օր»-ին։

«Ա­զատ Օր»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company