Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) (Բ.) (Գ.) (Դ.)
30 Դեկտեմբեր 2023
Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Ազգային Կողմնացոյցի Անհրաժեշտութիւնը
Տարեփակի աւանդութիւնը պէտք է շարունակուի: «Ազդակ» խմբագրաշարքով կը ներկայանայ իր ընթերցողներուն` լոյսին բերելու համար փակուող տարուան հիմնական աշխատանքային ուղղութիւնները: Անշուշտ նաեւ այն, որ տարբեր հանգամանքներով պայմանաւորուած չյաջողեցանք իրականացնել: Եւ` այն, որ կը ծրագրենք իրականացնել յառաջիկային, եթէ անշուշտ յատկապէս երկրին մէջ ռազմաքաղաքական վիճակը եւ անոր կապուած տնտեսական պայմանները թոյլատրեն:
Տարին շատ ծանր էր նախ համահայկական տարողութեամբ: Կորսնցուցինք մեր երկրորդ հանրապետութիւնը: Պէտք է խոստովանիլ, որ նման ահաւորութիւն պարունակող լուրերու թողարկումն ու անոնց մասին վերլուծականներու արտադրութիւնը շատ բարդ գործ է: Գերհաւասարակշիռ մօտեցում պէտք էր գերադասել եւ փորձել հակախուճապայնութիւն կիրարկել:
Նախ արագ լրահոսի պարագային ծանր լուրերը մէկ նախադասութեամբ հաղորդելը, բայց մինչ այդ համակողմանիօրէն ստուգելը որոշուած աշխատելաձեւ էր: Երբեմն առարկութիւններ ստացանք, որ կ՛ուշանայինք արագ լրահոսի պարագային: Խմբագրակազմը աշխատեցաւ դառն իրականութեան հաղորդած յուսաբեկութեան մթնոլորտին մէջ: Նախ պէտք էր արագ լուրը տալ. ազրպէյճանական յարձակումները, գրաւուած շրջանները, դիմադրութիւնը, ապա Ստեփանակերտէն հնչած հրադադարը ընդունելու ծանրագոյն պայմաններու ընդունումը: Արձանագրուած զոհերու թիւերը, գերիները եւ վերջապէս տխուր հրամանագիրը, որ կ՛ազդարարէր Արցախի Հանրապետութեան լուծարումը:
Այս բոլորին նախերգանքը տեղի ունեցած էր 44-օրեայ պատերազմի վերջին շրջանին: Հիմա արդէն վարագոյրի փակումի նման իրադրութիւն էր, որուն կը հետեւէր ամբողջ Արցախի հայաթափումը: Հիասթափութեան պայմաններու մէջ «Ազդակ» փորձեց թէ՛ արագ լրահոսով, թէ՛ առարկայական տեղեկատուութեամբ եւ թէ՛ այդ բոլորի վերլուծականներով իրականացնել հրապարակագրական թիավարում:
Ընթերցողը ի՛նք պէտք է տայ գնահատականը, թէ որքանո՞վ յաջողեցանք նման խմբագրական նաւարկում կատարել հայկական ալեկոծ ծովուն վրայ: Նաւահանգիստը դեռ հեռու է, եւ համազգային դիտակէտերէ տակաւին չեն երեւիր խարիսխները:
Դժուարագոյն պայմանները չեն արդարացներ անշուշտ այն, ինչ որ չյաջողեցանք իրականացնել թերթի էջերուն կամ ելեկտրոնային ու թուանշային տարածքներու վրայ: Յամենայն դէպս հսկայական փորձառութիւն էր տեղեկատուական լախտային հարուածներու տակ կազմակերպել լրատուութիւն եւ մեկնաբանական հրապարակագրութիւն: Դառն փորձառութիւն էր, այդուհանդերձ պրկեց մեր խմբագրական մկանները առնուազն փորձելու լուսաւոր ելքերու մասին ընդգծումներ կատարելու: Ի վերջոյ ողբագրութեամբ զբաղելու իրաւունքը չունէինք, եւ քննադատութիւններու տարափին տակ պէտք էր յոյս յայտնել` տեսնելու համար ծիածանի գոյները:
Այստեղ եւս կար հաւասարակշիռ մօտեցումը որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը: Ելքեր ցոյց տալու կամ «ամէն ինչ կորսուած չէ»-ի տեսութիւնը զարգացնելու համար պէտք չէր թափանցել երազային դաշտ: Առարկայականութիւնն ու իրատեսութիւնը միշտ եղած են անշրջանցելի սկզբունքներ, մանաւանդ տեղեկատուական ոլորտին պարագային հաւաստիութիւնը պահելու առումով: Գերքաղաքականացուած մթնոլորտի մէջ ո՛չ «ամէն ինչ փայլուն է» գաղափարը, ո՛չ ալ հայրենիքի ու պետութեան վերջնական կորուստի մասին ողբերգութիւնը, որոնցմով յագեցած էր հայկական լրատուադաշտը, կրնային նպաստ բերել հակաճգնաժամային մղումներով քաղաքական մտածողութեան զարգացման եւ մանաւանդ ուղի ցոյց տալու համար կողմնացոյցի սարքումին: Այո. յարացուցային փոփոխութիւն կատարող կողմնացոյցի սարքումին եւ ոչ թէ գոյութիւն ունեցող գործիքի որդեգրման:
Նոր կողմնացոյց սարքելը կը թուի, որ հրամայական դարձած է: Կողմնացոյց մը, որ հիւսիսը կողմնորոշելէ աւելի պիտի կողմնորոշէ բոլորս դէպի ազգայինը, դէպի պետականութիւնը, դէպի համախմբումն ու հայութեան բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը:
Այդ կողմնացոյցի սարքումին մէջ տեղեկատուական ոլորտը, դասական իմաստով մամուլը իր դերին մէջ չէ այսօր: Կը գիտակցինք, որ մամուլի ուժերէն վեր է նման առաջադրանք մը, այն ալ այս ծանրագոյն պայմաններուն մէջ: Բայց համոզուած ենք, որ մամուլը իր արդի հասկացողութեամբ դեր պէտք է վերցնէ այդ ուղղութեամբ: Բնականաբար նաեւ «Ազդակ»-ը չէ կրցած այդ կողմնացոյցի սարքումին անյետաձգելի հրամայականը հանրայնացնելու աշխատանքին իր ներդրումը ունենալ: Գուցէ փորձը կատարած է. սակայն անբաւարար, որովհետեւ փաստօրէն չէ սարքուած այդ կողմնացոյցը:
Պիտի շարունակուին այդ փորձերը: Փորձերը կը հետեւին միտքերուն: Միտքերու արտադրամաս է մամուլը: Այդ շարքին` «Ազդակ»-ը:
Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) Առցանց Լսարաններ Եւ Մատենաշարի Մեկնարկ
Հայաստանեան-արցախեան, միջինարեւելեան թէ լիբանանեան կացութիւնները չքաջալերեցին, որ «Ազդակ» վերադառնայ առկայ լսարաններու իր շարքին: Այս երեք ուղղութիւններուն վրայ ստեղծուած կացութիւնը պատճառ դարձաւ, որ նոյնիսկ առցանց լսարաններու շարքը որոշ ժամանակի համար ընդհատուի: Յատկապէս Արցախի կորուստով պայմանաւորուած առցանց լսարանները դադար առին: Անոնք նոր վերսկսան ազդարարելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն «Ազդակ» պիտի մղէ իր շուրջ համախմբուած փորձագիտական մարդուժի ներկայացուցիչները, որ դասախօսութիւններով արծարծեն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան նոր ուղիները: Բազմաոլորտ են առաջադրանքները` դիւանագիտականէն տեղեկատուական, իրաւականէն քաղաքական, անցնելով հոգեւորէն ու մշակութայինէն եւ կրթականէն:
Արցախը առանցքային օրակարգ պահելով, առցանց լսարաններու նիւթերուն պիտի ներառուին նաեւ արուեստի, մշակոյթի, երաժշտութեան, թատրոնի եւ կրթութեան վերաբերող քննարկումներ` միշտ գերակայ պահելով համահայկականութիւնը եւ հայկական աշխարհի քարտէսին վրայ սփիւռքի տեղն ու մանաւանդ դերը:
Լսարաններու շարքը ամբողջ կը տեղադրուի «Ազդակ»-ի եութիուպեան ալիքին վրայ: Առցանց մասնակցողներու թիւը սահմանափակ է, բայց հետագային դիտումներու թիւը կամ «Ազդակ»-ի կայքին վրայ իւրաքանչիւր դասախօսութեան տեղադրումն ու ելեկտրոնային տարածքներով տարածումը կը համոզէ, որ լսարանական համայնքի թիւը աճ կ՛արձանագրէ:
Այդ լսարաններու ընթացքին ներկայացուած դասախօսութենէն, յայտնուած տեսակէտներէն եւ իրականացուած քննարկումներէն սակայն չի բխիր յօդուածագրութիւնը: Յօդուածագրութիւնը անշուշտ պէտք չէ ըլլայ պատուէրային: Ինքնաբուխ կամ անպայման տեսակէտը, ըսելիքը հանրայնացնելու մղումը պիտի մղէ մասնակիցը, որ հրապարակագրութեամբ տարածէ իր մտածումները: Արձանագրենք, որ լսարանի երեւոյթին մասին եղան գնահատական գրութիւններ: Պէտք է աշխատինք, որ հոն յայտնուած տեսակէտներ խմբագրուած տեսքով հարստացնեն թերթին էջերը:
Նախկին թափը չպահեց նաեւ «Ազդակ»-ի կողմէ կազմակերպուած` լոյս տեսնող հատորներու շնորհահանդէսներու կազմակերպումը: Եղան անշուշտ շնորհահանդէսներ, որոնք համախմբեցին գրասէր հասարակութիւնը: Անոնց ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ «Ազդակ» կը հաստատէ «Սիրուհի Պուտագեան» մատենաշարը: Կ՛աշխատինք, որ մատենաշարի առաջին թիւը լոյս տեսնէ մինչեւ տարեվերջ: Պիտի հետեւին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածաշարքերու բովանդակութիւնը ամփոփող հատորներ:
«Ազդակ» նորովի պիտի շարունակէ հին աւանդութիւնը, որ յատկապէս թարգմանական գրականութեան տարածման առաքելութիւնը ճշդած էր գրեթէ իր հիմնադրութեան օրերէն: Շնորհակալ նախաձեռնութիւններով անոնք, որոնք «Ազդակ»-ի մատենաշարներու թիւերը կամ թերթօններու կազմուած տարբերակները ունէին, նուիրեցին «Ազդակ»-ի գրադարանին: «Ազդակ» յայտարարութեամբ իր ընթերցողներէն խնդրեց համալրել հարուստ այդ շարքը: Առաջադրանք է հաւաքել այդ շարքի ամբողջութիւնը:
Սակայն հինը հաւաքելու եւ վերատեսքաւորելու առընթեր պիտի շարունակուի նորը: Այլ խօսքով` հինի ամբողջացումը, թուայնացումն ու այդպիսով հանրութեան մատչելի դարձնելը պիտի զուգակցուի նոր հրատարակութիւններով, տպագիր եւ ելեկտրոնային ձեւաչափերով:
Իւրաքանչիւր նոր հրատարակութիւն պիտի արժանանայ շնորհահանդէսի, հատորի բովանդակութեան ներկայացման, յօդուածագիր-հեղինակին նկատմամբ կատարուելիք գնահատականին: Մէկ խօսքով` գիրքի տարածումին:
Կ՛անդրադառնանք, որ ակնկալուած չափով չենք իրազեկած ընթերցող շրջանակները այս առաջադրանքին շուրջ եւ այդպիսով քաջալերած աշխատակիցները, որ հետեւողականօրէն աշխատակցին: Այս բացթողումը պիտի փորձենք լրացնել անպայման:
Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Գ.) Ապագայ Լրագրողներ Եւ Երիտասարդական Հարթակի Առաջին Քայլեր
Նախորդ խմբագրականներուն մէջ նշուած պատճառներով որոշ ընդհատումէ ետք վերսկսաւ եւ իր լրումին հասաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ խումբի վարժողական ծրագիրը:
Մեր ընթերցողները պիտի նկատեն, որ ծրագիրին կանոնաւոր հետեւողները իրենց գրութիւններով շուտով պիտի ներկայացնեն իրենց երախայրիքը «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ: Այս ծրագրի պատասխանատուները կը հաստատեն, որ ծրագիրին տեսական-գործնական բաժինները ամբողջացնելը, հետեւիլը, աշխուժ մասնակցիլն ու տեղեկութիւններով զինուիլը ուրիշ բան է, այդ բոլորի ներշնչումով եւ նկատառումով յօդուած գրելը, հարցազրոյց վարելը, թղթակցութիւն պատրաստելը կամ իր չափին մէջ ուսումնասիրութիւն պատրաստելը` ուրիշ: Եւ ահա այս երկրորդ բաժինն է, որ յաւելեալ աշխատանքի կը կարօտի մասնակիցներուն կողմէ:
Նկատեցինք, որ պէտք է ամբողջացնենք այդ բացթողումը, եւ այդ առումով յառաջիկայ ծրագիրը տեսական-գործնականին առընթեր փորձ պիտի կատարէ աւելցնելու աշխատանոցայինը: Խմբային աշխատանքէն դէպի անհատականը այստեղ կը բացատրուի համատեղ քննարկումներէ ետք թուղթին յանձնելով մտածում, տեսակէտ, յօդուած: Կամ` դաշտային աշխատանքներով պատրաստել տեղեկագրում (ռեփորթաժ), վարել հարցազրոյց, մասնակցիլ հարցախոյզերու պատրաստութեան:
Յայտնենք, որ քաջալերուած ենք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժինի ցուցաբերած աջակցութենէն: Մեր նախնական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին խօսած ենք համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւններուն եւ հիմնարկութեան նախաձեռնած տարբեր ծրագիրներուն ապագայ լրագրողներէն ներկայացուցիչներ մասնակից դարձնելու առաջարկներուն մասին:
Ապագայ լրագրողներէն երեք խումբերու շրջանաւարտներու հետ խորհրդակցական հանդիպումի ընթացքին հնչեցին մեր դասական կաղապարներէն դուրս գործադաշտ ձեւաւորելու մասին տեսակէտներ: Խնդիրը միայն հարթակային ձեւաչափերուն չէր առնչուեր, այլ նաեւ` բովանդակութեան: Վերահաստատեցինք, որ երիտասարդները իրե՛նք պէտք է ճշդեն իրենց օրակարգը, նիւթերը, այդ նիւթերը արծարծելու եղանակներն ու միջոցները: Խմբագրութեան դերը այս պարագային պիտի ըլլայ աջակցիլը եւ նորարարութիւնը հանգիստ ընդունիլը: Յաջողութեան բերկրանքը կը զգանք այն պահուն, երբ երիտասարդութիւնը ի՛նք մշակէ ու ճշդէ եղանակը:
Վարժողական ծրագիրը ամբողջացուցածներուն միջեւ կապն ու հետեւողականութիւնը պահելու համար առաջին փորձերը կը կատարուին զանոնք համախմբելու երիտասարդական հարթակի շուրջ: Նպատակը իրենց ճշդած օրակարգերու քննարկումն է եւ մանաւանդ անկէ բխած հրապարակագրութիւնը: Կանխահաս է այս նախաձեռնութեան մասին գնահատական տալը:
Այս ծրագիրներուն առընթեր, ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան, որ տարբեր վարժարաններու աշակերտական խումբեր կ՛այցելեն «Ազդակ»` մօտէն ծանօթանալու համար աշխատակազմին եւ թերթի «խոհանոց»-ին:
Վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ «Ազդակ»-ի խմբագիրներուն միջեւ կայացած համագործակցութեամբ աշակերտներ, իրազեկուելէ ետք, իրենց մտածումները յօդուածի տեսքով կը հրատարակեն սկսելու համար իրենց վարժարանի կայքերուն թէ ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ: Վարժարաններու հետ համագործակցութիւնը զարգանալու տեղ ունի. մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները կու գան հայկական վարժարաններէն:
Չունինք յաւակնութիւնը արձանագրելու, որ երիտասարդութիւնը առանցքային է թերթի էջերուն մէջ: Սակայն նաեւ պէտք է չէ շրջանցել իրողութիւնները: Նորութիւններ փոխանցող, յատուկ, ոչ դասական նիւթերու մասին էջեր խմբագրող «Ազդակ»-ի մնայուն աշխատակիցները, կը մասնակցին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրներու մշակման եւ կ՛աջակցին անոնց գործնական աշխատանքներու իրականացման:
Այս մարզին մէջ մարդուժի պատրաստութիւնն է անշուշտ գլխաւոր թիրախը: Այդ մարդուժը ունի երկու հիմնական խնդիր: Արեւմտահայերէնի տիրապետումը եւ լրագրութեան ու յօդուածագրութեան ընդհանուր կանոններու իմացումը:
«Ազդակ» տրամադրուած է այս առաջադրանքի սահմաններուն մէջ աջակցելու` հարթակ, գործնական միջոցներ տրամադրելու առումով: Մասնակիցները քաջալերելով` ընտրելու իրենց նախասիրած նիւթերն ու այդ նիւթերու արծարծման եւ հրապարակայնացման միջոցները:
Խմբագրական Տարեփակի Խոհեր (Դ. Եւ Վերջ) Թէժ Կէտեր. Անցած Փորձառութիւն Եւ Դիմագրաւելի Հարցեր
Տարին կը փակենք անորոշութիւններու մէջ թէ՛ հայաստանեան-արցախեան եւ թէ՛ միջինարեւելեան-լիբանանեան ուղղութիւններով: Յատկապէս հանրային աշխատանքի պարագային անհրաժեշտ է անդրանցնիլ մշուշը եւ փորձել տեսնել հեռանկարը` խարխափումներէ դուրս գալու համար: Անորոշութիւնը ամէնէն առաջ խոչընդոտ է ծրագրումին: Իսկ առանց ծրագրումի, առանց առաջադրանքի իրականացման փուլեր նախատեսելու եւ միջոցներ ապահովելու, դժուար է արդիւնաւորելը: Ինքնահոս աշխատակարգը պէտք է բացառել, նոյնիսկ եթէ անորոշութեան մէջ կը գտնուինք:
Երկու ուղղութիւններով ալ յետպատերազմական եւ պատերազմական ժամանակաշրջաններ են: Տեղեկատուական պատերազմը կը շարունակուի երկուքին պարագային ալ: Ազրպէյճան կը շարունակէ նենգափոխել հակամարտութեան էութիւնը, պահանջ-պահանջի դիմաց կեղծ օրակարգեր յառաջ կը քշէ, նոր պայմաններ կը պարտադրէ եւ կը շարունակէ թելադրել խաղի իր կանոնները: Ազրպէյճանական լրատուական արտադրութիւնները տարբեր լրատուամիջոցներու կայքերու վրայ դեգերելէ ետք յաճախ կը սպրդին հայկական լրատուադաշտ` տեղեկատուական պատերազմին ընթացքին թափանցման գործողութիւններ իրականացնելով:
Զտումի լրատուական մաղերը նեղցնելու խնդիր ունինք այս առումով: Եզրաբանութենէն մինչեւ ընդհանուր բառապաշար գերսթափ վիճակ պէտք է խմբագիրներուն համար` հեզասահ ձեւով թափանցուած այս կամ այն քաղաքական ընկալումը չօգտագործելու եւ այդպիսով թշնամիին մօտեցումները ժամանակի ընթացքին չնուիրականացնելու համար:
Այս խնդիրը նաեւ միջինարեւելեան լրատուական տարածքներու վրայ գոյութիւն ունի: Միջազգային լրատուադաշտի կամ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ամէնէն հեղինակաւոր ներկայացուցիչները որոշ յղացքներ որդեգրած են եւ ընտրովի բառամթերքներ միջազգայնացնելով կամ յատուկ ըսելաձեւերով ազդեցիկօրէն կը նպաստեն կարծրատիպերու ստեղծման: Սեւ ու սպիտակի յղացքային բաժանարարութիւնը գերակայ է եւ սուր խնդիր կայ հաւասարակշիռ մօտեցում ունենալու լրատուական հեղեղին տակ:
Միջինարեւելեան իրադարձութիւններու լուսաբանման ընթացքին ոչ միայն արաբական կամ լիբանանեան դիրքորոշումներու կամ մօտեցումներու հետ հաշուի նստիլը պարտադիր է, այլ նաեւ հայկակա՛ն: Տակաւի՛ն. խնդիրը միայն չի վերաբերիր Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Թել Աւիւի որդեգրած պաշտօնական ժխտողականութեան: Խօսքը աւելի արդիական եւ ճակատագրական դերակատարութեան մասին է. Իսրայէլի տարողունակ ներգրաւումն է արցախեան պատերազմին` զինուժով, ռազմարհեստագիտութեան տրամադրումով եւ զինուորական յենակէտերու տեղադրումով: Իսրայէլ- Ազրպէյճան ռազմավարական համագործակցութիւնը նոր խորքային տարածքներ կը նուաճէ եւ կ՛ընդհանրանայ տարբեր ոլորտներով: Չի բացառուիր, որ այս բոլորը իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Երուսաղէմի հայկական թաղամասերու վրայ կատարուող ոտնձգութիւններուն կամ հայկական հողամասի վերադարձի դէմ իրաւապահ մարմիններու բանեցուցած ճնշումներուն վրայ:
Իսրայէլաազրպէյճանական համագործակցութիւնը շարունակուելու միտումներ կը պարզէ: Երկու ուղղութիւններու վերաբերեալ թողարկուած լրատուութիւններուն եւ մեկնաբանութիւններուն հետեւելու ընթացքին այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ եւ մանաւանդ չիյնալ թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ ընդհանրապէս միջազգային լրատուադաշտի լարած ծուղակներուն մէջ:
«Անջատողականներ», «ազատագրումներ», «ահաբեկիչներ», «տարածքային ամբողջականութիւն», «համարկում», «միջանցք», «խաղաղասիրութիւն», «ապաշրջափակում», այլազան «խաչմերուկ»-ներ եւ նման յղացքներ նորովի իմաստներ ունին յատկապէս արցախեան նոր իրավիճակին եւ պաղեստինեան ճակատներու վրայ արձանագրուող թէժ իրադարձութիւններուն յարաբերակցութեամբ:
Պարտաւոր ենք ամրացնել մեր լրատուական մաղերու թելերը եւ ըստ այնմ մաքրազտել տեղեկատուական արտադրութիւնները:
Ամենայն հաւանականութեամբ երկու ուղղութիւններով ալ ծանր պայմաններու մէջ պիտի շարունակենք աշխատիլ տակաւին: Զուգահեռ փորձել իրականացնելով թերթի տպագրութեան, կայքի եւ ելեկտրոնային տարածքներու թողարկումներուն, առցանց, առկայ լսարաններու եւ շնորհահանդէսներու, մատենաշարի հրատարակութեան եւ գրադարանի ցանկագրման, արխիւներու թուայնացման եւ տարածման, մարդուժի պատրաստութեան եւ երիտասարդութեան ներգրաւման, արաբերէն կայքի թարմացման եւ լրահոսի յաւելեալ արագացման ու տակաւին նոր բաժանորդներու հաւաքագրման, «Ազդակ»-ի նուիրատուներու ցանցի ընդլայնման, համայնքի հաւաքական կեանքի արձագանգումին եւ ընթերցողներու բանակի շարքերու համալրման բազմազան աշխատանքները:
Որքան ալ դժուար թուին պայմանները, պարտաւոր ենք նշաձօղի աստիճանաչափը բարձրացնելու եւ անոր ձգտելու:
«Ազդակ»-ի ընտանիքը համոզուած է, որ կը յաղթահարէ տեսանելի դժուարութիւնները, որովհետեւ կը զգայ ամբողջական նեցուկը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, անվերապահ աջակցութիւնը թերթի գոյատեւման ու զարգացման սատար կանգնողներուն եւ թերթին հանդէպ տածած հաւատարմութիւնը ընթերցող բանակին:
aztagdaily.com
