ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Շատ Ժամանակ Չմնաց

04 Հունվար 2024

Վերջին շրջանին յաճախ կը խօսուի այն մասին, թէ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան համձայնութեան մը ստորագրութիւնը մօտալուտ է. տրամաբանական է մտածել, թէ այդպիսի համաձայնութեան մը անխուսափելիօրէն պիտի հետեւի հայ-թրքական համաձայնութեան մը կնքումը՝ կանխատեսելի պարունակութեամբ: Այդպիսի համաձայնութիւններու յանգման պարագային դժուար չէ նախատեսելը, թէ շուրջ երկու դարերու գոյութիւն ունեցող Հայկական Հարցի լուծումը ցարդ կ’ընթանայ դէպի համաթրքական կողմի վերջնական յաղթանակի ուղղութեամբ: Միամտութիւն է հաւատալ, որ թրքական խնամատարութեան տակ հայկական պետականութիւն կարելի է պահել:

Այդ համաձայնութիւններով կը սկսի նախորդ դարու իննսունական թուականներու սկիզբները Թուրքիոյ նախկին նախագահներէն մէկուն նախատեսութիւնը, թէ 21որդ դարը պիտի ըլլայ թրքութեան դարաշրջանը. վարկածը իրականացնելու ինքնակոչ պաշտօնեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանն է, որ չափազանց լուրջի առած է իր ցնորական պաշտօնը: Այդ ուղղութիւնը մատնացոյց կ’ընէ Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարութեան ներկայ քաղաքականութեան ընթացքը բոլոր ուղղութիւններու վրայ՝ Արեւելեան Միջերկրականի, Հարաւային Կովկասի, Սեւ եւ Եգէական ծովերու ճակատներու վրայ ամէն օր արտայայտուող քաղաքական ձցտումները, որոնք, առանց բացառութեան կը գտնուին իրենց իրականացման սկզբնական փուլին մէջ: Հարաւային Կովկասի մէջ երկու մատներու արանքէն կ’երեւի թրքական կողմին ժամանակի ընթացքին յաջողութեան հասնելու բաւական բարձր հաւանականութիւնը:

Հայկական քաղաքական միտքը շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ուր կրնայ առաջնորդել այս իրավիճակը. հայկական պետականութեան անէացումը եւ պատմական Հայաստանէն հայութեան ի սպառ անհետացումը անխուսափելի կը դառնայ, եթէ հայկական կողմի կրաւորականութենէ անդին չանցնող պաշտօնական կեցուածքները կարճ ժամանակի մէջ չվերածուին ներգործական քաղաքական գործողութիւններու՝ ամբողջական կերպով շարժման մէջ դնելով հայութեան բոլոր տեսակի կարելիութիւններն ու կարողութիւնները:

Ներկայիս դժբախտաբար հայութեան թշնամիները կրցած են լուրջ կերպով պառակտել հայութիւնը: Հայութեան ազատագրման համար կարելի չէ, ներկայ հանգրուանին, հաւաքագրել հայութեան բոլոր ուժերը, որովհետեւ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները շատ հաշտ կերպով կ’ընդունին թրքական տարրին հետ համագործակցութիւնը, անտեսելով ո՛չ միայն անցեալի, այլ նաեւ ներկայիս արտայայտուող անոր հայասպան նկրտումները: Հայութեան անխուսափելիօրէն անհրաժեշտ ազատագրական պայքարը տանելու պարտաւորութիւնը կ’իյնայ միայն հայոց ազգային ուժերու ուսերուն: Ներկայ իշխանութիւնները կը մերժեն ազգի գաղափարը, գոհանալով Հայաստանի մնացորդացին վրայ նորազատական սպառողական գերազանցօրէն ապազգային հասարակութիւն մը ստեղծելու անգոյն նպատակով:

Դեռ երեք տասնամեակ առաջ հայութիւնը տարաւ իր յաղթանակը ազգի անունով՝ ազատագրելով Արցախը Ազրպէյճանի տիրապետութենէն: Այսօր Արցախն ու արցախցին Հայաստանին բեռ կը նկատուին երկրի իշխանութիւններուն կողմէ. ապազգային մանրէէն վարակուած է նաեւ հայ ժողովուրդի մէկ մասը:

Հետեւաբար ազատագրական պայքարը կ’ենթադրէ միաժամանակեայ երկու ճակատ. ներքինը՝ սրբելու եւ արմատական կերպով ջնջելու օտարամուտ, ապազգայինը քաջալերող գաղափարները, որոնց քարոզչութիւնը յատկապէս հայրենիքէն ներս ամլացուցած է ազգաբնակչութեան մէկ զգալի մասի ինքնապահպանման բնազդը: Երկրորդ՝ արտաքին ճակատին վրայ ուժական ներկայութիւն դառնալու համար կարեւոր է բոլոր ազգային ուժերու միաւորումը, նկատի ունենալով ներքին ճակատին վրայ գոյութիւն ունեցող երկուութիւնը եւ ատկէ յառաջացող արտաքին ուժերը չէզոքացնելու համար տարուող պայքարի յաւելեալ դժուարութիւնը:

Մէկ խօսքով՝ հարկ է ազգին վերադարձնել իր կորսնցուցած զանգուածին կարելի եղածին չափ մեծ մասը, միաժամանակ կասեցնելով շարունակուող արիւնահիւսութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանը ապազգայնացնելու քարոզչութիւնը հիմնուած է առաւելաբար սուտերու տարափի մը վրայ, որուն վնասը չէզոքացնելու համար հարկ է մեծ արագութեամբ չէզոքացնել սուտերու ազդեցութիւնը եւ այդ ազդեցութիւնը երկարաձգող խմբաւորումներն ու մանաւանդ՝ անոնց միջոցներն ու մատակարարման աղբիւրները: Սայթաքած ժողովուրդի զանգուածը պէտք է անդրադառնայ, որ մեծ խափէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տասնամեակին:

Ազգային ուժերու դաշինքով պէտք է հետապնդել պետական մեքենան ճիշդ հունի մէջ դնելու աշխատանքը, որուն համար կարեւոր է իշխանութեան գլուխը անցնիլը: Անհրաժեշտ է արագօրէն նորոգել պետական մեքենան, որուն կարողականութիւնը լրջօրէն պակսած է վերջին հնգամեակի ընթացքին. երկրի մը միանձնեայ կառավարումը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ ՀՅԴ-ը իշխանութիւն բանեցնելու մոլութենէն զերծ է: Ատիկա փաստուած է ՀՀ-ի նորագոյն պատմութեան ընթացքին. ան միակ կուսակցութիւնն է, որ մաս կազմած է կառավարական դահլիճներու եւ յաճախ՝ հրաժարած անոնցմէ, երբ իր հայեցողութեան հակառակ որոշումներ կայացուած են կառավարութիւններու կողմէ: Մոռցուած չէ անշուշտ, որ Դաշնակցութիւնը մաս կազմած է Քաղաքացիական Պայմանագրի առաջին կառավարութեան եւ, կարճ մասնակցութենէ մը ետք, հրաժարած ատկէ անոր նպատակները շատ արագ ըմբռնած ըլլալով. իսկ 2018ի իշխանափոխութենէն տարին չամբողջացած հրապարակային կերպով զգուշացուցած կառավարութիւնը, թէ երկիրը կ’առաջնորդէ դէպի անկում: Նոյն շրջանին ՔՊ իշխանութիւնը ապօրինի եւ հակասահմանադրական գործելաձեւով կը փոխէր Սահմանադրական Դատարանի բաղադրութիւնը իր պաշտօնավարութեան աւարտի ծրագիրներու հեզասահ իրականացումը ապահովելու հեռանկարով:

Այսօր երկիրը կանգնած է անդունդի եզրին եւ կարիքը ունի ուժեղ իշխանութեան մը դիմագրաւելու համար հետզհետէ բազմացող եւ ուռճացող զոյգ մարտահրաւէրները:

Ժամանակը սկսած է ճնշել: Շուտով անդունդի եզրէն ետդարձը անկարելի կը դառնայ: Որեւէ վայրկեանի Հայաստանին կրնայ պատահիլ այն՝ ինչ պատահեցաւ Արցախին աշխարհի աչքերուն առջեւ, ապշահար հայութեան նայուածքներուն տակ եւ ՀՀ իշխանութեան զայրացնող անտարբերութեան ուղեկցութեամբ:

Փրկութեան յոյսը ազգային ուժերու միասնութեան եւ անոնց մարտունակութեան համադրեալ դրսեւորումին մէջ կը կայանայ: Խօսքերը շատոնց ըսուած են, կրկնութիւններն ալ այլեւս դադրած են մարդոց ականջներուն վրայ ազդեցութիւն գործելէ: Հարկ է սկսիլ ուժեղ եւ հետեւողական պայքար ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ վերջ տալով ներկայ անհեթեթ վիճակին, ուր մեր հայրենիքի ճակատագիրը կարելի է գուշակել օդերեւութաբանական վիճակագրական պատահականութեան թերի կանխատեսանելիութեամբ եւ բախտախաղային դիւանագիտութեան շարժումներով, գլուխը պատէ պատ զառնելով, մինչեւ որ գանկը պայթելով բոլորս ականատեսը դառնանք անոր դատարկութեան եւ անոր հետեւող հայրենիքի պարպումին, ինչպէս պատահեցաւ Արցախին:

Կարգը ազգային գիտակցութեան տէր դիմադրութեան է. ներկայ կացութեան շարունակութիւնը փաստացիօրէն նախատեսելի է: Դիմադրութիւնը, հարկաւ, առայժմ միայն յոյս է, որ սակայն հաւանականութիւն մը ունի վերածուելու իրականութեան. երաշխաւորուած է միայն արժանապատւութեան պահպանումը, յաջորդ սերունդներու հպարտութեան պատճառը եւ ճիշդին օրինակը, որպէսզի թէկուզ հեռաւոր ապագային Րաֆֆի մը սերունդ դաստիարակելու ատաղձ ունենայ իր վէպին ու բանաստեղծութեան միջոցով, որպէսզի կարելի ըլլայ ոգեկան հունտերը փոխանցել ապագայ նորերուն, բազմաթիւ սերունդներու «յաջորդ տարի Արարատի փէշերուն» խօսքը տասնամեակներ կամ դարեր սերունդէ սերունդ արտասանելէ ետք վերադարձի առաջին քայլը առնուի:

Բարեբախտաբար տակաւին հոն չենք. դեռ առիթներ կան եւ ոճիր է այդ առիթները փախցնելը:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Պոսթըն, 03 յունուար 2024

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company