ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Հայաստան
  • Հարցազրույցներ

«Արգիլուած Է Անձնատուր Ըլլալ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

05 Հունվար 2024

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի 2 յունուար 2024-ին «Վանայ Ձայն»-ի հետ ունեցաւ Նոր տարուան իր առաջին հարցազրոյցը, զոր վարեց Հալա Հատտատ:

Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Յ. Բագրատունի ողջունեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս անոնք, որոնք տեղահանուած են հարաւային սահմանագիծի իրենց բնակարաններէն եւ փոխադրուած Լիբանանի մէջ այլ վայրեր կամ լքած երկիրը եւ մեկնած դէպի այլ երկիրներ:

Անցնող տարուան ողբերգական ըլլալու իրականութեան ակնարկելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ պէտք է փակել այդ էջը եւ օրինակներ քաղել անոր լեղի փորձառութիւններէն:

Ան հաստատեց հաւատքով զինուելու անհրաժեշտութիւնը` կամքով եւ յոյսով շարունակելու կեանքը, որպէսզի կարելի ըլլայ նորահաս սերունդներուն ըսել հետեւեալը. «Մենք Լիբանանը կը յանձնենք ձեզի` առողջ եւ բարօր լիբանանցիներով»:

Հարցազրոյցին ընթացքին Հատտատ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ 2023-ին ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն շարքին բնաւ ակնարկութիւն չէ կատարուած Արցախին եւ 120 հազար արցախցիներու տեղահանութեան. այս մասին Յ. Բագրատունի նշեց, որ ասիկա հսկայ դաւադրութիւն է` աւելցնելով, որ այսօր նոյն դաւադրութիւնը կը վկայենք Կազայի պարագային:

«Արցախի դէմ գործուած դաւադրութիւնը կանխամտածուած, ծրագրուած եւ սերտուած էր, այնպէս ինչպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, երբ թրքական իշխանութիւնները լաւապէս սերտած էին եւ մտածած էին այն միջոցները, որոնց պէտք է դիմեն` ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջելու նպատակով: Եթէ Արցախի պարպումին նախորդող փուլին պիտի անդրադառնանք, ապա պիտի տեսնենք, որ նախքան արցախցիները տեղահան ընելը, Արցախի ժողովուրդին վրայ պարտադրուած էր տասնամսեայ շրջափակում: Ի տես այս իրավիճակին, ամբողջ աշխարհը մնաց լուռ, իսկ լաւագոյն պարագային բաւարարուեցաւ ամօթխած դատապարտանքի հաղորդագրութիւններով: Ոչ մէկ քայլ առաւ այդ շրջափակումը վերացնելու իմաստով: Տասը ամիս շարունակ Արցախի մէջ դեղորայք չկար, սննդեղէնի, հիւանդանոցային պիտոյքներու, ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապ կար, եւ դպրոցները չէին գործեր:

120 հազար հոգինոց ժողովուրդ մը ենթակայ էր բնաջնջումի: Չեմ ուզեր ժողովուրդին անդրադառնալով ըսել` հայ, կ՛ուզեմ ըսել մարդ արարածներ, որոնք զոհ գացին աշխարհի անտարբերութեան: Անոնք զոհերն էին քաղաքակրթութեան, մարդկային իրաւունքներուն եւ բոլոր գեղեցիկ կարգախօսներուն, որոնք ստեղծուած են մեծ պետութիւններուն կողմէ: Այս բոլորին յաջորդեց Ազրպէյճանի յարձակումը` Արցախի վրայ, եւ շրջանի երկիրներուն ու ՄԱԿ-ի անտարբերութեան լոյսին տակ` գրաւեց Արցախը եւ բռնի տեղահանութեան ենթարկեց 120 հազար արցախցիներ` իրենց պատմական հողերէն, հայկական հողերէն», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ աշխարհի անտարբերութիւնը եւ շրջակայ երկիրներուն շահերը հիմնական են Արցախի մէջ պատահածին համար` ընդգծելով, որ աշխարհին համար նաւթն ու զէնքի արտադրութիւնը շատ աւելի կարեւոր են, քան ժողովուրդներու ճակատագիրը:

«Եթէ մենք իբրեւ ժողովուրդ դիմադրելու որոշում եւ կամք չունինք, ապա մեծ պետութիւններուն հետաքրքրութիւնը կը սահմանափակուի անոնց շահերով եւ իրաւունքներով, իսկ փոքր ժողովուրդները զոհ կ՛երթան այդ շահերուն իրագործման ճամբուն վրայ: Հայաստան այսօր կ՛ապրի իր աշխարհագրական դիրքի պատմական անէծքը, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պայքարին արժէքը ուրացող իշխանութիւններուն անէծքը», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Կազայի իրադարձութիւններուն` նկատել տալով, որ աշխարհը Համասը պատասխանատու կը նկատէ այդ պատերազմին` նկատի ունենալով, որ Համասի կատարած գործողութենէն ետք սկսաւ այդ պատերազմը: «Սակայն անոնք կը մոռնան Համասի գոյութեան պատճառը, կ՛անտեսեն այն իրականութիւնը, որ այդ շարժումը ծնած է բռնագրաւումէն ազատելու եւ պաղեստինեան հողերը ազատագրելու նպատակով: Ինքնապաշտպանութիւնը ժողովուրդներուն իրաւունքն է` որեւէ բռնագրաւումի դիմաց: Անկախ Համասի գաղափարական եւ քաղաքական ուղղութեան հանդէպ մեր ունեցած վերապահ կեցուածքէն, պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքն է դիմադրել եւ ունենալ պետութիւն: Անընդունելի է այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլի վարչապետը իր պաշտօնը պահելու համար տասնեակ հազարաւորներ սպաննէ, իսկ հարիւր հազարաւորներ բռնի տեղահանութեան ենթարկէ, հիւանդանոցներն ու աղօթավայրերը ռմբակոծէ, երեխաները սպաննէ, իսկ Ապահովութեան խորհուրդը շաբաթական դրութեամբ նիստ գումարէ, մնայուն կերպով յետաձգելով զինադուլի որոշումը` գիտնալով հանդերձ, որ զինադուլի որոշումը յետաձգել կը նշանակէ յաւելեալ պաղեստինցիներ սպանդի ենթարկել», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի կեդրոնացաւ մարդ արարածի սպանութեան վրայ` հարց տալով, թէ պաղեստինցի ի՞նչ սերունդի մասին է խօսքը, երբ այդ երեխաները վկայած են իրենց ընտանիքներուն` հօր, մօր, եղբօր, քրոջ մահը, ընկերոջ մահը: «Ինչպիսի՞ սերունդի մը մասին է խօսքը, նուազագոյնը` դիմադրող սերունդ, սակայն ի՞նչ համակեցութեան մասին է խօսքը», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այս դարաշրջանը անկումային դարաշրջան է ամէն իմաստով, բոլոր վեհ սկզբունքներուն, կրօններուն, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներուն, խաղաղութեան, ազգային ինքնորոշման, յատկապէս` մարդկային արժէքներուն առումով:

«Այսօր իշխողը անտառի օրէնքն է եւ ուժի օրէնքը, որ բռնատիրութեան առաջնորդած է աշխարհը` սերունդները մղելով յաւելեալ ծայրայեղութեան, տարակարծութիւնները աւելի խորացնելու, վասն` նաւթի տակառներու ապահովումին եւ զէնքի արտադրութեան», ըսաւ ան:

Լիբանանի մէջ տիրող երկփեղկումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի մէջ տակաւին քաղաքացի ըլլալէ առաջ կայ լիբանանցի մարդը, որ լիբանանցի քրիստոնեայ մարդ է, լիբանանցի իսլամ մարդ է, լիբանանցի տիւրզի մարդ է, եւ հայ, ուղղափառ, կաթողիկէ եւ փոքրամասնութեան պատկանող:

«Դժբախտաբար Լիբանանի մէջ միասնական կեցուածք չկայ, մարդկային տեսլական չկայ, Լիբանանի ապագային մասին տեսլական չկայ: Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք երկրին մէջ տիրող ուղղահայեաց երկփեղկումին ամէնէն վատ օրերուն` համերաշխութեան եւ համակեցութեան յղացքը աւելի խոր էր եւ ինքզինք կը պարտադրէր: Այսօր ես մտահոգ եմ Լիբանանի միասնականութեամբ եւ համերաշխութեան Լիբանանով: Սակայն կը մաղթեմ, որ որոշ հարցերու շուրջ միտքով եւ մօտեցումով լիբանանցիները միասնական ըլլան, նոյնիսկ եթէ նոյն միջավայրին մէջ ապրող տարբեր սովորութիւններ ու աւանդութիւններ ապրող հաւաքականութիւններ կան: Բայց եւ այնպէս մտավախութիւն կայ, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը օրըստօրէ կը նահանջէ, ինչպէս նաեւ կը կորսնցնէ ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան հանդէպ իր հաւատքն ու կառչածութիւնը», նշեց ան:

Համաշխարհային նոր կարգի մը զոհը ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ոչ ոք կը ստիպէ ուրիշին իր արժէքները, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները փոխել` աւելցնելով, որ դաստիարակութիւնը կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել, բացի եթէ անհատը ինք փափաքի այդ մէկը կատարել:

«Այսօր բոլորը տարուած են այս արդիականութեամբ, որ խորքին մէջ արդիականութիւն չէ, այլ անկում` յատկապէս մարդ արարածին եւ մարդկային սկզբունքներուն եւ արժէքներուն առումով: Համաշխարհային նոր կարգը այսօր կը շեշտէ, որ մարդ արարածը թիւ մըն է, իսկ անոր կեանքը իր բջիջային հեռաձայնն է: Մարդկային յարաբերութիւնները այսօր իրենց վատագոյն մակարդակին հասած են: Ինքնավստահութիւն չունինք նշելու տօները` տօնական մթնոլորտ ապրելու եւ մեր յոյսը վերանորոգելու», շեշտեց ան:

Միացեալ Նահանգներու կողմէ Կազայի պատերազմի շրջագիծի չընդարձակուելու ճիգերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն այդ մէկը կը փափաքի ոչ թէ պաղեստինցիին տէր կանգնելու համար, այլ` իսրայէլացիին, վարչապետ Նեթանիահուի եւ ընտրութիւններուն ընթացքին անոր արձանագրելիք արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ պատերազմին պատճառով մսխուած գումարներուն: «Ուաշինկթընի համար հազարաւոր պաղեստինցիներու մահը անկարեւոր է, կարեւորը Նեթանիահուի եւ Պայտընի արձանագրելիք յաղթանակներն են», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ համաշխարհային նոր կարգին մէջ Չինաստանն ու Ռուսիան եւս իրենց կշիռը կը պարտադրեն: Իսկ Միացեալ Նահանգներուն մասին շարունակելով իր կեցուածքները արտայայտել` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ արաբական երկիրներուն մեծագոյն սխալը այն էր, որ Իրաքի պատերազմին ընթացքին անոնք Ուաշինկթընին նեցուկ կանգնեցան:

«Այլ խօսքով` արաբական երկիրները առիթ տուին ամերիկացիներուն գալու եւ հաստատուելու իրենց երկիրներուն մէջ, ուրեմն պէտք չէ նաեւ զարմանալ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու քայլերուն եւ իրականութեան մասին: Միակ երկիրները, որոնք տակաւին հաստատակամութեամբ կը մերժեն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը, Լիբանանն ու Սուրիան են, եւ այդ պատճառով ամէն տեսակի ճնշում կը բանեցուի այդ երկիրներուն վրայ», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ ան ակնարկեց նաեւ Հայաստանի վրայ բանեցուած ճնշումին եւ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կարելիութիւններուն:

«Պէտք է ըսել նաեւ, որ յարաբերութիւններու բնականոնացման համահունչ կեցուածքներու ընդմէջէն պարսկական իշխանութեան օրով հայութեան առաջարկուած կրօնափոխութիւնը, Թուրքիոյ կողմէ ստրկացումի քաղաքականութիւնը նաեւ կը միտէին ձուլել հայերը եւ ջնջել անոնց ինքնութիւնը, սակայն հայ ժողովուրդը իր հայկական ինքնութիւնն ու կրօնը պահպանելու համար ենթարկուեցաւ ամէն տեսակ տառապանքի, մինչեւ իսկ Ցեղասպանութեան, սակայն դիմադրեց: Հայութիւնը իր նախահայրերէն կտակուած աւանդները չի կրնար մոռնալ, այլ` պիտի պահէ զանոնք եւ փոխանցէ ապագայ սերունդներուն: Պայքարի այս ճամբուն վրայ պարտութիւններ պիտի կրէ, նահատակներ պիտի ունենայ, սակայն ի վերջոյ կեանքը փառքով պէտք է ապրիլ: Հետեւաբար կա՛մ աշխարհի երկիրներէն մէկուն մէջ տեղահանուած անինքնութիւն կ՛ապրինք, կա՛մ ալ կը պահպանենք մեր ինքնութիւնը եւ այդպէս կ՛ապրինք», շեշտեց ան:

ՀՅԴ-ի եւ Դիմադրութեան միջեւ դաշինքին մասին հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնուած օրէն, 1890-էն ի վեր այս կուսակցութիւնը դիմադրութեան գաղափարաբանութեան կը հաւատայ` բռնագրաւումի եւ անիրաւութեան դէմ պայքարի կը հաւատայ, եւ ոչ թէ նորութիւն է իրեն համար դիմադրութեան գաղափարաբանութիւնը:

«Տեսէք Երուսաղէմի մէջ ի՛նչ կը պատահի. քանի մը տասնեակ իսրայէլացիներ կը յարձակին հայոց վրայ եւ կ՛ուզեն բռնագրաւել պատմական առումով հայկական եղող տարածքները, եւ ոչ ոք կ՛անդրադառնայ յարձակումի այդ իրականութեան: Մինչդեռ եթէ աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ եթէ ինքնաշարժի արկած մը պատահի եւ հրեայ ըլլայ խնդրոյ առարկան, ուրեմն այդ դէպքը կը թարգմանուի իբրեւ հակասեմական յարձակում, որուն կ՛անդրադառնան աշխարհի բոլոր հսկայ լրատուամիջոցները: Իսկ իսրայէլեան Քնեսեթին կողմէ քրիստոնէութեան քրէականացման օրինագիծը չի զարմացներ մեզի, որովհետեւ կը բացատրէ հրեաներուն գաղափարաբանութիւնը, որ հիմնուած է հրեաներէն բացի ամէն բան մերժելու սկզբունքին վրայ: Երուսաղէմի հրէացումը վկա՛յ: Դժբախտաբար հրեայ բռնատիրական փոքրամասնութիւնն է, որ աշխարհին կ՛իշխէ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Ներքին լիբանանեան առումով, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանը պիտի ուղղուի պետական ամավարկը վաւերացնելու` ընդգծելով, որ քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքերու պարտադրումը խիստ մերժելի է եւ պէտք չէ վաւերացում ստանայ: «Թող կառավարութիւնը մտածէ ժողովուրդէն իւրացուած գումարները վերադարձնելու ձեւերուն մասին», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հաւանականութեան` յայտնելով, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու յոյսի նշոյլ մը առկայ է:

Հարցազրոյցի աւարտին Յ. Բագրատունի իր բարեմաղթութիւնները ուղղեց բոլորին եւ հայկական Ս. Ծնունդին առիթով լիբանանցիներուն ուղղեց յոյսի պատգամ մը` շեշտելով, որ կեանքին մէջ միշտ ալ յուսախաբութիւններ կը պատահին, սակայն անձնատուր ըլլալը արգիլուած է:

Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ 2024-ը անցնող տարուընէ քիչ մը աւելի լաւ ըլլայ եւ հայրենիքը մուտք գործէ դէպի բնականոն հուն` առիթ տալով նոր յոյսեր ծաւալելու եւ ձգտումներ ունենալու:

Երեսփոխան Բագրատունի իր մաղթանքները եզրափակեց յոյս յայտնելով, որ երկրէն արտագաղթած լիբանանցի երիտասարդները վերադառնան ու բարգաւաճեցնեն Լիբանանը, ինչպէս նաեւ հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդները տիրանան իրենց իրաւունքներուն:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company