ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Ազգային կառավարութեան անհրաժեշտութիւնը

24 Հունվար 2024

­Տաս օ­րեր ա­ռաջ, Ա­թէն­քի Հ.Յ.Դ. Ա­րամ ­Մա­նու­կեան կո­մի­տէու­թեան կազ­մա­կան ժո­ղո­վը օ­րա­կար­գի հարց դարձ­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի դի­մագ­րա­ւած քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ու ըն­կե­րա­յին լրջա­գոյն խնդիր­նե­րը եւ ա­նոնց մա­սին վե­րա­քաղ մը կա­տա­րե­լէ ետք, ժո­ղո­վա­կան­նե­րու մի­ջեւ զրոյց-քննար­կում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ: Անդրա­դար­ձի ար­ժա­նի ե­րե­ւոյ­թը այն է, որ Հ.Յ.Դ.ի ան­դամ կու­սակ­ցա­կան­ներ կը տագնա­պին ­Հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քի հո­գե­րով, ի­րենց ա­ռօ­րեայ հեւ­քին մէջ ու օ­րո­ւան աշ­խա­տան­քի ծան­րու­թե­նէն յե­տոյ, ճշդուած թուա­կա­նին ու ժա­մուն կը հա­ւա­քուին ի­րենց ժո­ղո­վա­վայ­րը եւ մոռ­ցած յա­ջորդ օ­րո­ւան գոր­ծի ստի­պո­ղու­թիւն­նե­րը, պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներն ու այ­լա­զան տաղ­տուկ­նե­րը՝ զի­րենք կրծող ազ­գին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած տագ­նա­պա­լի խնդիր­նե­րը ի­րա­րու կը փո­խան­ցեն եւ զա­նոնք յաղ­թա­հա­րե­լու ան­զօ­րու­թեան մատ­նո­ւած՝ Ար­ցախ­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու ու ­Պա­քուի մէջ բան­տար­կո­ւած­նե­րու ա­զատ ար­ձակ­ման պա­հանջ­քով ցոյց ը­նե­լու ո­րո­շու­մի կը յան­գին, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­մէն ան­գամ ցոյ­ցին մաս­նակ­ցող­նե­րու թի­ւը կը նո­ւա­զի նա­խոր­դին բաղ­դատ­մամբ, ինչ որ նոր յու­սա­հա­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ…:

­Կար­ծե­լով, որ այդ ժո­ղո­վին յայտ­նո­ւած մտա­ծում­նե­րը շա­հե­կան կրնան հա­մա­րո­ւիլ, ո­րոշ մշա­կու­մով ա­նոնց խտա­ցու­մը կը թո­ւեմ ստո­րեւ.

1. ­Մե­զի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն դժո­ւար ու ճա­կա­տագ­րա­կան փու­լի մէջ կը գտնո­ւի ­Հա­յաս­տան: 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի պար­տու­թե­նէն եւ յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի ան­փա­ռու­նակ ան­կու­մէն վերջ, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով ու­ժա­քամ հայ­րե­նիք մը ու­նինք եւ մեր թշնա­մին, ինչ­պէս նաեւ «բա­րե­կամ­նե­րը» ի­րենց ա­խոր­ժակ­նե­րը սրած՝ կը պատ­րաս­տո­ւին հնա­րա­ւո­րինս օգ­տո­ւիլ ա­նոր տկա­րու­թե­նէն…:

2. ­Խոս­տո­վա­նինք, որ նոյ­նիսկ տա­րի­նե­րու փորձ ու­նե­ցող ու կազ­մա­կեր­պո­ւած պե­տու­թիւն­ներ պի­տի անճր­կէին, ե­թէ պա­տա­հէր, որ եր­կու-ե­րեք օ­րո­ւան մէջ շուրջ հա­րիւր հա­զար գաղ­թա­կան հայ­րե­նա­կից­նե­րու հոս­քի մը առ­ջեւ գտնո­ւէին, ինչ­պէս որ պա­տա­հե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նին: Կ­՚ի­մա­նանք, որ Ար­ցա­խի գաղ­թա­կան հայ­րե­նա­կից­նե­րը ան­պատս­պար չեն մնա­ցած, պա­տիւ մեր ազ­գին, կա­րե­լի ա­րա­գու­թեամբ պատս­պա­րո­ւած են ա­նոնք տու­նե­րու մէջ, ինչ որ ան­գամ մը եւս եւ գործ­նա­պէ՛ս կը հաս­տա­տո­ւի՝ ազ­գա­կից­նե­րը սրտբաց գրկե­լու մեր ազ­գին իւ­րա­յատ­կու­թիւ­նը, ին­չպէս նաեւ ցու­ցա­նի­շը կը կազ­մէ ազ­նուու­թի­նը հայ մար­դու հո­գե­յա­տա­կին: Ա­մէն պա­րա­գա­յի, այս ի­րո­ղու­թիւ­նը «ա­ռա­ւել մը» կ­՚ար­ձա­նագ­րէ նաեւ կա­ռա­վա­րա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց շնոր­հիւ կա­րե­լի ե­ղած պէտք է ըլ­լայ յա­ջող եւ ա­րագ հա­մադ­րել պատս­պա­րան­քի կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը…: ­Հի­մա կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը դժո­ւար ընտ­րանք մը ու­նի. ար­ցախ­ցի­նե­րուն քա­ղա­քա­ցիու­թիւն շնոր­հե՞լ, թէ զա­նոնք պա­հել գաղ­թա­կա­նի կար­գա­վի­ճա­կին մէջ, որ­պէս­զի վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քի ու­ժը չտկա­րա­նայ…:

3. ­Շատ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր ­Կով­կա­սի տա­րա­ծաշր­ջա­նը գտնուած է ռու­սա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ եւ ներ­կա­յիս ալ ան կը հա­մա­րո­ւի ա­նոր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին: ­Բա­ցա­ռո­ւած է, որ ­Ռու­սիա հրա­ժա­րի ան­կէ: Ան ա­մէն հնարք ի գործ պի­տի դնէ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մար ­Կով­կա­սեան եր­կիր­նե­րու վրայ: Ս­խալ է կար­ծել, որ ան տկա­րա­ցած է Ուկ­րա­նիոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճառվ:

4. ­Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից ­Ռու­սիոյ դիր­քէն յու­սա­խաբ, Հ.Հ.-ի վար­չա­պետն ու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փորձ կը կա­տա­րեն խզո­ւիլ ­Ռու­սաս­տա­նէն եւ հա­կիլ դէ­պի Եւ­րո­պա, ա­նոր շռայլ խոս­տում­նե­րէն շլա­ցած: Ա­րեւ­մուտ­քին նպա­տա­կը կը կար­ծենք թէ, ոչ ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թիւնն է, ոչ ալ ա­նոր բար­գա­ւա­ճու­մը, այլ մեր հայ­րե­նի­քը խա­ղա­քար­տի վե­րա­ծե­լով ռու­սին նե­ղու­թիւն­ներ պատ­ճա­ռելն է: Ա­րեւ­մուտ­քը հեշ­տու­թեամբ կը լքէ ­Հա­յաս­տա­նը նո­ւա­զա­գոյն անն­պաստ կա­ցու­թեան մը պա­րա­գա­յին:

5. ­Հա­յաս­տա­նի դէ­պի ա­րեւ­մուտք ա­րե­ւե­լու­մին դի­մաց նոյ­նիսկ ­Ռու­սիոյ կող­մէ հան­դուր­ժո­ղու­թիւն ե­թէ ցոյց տրո­ւի կամ չէ­զոք դիրք որ­դեգ­րէ ան, ինչ որ բա­ցա­ռո­ւած կը նկա­տենք, կա՛յ տնտե­սա­կան ազ­դա­կը, որ վտան­գա­ւոր հե­տե­ւանք­ներ կրնայ ու­նե­նալ մե­զի հա­մար: ­Ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ­Հա­յաս­տա­նի կեն­սա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ­Քո­չա­րեա­նի նա­խա­գա­հու­թեան օ­րով պարտ­քի դի­մաց տրո­ւե­ցան ­Ռու­սիոյ, որ այդ հաս­տա­տու­թեանց տի­րու­թիւնն ու հսկո­ղու­թիւ­նը ու­նի: ­Բաց աս­տի, ներ­կա­յիս ալ տո­կո­սա­յին ա­ռու­մով մեր երկ­րի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու մե­ծա­գոյն բա­ժի­նը կ­՚ար­տա­ծո­ւի դէ­պի ­Ռու­սիա կամ Եւ­րա­սիա­կան եր­կիր­ներ: ­Կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի վի­ճա­կը, իբ­րեւ ճնշու­մի մի­ջոց՝ տնտե­սա­կան հա­ւա­նա­կան պոյ­քո­թի մը պա­րա­գա­յին։

6. ­Մե­զի բնա­կան դաշ­նա­կից կը հա­մա­րո­ւի ­Պարս­կաս­տա­նը, որ չենք գի­տեր, թէ որ­քան հաշտ ու չէ­զոք աչ­քով կը դի­տէ Հ.Հ.-ի վար­չա­պե­տին սի­րա­խա­ղը Ա­րեւ­մուտ­քին հետ: Ատր­պէյ­ճա­նի պա­հան­ջած ծա­նօթ «մի­ջանցք»ին դէմ ըլ­լա­լով հան­դերձ, ան կ­՚ու­զէ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կել մեր ո­խե­րիմ թշնա­միին՝ Ատր­պէյ­ճա­նին հետ, հա­ւա­նա­բար այն կան­խա­հո­գու­թեամբ, որ իր սահ­մա­նե­րուն մէջ ապ­րող հինգ մի­լիոն ա­զե­րի­նե­րը հին­գե­րորդ շա­րա­սիւ­նի չվե­րա­ծո­ւին ի նպաստ Ատր­պէյ­ճա­նին: Չ­մոռ­նանք նաեւ, որ ­Պարս­կաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը կրօն­քի նոյ­նու­թիւն ու­նին…: Եր­կու եր­կիր­ներն ալ կը պատ­կա­նին իս­լա­մու­թեան ­Շիա դա­ւա­նան­քին։

7. ­Պէտք չկայ շեշ­տե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ թշնա­ման­քը՝ մե­զի հան­դէպ, որ փո­խա­դարձ է: ­Պա­տա­հի, որ ­Կով­կա­սը Ա­րեւ­մուտ­քի ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիի վե­րա­ծո­ւի, ա­նոր հսկո­ղու­թիւ­նը ան­պայ­ման է, որ NATO-ի կող­մէ պի­տի յանձ­նո­ւի մեր ոչն­չաց­ման հե­տամ­տող թշնա­մի ­Թուր­քիոյ, որ կը հե­տապն­դէ հա­մաթր­քու­թեան իր ծրա­գի­րը…:

8. Այս պայ­ման­նե­րուն տակ եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան խա­ղե­րու ներ­կայ ըն­թաց­քով վտան­գո­ւած կը հա­մա­րենք մեր պե­տա­կա­նու­թիւ­նը: ­Ներ­կայ ըն­թաց­քով եւ լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին ­Հա­յաս­տան պի­տի վե­րա­ծո­ւի աս­կէ-ան­կէ օգ­նու­թիւն հայ­ցող խա­մա­ճիկ ու ան­կա­րե­ւոր երկ­րի մը՝ մի­ջազ­գա­յին բե­մին վրայ եւ կամ պի­տի ստի­պո­ւի ­Ռու­սիոյ միա­նա­լու ո­րո­շում առ­նել, վե­րա­ծո­ւիլ ռու­սա­կան նա­հան­գի՝ կորսնց­նե­լով իր ան­կա­խու­թիւ­նը, ինք­նու­րոյն պե­տու­թիւն ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը…: ­Թե­րեւս ­Պու­տի­նի հե­տապն­դածն ալ այդ է։

Ու­րեմն, ի՞նչ ը­նել:

Դ­ժո­ւար հար­ցում մը, որ այ­սօրուան պայ­ման­նե­րուն մէջ պա­տաս­խան չու­նի թե­րեւս:

Անց­նող 35 տա­րի­նե­րուն «դէ­պի եր­կիր» կար­գա­խօ­սով դաշ­նակցա­կան­նե­րուս ամ­բողջ ու­շադրութիւնն ու կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցու­ցինք ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի վրայ, ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին ­Ղա­րա­բաղ ու­ղար­կե­ցինք ա­ռա­ջին զէն­քե­րը եւ կռո­ւող ֆե­տա­յի­նե­րով հոն զի­նո­ւո­րա­կան ջո­կատ կազ­մե­ցինք, մաս­նա­կից դարձանք պա­տե­րազ­մին, նա­հա­տակ­ներ տուինք, ա­պա Հ.Հ.-ի հանրապետու­թեան կա­ռա­վար­ման գոր­ծին պատասխա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ ստանձ­նե­ցինք եւ այլն, եւ այլն.: Անց­նող տա­րի­նե­րու մեր ը­րած­նե­րուն հա­մար հպարտ էինք մենք մեզ­մով, հզօր հայ­րե­նի­քի յաղ­թա­կան բա­նա­կով: Իսկ հի­մա՞…:

­Հի­մա, ող­բեր­գու­թեան ու ա­նո­րոշ ա­պա­գա­յի քա­ղա­քա­կան ճգնա­ժա­մի մէջ իսկ պա­ռակ­տո­ւած ու խառ­նաշփոթ պատ­կեր մը կը ներ­կա­յացնէ մեր հայ­րե­նի­քը: Իշ­խա­նու­թիւն եւ ընդ­դի­մու­թիւն ան­հաշտ ճա­կատ­նե­րու վե­րա­ծո­ւած ի­րա­րու դէմ կը պայ­քա­րին ա­հա հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր: Իսկ փոքր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը դէմ են թէ ընդ­դի­մու­թեան եւ թէ իշ­խա­նու­թեան: Ա­նա­սե­լի ա­ղէտ­նե­րու պատ­ճառ դար­ձած ձա­խա­ւեր վար­չա­պետն ու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փո­խա­նակ հրա­ժա­րե­լու, կը շա­րու­նա­կեն իշ­խա­նու­թեան վրայ մնալ եւ վախ կայ, որ վե­րընտ­րո­ւին ա­նոնք նոր քո­ւէար­կու­թեան մը պա­րա­գա­յին, ո­րով­հե­տեւ ընդ­դի­մու­թիւ­նը որ­պէս այ­լընտ­րանք՝ հա­մո­զիչ ծրա­գիր եւ ժո­ղո­վուր­դէն ըն­դու­նե­լի վար­չա­պե­տու­թեան թեկ­նա­ծո­ւի ա­նուն չէ ներ­կա­յա­ցու­ցած մին­չեւ հի­մա: Չ­կայ քա­ղա­քա­ցիա­կան հան­րու­թիւն, որ բաց վճա­րա­գիր տայ ո­րե­ւէ կող­մի, վստա­հե­լով ա­նոր, որ գոր­ծա­ծէ այդ վճա­րա­գի­րը, ինչ­պէս որ յար­մար կը դա­տէ:

Ու­րեմն ի՞նչ ը­նել.

Սկ­սե­լու հա­մար, եւ իբ­րեւ ան­յե­տաձ­գե­լի նա­խա­պայ­ման, նախ քով-քո­վի բե­րել ­Հա­յաս­տա­նի ան­հաշտ կող­մե­րը՝ հաս­կա­ցո­ղու­թեան ու հա­մա­խո­հու­թեան եզ­րի մը յան­գե­լու, միաս­նա­բար ռազ­մա­վա­րու­թիւն մշա­կե­լու եւ ազ­գա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար:

­Հա՞րց է ար­դեօք, թէ ո՞վ պի­տի ըլ­լայ քով-քո­վի բե­րո­ղը: Ար­դեօ՞ք հա­սած ենք տեղ մը, ուր միջ­նո՞րդ ալ դժո­ւար է գտնել: ­Թէեւ, կու­սակ­ցու­թիւն­ներ պէտք չու­նին միջ­նոր­դի՝ ի­րա­րու հան­դի­պե­լու, յա­րա­բե­րե­լու եւ ո­րե­ւէ օ­րա­կար­գի մա­սին խօ­սե­լու հա­մար: ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը մեծ փորձ ու­նի ազ­գին ու­ժե­րը հա­մախմբե­լու գոր­ծին մէջ՝ իր ծնուն­դէն մին­չեւ սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պում ու ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման նպա­տա­կի ա­ռանց­քին շուրջ…։

Գ­րո­ղիս կող­մէ.

1. ­Վե­րը ը­սած եմ ար­դէն ու կը կրկնեմ, որ յայտ­նո­ւած մտա­ծում­նե­րը ո­րոշ մշա­կու­մի են­թար­կած եմ հնա­րա­ւո­րինս պա­հե­լով ա­նոնց «միտք բա­նի»ի հա­րա­զա­տու­թիւ­նը: ­Կարգ մը տե­ղեր յա­ւե­լում­ներ կա­տա­րած եմ ա­ւե­լի յստակ, ամ­բող­ջա­կան ու պատ­շաճ դարձ­նե­լու հա­մար մշա­կու­մը:
2. ­Քա­նի մը օ­րեր ա­ռաջ, ­Գե­րա­գոյն մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Իշ­խան ­Սա­ղա­թե­լեան յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը անդ­րա­դառ­նա­լէ ետք ­Հա­յաս­տա­նի ճգնա­ժա­մին ու իշ­խա­նու­թեանց պատ­ճա­ռած ա­ւե­րին, իբ­րեւ վեր­ջա­բան ու ճգնա­ժա­մա­յին կա­ցու­թե­նէն դուրս գա­լու մի­ջոց, շեշ­տած էր ազ­գա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կեան­քի կո­չե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ֆէյս­պու­քի վրայ էր:

Ին­ծի տրո­ւած չէ եւ ոչ ալ ի­րա­ւուն­քը ու­նիմ մեկ­նա­բա­նե­լու ընկ. Իշ­խա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը: ­Պար­զա­պէս կ­՚ար­ձա­նագ­րեմ իմ պատ­կե­րա­ցումս «ազ­գա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւն» կամ «փրկու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւն» յղաց­քին մա­սին: Երբ կ­՚ը­սո­ւի «ազ­գա­յին կա­ռա­վա­րու­թիւն», կ­՚են­թադրո­ւի բնա­կա­նա­բար, որ ա­նոր մաս պի­տի կազ­մէ նաեւ Ազ­գա­ժո­ղո­վի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ու­նե­ցող եւ վար­չա­պետ ­Փա­շի­նեա­նի կող­մէ ղե­կա­վա­րո­ւող կու­սակ­ցու­թիւնն ալ: ­Կը սխա­լի՞մ ար­դեօք: ­Փա­փա­քե­լի պի­տի ըլ­լար, որ մտայ­նու­թեանց մէջ ինչ որ բան փո­խո­ւած է: Ով գի­տէ:

Սխ­րան­քով միայն կա­րե­լի է ա­նել կա­ցու­թեան մէջ ելք գտնել: Ե­թէ ու­րիշ ճար չկայ, սխրանք պի­տի հա­մա­րո­ւի ան­հաշտ կող­մե­րու մի­ջեւ ի­րա­րու ձեռք եր­կա­րե­լը:

Ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի, ի­տէա­լա­կա­նը այն պի­տի ըլ­լայ, որ մինչ այժմս կա­ռա­վա­րող բո­լոր ղե­կա­վար­ներն ու ի­րենց ան­մի­ջա­կան ար­բա­նեակ­նե­րը դուրս մնան ա­ռա­ջի­կա­յին կազմուե­լիք նոր կա­ռա­վա­րու­թե­նէն: Ա­նոնք բո­լորն ալ քիչ թէ շատ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժին մը ու­նին ­Հա­յաս­տա­նի այ­սօ­րո­ւան կա­ցու­թեան եւ պա­ռակ­տո­ւա­ծու­թեան եւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան ախ­տա­ւոր ան­տար­բե­րու­թեամբ վա­րա­կո­ւե­լուն:

ՄԻՀՐԱՆ Ք.
Ա­թէնք, 20 ­Յու­նո­ւար 2024

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company