Եւրոպայի զանգուածներէն սորվելիք ունի՞նք
08 Փետրվար 2024
2023-ի Դեկտեմբերէն ի վեր, Եւրոպան եռքի մէջ է: Բողոքի ալիքներ կը բարձրանան քիչ մը ամէն տեղ, արեւելեան թէ արեւմտեան կողմն Եւրոպայի: Ցոյցեր, գործադուլ, ճամբաներու փակում: Բողոքի ալիքը սահմանափակուած չէ մէկ կալուածի մէջ, այլ կ’ընդգրկէ ցամաքային եւ օդային փոխադրամիջոցները, երկրագործները, անասնաբոյծ-անասնապահները եւ այլ ասպարէզներու մէջ աշխատողներ, որոնք իրենց կողքին շահած են զանգուածները:
Բողոքի շարժումը աւելի հնչեղ դարձաւ վերջին երկու շաբաթներուն, երբ երկրագործներ ու ագարակապաններ, գործադուլի եւ հրապարակային այլ ցոյցերու սահմանէն անդին երթալով, սկսան պաշարման տակ առնել մայրաքաղաքներ ու քաղաքներ, փակեցին սահմաններ, անշարժութեան մատնեցին երկրին այս կամ այն գօտին (իսկ Եւրոպական Միութեան մէջ սահման հասկացողութիւնը հիմա տարբեր է): Եթէ Փարիզն ու Ֆրանսական քաղաքներ, ապա նաեւ Եւրոպական Միութեան ոստանը նկատուող Պրիւքսէլը գրաւեցին զանգուածային լրատու աղբիւներու նորագոյն լուսարձակները, անդին, շարժումը լայն արձագանգ գտաւ Անգլիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Փորթուգալի, Հոլանտայի, Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, յիշելու համար շարժումին յիշարժան օրրանները:
Գանգատին խորագիրները բազմաթիւ են. հիմնականը՝ ՍՂՈՒԹԻՒՆԸ: Մարդիկ կը գանգատին, որ ուժանիւթը (վառելանիւթ ու ելեկտրականութիւն), պարարտացուցիչները, մեքենաներն ու գործիքները անհամեմատ սղած են, այնքան մը, որ իրենց աշխատանքը դարձած է անշահաւէտ (ականջը խօսի Հայաստանի երկրագործներուն): Գանգատ կը բարձրանայ, որ Ուքրաինոյ տրամադրուած՝ ազատ առեւտուրի, այսինքն՝ անկէ անհակակշիռ ներածումի շարժումը անարդար վիճակ ստեղծած է տեղական արտադրութեանց համար, կայ նաեւ «Եւրոպայի սահմաններէն դուրս» երկիրներէ (կը յիշուին հարաւ-ամերիկեան երկիրներ) ազատ ներածումներու ստեղծած անարդար վիճակը: Ձայներ կը բարձրանան միջատասպաններու անհամաչափ օգտագործման, կենսոլորտի հարցերու եւ նման՝ «երկրորդական» նկատուող տագնապներու դէմ:
Ճնշումը այնքան մը բարձրացաւ, որ Ֆրանսայի նոր կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը ստիպուեցան տեղի տալ, որդեգրեցին դարմանումի (կիսատ-պռատ) միջոցներ, տուին խոստումներ, որոնք եղան այս շարժումին ձեռքբերումը: Փետրուարի սկիզբներուն, ալիքը տեղատուութեան նշաններ ի յայտ բերաւ, սակայն ցուցարար բողոքողները զէնքերը վար չեն դրած:
ՈՒքրաինան միակ «յանցաւոր»ը չէ…
Ո՛չ ոքի ուշադրութենէն վրիպեցաւ այն, որ բողոքի եւ պաշարումներու ալիքը գագաթնակէտի մը հասաւ ճիշդ այն օրը, երբ Եւրոպական Միութիւնը գերաստիճան մը կը գումարէր Պրիւքսէլի մէջ, օրակարգի վրայ ունենալով Ուքրաինոյ 50 միլիառ եւրոյի նոր օժանդակութիւն տրամադրելու ծրագիր մը: Ցուցարարներն ու բողոքողները կը գանգատին, որ իրենց կառավարութիւնները անտեսումի լուսանցքին վրայ նետած են սեփական երկիրներու հոգերը եւ իրարու հետ մրցումի ելած են՝ Ուքրաինան զինելու եւ անոր կործանուող տնտեսութեան օգնութեան ձեռք երկարելու համար (հոս չենք ուզեր քննարկման նիւթ դարձնել այն, որ Ուքրաինա ինչո՞ւ այս վիճակին մատնուեցաւ, եւ արդեօք պէ՞տք է անվերջ շարունակել Ուքրաինոյ զինումը, կամ՝ որքա՞ն կրնայ տեւել «Դանայեան տակառ»ը լեցնելու մրցավազքը):
Դէպի Ուքրաինա հոսող եւրոպական գումարներուն ծիրին մէջ, ոչինչ կ’ըսուի Իսրայէլը զինելու եւ պաղեստինցիներու ջարդին մասնակից դառնալու իրականութեան մասին: Նման բացայայտում ընող մը անմիջապէս պիտի պիտակուի իբրեւ «հակասեմական». մասնաւորաբար գերմանացիք չեն ժպրհիր նման քայլ առնել: Ու ոեւէ մէկը հարց չի տար, թէ արդեօք արաբները հնդեւրոպակա՞ն, թէ կարմիր կամ դեղին ցեղերու կը պատկանին: (Չէ՞ որ նմանապէս հարց չի տրուիր, թր իսլամական Թուրքիան ալ անարգել կը ջարդէ իսլամ քիւրտերը, իսլամ սուրիացիներն ու իրաքցիները…): Չտարածուինք մեր քննարկումին մէջ:
Ուրեմն, եւրոպացիք հիմա կը զգա՜ն, որ իրենց տառապանքներուն եւ ապրուստի տագնապներուն գլխաւոր պատճառը՝ Ուքրաինոյ մէջ ուղիղ երկու տարի առաջ պայթած պատերազմն է (բանիմացը պիտի ըսէր՝ նո՜ր բարի լոյս): Զանգուածային մամուլը կը շարունակէ մեղադրանքներ շռայլել Ռուսիոյ հասցէին (չենք ըսեր, թէ Ռուսիա բոլորովին անմեղ է, սակայն կը մոռցուին պատերազմին շարժառիթներուն իսկական պատճառները եւ հարց չի տրուիր, թէ Ո’ր դարակը նետուած են Արեւելք-Արեւմուք մեղմացումի 90-ականներու թղթածրարները):
Քիչ կը խօսուի այս պատերազմին գլխաւոր շահառուներուն մասին, որոնց շարքին, առաջին տեղը կը գրաւեն զէնքի արտադրիչներն ու վաճառականները: Սակայն եկէ՛ք, պահ մը բանանք պզտիկ – ո՛չ միակ – քողարկեալ ծալք մը, եւ հարց տանք, թէ Ուքրաինայէն ցորեն, շաքար, միս եւ այլ արտադրանքներ ներածողները (փոքրամասնութիւն մը անկասկած) եւ այդ արտադրանքները անհաւասար մրցակցութեամբ Եւրոպայի շուկաներուն մէջ տարածողները ի՞նչ «շահաբաժին» ունին այս պատերազմին մէջ, եւ ատիկա կ’ըլլայ տեղական արտադրանքներուն հարուած տալու, սեփական երկիրներուն տնտեսութիւնը ձեւով մը դաշունահարելու գնով…:
Եթէ նման իրականութիւններուն մասին անաղմուկ խօսողներ կան, գրեթէ ո՛չ ոք կը խօսի այլ շահարկողի մը մասին, որ կը կոչուի Միացեալ Նահանգներ, աւելի ճիշդը՝ զայն իրենց տիրապետութեան տակ առած՝ զէնքի, քարիւղի եւ ճարտարարուեստի-առեւտուրի այլ կալուածներու հսկաներ: Օրինակի համար, երբ կը խօսին վառելանիւթերու եւ փոխադրամիջոցներու սակերու բարձրացման մասին, այսինքն՝ ապրուստի սղութեան գլխաւոր ազդակին մասին, չի յիշուիր, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՛ս բռնած է եւրոպական երկիրներու կոկորդէն եւ իր կամքը կը պարտադրէ բոլորին (կամքը պարտադրելը միայն ընդդէմ Ռուսիոյ քարոզչութիւն ընելուն չի վերաբերիր): Մոռցուած է, թէ մինչեւ երկու-երեք տարի առաջ, Եւրոպա բաւական աժան վառելանիւթ կը ներածէր Ռուսիայէն, կազատար հսկայական խողովակներ ձգուած էին ծովերու յատակէն: Օր մըն ալ, այդ խողովակները պայթեցան, Ռուսիան ամբաստանուեցաւ իբրեւ խափանարար (մի՛ հարցնէք, թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ պիտի պայթեցնէր իր արտածած կազին խողովակը), յետոյ, քննութիւնները պահ մը աղմկարար կերպով շարունակուեցան, հիմա բարձի թողի եղած են, ու եւրոպացիք մոռցած են, որ ռուսական կազի փոխարէն, իրենց պարտադրուած է շատ աւելի բարձր սակերով ամերիկեան կազ (եւ այլ արտադրանքներ) ներածել, չի յիշատակուիր, թէ քարիւղի արաբական երկիրներու «բանալիները» կը գտնուին անոնց ձեռքին, որոնք կը տիրապետեն ամերիկեան տնտեսական հզօրանքի աղբիւներուն: Չի խօսուիր մանաւանդ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ճամբով – եւ անոնց շահաբաժին տրամարդելով – Եւրոպա հասնող ռուսական վառելանիւթին մասին…
Հայկական կողմն աշախարհի
Եւրոպան եռեւեփող յիշեալ ալիքներուն՝ մակընթացութեանց եւ տեղատուութիւններու դիմաց, հայկական աշխարհը, ի մասնաւորի Հայաստանը կ’ապրի անոնց արձագանգներուն լուսանցքին վրայ:
Ուքրաինոյ պատերազմը, անմիջականօրէն եւ կարճ ժամանակի համար, դրական շարժում մը բերաւ Հայաստանին: Ռուսիոյ դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները, գաղտնիք չէ, մեծ գումարներ հոսեցուց Հայաստան, որ դարձաւ ռուսական շուկան աշխարհին կապող մանր կամուրջ մը (մի՛ հարցնէք, թէ «Ռուսիոյ հետ գործակցողին դէմ ալ պատժամիջոց պիտի որդեգրենք» սպառնացող Արեւմուտքը ինչո՞ւ անտարբեր մնաց. եւ լա՛ւ է որ անտարբեր մնաց): Տնտեսութեան մէջ դրական թիւեր արձանագրուեցան վերջին երկու տարիներուն, սակայն վերջին ամիսներուն, ըստ տնտեսագէտ-ելեւմտագէտներու՝ դրական ալիքին մարումի նշանները սկսած են ի յայտ գալ: Խորքին մէջ, երկրի՛ն տնտեսութիւնը այդքան ալ չէ նպաստաւորուած, ո՛չ միայն անոր համար, որ օրինակի համար՝ անոր դիմաց ունեցանք Արցախի նման անհաշուելի կորուստներ (հողային եւ տնտեսական), այլեւ որովհետեւ տնտեսվարումը կը մնայ մանկապարտէզային մակարդակի վրայ (այդ ալ դուրսերէն որոշ «ներշնչումով»): Անշուշտ օգտուող փոքրամասնութիւն մը կայ Հայաստանի մէջ եւս, անոնք՝ որոնք վարձքով բնակարան տրամադրած են դուրսէն եկողներու եւ աշխատանքի կոչուած՝ նորաստեղծ ընկերութիւններու մէջ (սա դրական կէտ մը կարելի է նկատել բնականաբար), սակայն այլապէս, ՍՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍՂԱՃԸ «նպաստաւորուած են» Ուքրաինայէն եւ այլ տեղերէ փչող՝ համաշխարհային տնտեսական, ապրուստի սղութեան հովերէն:
Երեւանի լրատու աղբիւրները երկու «դասակարգ» ունին. կայ իշխանութեան հակակշիռին ենթակայ կալուածը, որ կը փորձէ ամէն բան վարդագոյն, գոյնզգոյն ներկայացնել, եւ կայ իրատես կալուածը, որ լաւին կ’ըսէ լաւ, իսկ վատին կու տայ իր իրական անունը:
Ապրուստի վիճակը, մասնաւորաբար սահմանափակ եկամուտով բնակիչին, գիւղացիին համար (ասոնց կողքին են արցախցի գաղթականները), վիճակը ծանր է: Շատ սահմանափակ եւ կարճատեւ շարժումներ կ’արձանագրուին, օրինակ՝ ձկնորսներուն բողոքը եւ այլն (հիմա ձմեռ է, օրերը կարճ են…), սակայն ընդհանուր պահանջատիրութիւն մը չի բարձրանար: Ամէն մարդ ստիպուած է «իր կարապետը լալ»: Ձկնորսին տագնապը կարծէք թէ աղերս չունի պայթած շուկայի մը եւ այլ առեւտրականներու, զինուորներ կորսնցուցած ընտանիքներու ցաւերուն հետ. հոն ալ բողոքի ալիքները կարճատեւ են: Արցախի եւ հայրենի հողերու կորստեան տագնապներն ալ կը ստեղծեն «մանր ալիքներ», որոնք կը փշրուին ոստիկաններու վահաններուն դիմաց:
Ինչո՞ւ կ’արդյունաւորուին
Քանի սկսանք տնտեսական-ընկերային հարցերով, վերադառնանք այդ ոլորտը:
Եւրոպայի մէջ պայթած եւ ծաւալած, երկրէ երկիր արձագանգ գտած – եւ մեծ ու փոքր ձեռքբերումներ իրագործող – բողոքի շարժումները որոշ յաջողութեան կը հասնին, կ’ապահովեն շարունակականութիւն, որովհետեւ իշխանութիւններու ձախաւերութիւններուն դէմ դրօշ բարձրացնողները ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ են, ունին յստակ օրակարգ, անկախ անկէ, թէ ի՞նչ գոյն ունի տուեալ երկրին իշխանութիւնը: Կան արհեստակցական միութիւններ, համադաշնակցութիւններ, ընկերակցութիւններ, որոնք կապ կը պահեն իրարու հետ, մէկը միւսին զօրակից կ’ըլլայ: Բողոքը սկսողը գիտէ, թէ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ համար կը շարժի (չմոռնանք, որ հոն հողի-հայրենիքի կորուստի հարցեր չկան, այսինքն՝ մեր ցաւը աւելի խորն է): Որոշ նախագահի մը, վարչապետի մը քուէ տուողը չ’ըսեր, որ ան «ազգընտիր է», իրեն «մանտաթ տուած եմ, ինչ որ ուզէ՝ թող ընէ»: (Միամիտ չենք, սակայն նախանձախնդիր՝ որ տեղ մըն ալ դուրսէն իրաւունքի պաշտպանութեան հովերէ նպաստ քաղենք, ո՛չ միայն ուքրաինական նպաստաւորող զեփիւռներէն):
Կայ աւելի՛ն. Հայաստանի մէջ սպասելին՝ լոկ տնտեսական-ընկերային տագնապին դէմ բողոքի լայն ալիքը չէ, նման ալիքի մը ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ՝ հիմնականին մէջ բոլոր այն ձեռքերուն կողմէ, որոնք պէտք է աշխատաւորական ու արհեստակցական համադաշնակցութիւններու դերը կատարեն, նման միաւորներ ոտքի հանեն: Հայաստանի մէջ կորուստը ունի շատ աւելի՛ վտանգաւոր երեսներ. հող ու հայրենի՛ք կը կորսնցնենք քայլ առ քայլ, եւ իշխանութիւնը կը շարունակէ իր խաղերը խաղալ, մանրապատումներով, օր աւուր խելապատիկներէ դուրս ցատկող «գիւտերով» է որ կը զբաղեցնէ զանգուածը, ըսել կ’ուզենք՝ կը շարունակէ խաբել ու քնեցնել բոլորը:
Եւրոպայի շարժումներ նորութիւն չեն անարդար իշխանաւորներու դէմ պայքարող ԳՈՐԾՈՂ-ԱՇԽԱՏՈՂ ԴԱՍԱԿԱՐԳԵՐՈՒ քաղաքակիրթ, աշխարհին մէջ, եւ հակառակ տեղքայլերու եւ նահանջներու, մի՛շտ ալ դէպի յառաջ շարժումը ի վերջոյ յաջողութիւններ արձանագրած է եւ կեանքի պայմանները տարած է դէպի բարելաւում, տեղ-տեղ իրականացուցած է իշխանափոխութիւն, երգելով՝ «երբ չի մնում ելք ու ճար…»:
Սարգիս Մահսէրէճեան
