ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Պատերազմներու վառելանիւթ եւ… փշրանքներ

06 Փետրվար 2024

Քանի մը օր առաջ, Եւրոպական Միութիւնը որոշեց 50 միլիառ եւրոյի օժանդակութիւն տրամադրել Ուքրանիոյ: Սա պատահեցաւ այն օրերուն, երբ եւրոպական ցամաքամասին մէկ ծայրէն միւսը բողոքի ցոյցեր տեղի կ’ունենային, մարդիկ կը բողոքէին ապրուստի յարաճուն սղութեան դէմ, բարձրաղաղակ կը յայտարարէին, որ բազմագլխանի տագնապին գլխաւոր պատճառներէն մէկն են Ուքրանիոյ տրամադրուած անսահմանափակ օժանդակութիւնները: Մէկ խօսքով, ցուցարարները իրենց կառավարութիւններուն – եւ զանոնք ոտքի կագնեցնողներուն – կ’ըսէին, որ դուք մեր բերնէն մեր հացը կը կտրէք, որպէսզի Ուքրանիոյ օգնութիւն հասցնէք:

Հարցը հոն չէ, թէ Ուքրանիոյ պէ՞տք է օգնել, այլ «շան գլուխը» թաղուած է այլ տեղ, թէ՝ այդ օգնութեան որքա՞ն մասը կը հասնի կարիքաւորին ու աղէտեալին, որքա՞նը կը հոսի զէնքի մթերանոցներուն մէջ, խորքին մէջ՝ զէնքի վաճառորդներուն գանձնանակները (Ուքրանիոյ մէջ գաղթակղութիւն մը ալ պայթեցաւ, թէ հասնող օժանդակութիւնները կը վաճառուին այլոց ու կը լեցնեն իշխանական որոշ մարդոց գրպանները):

Ուքրանիոյ տրամադրուած օժանդակութիւնները (որքան ալ որ արդարացուցիչ պատճառներ ունենան) մեծ մասամբ պատուած են մշուշի ամպերով: Մերթ ընդ մերթ, եւ մասնավճարներու ձեւով, աշխարհը կ’իմանայ, թէ այսքան կամ այդքան գումար կը տրամադրուի Ուքրանիոյ, սակայն հազուադէպօրէն կը խօսուի ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐԻՆ, բոլորը ընդգրկող թիւերուն մասին:

Համացանցի ճամբով արագ «հետախուզութիւն» մը կատարողը ապշեցուցիչ իրականութիւններու դիմաց կը գտնէ ինքզինք: Ուքրանիոյ պատերազմին պայթումէն ետք անցած է երկու տարի (եւ հիմա «կ’աւետեն», որ գոնէ տարի մըն ալ պիտի շարունակուի…), եւ պաշտօնական ցուցակներ կը հաղորդեն որոշ մանրամասնութիւններ, թէ ինչպէ՛ս վառելանիւթ կը հոսի այդ ու նման հնոցներու (իսկ եթէ կան քողարկեալ բաժիններ, այդ ալ կը նմանի Ալիեւի հետ Նիկոլ Փաշինեանի գոյացուցած համաձայնութիւններուն):

Միացեալ Նահանգներ ցարդ տրամադրած է շուրջ 75 միլիառ տոլար (71 միլիառ եւրո): Եւրոպական Միութեան նոր խոստումը, ինչպէս ծանօթ է, 50 միլիառ եւրո է: Այս խմբակը Ուքրանիոյ պատերազմը ամէնէն մեծ ֆինանսաւորողն է, ընդամէնը շուրջ 85 միլիառ եւրոյով (անշուշտ բաժին մըն ալ կայ մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութեան խորագիրին տակ): Յաջորդը Գերմանիան է ՝ 21 միլիառ եւրո, կը հետեւին Բրիտանիան, Նորվեկիան, Ճափոնը, Քանատան եւ… շարքը երկար է՝ ընդամէնը շուրջ 50 երկիրներ, մեծ մասամբ՝ եւրոպական ցամաքամասէն, նաեւ՝ Ասիայէն ու Հարաւային Ամերիկայէն: Ուշագրաւ է, որ Ափրիկէէն այս ցանկին մաս կը կազմեն միայն արաբական երկու երկիր: Ցանկին վրայ են Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը…

Կազայի մէջ 4 ամիս առաջ պայթած նորագոյն պատերազմը նոր թեւեր տուած է ոճրագործ այս պետութեան օժանդակութիւն հասցնողներու մրցումին: Միացեալ Նահանգներ, որ Իսրէյէլի հիմնումէն ի վեր շուրջ 300 պիլիըն տոլար տրամադրած է այս երկրին (մեծ մասը՝ զինական), հիմա օրակարգի վրայ ունի յատուկ փաթէթ մը. 14 միլիառի օժանդակութիւն՝ Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի: Եւ որովհետեւ ընտրութիւններու տարի է, այս հարցը իբրեւ խաղաթուղթ կը գործածուի մրցակիցներու կողմէ: Միւս կողմէ, ամերիկացիք պաղեստինցիներուն կը տրամադրեն Իսրայէլ ղրկուածին հազիւ մէկ մանր կոտորակը, իսկ անցեալ շաբաթ ալ որոշեցին առկախել ՈՒՆՐՎԱ-ին տրամադրելի 300 000 տոլար յատկացումը (սա ՄԱԿի այն բաժանմունքն է, որ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակութիւն կը տրամադրէ):

Փակագիծ մը բանանք: Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի 3,3 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած են… 1992-էն ի վեր, իսկ Իսրայէլ կը ստանայ ՏԱՐԵԿԱՆ աւելի քան 3 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն (Իսրայէլ անկէ բաժին մը կ’օգտագործէ Ազրպէյճանը զինելու համար…): Նոյն գերպետութիւնը 2020-էն ի վեր Արցախի տրամադրած է 28 միլիոն տոլար…

Նպատակ չունինք մանրամասն հաշուեցոյց մը ներկայացնելու, որ զինուորապէս եւ տնտեսապէս հզօր երկիրները որքա՞ն օժանդակութիւն կը տրամադրեն ասոր-անոր: Այլ կ’ուզենք ուշադրութիւն կեդրոնացնել մէկ քանի – եւ ճանչցուած – իրականութիւններու վրայ, որոնք լուսանցքայնացնելու ճիգ կ’ըլլայ աշխարհով մէկ:

Աշխարհի տարածքին, այսօր հազարապատիկ մեծ գումարներ կը տրամադրուին երկիրներ քանդելու «առաքելութեանց», քան թէ աղէտեալներու օժանդակութեան: Պաղեստինցիներուն, արցախցիներուն եւ նման ահաւոր վիճակի մատնուողներուն հասնող օժանդակութիւնները միայն փշրանքներ են՝ բաղդատած նո՛յն այդ օժանդակութիւնները հասցնողներուն հրահրած պատերազմներուն: Ո՞վ կրնայ գնահատել մօտաւոր ու ամբողջական տարողութիւնը այն նիւթական վնասներուն (մարդկայինը անգնահատելի է), որոնք հասան Արցախին, Կազային ու պաղեստինեան այլ շրջաններու, Լիբանանին, Եմէնին եւ… այս ցանկն ալ երկար է: Հապա՞ բազմատասնեակ միլիոններու հասնող գաղթականները…

Կան ազնիւ մտածողներ, որոնք տագնապը կը դիտեն հետեւեալ ձեւով. գոնէ տեղ մը օգնութեան կը հասնին, բոլորովին անտարբեր չեն մնար: Բայց հազուգիւտ են այն ազնիւները, որոնք հարց կու տան, որ ինչո՞ւ պէտք է այսքան քանդում ու ջարդ կատարուի, բռնագաղթեր տեղի ունենան, որպէսզի յետոյ ալ կարիքաւորներուն օժանդակութիւն տրամադրուի իբրեւ… ողորմութիւն: Զանգուածներ, իրաւատէր ժողովուրդներ ինչո՞ւ պէտք է մատնուին մուրացկանի վիճակի, մինչդեռ եթէ խաղաղութեան տրամաբանութիւնը, ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ վերականգնին ու պահպանուին, մարդիկ կրնան ապրիլ խաղաղ, կրնան ապահովել օրուան հացը եւ քիչ մըն ալ աւելին, հալածական չեն դառնար ռումբերէ, ո՛չ ալ ստիպուած կ’ըլլան փոթորկոտ ծովերը դուրս գալ փոքրամարմին մակոյկներով ու հազարներով կուլ երթալ փոթորկալի ջուրերու:

Նման մտածում արտայայտողին՝ կրնան երեսին տալ, որ երազատես է, իտէալապաշտ, ոտքերը գետնէն կտրած ծակ-գլուխ, որովհետեւ հիմա (եւ յաճախակի փուլերու), գերիշխող տրամաբանութիւնը այն է, որ պատերազմները անհրաժեշտութիւն են, որպէսզի… աշխարհը զարգանայ: Ա՛յդ է բնական ընթացքը:

Աշխարհը տեսած է երկու աշխարհամարտ, որոնք մոռացութեան մատնեցին նախընթաց դարերու երկարաշունչ ու մահասփիւռ պատերազմները (հին դարաշրջաններէն մինչեւ 20-րդ դար), իսկ հիմա փաստօրէն կ’ապրինք մասնիկներով մղուող Գ. Աշխարհամարտը: Հսկայական կորուստներ պատճառող այդ աշխարհամարտերը տեղ մը, օր մը կանգ առած են, մարդիկ տխամարները հեռացուցած են իշխանութեանց ղեկերէն, աւելի՛ն, աշխատած են դարմանել այդ արհաւիրքներուն հետեւանքները, վէրքերը: Եւ յաջողա՛ծ են:

Բ. Աշխարհամարտէն ետք քանդուած, կործանած Եւրոպան վերականգնեցաւ, շնորհիւ Մարշըլի ծրագիրին: Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքները կորիզային առաջին իրական փորձարկումներուն զոհ տուած, այլապէս քանդուած Ճափոնը նմանապէս վերականգնեց ինքզինք, Քորէան նմանապէս ետին թողուց տասնամեակներու «մանր աշխարհամարտ»ին հետեւանքները: Թէ Եւրոպան եւ թէ ծայրագոյն Արեւելքի երկիրները (նաեւ այլք) սուղ վճարեցին «ներդրումներ» կատարողներուն, հիմա ալ կը վճարեն, սակայն, ինչպէս նշեցինք, օր մը, տեղ մը ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ վերականգնեց ինքզինք, պատերազմները շահագործողները տեսնուեցան (հոգ չէ թէ բարձրաղաղակ չհրապարակուեցան այդ կողմերը), աշխարհը ճանչցաւ համեմատաբար խաղաղ, հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու փուլեր:

Իսկ հիմա, աշխարհի ղեկին դարձեալ նստած են տխմարներու փաղանգներ, որոնք դարձած են ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒՆ հարկատուները, խամաճիկները, իսկ վնասուողները կը մխիթարեն փշրանքներու մատուցումով, եւ կ’ուզեն, որ աղէտեալները շնորհակա՜լ ըլլան իրենց:

Իրողական Գ. Աշխարհամարտին ելքը տարբեր չի կրնար ըլլալ. խելամիտներ, բանիմացներ ի վերջոյ պիտի վերագրաւեն մոլորած ղեկը: Այս հեռանկարով է որ պիտի շարժին տուժողները, եւ պէտք է զգուշանան անդառնալի, անդարմանելի սխալներ գործելէ:

Ս. Մահսէրէճեան
6 Փետրուար 2024

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company