ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Կնքահայրը հիմա Շոլցն է…

17 Փետրվար 2024

Ու պատահեցաւ, որ Նիկոլ Փաշինեան ու Իլհամ Ալիեւ Միւնիխ գտնուին այսպէս կոչուած՝ ապահովութեան ոչ-պաշտօնական խորհրդաժողովի մը առիթով եւ յանկարծ, հիւրընկալ երկրին վարչապետը՝ Օլաֆ Շոլց, (Surprise!) նախաձեռնութեան մը դիմեց եւ ըսաւ. «Ֆրէօնտը (ընկերներ), եկէ՛ք, քանի հոս էք, առիթը մի՛ կորսնցնէք, երեքով նստինք, բանակցինք, տեսնենք, թէ ձեր այս սա անհասանելի համաձայնութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է հասանելի դարձնել»: Յետոյ ալ զանոնք տարաւ սենեակ մը, ուր եռանկիւնաձեւ դասաւորումով սեղաններ տեղադրուած էին (ականջը խօսի կամ Աստուած հոգին լուսաւորէ հարաւային Լիբանանի սահմանին, շուրջ 40 տարի առաջ տեղի ունեցած «եռակողմանի բանակցութիւններ»-ու մասնակիցներուն)… Մնացեալը ծանօթ է լրատու աղբիւրներուն հաղորդումներէն:

Քիչ մը երգիծական էր վերի մուտքը, սակայն մարդս ինչպէ՞ս կրնայ ետ կանգնիլ խնդալէ, երբ օր-ցերեկով կը փորձեն… քթիդ խնդալ եւ հաւատացնել, որ սա նախապատրաստուած բան չէր, պարզապէս կնքահայր Շոլցի ակնթարթային բարի կամեցողութեան արդիւնք էր: Նախօրօք, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները նման հանդիպում չէին նախատեսած, իսկ «ռեւանշիստ» ընդդիմադիրները կասկածով յայտնած էին, որ նման հանդիպում կրնայ տեղի ունենալ:

Հանդիպումէն ետք ալ, այլանդակ գաղտնապահութեան վարագոյրը պահպանուեցաւ պաշտօնապէս: Միայն քանի մը բառ՝ քննարկուած հարցերուն մասին, մինչեւ իսկ ժլատ տեղեկութիւններ, թէ Փաշինեան եւ Ալիեւ առանձին հանդիպում ունեցած են կամ չեն ունեցած՝ եռանկիւն դասաւորումով սեղաններէն Շոլցի հեռանալէն ետք: Սակայն չաճապարենք, քանի մը ժամէն կամ քանի մը օրէն ըստ բաւականին կը բացայայտուին որոշ մանրամասնութիւններ, եւ ի յայտ կու գայ (դարձեալ), որ իշխանութեան ձախաւերութիւնները քննադատողները ճիշդ նախատեսութիւններ կատարած էին, երբ կ’ըսէին, թէ Փաշիեան եւ իր խումբը ամենայն հաւատարմութեամբ յառաջ կը սուրայ ալիեւեան պահանջներուն առջեւ զիջումի իր ճամբուն մէջ:

***

Միւնիխեան հանդիպումը բացայայտեց քանի մը իրականութիւն (բացայայտել-ուն մէջ կայ անծանօթ բան մը լոյսին բերելու իմաստը, որ այս պարագային այդքան ալ ճիշդ չէ): Նախ այն, որ Փաշինեան եւ իր «զօրախումբը» հաւատարիմ են ինքնագլուխ քայլեր առնելու եւ զանոնք հանրութենէն գաղտնի պահելու ընթացքին: Չէ՞ որ վերջերս յոխորտանքով յայտարարած էր, թէ ի՛նք է որոշողը, թէ ի՞նչ բան գաղտնի է, ի՞նչը՝ ոչ: Իսկ եթէ յիշողութեան տոպրակը պեղենք, մեր ականջին պիտի հնչէ միւս յոխորտանքը, թէ ինք կը բանակցի այնպէս՝ ինչպէս որ կ’ուզէ: Չէ՞ որ «ժողովուրդը իրեն մանտաթ տուած է», չէ՞ որ ինք կը բանակցի «զռոյական կէտէ»: Ո՞վ իրաւունք ունի, կը յանդգնի՛ հաշիւ պահանջելու իրմէ… Այլ բացայայտում մըն ալ այն էր, որ Ալիեւի մասին իր վերջին (քիչ թէ շատ արդարացի եւ ճշմարիտ) մեղադրական յայտարարութիւնները ո՛չ մէկ արժէք ունին, որովհետեւ ահա, ականջները կախ՝ Մունիխ վազեց, երբ իր պոսերը հրահանգեցին՝ «հո՛ս եկուր եւ բանակցէ՛»: Ո՞ւր մնացին այն խօսքերը, թէ Ազրպէյճան խաղաղութիւնը կը խափանէ, Հայաստանի վրայ յարձակելու կը պատրաստուի, անհիմն մեղադրանքներ կ’արձակէ հայկական պաշտպանական ուժերուն դէմ եւ այլն: Միւնիխի մէչ կողքին նստած՝ Միրզոյեան անունով ուսապարկն ալ ձայնակցած էր մեղադրանքներուն: Այդ բոլորը, հիմա յստակ է՝ կատարուած էին ՆԵՐՔԻՆ ՍՊԱՌՈՒՄԻ համար, մինչդեռ անդին, ահաւասիկ բացայայտ կը դառնայ, որ զիջումի ուղին կը շարունակուի վերանորոգուած խանդով:

Վաղը արդեօք պիտի փորձե՞ն մեզ համոզել, թէ Փաշինեան Ալիեւի պարտադրեր է բանակցութեան վերադառնալու, ճնշում բանեցուցեր է Շոլցի միջոցով: Չէ՞ որ Ալիեւ կրկին ու կրկին հեռու մնացած էր բանակցային սեղաններէ, որոնք սարքուած էին իր քարիւղին կարօտեալներուն կողմէ…: Պիտի ըսուի՞, որ Փաշինեան Պլինքընի գանգատ ներկայացուց «չար Ալիեւ»ին մասին: Կամ պիտի նկատուի՞, որ Ալիեւի մէկ այլ փափաքն ալ իրականացած է, Ֆրանսան հեռացնելով այսպէս կոչուած՝ բանակցութիւններու շրջանակէն:

***

Ինչո՞ւ այն մտավախութիւնը, թէ Միւնիխը նոր հանգրուան մըն է զիջումներու իրերայաջորդ փուերու ճամբուն վրայ: Ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, շուտով մանրամասնութիւններ կը յստականան ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով: Իսկ մտավախութիւնները բոլորովին անհիմն չեն, կը բաւէ, որ արագ ակնարկ մը նետենք վերջին շաբաթներու եղելոյթներուն վրայ:

Թուենք մէկ քանին:

Միւնիխի մէջ գաղտնօրէն պատրաստուած այս հանդիպումը յաջորդեց Ալիեւի վերընտրութեան եւ առանց բառերը ծամծմելու՝ Հայաստանին ուղղուած նորագոյն սպառնալի պահանջներուն, որոնց ընկերացան գործնական յարձակումներ եւ մեղադրանքներու տարափ: Հէրիֆը արդէն իսկ Արցախը վերջնականապէս կուլ տուած կը դաւանի, կը մերժէ «միջնորդներու» ներկայութեան բանակցիլ, եւ ահա, շաղակրատութիւն մը ծայր կու տայ, թէ Շոլց «նախաձեռնո՞ղ» էր թէ՞ «միջնորդ», իսկ ազերիական կողմը չ’ուզեր միջնորդ բառը լսել: Հիմնական պահանջը՝ Հայաստանի հիմնական օրէնքներուն, այսինքն՝ Սահմանադրութեան վերախմբագրումի «դեղատոմսն» էր, առանց որուն՝ «խաղաղութիւն մի՛ երազէք», բացագանչեց քարիւղատէրը քանի մը օր առաջ, իր երդման արարողութեան պահուն: Քանի մը տարուան «հնութիւն» ունեցող այս պահանջին կրկնութեան նախօրեակին, Փաշինեան քանի մը շաբաթ առաջ հրապարակ նետեց «նոր սահմանադրութեան մը պէտք ունինք»ը, որուն ընկերացան Զինանշանին եւ այլ խորհրդանիշներուն՝ հայութեան ազգային դիմագիծին ու էութեան, անսակարկելի պահանջներուն հետ կապ ունեցող խորհրդանիշներուն «վերախմբագրման» առաջարկները: Միջանկեալ, Փաշինեան անուղղակիօրէն բացայայտ դարձուց, որ Ալիեւի մէկ այլ պահանջին ալ պատրաստ է ընթացք տալու եւ ընդդիմադիր երեսփոխանները զրկելու բանակցութեան թղթածրարներուն ծանօթանալու ԻՐԱՒՈՒՆՔԷՆ (այլեւս արտաքին գործոց նախարարութեան դուռները փակ պիտի պահէ եղեր): Ինչո՞ւ, որովհետեւ Պաքու դժգոհ է, որ «ռեւանշիստ» ընդդիմադիրները ժողովուրդը իրազեկ կը դարձնեն, որ Ազրպէյճան Հայաստանի ներկայացուցած է նոր (եւ անվերջանալի) պահանջներ, կը միտի պարտադրել նոր զիջումներ (հող, բանակային կարգ ու սարք եւ մասամբ նորին): Այլ խօսքով, ինչ որ տեղի կ’ունենայ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն ու հաղորդակցութիւններուն ճամբով, պէտք է պահել գաղտնի, լուսարձակներէ հեռու, ո՛չ ընդդիմադիրները եւ ոչ ալ ժողովուրդը պէտք է իմանայ, որ իշխանաւորները սահմանային քանի՞ գօտի պիտի յանձնեն Ազրպէյճանին՝ փոխարէնը միայն… օդ ստանալով (վաղը շնչելն ալ կրնայ արգիլուիլ): Անշուշտ մոռցուած է այն, որ «մանտաթ»աւորը խոստացած էր ոչինչ թաքցնել ժողովուրդէն: Ֆի՜ւ…

Միւնիխի հանդիպումը յայտնապէս նախերգանքը պիտի ըլլայ նաեւ Երեւան-Պաքու երկկողմանի՛ բանակցութիւններու ուղիին, որուն մասին կրկին ու կրկին պահանջ դրուած է Ալիեւի կողմէ (մարդը քանիցս յայտարարեց. մեր գործին մի՝ խառնուիք: Մենք հարցերը լուծած ենք եւ պիտի լուծենք… ուժի ճամբով, Փաշինեան ու ընդհանրապէս հայկական կողմը ընդունի կամ ոչ): Տեսանք, որ Շոլցի ներկայութիւնը բեմադրութեան համազօր էր, իսկ Եւրոպական Խորհուրդն ու Միացեալ Նահանգներ ծափողջունեցին «խաղաղութեան հետապնդումը վերսկսելու» այս քայլը: Ո՛չ ոք հարց կու տայ, թէ խաղաղութեան աղաւին ո՞ր խոհանոցին մէջ տապկուած է՝ ազերիական իրերայաջորդ ոճիրներուն եւ անոնց հանդէպ Երեւանի ձեռնածալ-կամակատար մնալուն, Արեւմուտքին ու Արեւելքին կոյր ձեւանալուն պատճառով:

Հին պոլսեցիներ պիտի ըսէին. «Իցի՜ւ թէ այս մտավախութիւնները չարդարանան», սակայն վերջին տարիներու դաժան իրականութիւնները մեզի ցոյց տուած են, որ ամէնէն աներեւակայելի նահանջներն իսկ մարմնաւորուած են քայլ առ քայլ, փուլ առ փուլ:

***

…Ամէնէն ուշագրաւ կէտերէն մէկն ալ այն է, որ Հայաստան կը պատրաստուի նշելու (չըսինք՝ տօներու) Արցախեան Շարժումին 36-րդ տարեդարձը: Այս փուլին, կորսնցուցած ենք Արցախը, իշխանաւորները ճիգ կ’ընեն մոռացութեան մատնելու մեր արձանագրած սուղ նուաճումները, խեղաթիւրելու մօտիկ անցեալի իրականութիւնները, յայտարարելով, որ 2016-ի ճակատամարտին պարտուեցանք եւ այլն: Օրը կու գա՞յ, եւ կ’ըսե՞ն, որ Սարդարապատի մէջ ալ պարտուեցանք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք ծնունդ չէ առած «անձեւ քաոս»ի մէջէն եւ անկէ ո՛չ մէկ ժառանգութիւն, աւանդ հասած է մեզի, որովհետեւ «Հայաստանի պամութիւն»ը (եւ ո՛չ թէ Հայոց Պատմութիւնը) սկսաւ «Թաւշեան յեղափոխութեամբ»: Ատենին համայնավարներն ալ պատմութեան խեղեալ վերախմբագրումի այսպիսի ցնդաբանութիւններ տարածեցին եւ հաւատացող-հետեւորդ ունեցան:

Երէկ, այսօր եւ վաղն ալ, կրկին ու կրկին պիտի հնչեն ճշմարտութիւնները, թէ՝ այս իշխանութեան օրով, Հայաստան գնաց ու կ’երթայ կորուստէ կորուստ, վազքը պիտի շարունակուի՝ այնքան ատեն որ ուսապարկատէրն ու «պարկեր»-ը կը մնան իշխանութեան ղեկին: Ամէն օր ժողովուրդին աչքին փոշի նետելու նոր գիւտեր ալ կ’ըլլան եւ առատ վիճանիւթ կը տրամադրեն մամուլին ու քաղաքական շրջանակներուն…:

Պէտք է ԱՆՅԱՊԱ՛Ղ վերջ տալ ինքնախաբէութեան մոլուցքին, թէ՝ մեր կորուստներուն ամբողջ պատասխանատութիւնը կ’իյնայ «նախկիններուն» վիզին («նոր»-երուն 6-րդ տարին ալ պիտի գլորենք շուտով): Պէտք է կասցնել սուտերու օրօրոցին ճօճումը: Իսկ ամէնէն կարեւոր ճշմարտութիւնը՝ հայրենիքին ու ազգի՛ն փրկութեան նախանձախնդիր բոլոր ուժերը կոչուած են օր առաջ միացնելու ձեռքերը, որպէսզի ճամբայ հանեն ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ երթը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայաստանում կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի համ

Հայաստանում սեպտեմբերի 25-28-ը կգումարվի ՀՅԴ Հայ դատի հանձնախմբերի և գրասենյակ

24 Սեպտեմբեր 2026
«Արցախահայերի սոցիալ-տնտեսական, իրավակ

Սեպտեմբերի 23-ին, ՀՀ ԱԺ մարդու իրավունքների և հանրային հարցերի մշտական հանձնաժ

24 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company