ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ

Նահատակութենէն Ութսուն Տարի Ետք․- Միսաք Մանուշեանի Աճիւնները Կ՛ամփոփուին Փարիզի Պանթէոնին Մէջ

22 Փետրվար 2024

Ֆրանսական դիմադրութեան առաջամարտիկ, Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի աճիւնները այսօր` 21 փետրուար 2024-ին, նահատակութենէն ութսուն տարի ետք, պետական բարձրագոյն մակարդակով, կ՛ամփոփուին Փարիզի պանթէոնին մէջ:

Միսաք Մանուշեան այսպիսով կը դառնայ առաջին օտարազգի գործիչը, որ մուտք կը գործէ Ֆրանսայի մեծութիւններու աճիւնները ամփոփող պանթէոն, ուր կ՛ամփոփուին նաեւ Մանուշեանի կնոջ` Մելինէի աճիւնները:

Միսաք Մանուշեան ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1906-ին, Ատըեամանի մէջ, որ կը գտնուի Մալաթիայէն հարաւ, Եփրատի աջ ափին, պատմական Կոմմագենէ երկրամասին մէջ եւ անցեալին կոչուած է Հիսնի Մանսուր: Մամուրէթ ուլ Ազիզի վիլայէթի կազմէն ներս գտնուող քաղաքը ունէր շուրջ տասնհինգ հազար բնակչութիւն, որուն 5200-ը հայեր էին եւ ունէին երեք եկեղեցի, որոնց կողքին կը գործէին դպրոցներ:

Մանուշեանները այգեգործներ էին: Գէորգ Մանուշեան ունէր երեք որդի` Կարապետ, Միսաք եւ Հայկ:

Մեծ եղեռնի օրերուն` 1915-ին, թուրքեր Ատըեամանի հայ տղամարդիկը տեղւոյն վրայ կոտորելէ ետք, մնացած հայ բնակչութիւնը յուլիս 28-ին տեղահանեցին դէպի Սամսատ: Ատըեամանցիք յետոյ Սամսատէն Ուրֆա քշուեցան:

Ուրֆայի հայոց հերոսամարտը սկսաւ սեպտեմբեր 29-ին: Գէորգ Մանուշեան մասնակցեցաւ հերոսամարտին եւ ինկաւ նահատակ:

Ուրֆայի հերոսական դիմադրութիւնը հոկտեմբեր 23-ին ընկճուեցաւ: Քարուքանդ եղած քաղաքին հայութիւնը քշուեցաւ դէպի Գողգոթայ:

Մանուշեանները քշուեցան դէպի Պերէճիկ, եւ հոնկէ` Նուսէյպին: Անոնք Մեհրապ գիւղի թուրքերու տուներուն մէջ ծառայութեան մտան: Մայրը հիւանդացաւ եւ սովամահ եղաւ:

Առաջին Աշխարհամարտը աւարտեցաւ 1918-ի աշնան: Կարապետ եւ Միսաք Մանուշեան եղբայրները բազում զրկանքներէ ետք քալելով հասան Այնթապ, ուր տարբեր որբանոցներու մէջ պատսպարուեցան:

Կիլիկիոյ պարպումէն ետք որբերը 1922-ին Լիբանան փոխադրուեցան: Կարապետ Ժիպէյլի, իսկ Միսաք Ժունիէի որբանոցը մտան:

Կարապետ Մանուշեան 1923-ին այլ որբերու հետ Ֆրանսա տեղափոխուեցաւ եւ Մարսէյի մէջ բնակութիւն հաստատեց: Կրտսեր եղբայրը` Միսաք, 1924-ին միացաւ անոր:

Միսաք Մանուշեան 8 Հոկտեմբեր 1924-ին քաղաքապետարանին մօտ արձանագրուեցաւ իբրեւ կահագործ:

Կարապետ եւ Միսաք եղբայրները 1925-ի ամրան Փարիզ փոխադրուեցան: Միսաք ինքնաշարժի կտորներ պատրաստող «Ժեւելօ» ընկերութեան մէջ աշխատանքի մտաւ: Անոնք Փարիզի 15-րդ քաղաքամասի Ֆիզօ փողոցին վրայ բնակարան վարձեցին: Անոնց Հայկ եղբայրը, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Հալէպի մէջ բնակութիւն հաստատած էր, Փարիզ հասնելով միացաւ իր եղբայրներուն:

Կարապետ Մանուշեան` թոքախտէ վարակուած, հիւանդանոց մտաւ եւ մահացաւ 1927 մարտին:

Միսաք 1928-ին «Սիթրոէն» ինքնաշարժի արտադրութեան գործարանը աշխատանքի մտաւ:

Միսաք Մանուշեան 1930-ին Ֆրանսացի-հայ նորագոյն գրողներու ընկերութեան հիմնադիրներէն եղաւ:

Միսաք եւ բանաստեղծ Սեմա (Գեղամ Աթմաճեան) 1933-ին` «Ջանք» ամսաթերթը եւ 1935-ին` «Մշակոյթ» գրական պարբերականը հիմնեցին: «Ջանք»-ի եւ «Մշակոյթ»-ի մէջ ֆրանսական գրականութեան եւ հայկական մշակոյթին նուիրուած յօդուածներ կը տպագրուէին:

Միսաք տնտեսական ճգնաժամի պատճառով «Սիթրոէն»-ի գործարանին մէջ աշխատանքը կորսնցուց եւ ապրուստ ճարելու համար սկսաւ աշխատիլ իբրեւ բնորդ` քանդակագործներու համար:

Նոյն ժամանակ ան Սորպոնի համալսարանը մտաւ եւ հետեւեցաւ գրականութեան, իմաստասիրութեան եւ պատմութեան նուիրուած դասախօսութիւններուն: Միաժամանակ ան հայերէնի թարգմանեց Շարլ Պոտլէրի, Փոլ Վեռլէնի ու Ժան Ռեմպոյի կարգ մը բանաստեղծութիւններ:

Միսաք Մանուշեան 1934-ին Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան անդամ եղաւ:

Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի կազմակերպած երեկոներէն մէկուն ժամանակ, 1934-ին, Միսաք ծանօթացաւ Մելինէ Ասատուրեանի հետ:

Մելինէ ծնած էր 1913-ին, Պոլիս: Ցեղասպանութեան ժամանակ կորսնցուցած էր ծնողքը, եւ մեծ քրոջ` Արմենուհիի հետ մանկութիւնը Իզմիրի աւետարանականներու որբանոցին մէջ անցուցած էր: Իզմիրի 1922-ի աղէտէն ետք քրոջ եւ այլ որբերու հետ Յունաստան, Կորնթոսի որբանոցը փոխադրուած էր:

Արմենուհի եւ Մելինէ Ասատուրեան քոյրերը` այլ որբերու հետ, 1926-ին Ֆրանսա փոխադրուեցան եւ Մարսէյի մէջ բնակութիւն հաստատեցին: Անոնք յետոյ Փարիզ տեղափոխուեցան: Մելինէ Փարիզի Ռենսի արուարձանին մէջ հաստատուած Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանը մտաւ: Քոյրը` Արմենուհի դերձակուհի եղաւ:

Դպրոցը աւարտելէն ետք Մելինէ եւ քոյրը Փարիզի վեցերորդ քաղաքամասին Լուվուա փողոցին վրայ Սերովբէ Փափազեանէն բնակարան վարձեցին: Սերովբէ դիմացի տան մէջ կը բնակէր եւ Մամիկոն Ազնաւուրեանի կնոջ` Քնար Պաղտասարեանի հօր հօրեղբայրն էր: Մամիկոնի եւ Քնարի որդին էր Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան, ապագայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր: Ասատուրեան քոյրերը եւ Ազաւուրեանները շուտով մտերմացան:

Միսաք Մանուշեան 1935-ին Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի անդամ եղաւ եւ սկսաւ խմբագրել կոմիտէի օրկան «Զանգու» շաբաթաթերթը:

Իր կարգին Մելինէ Ասատուրեան 1935 յուլիսին Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի Պելվիլի շրջանի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ:

Միսաք եւ Մելինէ Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընտրուեցան եւ գործօն մասնակցութիւն բերին Ֆրանսայի ժողովրդային ճակատին կազմակերպած ցոյցերուն ու գործադուլներուն:

Միսաք եւ Մելինէ 22 փետրուար 1936-ին ամուսնացան:

Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմը` հանրապետականներուն եւ ազգայնականներուն միջեւ, սկսաւ 1936-ի յուլիսին: Համայնավար միջազգայնականը` Քոմինթէրնը ձեռնամուխ եղաւ միջազգային զօրագունդերու կազմակերպման: Տարբեր երկիրներէ հաւաքագրուող կամաւորները սկսան Սպանիա ուղարկուիլ, ազգայնականներուն դէմ կռուելու եւ հանրապետական Սպանիան պաշտպանելու համար:

Միսաք Մանուշեան գործօն մասնակցութիւն բերաւ միջազգային զօրագունդերու կազմակերպման աշխատանքներուն: Իր ջանքերով մէկ միլիոն ֆրանք հանգանակուեցաւ եւ Քոմինթէրնի տրամադրութեան տակ դրուեցաւ:

«Զանգու»-ի մէջ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի եւ միջազգային զօրագունդերու գործունէութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ սկսան հրապարակուիլ:

Միսաք Մանուշեան 1937-ին մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան համագումարին` իբրեւ հայկական համայնավար բաժանմունքի ներկայացուցիչ:

Հայաստանի օգնութեան կոմիտէի Կեդրոնական վարչութիւնը 1938 յունուարին իր երկրորդ քարտուղար Միսաք Մանուշեանը Փարիզէն Լիոն ուղարկեց, շրջանի երեք` «Միկոյեան», «Վերելք» եւ «Ձորագէս» մասնաճիւղերուն միջեւ եղած տարակարծութիւնները կարգաւորելու յանձնարարութեամբ:

Լիոնի Երրորդ քաղաքապետարանի սրահին մէջ կազմակերպուած հրապարակային ժողովին ընթացքին, համերաշխութիւնը վերականգնելու վերաբերեալ իր ելոյթով Մանուշեան խիստ քննադատութեան ենթարկեց հասարակական գործերը իրենց շահամոլութեան ծառայեցնող սնափառները եւ բոլոր անոնք, որոնք պատճառ կը դառնան պառակտումներու եւ հասարակական գործերու ջլատման:

Մանուշեան երեք ամիս Լիոն մնաց եւ յաջողեցաւ վերականգնել համերաշխութիւնը:

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը սկսաւ 1 սեպտեմբեր 1939-ին, Գերմանիոյ Լեհաստան ներխուժումով:

Ֆրանսական կառավարութիւնը սեպտեմբեր 3-ին արգիլեց Համայնավար կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ ձեռնարկեց համայնավարներու զանգուածային ձերբակալութեան: Առաջին ձերբակալուածներուն մէջ էր Միսաք Մանուշեան:

Մանուշեանի բնակարանը խուզարկուեցաւ եւ անոր շատ մը ձեռագիրները գրաւուեցան ու ոչնչացուեցան:

Երեք ամիս ետք Միսաք, իբրեւ արտասահմանցի, ազատ արձակուեցաւ եւ Նորմանտի, Ռուէնի շրջանը ուղարկուեցաւ:

Գերմանական զօրքերու Ֆրանսա ներխուժումէն ետք, 1940 յունիսին, Մանուշեան ֆրանսական բանակի նահանջող խումբերուն հետ երկրին հարաւային, գրաւումէ զերծ մնացած շրջանները տեղափոխուեցաւ:

Նոյն ժամանակ Մելինէ, որ Փարիզի համայնավար ընդյատակեայ կազմակերպութիւններուն միջեւ կապի պատասխանատուն էր, ամուսինը իր մօտ կանչեց:

Փարիզ վերադառնալով, Միսաք իր շուրջ հաւաքեց խումբ մը հայ մտաւորականներ, որոնց հետ նախապէս գործակցած էր «Զանգու»-ի մէջ, նպատակ ունենալով միջազգային ջոկատ կազմակերպել եւ գործօն մասնակցութիւն բերել ֆրանսական դիմադրութեան շարժման:

Գերմանիոյ Խորհրդային Միութեան վրայ յարձակման օրը` 22 յունիս 1941-ին, կեսթափոն ձերբակալեց Միսաք Մանուշեանն ու անոր ընկերակիցները եւ Քոմփիէն` համակեդրոնացման ճամբար ուղարկեց:

Քանի մը շաբաթ ետք համակեդրոնացման ճամբարէն փախչելով, Միսաք Մանուշեան Փարիզ վերադարձաւ, որմէ ետք ան իր կնոջ հետ 14-րդ քաղաքամասի Փլեսանս փողոցին վրայ բնակութիւն հաստատեց:

Միսաք Մանուշեան գործօն մասնակցութիւն բերաւ ֆրանսական դիմադրական շարժման: 1943 փետրուարին ան «Սթալինկրատ» ջոկատին միացաւ եւ անոր ղեկավարը եղաւ:

«Սթալինկրատ» ջոկատը սկսաւ յարձակումներ կազմակերպել գերմանական գրաւող զօրքերուն վրայ: Փարիզի արեւմտեան արուարձան Լեւալուա-Փերրէի մէջ էսէսականներու խումբ մը յարձակման ենթարկուեցաւ, զօրավարներ Շաումպուրկ ու Ռիթէր ահաբեկուեցան, եւ զինուորական փոխադրակառքեր պայթեցուեցան:

Մանուշեան միաժամանակ ընդհանուր յիսուն հոգիէ բաղկացած երեք ջոկատներու ղեկավարութիւնը ստանձնեց եւ աշխատանք տարաւ սովետական բանակի հայ ռազմագերիներուն օգնելու գործին մէջ: 1943 մայիսէն սկսեալ Փարիզի մէջ ան եւ իր զինակից Ալեքսան Կոստանդինեան կրցան հայ ռազմագերիներուն հետ կապ հաստատել:

Մանուշեան եւ իր ընկերները նաեւ հակագերմանական թռուցիկներ կը հրատարակէին ու կը տարածէին զօրանոցներուն մէջ, թաքստոցներ կը դասաւորէին բանակը լքող զինուորներուն համար եւ կ՛ապահովէին անոնց մուտքը դիմադրութեան շարքերը:

Միսաք Մանուշեանի անունն ու սխրանքները տարածուած էին Ֆրանսայի մէջ եւ անկէ դուրս: Կեսթափոն ամէն միջոցի կը դիմէր` ձեռք ձգելու համար զայն: Գերմանացիք անոր գլխուն համար հինգ միլիոն մարք պարգեւ խոստացած էին:

Մանուշեանը վարկաբեկելու համար գերմանացիք տասնհինգ հազար օրինակով «Կարմիր որմազդ»-ը տպագրեցին, ուր ցոյց կը տրուէր, որ գերմանացիներուն դէմ ոչ թէ ֆրանսացիները, այլ օտարազգիները կը կռուին: Հոն գրուած էր` Մանուշեան, խումբին ղեկավարը, հայ, 56 յարձակում, 150 զոհ, 600 վիրաւոր:

Մանուշեանի խումբը կ՛ընդգրկէր ութ լեհ, հինգ իտալացի, երեք հունգարացի, երկու հայ, մէկական սպանացի եւ ռումանացի, երեք ֆրանսացի եւ տասնմէկ հրեայ:

Երկար փնտռտուքներէ եւ լրտեսական ամէն ջանք գործադրելէ ետք Մանուշեան եւ անոր քսաներկու զինակիցները 16 նոյեմբեր 1943-ին ձերբակալուեցան Փարիզի հարաւային Էվրի շրջանին մէջ: Մանուշեանի խումբին հետ կապ ունենալու մեղադրանքով ընդհանուր առմամբ 68 հոգի ձերբակալուեցաւ: Մելինէ յաջողեցաւ խոյս տալ ձերբակալութենէն եւ Ազնաւուրեաններու տան մէջ պատսպարուեցաւ: Ան հեռակայ կարգով մահուան դատապարտուեցաւ:

Միսաք Մանուշեան եւ ընկերները երեք ամիս շարունակ բանտին մէջ տանջանքներու ենթարկուեցան: Անոնց դատավարութիւնը սկսաւ 17 փետրուար 1944-ին, Քոնթինենթալ հիւրանոցին մէջ եւ տեւեց երկու օր: Քսաներեք հերոսներն ալ մահուան դատապարտուեցան:

Մահապատիժի գործադրութենէն առաջ Միսաք Մանուշեան նամակ գրեց իր կնոջ.

«Քանի մը ժամ ետք այլեւս այս աշխարհէն կը հեռանամ: Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պիտի գնդակահարուինք: Չեմ հաւատար, այսուհանդերձ, գիտեմ, որ այլեւս քեզ պիտի չտեսնեմ: Ինչ կրնամ գրել քեզի, ամէն ինչ անորոշ է մէջս եւ պայծառ միաժամանակ: Ֆրանսայի ազատագրութեան բանակին մէջ մտած էի իբրեւ կամաւոր զինուոր եւ կը մեռնիմ գաղափարիս համար: Երջանկութիւն անոնց, որոնք պիտի ապրին մեզմէ ետք եւ պիտի վայելեն վաղուան ազատութեան եւ խաղաղութեան անուշութիւնը: Վստահ եմ, որ Ֆրանսայի ժողովուրդը ազատութեան համար պայքարող ընկերներուն յիշատակը պիտի գիտնայ պատուել արժանավայել կերպով: … Բարեկամներուս օգնութեամբ, որոնք, վստահ եմ, որ պիտի չզլանան եւ պիտի ուզեն պատուել զիս, տպել կու տաս բանաստեղծութիւններս, որոնք արժանի են կարդացուելու: Եթէ կրնաս յիշատակներս տար Հայաստան: Քիչ յետոյ կը մեռնիմ 22 ընկերներուս հետ, քաջութեամբ եւ հոգիի խաղաղութեամբ մարդու մը, որուն խիղճը հանգիստ է, որովհետեւ անհատապէս ոչ ոքի գէշութիւն չեմ ըրած եւ եթէ ըրած եմ, եղած է առանց ոխի: … Բոլոր անոնց, որոնք ինծի գէշութիւն ըրած են կամ ուզած են ընել, բոլորին կը ներեմ, բացի այն անձէն, որ մեզի դաւաճանեց, իր մորթը վերագտնելու համար եւ անոնց, որոնք մեզ ծախեցին: Ուժգնօրէն կը համբուրեմ քեզ, ինչպէս եւ քոյրդ եւ բոլոր ընկերները, որոնք զիս կը ճանչնան հեռուէն կամ մօտէն, կուրծքիս կը սեղմեմ բոլորդ, մնաք բարով»:

Միսաք Մանուշեան եւ իր քսաներկու ընկերները գնդակահարուեցան 21 փետրուար 1944-ին, Փարիզի արեւմտեան կողմը գտնուող Մոն-Վալերիէնի մէջ:

Միսաք Մանուշեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն լոյս տեսաւ 1947-ին, Փարիզի մէջ, եւ 1956-ին վերահրատարակուեցաւ Երեւանի մէջ:

Մելինէ Մանուշեան 1947-ի ներգաղթին Հայաստան փոխադրուեցաւ, 1962-ին Ֆրանսա վերադարձաւ եւ մահացաւ 6 Դեկտեմբեր 1989-ին, Փարիզի հարաւային Ֆլէորի-Մերոժի աւանին մէջ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
21 փետրուար, 2024

«Հայրենիք»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company