ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հոդվածներ

Կովկասի Համար Նաթօ-ի Ճամբու Քարտէսը

21 Մարտ 2024

«Կարգ մը մարդիկ կրնաք ամէ՛ն ատեն խաբել, ու բոլոր մարդիկը՝ որոշ ժամանակ մը, բայց դուք չէք կրնար բոլոր մարդիկը բոլոր ժամանակներուն խաբել»:

Ապրահամ Լինքըլն (Ա․Մ․Ն․ 16-րդ նախագահ, 1809-1865)

Հեւքոտ աշխատանքի լծուած է ՆԱԹՕ-ն, կիզակէտ ունենալով Կովկասեան բարձրաւանդակը։ Ունի լծակիցներ, առաջին հերթին՝ Եւրոպական միւթիւնը:

Բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եւ անձնաւորութիւններ աննախընթացօրէն յաճախակի դարձուցած են տարածաշրջան այցելութիւնները: Խորապատկերը կը կազմեն Ուքրայինայի ներկայ վիճակն ու նորագոյն զարգացումները, զուգահեռաբար՝ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւնները:

Նորագոյն փութացողն էր ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ Ենս Սթոլթընպերկ, որ հանդիպումներ ունեցաւ Պաքուի, Թիֆլիսի եւ Երեւանի մէջ։ Ան եկած էր պարտադրելու ՆԱԹՕ-ի ճամբու քարտէսը՝ Կովկասի այս շրջանին համար, եւ խանդավառ գնորդներ գտաւ գրեթէ ամէն տեղ:

Ակադեմական ուսումնասիրութիւններ կատարելու պէտք չկայ, ո՛չ ալ քննական մտածողութեան կարիք կայ, տեսնելու ու հասկնալու թէ Սթոլթընպերկ եւ ուրիշներ ի՞նչ ծրագիրներ կը հետապնդեն մեր հայրենիքին շուրջ։ Պարզ ու յստակ է. ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը յստակօրէն կ’ըսէ, կը կրկնէ ու կը պահանջէ՛, որ Հայաստան պէտք է հեռաւորութիւն ստեղծէ Ռուսիոյ հետ, զուգահեռաբար՝ յառաջ երթայ Հայաստանի մերձեցումը Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ին հետ։ Իսկ Հայաստանի իշխանապետը, չորս-բոլորը գտնուող երկիրներուն վարիչները մանուկ սեպելով, հաւաստիք կու տայ, թէ Արեւմուտքին հետ Հայաստանի մերձեցման քայլերը (իմանալ նաեւ՝ Ռուսիոյ հետ իրողական թշնամութիւնը) որեւէ մէկուն դէմ չէ: Եւ այդ «մանուկներ»-ուն շարքին է… հարաւի սահմանակից Իրանը:

Պաքուի մէջ, Սթոլթընպերկի յայտարարութիւնները վտանգաւոր էին եւ բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանան։

Տարաշածրջանէն ներս խաղաղութիւն քարոզելով՝ Սթոլթընպերկ հմտօրէն օգտագործեց իր քաղաքականութեան հարթակի վերլուծումները եւ իր խօսակիցները ծուղակը ձգելով, կրցաւ յաւելեալ հաստատ երաշխիքներ ստանալ եւ ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտարարել, թէ երկար տարիներու հակամարտութենէ եւ պատերազմներէ ետք, Հայաստան եւ Ատրպէյճան հասած են խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու եւ ստորագրելու սեմին։

Նոյն յանկերգը կը տարածէ Ատրպէյճան: Այսպէս՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի երկար տարիներու «ապարդիւն գործունէութիւն»-ը խստիւ քննադատելով եւ շարունակ «հայերու կողմէ Արցախի բռնագրաւման» եզրոյթը գործածելով, Ալիեւ, տարուելով Սթոլթընպերկի փաղաքշական խօսքերէն՝ շեշտեց, թէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի։

Կայ աւելին: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Հասանովի հետ տեսակցութեան պահուն, Սթոլթընպերկ յաւելեալ վառելանիւթ թափեց կրակին վրայ, միաժամանակ լուռ պատգամ մը յղելով Հայաստանին. ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բանակներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Կասկած կը մնա՞յ: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՜ս՝ ափ աշքարայ կը հաստատուի Արցախի դէմ սարքուած դաւն ու դաւին հեղինակ(ներ)ը: Աւելորդ է կրկին ու կրկին շեշտելը, թէ նմանօրինակ հաստատումներու միտք բանին եւ նպատակները ըմբռնելու համար, մէկը պէտք չունի քննական խոր մտածողութիւն: Ամէնէն հասարակ մահկանացու հայորդին իսկ մտքի բաւարար ուժը ունի հասկնալու անցած-դարձածը, բացի… դաւադրութեան մասնակից իշխանաւորներէն, որոնք, բնականաբար, յամառօրէն կը հետապնդեն իրենց անձնական ու նեղ-խմբակային շահերը եւ իրենց ուրոյն տրամաբանութիւնը ունին հասկնալու այս բոլորը, դաւին մասնակից են «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ի մաշած ձայնապնակը հնչեցնելով:

Կ’արժէ՞ երկար մտածել ու մտմտալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի դիւանագիտութեան որդեգրած ճամբան, յանձին 19 Բաղրամեան պողոտայի սեղմ խմբակին, մանաւանդ, երբ կրկին ու կրկին ապացուցուած է, որ ան իր սանձերը յանձնած է օտարներուն, ու առաջին հերթին՝ Պաքուի «խաղաղասէրներուն»։ Յաճախ կ’ըսուէր, թէ Ժամանակին, սանձը «հիւսիսի արջ»-ին յանձնուած էր, այժմ կարգը հասած է հեռաւոր Արեւմուտքին։ Ի’նչ որ ալ ըլլայ, մէկ բան յստակ է. սանձը օտարին յանձնուած է։ Ու նոր սանձատէրը ապահովութեան որեւէ երաշխիք չի տար Երեւանին, պատրաստ է Թուրքիան կարգելու կառապան:

Այս՝ «սանձափոփոխութեան» փուլին, Մոսկուան բաւական զբաղուած է, եւ ճիշդ այդ փոթորիկէն օգտուելով՝ Երեւան վերջերս պաշտօնապէս պահանջեց, որ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն հեռանան ռուս սահմանապահ ուժերը։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յիշեցուց, որ Հայաստան հմայուած կը թուի ըլլալ Եւրոմիութեան բեմագրական հրապոյրներով եւ այդ գործելաձեւի ճամբով, նշաններ կու տայ, թէ կ’ուզէ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալ, ինչ որ, նոյն բանբերին կարծիքով, տարածաշրջանէն ներս կրնայ ոչ ընդունելի կացութիւն մը ստեղծուիլ։ Այս պայմաններուն մէջ, չ’արժեր երկար-բարակ խորհրդածել, թէ վաղը, եթէ Մոսկուա, իր անմիջական հաշիւներով (որուն մաս կը կազմէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սիրաբանութիւնը) որոշ նահանջներ արձանագրէ Հայաստանի մէջ, հետեւանքները ուրկէ՞ պիտի սկսին եւ ո՛ւր պիտի հասնին: Պատմութեան ծանօթները կը յիշեն նախընթացնները, անոր համար ալ, ճիգ կ’ըլլայ… պատմութիւնը մոռացութեան մատնելու: Կը բաւէ միայն ըսել, որ համաթուրանական հացին իւղ քսուած պիտի ըլլայ։

Հ․Հ․ վարչապետին համար, աթոռի պահպանումը առաջնահերթութիւն է։ Մնացեալները երկրորդական են, ներառեալ նորագոյն զիջումը՝ Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերը, այդ ալ, յանկերգ դարձած այն պատճառաբանութեամբ, թէ «եթէ չտանք, պատերազմ պիտի ըլլայ»։ Իսկ Տաւուշի գիւղերը… նախերգանքն են յանձնելի այլ գիւղերու եւ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող դիրքերու: Տարածաշրջաններ կորսնցնելը ոչ մէկ խոչընդոտ կը ստեղծէ այս «խաղաղասէր»-ին եւ գործակիցներուն համար, այնքան ատեն, որ Հիւսիսային եւ մօտակայ 19 Բաղրամեան պողոտաները կը մնան ապահով՝ ոստիկաններու հոծ «բանակ»-ի մը հսկողութեան տակ: Վարչախումբին պետը կրնայ հազար աղբիւրէ ջրաշոգի բերել, թէ յանձնուելիք հողերը երբեք մեզի չեն պատկանած, հողեըր կու տայ, կը նահանջէ՝ որովհետեւ կը սիրէ ու կը յարգէ վնասուող ժողովուրդը, անոնց համար պատրաստ է նոր ճամբաներ կառուցելու, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրաւ Գորիս-Կապան մայր ճամբան եւ այլ դիրքեր նուէր տալէ եւ փոխարէնը ոչինչ ստանալէ ետք:

Մարդիկ խաբելու մասին Ապրահամ Լինքըլնի վերոյիշեալ իմաստուն խօսքը անժամանցելի է: Կրնանք պարզապէս աւելցնել, որ մարդիկ պէտք է իմաստութիւնը ունենան ընդմիշտ չխաբուելու, նաեւ քաջութիւնը ունենան դաժան հաշուետուութիւն պարտադրելու խաբողին:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հանդիպում ԷՏԷՔ կուսակցութեան նորընտիր

ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ բաղկացեալ Սիմոն Այնէճեանէն եւ Ռաֆֆի Մահտ

20 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախու

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նոյեմբեր 18-ին յարգանքի հանդիսութիւն

20 Նոյեմբեր 2026
Հայհոյանքը փաստի սով Է

Հայաստանի հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարցը վերածուած է օրակա

20 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողո

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը թէ՛ Ազգային ժողովի եւ թէ՛ կառավարութեան նիս

20 Նոյեմբեր 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար

Նոյեմբեր 8ին, Մենհեթընի «Պոլինկ Կրին» զբօսայգիին մէջ՝ Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օր

19 Նոյեմբեր 2026
Պրիւքսէլի երկար ու դժուարին ուղին

Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութիւնն ու մերձեցումը՝ նոյնիս՛կ ոլորապտոյտ եւ փ

19 Նոյեմբեր 2026
Դու պիտի գնաս, որ Հայաստանը մնա

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Իշխան

19 Նոյեմբեր 2026
Պիլալ Էրտողանի Լիբանան Այցելութեան Վեր

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որդիին` Պի

18 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգայ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

18 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թշնամիները երբեք գոհ չեն լին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը սխալմամբ կարծում է, թե Ադրբեջանին և Թուրքիային շարուն

17 Նոյեմբեր 2026
Երեք տարի անց արցախյան հակամարտություն

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդն այսօր հրապարակել է իր «UNRESOLVED: The Conflict

17 Նոյեմբեր 2026
Այսօրվա լսումները պետք է դառնան ոչ թե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր, ԱԺ Մարդու իրավունքն

16 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցությունը հրավիր

ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության նախաձեռնությամբ նոյեմբերի 16-ին կազմակերպվել էին

16 Նոյեմբեր 2026
Նիդերլանդների ՀՅԴ կառույցի հայտարարութ

2026 թվականի նոյեմբերի 5-ից 8-ը, Հայաստանի Հանրապետության իշխանությունը բռնազա

16 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի խաչմերուկում

Մոսկւայում նոյեմբերի 11-ին կայացած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

16 Նոյեմբեր 2026
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company